Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Թումանեան. «Անհունի Ճամբով» Միջազգային Գիտաժողով. Երեւան-Դսեղ, Թիֆլիս

3 Մայիս 2019-ին Խ. Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի մշակոյթի բաժնի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի Վաչէ Պարտիզունի անուան Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտաբանութեան ամպիոնի, «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցի նախաձեռնած «Թումանեան. «Անհունի» ճամբով» խորագիրը կրող եռօրեայ միջազգային գիտաժողովի լիագումար նիստը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՊՀՄ համալսարանապետ, Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան եւ հաստատեց. «Թումանեանը մէկն է, Թումանեանը մեծ է, Թումանեանը մեր բոլորիս մէջ է»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի նախկին տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան-Խաչատուրեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան կազմակերպիչներուն՝ բոլորը ի մի բերելու համար: «Ան առաջինն էր բոլոր ոլորտներէն ներս, բայց առաջին հերթին ան առաջինն էր որպէս բարոյական կերպար»,- ընդգծեց պատգամաւորը եւ յորդորդեց երիտասարդութեան Թումանեանի ամբողջականութիւնը տեսնել անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Մենք պարզապէս պիտի երթանք անոր ետեւէն դէպի Անհունը, ուր եղած է անոր հայեացքը, դէպի բարձրը, ուր կը ճախրէր»:

Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանը նկատեց. «Թումանեանը գրապատմութեան մէջ եզակի է իր հաւաքական կերպարով: «Մենք պէտք է ճանչնանք Թումանեանի բացած հունը՝ մեր ինքնութեան ձեւաւորման համար, շնորհակալ ըլլանք Թումանեանին, իրմով ճանչնանք մեզ»,- եզրափակեց ան:

Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման ամպիոնի վարիչ, «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի տնօրէն, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան իր «Թումանեանի «Անհունի» խորութիւնը» զեկուցման մէջ ընդգծեց. «Յովհ. Թումանեանի ողջ ստեղծագործութիւնը երկխօսութիւն էր ոչ միայն սեփական ժողովուրդի, այլեւ համայն աշխարհի հետ: Թումանեանը իր ապրած ժամանակաշրջանի ողբերգական հանգրուաններով ապրող իր ժողովուրդի հետ էր: Թումանեանը իր ժողովուրդի հետ է նաեւ այսօր: Արեւելքի իմաստուն ծերունիներու նման` ան կանգնած է ողջ հասակով: Մենք դեռ պիտի սորվինք բանաստեղծի բարձրութենէն նայիլ Աստուծոյ ստեղծած աշխարհին»:

ԵՊԿ գիտական գծով փոխհամալսարանապետ, դոցենտ Ծովինար Մովսիսեանը նախ փոխանցեց երաժշտանոցի համալսարանապետի պաշտօնակատար Սոնա Յովհաննիսեանի ողջոյնի խօսքը, ապա իր «Թումանեանը երաժշտութեան մէջ» զեկուցումով ընդգծեց, որ Թումանեանի ստեղծագործութեան հմայքը այնքան մեծ է, որ ոգեշնչած է ամենատարբեր ժանրերու ու ճաշակներու արուեստագէտներ, ան այն բացառիկ հեղինակներէն է, որուն բնագրերուն հիման վրայ ամէնէն շատ երաժշտական ստեղծագործութիւններ գրուած են: Անուններու թուարկումը արդէն խօսուն փաստ է՝ Ալան Յովհաննէս, Սիրվարդ Գարամանուկ, Ալեքսանդր Սպենդիարեան, Տիգրան Մանսուրեան եւ այլք:

Երաժշտանոցի վոկալ-դասական բաժանմունքի ղեկավար, դոցենտ Ռուբէն Ասատրեանը իր «Թումանեանը երաժշտական բեմին. մեկնաբանութեան խնդիրներ» զեկուցման մէջ մասնաւորապէս ծանրացաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ», Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օփերաներու, Եդուարդ Միրզոյեանի «Լոռեցի Սաքօ» սիմֆոնիք ստեղծագործութեան վրայ: Իսկ օրուայ բացայայտումը հեռաւոր Եակուտիայի մէջ ապրած Հրանդ Գրիգորեանի անուան վկայակոչումն էր, որ կը համարուէր Եակուտիայի դասական երաժշտութեան հիմնադիրը, եւ որուն 100 ամեակը կը լրանայ այս Մայիսին: Իսկ ամենէն անհաւանականը անոր ստեղծագործութիւններու ցանկին մէջ Թումանեանի «Տօնակատարութիւն լեռներում» օփերան է:

