ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի սրահին մէջ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Մայիս 22-ին տեղի ունեցաւ «Զարթօնք» մատենաշարի անդրանիկ հրատարակութեան՝ Յարութիւն Գալայճեանի «Միլիոնէն մէկը․ Ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը» գիրքի շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ։ Գիրքը առանձնայատուկ է անով, որ մատենաշարի առաջին հրատարակութիւնն է. անոր պիտի յաջորդեն այլ յուշագրութիւններու հրատարակութիւններ եւս եւ շատ կարեւոր է առաջին աշխատանքի վերաբերեալ արձագանգները։ Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ կը պատուէր ՌԱԿ Կեդրոնական ընթացաւարտ վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան:
Բացման խօսքով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց «Զարթօնք»ի աշխատակից Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան, որ ներկաներուն ծանօթացուց «Զարթօնք» մատենաշարի նպատակն ու առաքելութիւնը:
Միջոցառման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը։ Ներկաներուն յիշեցուց, որ Պէյրութի մէջ հայ ինքնութեան վերաբերեալ գիտաժողովի ժամանակ ծանօթացած է «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ: Այդ հանդիպումէն ետք իրենք դարձեալ հանդիպած են այս անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին մէջ, ուր »Զարթօնք»ի եւ Ցեղասպանութեան Թանգարանի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ թանգարան-հիմնարկի ֆոնտերուն մէջ պահուող բազմահարիւր յուշագրութիւններէն «Զարթօնքը» փորձէ ամէն տարի առնուազն երկուքը հրատարակել։
«Ես կ’ողջունեմ այդ որոշումը եւ կը հասկնամ, որ այս որոշումը ոչ միայն «Զարթօնք»ինն է, այլեւ կուսակցութեանը եւ կրկին կ’ուզեմ ողջունել այս մօտեցումը։ Իւրաքանչիւր յուշագրութիւն իր մէջ ինչ-որ գաղտնիքներ կը պարունակէ թէ՛ ընթերցողներու, թէ՛ հետազօտողներու համար։ Իւրաքանչիւր յուշագրութեան մէջ նոր նրբութիւն, յիշողութիւն կայ։ Ինչքան ալ կ’ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, որ կան բազմաթիւ չբացայայտուած էջեր ու այդ էջերու զգալի մէկ մասը մը ոչ միայն արխիւներու, այլեւ մարդոց յուշագրութիւններու մէջ է։ Մարդիկ, որոնք տեսած են այս ամէնը, զգացած են իրենց մաշկի վրայ ու որոշած են թուղթին յանձնել։ Նման աշխատանքներէն մէկը նոյն «Միլիոնէն մէկը» աշխատութիւնն է, որուն զգալի մասին ես ծանօթ եմ»,– իր խօսքին մէջ ըսաւ Մարութեանը եւ կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։
«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնելով Յարութիւն Մարութեանին, ողջունեց ներկաները, որոնք ընդունելով «Զարթօնք»-ի հրաւէրը, մեծ սիրով եկած են թանգարան՝ մասնակցելու գիրքի շնորհանդէսին։ Սեւակ Յակոբեան իր կողմէն գիրքին եւ յուշագրութեան հեղինակին մասին կենսագրական տուեալներ ներկայացուց։ «Յարութիւն Գալայճեանի մասին ամիսներ առաջ ոչ բոլորը լսած էին։ Ան մարդ է, որ ծնած է Զէյթուն, 1898 թուականի Ապրիլ 8-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զէյթունի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծաղկանոցի մէջ, ապա յաճախած է Սուրբ Յակոբեան Կեդրոնական դպրոց։ Ականատես եղած է Ցեղասպանութեան եւ մահացած է հեռաւոր Պրազիլի մէջ։ Որբանոցի մէջ արհեստներ սորված է։ 1921 թուականին հեռանալով հոնկէ տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր ամուսնացած է զէյթունցի Արուսեակ Քրճօղլեանի հետ։ Այսօր «Զարթօնքի» հազարաւոր ընթերցողներու մէջ Յարութիւն Գալայճեանը քաջածանօթ անուն է։ Սա է նաեւ «Զարթօնք» մատենաշարի թաքուն նպատակը։ Ուրախ ենք, որ ընդառաջելով մեր փափաքին, «ՌԱԿ Մամուլ» հիմնադրամը, որուն նպատակն է սատարել թէ՛ հայրենի, թէ՛ աշխարհասփիւռ հայ մամուլի զարգացման ու վերելքին, կրցաւ հանգանակութեամբ նիւթապէս սատարել այս գիրքի հրատարակութեան, միեւնոյն ժամանակ մեզի հնարաւորութիւն տալով հիմնելու այս մատենաշարը։ Յարութիւն Գալայճեանի յուշագրութեան ձեռագրի բնագիրը յայտնաբերեցինք «Զարթօնք»ի Պէյրութի արխիւներուն մէջ։ Ձեռագիրը 1974 թուականին յանձնուած էր Հրաչեայ Սեդրակեանին, որպէսզի յարմար գտնելու պարագային հրատարակուի Զարթօնքի մէջ՝ թերթօնի ձեւով։ Մեզի համար անյայտ է, թէ այդ օրերուն ինչու անիկա չէ հրատարակուած, սակայն «Զարթօնք»ի 80-ամեակին ընթացքին յարմար գտանք զայն մատուցելու մեր ընթերցողներուն։ Ժամանակին թերթերը թերթօն ունէին, մարդիկ կը կտրէին զայն եւ գիրքի կը վերածէին։ Մենք մեզի խոստացանք, որ նման գտածոները պէտք է հրատարակենք որպէս թերթօն, յետոյ անիկա գիրքի վերածենք ու հանրութեան հրամցնենք»,– մանրամասնեց Սեւակ Յակոբեան։ Անոր խօսքով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յուշագրութիւններու թիւը հազարէն աւելի է։ Սեւակ Յակոբեանը իր խօսքին մէջ ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց իր բարեկամ եւ գործակից Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին այս գիրքը բծախնդրութեամբ խմբագրելու եւ ծանօթագրելու համար։
«Զարթօնք»-ի խմբագիրը իր խօսքի աւարտին մասունքի վերածուած այդ յուշագրութեան ձեռագիր տարբերակը ՌԱԿ-ի եւ «Զարթօնք»ի անունով յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին, «քանի որ անոր ճիշդ տեղը այս թանգարանն է», ըսաւ ան։ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը սիրով ընդունեց գիրքը եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց։ Սեւակ Յակոբեանը ելոյթի աւարտին նաեւ ողջունեց ՌԱԿ-ի անդամ, «Զարթօնք»ի ամենահին ընթերցողներէն 91-ամեայ ընկեր Ժամիլ Քըվրանեանը, որ Քանատայէն Երեւան ժամանած էր մասնակցելու ՌԱԿ-ի Պատգամաւորական ժողովին։ «Զարթօնք»ի հաւատարիմ ընթերցողին նուիրուեցաւ «Զարթօնք»ի առաջին թիւին պատճէնը նկարահանուած հայկական քարի վրայ:
Միջոցառման ելոյթ ունեցաւ բանասէր, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի» հիմնադրամի գիտաշխատող, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշագրութիւններու, վաւերագրերու եւ մամուլի բաժնի վարիչ Միհրան Մինասեանը, որ նշեց, որ ամէն օր նման յուշագրութիւններու թիւը կ’աւելնայ եւ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ տարբեր ընտանիքներ կը յայտնաբերեն ու կը յանձնեն Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու յուշերը։ «Յուշագրութիւններու մեծ հաւաքածոյ կայ անհատներու քով, տուներու մէջ։ Մօտաւոր թիւը հազար է։ Մամուլի մէջ տպուած յուշագրութիւններու բաւական մեծ թիւ եւս ունինք։ Օրինակ, Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ տպուած է այդպիսի տասնեակ յուշագրութիւններ եւ այլն։ Հաւանաբար ժամանակն է, որ մեր պատմաբանները եւ թերթերու խմբագիրները մտածեն իրենց թերթերուն մէջ տպուած այդ յուշագրութիւնները առանձին հատորներով հրատարակելու մասին»,– շեշտեց Մինասեանը։ Ան կարեւորեց նաեւ երկու յուշագրական հաւաքածոներու դերը այս ազգանուէր գործին մէջ.
«Հաւաքածուներէն մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի հաւաքածուն է, որ ունի 450-է աւելի յուշագրութիւն, երկրորդ մեծ հաւաքածոն կը գտնուի Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ. հոն շատ կան սեբաստացիներու ու արաբկիրցիներու յուշերը, որովհետեւ Ամերիկայի մէջ սեբաստացիներու եւ արաբկիրցիներու հայրենակցական միութիւն կար, որոնք ծրագրած էին իրենց հայրենի բնօրրանի յուշամատեանը պատրաստել։ Այդպիսի տասնեակ շատ լաւ յուշագրութիւններ կան։ Մարդիկ երբ յուշեր կը գրէին, միայն Ցեղասպանութեան մասին չէին խօսեր։ Անոնք կը գրէին իրենց քաղաքի, թաղամասի մասին, իրենց հարազատներու, դպրոցի մասին։ Այդ բոլորը ունին ե՛ւ պատմական ե՛ւ ճանաչողական արժէք։ Արեւմտեան Հայաստանի ոչ բոլոր գաւառները ունէին իրենց հայրենակցական յուշամատեանները։ Այս յուշագրութիւններուն մէջ այնպիսի մանրամասնութիւններ կը յիշատակուին, այնպիսի դէպքեր, որոնց մասին ուրիշ տեղ չէ գրուած։ Օրինակ, Յարութիւն Գալայճեանի այս գիրքը, եթէ մէկը խորութեամբ ուսումնասիրութեան ենթարկէ, Աստուած գիտէ, թէ որքան մանրամասնութիւններ, դրուագներ, անուններ կան, որոնց միայն ինք ականատես եղած է»,– իր խօսքին մէջ մանրամասնեց Միհրան Մինասեան։
Միջոցառումին ներկայ հիւրերը կարծիքներ փոխանակեցին, տեղւոյն վրայ գիրքէն օրինակներ նուէր ստանալով քանի մը էջ թերթեցին եւ յայտնեցին իրենց կարծիքը այս յուշագրութեան մասին՝ վստահեցնելով, որ նման յուշագրութիւններու հրատարակումը «Զարթօնք»ի կողմէ կարեւոր ներդրում է ազգանուէր գործին մէջ։
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի աշխատակից