ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Մի քանի օրեր առաջ լիբանանահայ օրաթերթերէն «Զարթօնք»-ին մէջ տեսայ կարճ տեղեկատուութիւն մը՝ գեղանկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի (1886-1947) կեանքին, արուեստին եւ հասարակական գործունէութեան մասին։ Տեղեկատուութեան կողքին տպուած էր նաեւ իր հեղինակութեան պատկանող նկարչական պաստառի մը վերարտադրութիւնը, որ կը ներկայացնէր երկու հնդկուհիներ իրենց գունագեղ զգեստներով եւ ջուրի կարասներով։
Լիբանանահայ օրաթերթը գովելի նախաձեռնութեամբ մը սովորութիւն մը ըրած էր վերջերս հայ գեղանկարիչներու մասին այսպիսի փոքրիկ տեղեկութիւններ հաղորդել ընթերցողներուն՝ «Օրացոյց» խորագրին տակ ։
Այս տեղեկատուութիւնը անձնապէս հաճելի անակնկալ մը եղաւ ինծի համար։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սփիւռքահայ մամուլին մէջ կը տեսնէի գեղանկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի մասին գրութիւն մը կամ նման տեղեկատուութիւն մը։ Կարծես տարիներու ընթացքին ան անցած էր «մոռցուածներու» կարգին, որովհետեւ սփիւռքի հայ հանրութիւնը ընդհանրապէս անծանօթ կամ անտեղեակ մնացած է անոր գործունէութեան եւ գեղարուեստական վաստակին, քար լռութեան մատնելով անոր յիշատակը ։
Այս լրատուական ծանօթութիւնը եւ պաստառին վերարտադրութիւնը յիշողութեանս մէջ արթնցուցին անցեալի պատկերներ։
Արդարեւ, Յունիս-Յուլիս 1976 թուականին լիբանանցի պաշտօնակիցի մը հետ Հնդկաստան շրջապտոյտի գացած էի։ Այդ տարիներուն ասպարէզային պարտաւորութիւններու պատճառով պաշտօնի կոչուած էի Արաբական Ծոցի երկիրներէն Օմանի Սուլթանութեան պատկանող Մասքաթ մայրաքաղաքին մէջ։ Մասքաթէն Պոմպէյ երկու ժամուայ օդանաւային թռիչքի տարածութիւն մը կար ու Մասքաթի ամառնային ճնշիչ եւ հեղձուցիչ տաքէն Հնդկաստանի զով շրջանները արձակուրդի գացողներու թիւը զգալի կ՚ըլլար այդ շրջանին։
Հնդկաստան մասնաւոր հմայք մը ունեցած է միշտ ինծի համար շատ կանուխ տարիքէս։ Երկրի ազգային ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ Մահաթմա Կանտիի եւ անոր գործակիցներու «Խաղաղ ընդդիմութեան» գաղափարախօսութիւնը եւ փիլիսոփայական հայեացքը մեծ տպաւորութիւն ձգած էին վրաս, երբ տակաւին երկրորդական վարժարանի մը ուսանող էի Պէյրութի մէջ։ Միաժամանակ, Հնդկաստան իբրեւ «Ոչ-յանձնառու երկիրներու» հիմնադիր անդամներէն մին միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ աշխոյժ եւ շնորհակալ աշխատանք մը կը տանէր խաղաղասէր վարչապետ Ժաւահարլալ Նեհրուի ղեկավարութեան տակ՝ «Պաղ պատերազմ»ին պատճառով բեւեռացած աշխարհին խաղաղութեան յուսատու լոյս մը դառնալով։
Այդ հմայքի կողքին կար նաեւ այլ անձնական բնոյթ ունեցող պատճառ մը։ Արդարեւ, այդ տարիներուն Պոմպէյի հետզհետէ նօսրացող հայ գաղութը որոշում կայացուցած էր հայ կարիքաւոր ուսանողներու կրթաթոշակներ շնորհել առիթ տալու համար անոնց որ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեն տեղւոյն հնդկական համալսարաններու մէջ։ Այդ կրթական նպաստէն օգտուողներէն առաջիններէն եղած էի ես ու 1964-ի առաջին ամիսներուն Հնդկաստան կը հասնէի ուսումս շարունակելու Պոմպէյի Յիսուսեան Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնին մէջ։ Թէեւ համալսարանական ուսումիս աւարտին Պէյրութ վերադարձած էի 1968-ին այսուամենայնի շարունակած էի մօտիկ կապեր պահել նախկին դասընկերներու, բարեկամներու եւ մասնաւորապէս Պոմպէյի հետզհետէ փոքրացող հայ գաղութի մնացորդացին հետ։ Հետեւաբար, երբ 1976 թուականին առիթ կը ներկայանար ինծի կրկին Հնդկաստան այցելելու, մտադրած էի հին բարեկամներու տեսութեան կողքին նաեւ շրջապտոյտ մը կատարել Հնդկաստանի պատմական շրջաններուն մէջ, զոր տեսնելու առիթ չէի ունեցած նախապէս։
Այդ մէկ ամիս տեւող շրջապտոյտի ընթացքին, ընկերակից լիբանանցի բարեկամիս հետ, յաջորդաբար այցելեցինք Հնդկաստանի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող «Էլլորա»-յի եւ «Աժանթա»-յի նշանաւոր քարակոփ տաճարները, որոնք Հնդկաստանի հին քաղաքակրթութեան լաւագոյն նմոյշները կը հանդիսանային։ Ժայռերու մէջ փորուած հսկայ տարածութեամբ եւ մեծղի չափերով Հինտու կամ Պուտտայական կրօններու պատկանող աղօթատեղիներ հանդիսացած էին այս տաճարները անցեալին իրենց աննման արձաններով, ժայռերու վրայ քանդակուած զարդարանքներով եւ ամեհի բարձրութեամբ չաստուածներու կերպարներով։ Այս քարակոփ տաճարները շինուած էին Քրիստոսէ վեց դարեր առաջ ու կը հանդիսանային մարդկային տաղանդին, ձիրքին եւ երեւակայութեան արդիւնք եղող աննման պատմական կեդրոններ։ Իբրեւ այդպիսին անոնք այլ նման ճարտարապետական սքանչելիքներու կողքին այժմ կը գտնուին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան (UNESCO) «Համաշխարհային ժառանգ» նկատուող ոգեկան եւ ֆիզիքական կառոյցներու ցուցանշային տոմարի պատուոյ ցանկին վրայ։
Այդ շրջապտոյտի ընթացքին երկուքս յաջորդաբար այցելեցինք նաեւ Հնդկաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Ակրա քաղաքը՝ տեսնելու նշանաւոր Թաժ Մահալը, Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհին եւ երկրի հարաւագոյն շրջանի Պանկալոր քաղաքը, ի վերջոյ հասնելու համար Մայսոր (այժմ Քարնաթաքա) նահանգի համանուն մայրաքաղաքը, որ անցեալին այդ շրջանի Մահարաժայի կամ իշխանի նստավայրը հանդիսացած էր։
Տեղւոյն զբօսաշրջութեան յատուկ վայրերու կողքին այցելեցինք նաեւ Մայսորի Մահարաժային նախկին արքայական պալատը։ Շքեղ, հոյակապ եւ մեծղի պալատ մըն էր, որ անկախ Հնդկաստանի կազմաւորումէն եւ արքայազուն իշխաններու օրինական գահընկէցութենէն ետք վերածուած էր նշանաւոր թանգարանի մը, ուր պահպանուած էին արքայական շրջանի կահոյքները, արուեստի գործերն ու կենցաղային դրոյթի ամենազանազան երեւոյթները։
Այս հսկայ թանգարանը պտտելու ընթացքին պատերէն կախուած նկարչական պաստառներն ու կտաւները ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ես ո՛չ արուեսագէտ եմ եւ ո՛չ ալ արուեստաբան, սակայն այդ պաստառներու վառ գոյները եւ բնաբան նիւթերու խորքը գրաւիչ տպաւորութիւն մը ձգեցին վրաս ու կարծես քաշողական ուժով իրենց մօտ հրաւիրեցին զիս։ Երբ մօտէն զննեցի նկարները անակնկալի եկայ տեսնելով որ այդ նկարներուն անխտիր մեծամասնութիւնը կը կրէր հայանուն արուեստագէտի մը ստորագրութիւնն ու անունը։ Այդ արուեստագէտը կը կոչուէր Սարգիս Խաչատուրեան։
Ակամայ յիշեցի, որ Պոմպէյի հայ գաղութի տարեց անդամներէն ոմանք ուսանողութեան տարիներուս պատմած էին թէ ինչպէս հայ գեղանկարիչ մը տարիներ անցուցած էր Պոմպէյէն 300 մղոն հեռու վայրի մը մէջ գեղարուեստական առաքելութեան մը անձնատուր՝ յաճախ կեանքը վտանգի ենթարկելով։ Յետագային, տարիներ ետք, անոր անունը լսած էի հայ մամուլէն, երբ 1970 թուականի սկիզբներուն իր այրին՝ Վաւա Խաչատուրեան, որ նոյնպէս ճանչցուած գեղանկարիչ մըն էր, Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպած էր իր մահացած ամուսնոյն գործերուն նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Սփիւռքի հայ մամուլը այդ առիթով արձագանգ հանդիսացած էր այս դէպքին ու յիշողութեանս մէջ տեղ մը արձանագրուած էր Սարգիս Խաչատուրեանի անունը։ Պէտք է խոստովանիմ, որ այս պատահական արձագանգներէն զատ շատ քիչ բան գիտէի իր մասին։
Հետեւաբար, այդ թանգարանին ցուցադրուած պաստառները մէջս հետաքրքրական հարց մը ստեղծեցին։ Ի՞նչ գործ ունէին Հնդկաստանի այդ հեռաւոր անկիւնին մէջ Սարգիս Խաչատուրեանի ստորագրութիւնը կրող կտաւները եւ պաստառները, որոնք կը ցուցադրուէին այդ պալատ թանգարանին մէջ։
Այս անակնկալ հանդիպումը պատճառ եղաւ որ Սարգիս Խաչատուրեանի կեանքին, գեղարուեստական ու հասարակական աշխատանքին շուրջ փնտռտուքներ կատարեմ աւելի լաւ հասկնալու այս եզակի հայ արուեստագէտին անցեալն ու պատմութիւնը։
***
Ըստ 1979 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ին, Սարգիս Կարապետի Խաչատուրեան ծնած է Մալաթիա, 9 Օգոստոս 1886 թուականին։ Յաճախած է Կարինի Սանասարեան վարժարանը։ Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Հռոմ ուսանելու համար տեղւոյն Գեղարուեստի Կաճառին (Academia di Belle Arti di Roma, 1908-1911) մէջ արժանանալով աւարտական շրջանի Ոսկեայ մետալին։ Անկէ ետք փոխադրուած է Փարիզ՝ ուսանելու համար Կիրառական արուեստի ազգային բարձրագոյն դպրոցին (Ecole Nationale Supérieure des Arts Décoratifs 1912-1914) մէջ ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբին վերադարձած է հայրենիք ու ապրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան դաժանագոյն շրջանը հազիւ փրկուելով մահէ։ Այդ շրջանի հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքը եւ անոր հետեւանքը կարելի է տեսնել իր արուեստին մէջ։ Յովհաննէս Թումանեան, Անդրանիկ Զօրավար եւ ուրիշներ Սարգիս Խաչատուրեանը անուանած են «Հայոց վշտի երգիչ»։ Եղած է Սովետական Հայաստանի առաջին դրոշմաթուղթերու հեղինակը։ Իր գործերուն մէջ իշխող եղած են հայ ճարտարապետական յուշարձաններու, հնագիտական արժէքներու, տարազներու եւ կենցաղային դրոյթներու պատկերացումը, ուր շարժումը եւ գոյները գերակայ ներկայութիւն կը կազմեն։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն ետք շրջած է Եւրոպայի զանազան երկիրներ ցուցադրելով իր ստեղծագործութիւնները։
Պարսկաստանի կառավարութեան հրաւէրով 1931 թուականին մեկնած է Սպահան վերականգնելու համար Սեֆեան շրջանի որմանկարները, կատարելով անոնց պատճէնահանումնները, որոնք ցուցադրած է զանազան եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ։
Սակայն Սարգիս Խաչատուրեանի կեանքին ամէնէն նշանակալից հանգրուանը եղած է անոր Հնդկաստան ճամբորդութիւնը 1937 թուականին եւ հոն կեցութիւնը՝ մինչեւ 1941։ Այդ չորս տարիներուն ընթացքին ան անդուլ աշխատանք տարած է «Աժանթա» եւ «Էլլորա» քարակոփ տաճարներու անյայտ կամ անմատչելի որմանկարները վերարտադրելու համար։
Այդ գործին համար Սարգիսեան անօրինակ եւ եզակի հմտութիւն մը ցուցաբերած է բնական լոյսով լուսաւորելու համար քարանձաւներու մթութիւնը՝ կարենալ իր աշխատանքը յառաջ տանելու համար առանց վնաս հասցնելու դիւրաբեկ որմանկարներուն։ Դժուարին ֆիզիքական պայմաններու մէջ տարուած աշխատանք մը եղած է այդ, բայց այն ինչ որ ան իրականացուցած է այդ տարիներուն, մասնագէտներու կարծիքով կարեւոր եւ եզակի իրագործում մըն էր համաշխարհային մշակութային արժէքներու եւ ժառանգի պահպանման եւ փրկութեան տեսակէտէն։
Նոյն աշխատանքը ան կրկնած է նաեւ Սէյլոն-ի (այժմ Սրի Լանքա) որմանկարներու փրկութեան աշխատանքին մէջ։ Այդ որմանկարներու պատճէնները ցուցադրուած են Լուվրի եւ Ամերիկայի բազմաթիւ քաղաքներու թանգարաններուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ամէնուրեք։ Հանրային եւ միջազգային այդ հետաքրքրութիւնները պատճառ եղած են, որ անկախ Հնդկաստանի կառավարութիւնը մեծ ջանք թափէ ապահովելու այդ տաճարներու գոյատեւումը, այս ձեւով հարստացնելով ազգային եւ միջազգային մշակութային գանձարանը Սարգիս Խաչատուրեանի յայտնաբերումին շնորհիւ։
Սարգիս Խաչատուրեան 1941 թուականին վերջնականապէս հաստատուած է Նիւ Եորք ։
Մահացած է Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ 4 Մարտ 1947 թուականին, իսկ իր մահէն ետք աճիւնները վերաթաղուած են Երեւան՝ 28 Դեկտեմբեր 1977-ին։
Իր գործերը ցուցադրուած են Փարիզի, Լոնտոնի, Վիեննայի, Պրիւքսէլի, Նիւ Եորքի եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահներուն մէջ։
2016 թուականին իր ծննդեան 130-ամեակի առիթով Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Սարգիս Խաչատուրեան 130» ցուցահանդէս մը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով հայրենի հանրութեան մօտ։
***
Ահա այս որմանկարներու հաւաքածոյի եւ Սարգիս Խաչատուրեանի գեղարուեստական վաստակի մէկ մասն էր, որ ցուցադրուած էր Մայսորի նախկին արքայական պալատի թանգարանին մէջ։ Հաւանաբար, Մայսորի Մահարաժան գնահատելով հայ արուեստագէտին գործերը գնած էր զանոնք իր պալատին համար ու այդ ձեւով հայ արուեստագէտի ոգին, հանճարը եւ գործը տակաւին կը թեւածեն այդ պալատի կամարներուն տակ։ Դժբախտաբար այդ այցելութեան ընթացքին կարելի չեղաւ աւելի լայն եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալ տեղւոյն վրայ, բայց Սարգիս Խաչատուրեանի անունը կ՚աւելնայ այն յայտնի եւ անյայտ հայ անուններու ցանկին, որոնք դարերու ընթացքին սատարած են Հնդկաստանի ծաղկումին՝ իրենց նպաստը բերելով այդ երկրի պատմութեան կերտումին եւ զարգացումին։
Հիւսթըն, 13 Մայիս 2019