ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վեթերաններու վարչութիւնը հրաւիրուած էր միութեան մէկ այլ շրջանակի, Փասատինայի սկաուտներու կազմակերպած նուիրահաւաքի միջոցառման մը, ուր կը պատուըուէր տիկին մը՝ յանձին Վարդենի Երջանեանի, միութեան սկաուտութեան շարժումին ընծայած իր երկարամեայ ծառայութեանց համար: Երկարամեայ ըսելով 30 տարիներ նկատի ունենանք միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, անկախ իր ծառայութիւններէն՝ Լիբանանի մէջ: Սկաուտութեան շարժումին թեթեւ ծանօթութեանս պատճառով, չէի ակնկալեր որ օրիորդ մը կամ տիկին մը կրնար այսքան երկար ժամանակ ծառայել այդ շարժումին: Ինչպէս կ՚ըսէ Վարդենին, «սկաուտութիւնը արեանս մէջ էր արդէն 6 տարեկան հասակիս, երբ Պէյրութի Զարեհ-Նուպար ակումբին մէջ «արծուիկ» դարձայ» եւ այդպիսով ան մնաց իր պատուանդանին վրայ, ծառայելու համար ՀԲԸՄ-ի սկաուտական շարժումին մինչեւ վերջ:
ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Պոյաճեան սրահը կը յորդէր սկաուտներու ծնողներով, սկաուտներով, բարեկամներով եւ հովանաւորներով, որոնք եկած էին իրենց ազգային տուրքը մատուցելու եւ քաջալերելու մեր ազգի սկաուտները: Հանդիսութիւնը միայն հանգանակութեան համար չէր մասնահատուած, այլ, նուիրուած էր նաեւ
Տիկ. Վարդենի Երջանեանի ՀԲԸՄ-ի սկաուտական շարժումին նուիրած 30-ամեայ սկաուտական ծառայութիւններուն համար:
Տիկ. Երջանեան, քոյր Երջանեան, իր խօսքը ուղղելով հանդիսատեսներուն, զանոնք կը կոչէր քոյր, եղբայր, սկաուտներ, խմբապետեր, բարեկամներ եւ ծանօթներ: Որքան հարազատ եւ ընտանեկան մտերմիկ էր ստեղծուած մթնոլորտը, ուր համարեա ամբողջ սրահը ոտքի կը կանգնէր սկաուտական բարեւով:
Քոյր Վարդենի Երջանեան 1986-ին երբ կը հասնէր Ամերիկայի այս ափերը, արդէն քաջածանօթ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, անմիջապէս կ՚անցնէր աշխատանքի, կանգնելու համար Սան Ֆերնանտօ հովիտի սկաուտական շարժումը, որուն կը յաջորդէր Կլենտէյլի եւ Սան Կեպրիէլ հովիտի սկաուտական շարժումները եւ անոնց աշխատանքները:
Ահաւասիկ այսօր, ան կը վարձատրուէր իր սկաուտներուն, արենուշներուն եւ այն բոլոր սկաուտական շարժումներու միութեանց կողմէ առ ի գնահատանք իր տարիներու նուիրուածութեան:
Քոյր Վարդենի շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, աւարատեց իր խօսքը ըսելով.
«Անդամներ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, պարտականութիւն ունինք որ պահենք եւ փոխանցենք պատանիներուն մեր լեզուն, մշակոյթն ու աւանդոյթները: Այս պատճառաւ խարոյկի շուրջ կ՚երգենք ազգային եւ հայրենասիրական երգեր, մեր յարգանքի տուրքը մատուցելով դրօշակի արարողութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին եւ մի քանի տարին անգամ մը, բանակումներ կը կազմակերպենք դէպի մայր հայրենիք: Բայց պէտք է ընենք աւելին, ձեր օգնութեամբ»:
Առաւօտեան նախաճաշի միջոցառումը արդէն զարկ տուած էր սկաուտական շարժումի քաջալերանքներով եւ նուիրատուութիւններով:
Քեզ բարի ճանապարհ սիրելի քոյր Վարդենի: Թող որ քու ցանած սերմերը ծլին ու ծաղկին այս համայնքին եւ համայն հայութեան մէջ, նորանոր Վարդենիներ ծաղկեցնելու համար:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