Զեկուցումներէն ետք գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին Թումանեանէն գրական գոհարներ ներկայացուցին ասմունքողներ ՀՊՄՀ աշխատակից Գարունա Երանոսեանը եւ շրջանաւարտ Նարեկ Մարգարեանը: 
Միջոցառումը եզրափակուեցաւ ԵՊԿ դասախօս, ռեժիսոր Արսէն Ղազարեանի՝ «Անոյշ» օփերայի բեմադրութեան առթիւ կոմիտասեան պատառիկներու ընթերցումով եւ ԵՊԿ օփերային արուեստանոցի սաներու՝ «Անոյշ» օփերայէն հատուածներու տպաւորիչ կատարումով:

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ սիրոյ սեղանով:

Եռօրեայ գիտաժողովի երկրորդ օրը սկսաւ բանաստեղծի ծննդավայր Դսեղ գիւղի մէջ: Այս անգամ ձայնի իրաւունքը բանասիրական բաժանմունքի ուսանողներունն էր: Նիստը բացաւ Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտաբանութեան ամպիոնի վարիչ, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը։ Իր խօսք ուղղելով ուսանողներուն՝ ան ընդգծեց, որ անոնց բացառիկ բախտ վիճակուած է բանաստեղծի ծնունդէն 150 տարի անց արժեւորել զայն իր ծննդավայրի մէջ, բնաշխարհի չափումներով մօտենալ խոշորագոյն քնարերգակի ստեղծագործական շերտերուն:

Գիտաժողովի մասնակիցները ջերմութեամբ ողջունեց Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռոզա Ղազումեանը, որ մասնակիցներուն հնարաւորութիւն տուած էր գիտաժողովի նիստը իրականացնել Թումանեանի ամառանոցային հիւրըհնկալ սենեակին մէջ: Զեկուցումներով հանդէս եկան մագիստրատուրայի առաջին լսարանի ուսանողներ Վանուհի Գէորգեանը («Յովհ. Թումանեանը` թարգմանիչ»), Լիլիթ Պապէեանը («Դէպի Անհունը» պոէմի ընթերցման փորձ»), Աստղիկ Պոյաճեանը («Յովհ. Թումանեանի հայեացքը նախորդ շրջանի գրական զարգացումներու շուրջ»), պաքալաւրիատի երրորդ լսարանի ուսանողներ  Լիլիթ Դանիէլեանը («Հայրենասիրական քերթուածներու մէջ Յովհ. Թումանեանի քաղաքացիական կերպարը»), Աննա Դաւթեանը («Գրիմմ եղբայրներ եւ Յովհ. Թումանեան»), երկրորդ լսարանէն Գարլէն Նազարեանը («Սիմպոլներու խաղարկումը Յովհ. Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի ստեղծագործութիւններու մէջ») եւ Անի Քերոբեանը («Երգիծանքը Յովհ. Թումանեանի պատմուածքներու մէջ»):

Նիստէն ետք պատուիրակութիւնը երեկոյեան հասաւ թումանեանական միւս հանգրուանը՝ Թիֆլիս։ Զիրենք առաջնորդանիստ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց եւ 1251-ին կառուցուած հոգեւոր եւ պատմամշակութային այս արժէքաւոր կառոյցի մասին հանգամանալից բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ սպասաւոր Տէր Կիրակոս քահանան։ Այնուհետեւ նոյն եկեղեցւոյ սեղանատան մէջ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Եպս. Միրզախանեանը ընթրիքի սեղանի շուրջ հայրենիքէն եկած խումբի հետ շահեկան զրոյց ունեցաւ հոգեւոր, կրթական, գրական-երաժշտական խնդիրներու մասին՝ առանցքին պահելով վիրահայ համայնքի այսօրիկ հիմնահարցերը եւ, բնականաբա՛ր, Յովհ. Թումանեանի յոբելեանի հետ կապուած յանձնառութիւնները։

Արդէն յաջորդ առաւօտ, Մայիս 5-ին, Յովհ. Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած եռօրեայ գիտաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց եւ ամփոփեց հայոց համար պատմական այս քաղաքի «Թումանեանի տուն» Գիտամշակութային Կեդրոնին մէջ, ուր զիրենք ընդունեցին առաջնորդ Վազգէն Սրբազանը եւ Կեդրոնի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեանը, վիրահայ մտաւորականութեան ընտրանին կազմող բազմաթիւ հիւրեր, գրողներ, ուսուցիչներ, լրագրողներ։

Բացման խօսքով Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՊՄՀ համալսարանապետ, Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանին այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար, ապա ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան համար` տանտէրերուն: Ս. Դանիէլեանը նկատեց, որ այս հանդիպումով Թումանեանը այսօր եւս իր ներկայութեամբ կը միաւորէ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ ապրող ու ստեղծագործող մտաւորականները: Ապա Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի եւ «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի անունով խորհրդանշական` Սարոյի ու Անոյշի դիմանկարը պատկերող նուէր յանձնեց Թումանեանի տուն:

Օրհնութեան խօսքով Վազգէն Եպս. Միրզախանեանը իրաւացիօրէն նկատեց, որ Թումանեանի մեծութիւնը անչափելի է: Թումանեանը նախ եւ առաջ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ հայ մարդը, հայ քաղաքացին, հայ գրողը իր ժողովուրդի համար: Ան հպարտութեամբ աւելցուց նաեւ, որ «Թումանեանի տուն» Կեդրոնը կը շարունակէ կամուրջ մնալ հայ եւ վրացի արուեստագէտներու միջեւ, եւ անոր վկայութիւնն են վերջերս վրացերէնի թարգմանուած   Թումանեանի տասը հէքեաթներու, ինչպէս նաեւ շուտով ընթերցողներու սեղանին դրուելիք «Յովհ. Թումանեանը Վրաստանի մասին եւ վրացիները Թումանեանի մասին» գրքերը:

Բանաստեղծ, Վրաստանի Հայ Գրողներու «Վերնատուն» Միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեանը «Թումանեանական նոր «Վերնատան» ստեղծումը» թեմայով իր զեկուցման մէջ ներկայացուց կառոյցի ստեղծման հետաքրքրական եւ դժուարին պատմութիւնը, անոր կատարած հսկայածաւալ աշխատանքը: Ան հպարտութեամբ նշեց, որ «Վերնատուն»ը կը փորձէ մեր օրերուն շարունակական պահել թումանեանական աւանդոյթը. այս տարիներու ընթացքին հրատարակած է շուրջ 11 տարեգիրք, բացած է «Գրական ծիլեր» մանկապատանեկան ակումբը, որուն նպատակն է թեւաւորել շնորհալի ստեղծագործողները` ապահովելով վիրահայ սերունդներու յաջորդականութիւնը:

«Յովհաննէս Թումանեանը Պարոյր Սեւակի գնահատմամբ» զեկուցման մէջ Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտաբանութեան ամպիոնի Փրոֆեսոր Մարտին Գիլաւեանը բացաւ Թումանեան-Սեւակ առընչութիւնները: Բանասիրական բաժանմունքի ղեկավար, դոցենտ Աշոտ Գալստեանը հանդէս եկաւ «Յովհաննէս Թումանեանը ժամանակակիցներու յուշերուն մէջ. կառուցուածք եւ լեզու» հետաքրքրական զեկուցումով: ՀՊՄՀ Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դոցենտ Լուսինէ Գալստեանը «Յովհ. Թումանեանի «Հին կռիւը» պոէմը» զեկուցման մէջ երեւան բերաւ պոէմի ստեղծման դրդապատճառները, պոէմի ձեռագրերու կորուստի ցաւալի փաստը, արեւմտահայութեան հարցի վերհանումը:

«Թումանեանի գրաքննադատութեան շուրջ» թեմայով զեկուցման մէջ նոյն ամպիոնի դոցենտ Նաիրա Խաչատրեանը ընդգծեց, որ իր հրապարակախօսական էջերուն մէջ Թումանեանը գեղարուեստական պատկերաւորման հարուստ միջոցներով ոչ միայն կը ներկայացնէ հասարակական-քաղաքական կեանքի որոշակի խնդիրներ, այլեւ կ’արծարծէ գրական-փիլիսոփայական հարցադրումներ:

  «Թումանեանը եւ Վրաստանը» նիւթի շուրջ ծանրացաւ «Հայկական Գիտահետազօտական ասոցիացիա Վրաստանում» ՀԿ նախագահ, բ.գ.թ., Փրոֆ. Էմմա Ախտեանը: «Թումանեանի տուն» Կեդրոնի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեանը ներկայացուց Յովհ. Թումանեանի թիֆլիսեան տան պատմութիւնը: Ան նշեց, որ Թումանեաններու ընտանիքը այդ տան մէջ բնակած է 1909-էն, սակայն կարճ ժամանակի մէջ անիկա դարձած է գրական, հասարակական, քաղաքական օճախ ոչ միայն հայերու համար, այլեւ Անդրկովկասի ողջ մտաւորականութեան կեդրոնատեղի: Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Թիֆլիսիի քաղաքային իշխանութիւնը այդ տունը նուիրած է Թումանեաններուն. ասիկա անշուշտ կը խօսի այն պատկառանքի մասին, զոր ունեցած են Վրաստանի մէջ ամենայն հայոց բանաստեղծի նկատմամբ: 1930-ական թուականներուն, սակայն, Թումանեանի ժառանգները ծանր փորձութիւններու առջեւ կանգնած են. նախ կիսուած է տունը, ապա աւելի ուշ՝ 1990-ականներուն անոր մէկ մասը վերածուած է քաղաքային գրադարանի: 1953 թ. Թումանեանի կնոջ՝ Օլկա Մաճկալեանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ բացուած է Յովհաննէս Թումանեանի տուն թանգարանը, եւ Թիֆլիսի բնակարանէն ողջ գոյքը եւ գրադարանը փոխադրուած են Երեւան: Վերջին տարիներուն թիֆլիսեան բնակարանի գոյութիւնը դարձեալ վտանգուած էր, սակայն Վիրահայոց առաջնորդ Վազգէն Եպս. Միրզախանեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութեան երջանկայիշատակ նախագահ Լեւոն Անանեանի եւ թիֆլիսահայութեան ջանքերով տունը կրկին լեցուած է թումանեանական շունչով:

«Յովհ. Թումանեանը՝ հայ-վրացական բարեկամութեան ոսկէ օղակ» զեկուցմամբ հանդէս եկաւ Վրաստանի Մշակոյթի, Կրթութեան, Գիտութեան եւ Սպորտի նախարարութեան աշխատակից Կարինէ Մանուկեանը: Վրաստանը, յիրաւի, դարձած է բանաստեղծի երկրորդ հայրենիքը, որուն ան շարունակաբար սիրոյ եւ ջերմութեան խօսքեր յղած է: Անոր վկայութիւններն են «Յիշողութիւն», «Վրաստանի մասին», «Վրաստանի պոէտներին»,   «Նուէր Վրաստանի բանաստեղծներին» եւ այլ գործեր: Իսկ վրացի քնարերգու Տ. Տաբիձէն Թումանեանին ձօնած է «Պոէտներու երազանքը» բանաստեղծութիւնը: 

Զեկուցումներու բաժինը եզրափակեց Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեանը` «Գրական հարցադրումները Թումանեանի նամակներու մէջ. մի քանի նկատառում» նիւթով, ուր առանձին ենթակէտերով շեշտադրեց այն ստեղծագործական փոխանցումները, տեսաբանական եզրայանգումները, որոնք երեւան կու գան հեղինակի նամակագրութեան մէջ եւ առանձին քննութեան չեն ենթարկուած: 

Կային նաեւ անակնկալները: Գիսանէ Յովսէփեանը իր տպաւորիչ խօսքով նկատեց, որ այս այցելութեամբ եւ գիտաժողովով ամբողջացաւ Թումանեանի տան գիտամշակութային անուան գիտական բաղադրիչը, ինչի համար իրենց շնորհակալութիւնը սրտաբուխ է: 

Իսկ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Սրբազանը «Յովհաննէս Թումանեան» մետալով պարգեւատրեց իր ուսուցիչ՝ Սուրէն Դանիէլեանը: Վերջինս, չկարենալով թաքցնել յուզումը, նշեց, որ պարգեւատրուած է հայ ամէնէն մեծանուն բանաստեղծի անուան մետալով, որ մեծագոյն պատիւ է եւ առ այսօր իր ստացած ամենաթանկ պարգեւը: 

Գիտաժողովի աւարէն ետք մասնակիցները այցելեցին Խոջիվանքի պանթէոն եւ Մանկավարժական Համալսարանի անունով ծաղկեպսակ դրին Ամենայն Հայոց Բանաստեղծի շիրմին, իսկ ուշ երեկոյեան, տպաւորութիւններով ծանրաբեռ, վերադարձան Երեւան:

«Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի լրատւութիւն

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին