Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից 

Յայտնի Մամռոտ Քարը Ժամանակաւորապէս Անհասանելի է Զբօսաշրջիկներուն Համար

Մայիս կէսերէն սկսած յորդառատ անձրեւները Արցախի որոշ բնակավայրերու մէջ որոշակի խնդիրներ յառաջացուցած են: Շարք մը տնտեսվարողներ վնասներ կրած են հունէն ելած գետերու պատճառով: Վնասներ կրած են նաեւ Արցախի արգելոցներէն մէկուն մէջ` Շուշիին կից գտնուող Հունոտի կիրճին մէջ:

            Արցախի զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուները կ’ահազանգեն, կը զգուշացնեն՝ Մայիս ամսուայ ընթացքին ձեռնպահ մնալ Հունոտի կիրճ այցելելէն: Խնդիրներ յառաջացած են յորդառատ անձրեւներու պատճառով: Կարկառ գետի մակարդակը աննախադէպ բարձրացած է: Մայիս 20-21 գետը հեղեղած է արգելոցի կամուրջները: «Կամուրջներէն մէկը այս պահուն կարծես ամբողջական է, բայց բաւական վնասուած է: Իսկ բոլորովին վերջերս կառուցուած փայտէ կամուրջը էապես վնասուած եւ վտանգաւոր է օգտագործման համար»,- կը պատմէ «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեանը: Այս բոլորի հետեւանքով՝ Հունոտի կիրճ արգելոցի արահետներով անհնար է հասնիլ արգելոցի գլխաւոր տեսարժան վայրը՝ Մամռոտ քարը: Միակ տարբերակը այս պահուն Քարին տակ գիւղէն սկիզբ առնող արահետն է: Դժուարութիւններու մասին արգելոցի աշխատակիցները զբօսաշրջիկները տեղեակ կը պահեն մուտքի մօտ, մինչեւ կիրճ մտնելը: «Այսօր ալ զբօսաշրջիկներ եկած են՝ կանգնեցուցած եմ: Որ Զոնթիկը (Հովանոցը) պիտի չտեսնեն, գան ի՞նչ ընեն»,- կը մանրամասնէ Հունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցի աշխատակից Վիաչեսլաւ Առստամեանը:    

            Յայտնի պարաններով կամուրջն ալ այս պահուն ջուրի տակ է: Հեղեղի բերած քարերէն ու ծառերէն վնասուած է: Վնասները գնահատել հնարաւոր կ’ըլլայ միայն գետի մակարդակը իջնելէն ետք: «Հունոտի կիրճ» բնապատմական արգելոցի աշխատակիցները կը յիշեն, Կարկառը նախապէս ալ կը վարարէր, բայց ոչ այսքան ուժգին: «Նման բան չէ եղած: Առաջ եղած է, քեռիս կը պատմէ: Բայց նման բան, որ այս երեք օրերու ընթացքին եղաւ՝ չէ եղած»,- կը յիշէ Վիաչեսլաւ Առստամեանը:

            Արգելոցի պատասխանատուները դեռ վնասները կը գնահատեն եւ իրավիճակին կը հետեւին: Վերականգնողական աշխատանքները պիտի սկսին աւելի ուշ: «Գետը պէտք է հանդարտի, գետը պէտք է իջնէ, անկէ ետք միայն պիտի սկսին կամուրջի վերանորոգման աշխատանքները: Տեղեակ պահած ենք նաեւ կամուրջը նախաձեռնող ընկերութեան՝ Հայաստանի Հայ լեռնագնացներու միութեան: Գետը հանդարտելէն ետք կու գան՝ գնահատելու, հասկնալու թէ ինչ աշխատանքներ պէտք է կատարուին»,- ընելիքները կը թուարկէ «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեանը:

«Հունոտի կիրճ» արգելոցը Արցախի ամենաշատ այցելու ունեցող զբօսաշրջավայրերէն մէկն է: Արդէն հերթական տարին՝ արգելոցը կը բարեկարգուի՝ պետական յատկացումներու նաեւ մասնաւոր, բարեգործական ծրագիրներու գումարներով: Արահետները գծելու եւ կահաւորելու օժանդակած է Հայաստանի Հայ լեռնագնացներու միութիւնը: Այս ծրագրին աջակցած է նաեւ յայտնի մարզիկ` Թելմա Ալթունը, որ նախորդ տարի իր վազքի մրցոյթի մէկ հատուածը անցուց Արցախի մէջ` անով իսկ շատերու ուշադրութիւնը հրաւիրելով հայկական երկրորդ հանրապետութեան եւ միաժամաակ` գումար հաւաքելով Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու համար:

Արցախի Դպրոցներուն Մէջ Կայացած է Վերջին Զանգի Արարողութիւնը

Արցախի մէջ կրթական համակարգը բաղկացած է մի քանի մակարդակէ: Տարրական, հիմնական եւ աւագ մակարդակները հանրակրթական դպրոցներու համար են: Վերջին զանգը կը տօնեն իններորդ դասարանցիները՝ աւարտելով հիմնական դպրոցը, իսկ 12-րդ դասարանցիերը` աւագ դպրոցը: Հիմնական դպրոցը աւարտողները կրնան ուսումը շարունակել՝ եւս 3 տարի յաճախելով աւագ դպրոց կամ ընդունուելով նախնական կամ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը եւ որեւէ արհեստ սորվիլ:

Մայիս 24-ին Վերջին զանգը ղօղանջած է Արցախի բոլոր դպրոցներուն մէջ: Հիմնական դպրոցին հրաժեշտ տուած է մօտ 2000 իներորդ դասարանցի: 143 շրջաաւարտ տուած է Արցախի ամենամեծ դպրոցը՝ Ստեփանակերտի թիւ մէկ հիմնական դպրոցը: Կրթութեան նախարարի շնորհաւորանքը բոլորին է ուղղուած: «Անոնք կը մարմնաւորեն մեր անկախութիւնն ու պետականութիւնը կերտողներու բոլոր նուիրական երազանքները: Բարի երթ կը մաղթեմ»,- ընդգծեց Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ սպորտի նախարար Նարինէ Աղաբալեանը:

Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան առաջին դպրոցի պատուաւոր հիւրերու շարքին նաեւ Արցախի նախագահն է: Այս անգամ դպրոց եկած է իբրեւ ծնող: Նախագահի դուստրն ալ աւարտեց իներորդ դասարանը: Ծնողներէն ոչ պակաս, գուցէ քիչ մըն ալ աւելի՝ պապիկ տատիկները կը յուզուին, կը փորձեն ծաղիկներու եւ փուչիկներու խառնաշփոթի մէջ շարուած շրջանաւարտներուն մէջ գտնել իրենց թոռնիկ-թոռնուհիները: «Իրօք, այսօր անմոռանալի օր է մեզի համար: Մենք տատիկներով, պապիկներով հաւաքուած ենք այստեղ՝ ուրախանալու մեր թոռնիկներու յաջողութիւններով»,- յուզումը դժուարութեամբ կը յաղթահարէ Ստեփանակերտի բնակիչ Էւելինա Աղաճանեանը, որ եկած է թոռնիկի վերջին զանգին մասնակցելու:

Հրաժեշտէն առաջ՝ շնորհակալութեան խօսքն է: Շրջանաւարտները չեն մոռնար ուսուցիչները, իրենց երախտիքը կը յայտնեն՝ անուն առ անուն:

            Առաւել յուզուած են աւագ դպրոցներու աշակերտներն ու ծնողները: Ստեփանակերտի 11-րդ աւագ դպրոցի բակին մէջ հաւաքուած ծնողներու շարքին նաեւ Արցախի նախկին վարչապետն է: Անոր դուստրն ալ աւագ դպրոցի շրջանաւարտներու շարքին է: «Այն երազանքները, որ ունիմ կապուած իմ բալիկիս հետ, կը մաղթեմ, որ ձեզի ալ փոխանցուի եւ ձեր երազանքերն ալ կատարուին»,- իր բարեմաղթանքները յայտնեց կառավարութեան նախկին ղեկավարը:

            Շնորհաւորանքը ուղղուած է աւագ դպրոցի շրջանաւարտներուն։ Այս տարի Արցախի մէջ անոնք 1340 հոգի են: 237 շրջաաւարտ ունի Ստեփանակերտի թիւ 11 դպրոցը. ասիկա վերջին 10 տարիներու ամենաբարձր ցուցանիշն է: «Ինծի կը թուի՝ մենք կրցած ենք այս երեք տարուան ընթացքին պատրաստել մեր աշակերտները, որ կարենան նոր կեանք մտնել յաղթահարելով փորձութիւնները, որոնց պիտի հանդիպին»,- լաւատես է Ստեփանակերտի թիւ 11 աւագ դպրոցի տնօրէն Աիտա Գրիգորեանը:

            Տղաներէն շատերը կը սպասեն առաջին փորձութեան: Անոնք մէկ երկու ամիսէն պիտի զօրակոչուին՝ դպրոցը աւարտելէն անմիջապէս ետք: «Անիկա մեզի համար նոյնիսկ երազանք է՝ երթալ բանակ եւ պահել մեր հայրենիքի, մեր ծնողներու անվտանգութիւնը»,- կը վստահեցնէ Ստեփանակերտի թիւ 11 աւագ դպրոցի շրջանաւարտ Սամուէլ Հիւսնունցը:

Մինչ այդ շրջանաւարտները պէտք է յաղթահարեն եւս մէկ փորձութիւն: Յառաջիկային միասնական եւ պետական աւարտական քննութիւններն են:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին