ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Միասնական Հայերէնի Գաղափարը Կը Հասուննայ
Ոչ թէ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, այլ մէկ ընդհանուր հայերէն պէտք է ունենանք: Նաեւ նման առաջարկ հնչեց այսօր Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնէն ներս կայացած գիտաժողովի ընթացքին: Նախաձեռնողը Գրիգոր Նարեկացի համալսարանն էր, մասնակցեցան ճանչցուած գիտնականներ հայկական երկու հանրապետութիւններէն, եւ Սփիւռքէն :
Հայոց լեզուի արդի խնդիրներուն շուրջ քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը Գանձասարի բարձունքին հաւաքած է ոլորտի ճանչցուած մասնագէտները: Միջազգային գիտաժողովի մասակիցները ողջունեցին կրթութեան, գիտութեան եւ սպորտի, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները: Հայոց լեզուն անաղարտ պահել. սա է գիտաժողովի կարգախօսը եւ, կազմակերպիչներու համոզմամբ, օրուայ գլխաւոր մարտահրաւէրը: Խնդիրը բազմաշերտ է եւ խոր, նոյնպիսին ալ պէտք է ըլլայ լուծումը, համոզուած է գիտաժողովի կազմակերպիչը` Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի համալսարանապետ Վարդան Յակոբեանը: «Մենք ունինք լուրջ խնդիր: Այսօր անկէ բխող սպառնալիքները պէտք չէ թերագնահատել: Համազգային միասնականութեան հիմքին մէջ լեզուն պէտք է ըլլայ: Արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն խօսողները պէտք է տարիներու ընթացքին սկսին իրարու աւելի լաւ հասկնալ, լեզուն պէտք է միասնական դառնայ, սակայն այսօր մենք հակառակը կը տեսնենք: Այս վտանգի առաջքը պէտք է առնել: Աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը չի կրնար այլ կերպ որպէս ազգ յարատեւել: Պէտք է քայլեր կատարել` այդ միասնականութիւնը լեզուէն սկսելու համար»,- խնդրի արդիականութիւնը ընդգծեց Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի համալսարանապետ Վարդան Յակոբեանը:
Հայութեան տարբեր հատուածներու մէջ մայրենի լեզուի հետ կապուած խնդիրները տարբեր են: Սփիւռքի մէջ առաջին մարտահրաւէրը լեզուի պահպանութիւնն է: Խնդիրներ կան նաեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու մէջ: Այս պարագային՝ լեզուի մաքրութիւնը պահպանելն է օրախնդիրը: «Հայաստանի եւ Արցախի պարագային խնդիրը այդքան սուր չէ, բայց կայ: Այս պարագային օրակարգը ոչ թէ լեզուն կորսնցնելու, այլ զայն մաքուր պահելու հարցն է: Կան օտարածին բառեր` նոր գիտարուեստներու, նոր երեւոյթներու վերաբերեալ, կան նոր եզրոյթներ: Պէտք է աշխատինք անոնց հայերէն տարբերակները առաջարկելու ուղղութեամբ: Հայերէնը ամենահարուստ լեզուներէն մէկն է եւ պէտք է տարիներու հետ աւելի հարստացնենք: Իսկ մենք անոր փոխարէն օտար բառեր կ’օգտագործենք,- ըսաւ ՀՀ ԿԳՆ Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեանը:
Բանախօսներէն սփնոռքահայ Յակոբ Այնթապլեան բոլոր խնդիրներու լուծման իր բանաձեւը առաջարկեց,- Համազգային միասնութեան հիմքը կրնայ եւ պէտք է ըլլայ լեզուական միասնականութիւնը: Միասնական հայերէնը յստակեցնելու եւ համահայկական տարողութեամբ տարածելու, ամրապնդելու հարցով կրնայ որոշիչ դեր ունենալ հայութեան՝ հայրենիքի մէջ ապրող հատուածը: «Այսօր մենք ունինք պետականութիւն, որ կրնայ այդ հարցերով զբաղիլ: Պարզապէս պէտք է ստեղծել յանձնաժողով մը, որ զբաղի այդ հարցով։ Այդ յանձնաժողովի պէտք է մաս կազմեն Հայաստանն ու Սփիւռքը ներկայացնող լեզուաբաններ: Իսկ մէկ մասն ալ պէտք է ըլլան հայագէտներ, բայց ոչ լեզուաբաններ»,- լուծման իր տարբերակը առաջարկեց բանաստեղծ, հրապարակագիր Յակոբ Այնթապլեանը:
Եթէ Յակոբ Այնթապլեանը առաջարկեց խնդիրը 5-8 տարուան ընթացքին լուծել, ապա Դաւիթ Կիւրճինեանը համոզուած է՝ անհամեմատ երկար ժամանակ պիտի պահանջուի: Արցախի գիտական կեդրոնի ղեկավարն ալ համոզուած է՝ կարեւորը սկսիլն է: Իսկ Արցախէն սկսիլը նաեւ խորհրդանշական համարեց:
Գիտաժողովի աւարտին մասնակիցները հանդէս եկան յայտարարութեամբ՝ ներառելով ոչ միայն առկայ խնդիրները, այլեւ անոնց լուծման առթիւ պատկերացումները:
Արցախի Մէջ Ունեցանք Արդիւնաւէտ Քննարկում եւ Փոխըմբռնում. Մինսքի Խումբի Համանախագահները Արցախ Այցելած են
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 28-ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ստեֆան Վիսկոնտին, Էնդրիւ Շոֆերը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը եւ անոնց ուղեկցող պաշտօնեաները:
Համաձայն պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Արցախի նախագահի նստավայրէն ներս կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախի ու Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակէն ներս՝ վերստին շեշտելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման եւ հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն Արցախի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս փուլին առաջնահերթը ռազմական հռետորաբանութեան նուազեցումն ու կարգաւորման գործընթացը բանակցային ոլորտ տանիլն է, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ընդգծած է ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը. «Կը կարծեմ գլխաւորը այն է, որ առաւելագոյնս ձգտինք անոր, որ կողմերը կարգաւորման դաշտ տանինք: Մենք կ’ընենք յայտարարութիւններ, որոնք կողմերը զսպուածութեան կը կոչեն»:
Ֆրանսացի համանախագահը անդրադարձած է գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակ հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման թեմային: Ստեֆան Վիսկոնտին լաւատես է. «Շարք մը հարցերու մէջ Ստեփանակերտի մէջ փոխըմբռնում կայ, ուստի այստեղ կայացած մեր քննարկումները կը համարենք արդիւնաւէտ»:
Դաւիթ Բաբայեանը կը յիշեցնէ՝ գիւղատնտեսական աշխատանքներու շրջանի մէջ առաւել եւս հրադադարի պահպանման ռեժիմին հետեւելու առաջարկներ Ստեփանակերտը կ’ընէ տարիներ ի վեր: Պաքուն թեման հետեւողական անտեսած է: «Հիմա կրկին անդրադարձ կը կատարուի այս թեմային: Եթէ ստացուի՝ աւելի լաւ: Սա քաղաքական չէ, մարդասիրական նախաձեռնութիւն է: Եթէ Ատրպէյճանը այդ մէկն ալ ձախողցնէ, կրնանք յստակեցնել մեր ակնկալիքները՝ քաղաքական ոլորտէն ներս»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը: Խօսուած է նաեւ գերիներու հարազատներու փոխայցելութիւններու միջազգային մեքանայականութիւններու վերաբերեալ թեմային: Այս հարցով ալ Ստեփանակերտը կառուցողական է, համոզուած են համանախագահները: «Այստեղ դրական արձագանգ ստացած են: Այժմ մանրամասնութիւններ կը ճշտուին՝ ինչպէս պէտք է կատարուի, ինչ միջազգային կառոյցներ պէտք է ներգրաւուին: Նոյնը եւ Գիւղատնտեսական աշխատանքներու շրջանին հրադադարը ամրապնդելու համար: Պայմանաւորուածութիւններ կան, իսկ ներկայիս մշակման փուլին են կազմակերպչական մանրամասնութիւնները»,- կը մանրամասնէ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներէն Իկոր Փոփովը: «Պաշտօնական Ստեփանակերտը միշտ ալ յայտարարած է, որ կողմնակից է մարդասիրական ծրագրերուն, հարազատներու այցերուն, գերիներու փոխանակման: Բնականաբար, խօսքը չի կրնար վերաբերիլ յանցագործներուն»,- կը յստակեցնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը:
Ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու առումով միջնորդները ինչպէ՞ս կը գնահատեն Ատրպէյճանի նախագահի կողմէն վերջերս կրկնուած սպառնալիքները՝ Ստեփանակերտն ու Շուշին գրաւելու վերաբերեալ: «Մենք բոլոր հանդիպումներու ժամանակ կողմերուն կը յորդորենք ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստել եւ պիտի շարունակեն նոյն սկզբունքով առաջնորդուիլ»,- առանց մասնաւորեցնելու կը վստահեցնէ ԱՄՆ ներկայացնող ՄԽ համանախագահ Էնդրիւ Շոֆերը:
Համանախագահները հանդիպած են նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի հետ: Համանախագահները Ստեփանակերտէն Երեւան ուղեւորուած են՝ Պաքու մեկնելու համար, որով եւ կ’աւարտի միջնորդներու հերթական տարածաշրջանային այցը:
Ստեփանակերտ