Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Յակոբ Յակոբեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յակոբ Յակոբեան  (24, Մայիս, 1923, Եգիպտոս)- (8, Մարտ, 2013, Հայաստան) Գեղանկարիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր, ՀԽՍՀ ԳԽ պատգամաւոր (1967-1971)։

Ծնած է Ալեքսանտրիա։ Յաճախած է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարան։ Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի գեղարուեստի (1944-1948) եւ Փարիզի Կրան Շոմիէ կաճառներուն մէջ (1952-1954)։

Հայրենիքի մէջ անոր մասին տեղեկացուած են մամուլէն եւ այն նկարներէն, որոնք ան 1960 թուականին ընծայած էր Հայաստանի պետական պատկերասրահին։

Մասնակցած է Երիտասաարդութեան եւ ուսանողներու համաշխարհային 4-րդ փառատօնին (1953, Պուխարեստ, 2-րդ մրցանակ), արդի եգիպտական արուեստի (1958, Մոսկուա, Լենինկրատ) ցուցահանդէսներուն, Ալեքսանտրիոյ բիենալներուն (1959, 1961)։ 1962 թուականին ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան։

Յակոբեանի ստեղծագործութեան մէջ շեշտուած են տխրութեան ու առանձնութեան զգացմունքները. «Կինը խոհանոցում», «Սխտորներ», «Վիշտ», «Դերձակը» գործերը այդ ստեղծագործական ժամանակահատուածի լաւագոյն օրինակներն են։ Օտարութեան մէջ ապրելու տարիներուն Յակոբեան գլխաւորաբար նկարած է տարբեր նկարներ, ուր իւրայատուկ ուժով ու նրբութեամբ ընդհանրացուցած է հայրենիքէն հեռու ապրող իր ետեղեռնեան սերնդակիցներուն հոգեւիճակը։

Անոր բնանկարներուն մէջ շօշափելի են անհանգիստ ժամանակէն բխող լարուածութեան ու տագնապի զգացումները, որոնք ակնյայտ են «Նէյդրոնային ռումբին՝ ոչ», «Սումգայիթ» կտաւներուն եւ «Ընտանիք» քանդակի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին