Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելից Եւ Կոմիտասի 150-Ամեակ (լուսանկարներ)

Լոնտոնի մէջ՝ Քէնզինկթընի Միացեալ ռեֆորմիստական եկեղեցւոյ մէջ, Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմնի (The Tekeyan Trust London) կազմակերպմամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին եւ Կոմիտասի 150-ամեակին:

Միջոցառման ներկայ էին ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, ՄԹ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմնի պատուաւոր քարտուղար, Լոնտոնի «Կոմիտաս» կամերային երգչախումբի նախագահ Վարդան Ուզունեան՝ հրաւիրելով ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեանն մէջ սուրի մատնուած 1.5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Իր խօսքի մէջ Վ. Ուզունեանն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, պատմական իրողութիւններուն, մշակութային ցեղասպանութեան ու Կոմիտասի անգնահատելի աւանդին հայ երաժշտութեան զարգացման գործին մէջ: Ան կարեւորեց հայկական մշակութային ժառանգութեան, կրօնի ու լեզուի պահպանումն ու տարածումը մասնաւորապէս Սփիւռքի մէջ եւ միասնութեան կոչ ըրաւ աշխարհասփիւռ հայերուն՝ հզօրացնելու Հայոց բանակին, սատար կանգնելու հայրենիքին, պահպանելու ու շէնցնելու զայն՝ սերունդներու համար կերտելով պայծառ ապագայ: Վ. Ուզունեան յոյս յայտնեց նաեւ, որ Արմէն Սարգսեանի նախագահութեամբ աւելի կ’ամրապնդուի Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը, նպաստելով երկրի տնտեսութեան զարգացման:

Իր ելոյթի մէջ դեսպան Արման Կիրակոսեան ընդգծեց, որ մեծն Կոմիտաս՝ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը խորհրդանշող գործիչներէն մէկն է, հանճար է ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայերու, այլեւ ողջ առաջադէմ մարդկութեան համար, եւ պատահական չէ, որ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՝ Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ: Դեսպանը մէջբերեց մէկ այլ հանճարեղ հայ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի խօսքերը. «Երբ կը մտածեմ Կոմիտասի մասին, լիաթոք կը շնչեմ Հայաստանի օդը: Անոր լեռներու, ձորերու, հովիտներու գեղեցկութիւնը անդիմադրելիօրէն կը կլանէ զիս»: Դեսպանը աւելցուց, որ այս տողերուն տակ կրնայ ստորագրել իւրաքանչիւր հայ մարդ, ով երբեւիցէ լսած է Կոմիտասի անմահ ստեղագործութիւնները:

Շարունակելով դեսպանի խօսքը, Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան ներկայացուց Կոմիտասի՝ հայկական դասական երաժշտութեան հիմնադիրի, կեանքն ու ստեղծագործական ուղին, յատկանշելով, որ անոր ստեղծագործութիւններուն անդրադարձած են ոչ միայն հայ երաժիշտներու բոլոր յետագայ սերունդները, այլեւ բազմաթիւ այլազգի երաժիշտներ, իսկ արուեստի մէջ Կոմիտասը կը պատկերեն որպէս ցեղասպանութեան հիմնական խորհրդանիշներէն մէկը, հայ ժողովուրդի հարուստ մշակոյթն ու տխուր ճակատագիրը:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Շուէտէն զեկոյց ուղարկած էր ՀՀ նախագահի մրցանակի արժանացած թուրք մտաւորական, աքթիվիսթ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան, Նոպելեան մրցանակի թեկնածու, հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն, ով Թուրքիոյ մէջ բազմիցս բարձրաձայնած եւ գրքեր հրատարակած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ինչի հետեւանքով մշտապէս ենթարկուած է թրքական իշխանութիւններու հետապնդումներուն եւ բանտարկուած է: Ձեկոյցը, զոր ընթերցեց Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմնի հոգաբարձու Պեռնարտ Նազարեան, մասնաւորապէս կը ներկայացնէր Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը, պատճառները, իրականացման կառուցակարգն ու հետեւանքները:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս՝ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ: Ան միշտ կանգնած է հայ ժողովուրդի կողքին, կիսած անոր ցաւն ու տառապանքը, սատարած արդար պայքարին՝ յանուն ազատութեան ու անկախութեան եւ իր ձայնը բարձրացուցած մարդու իրաւունքներու ոտնահարման ու բռնութիւններու դէմ: Անոր միջոցով բազմաթիւ օտարերկրացիներ ճանչցած են Արցախը, ճշմարտացի տեղեկութիւններ ստացած են երկրի հիմնախնդիրի մասին: պարոնուհին խօսեցաւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած դաժանութիւններու մասին, ընդգծելով, որ պէտք է պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ, ովքեր կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ թոյլ չտալ եւս մէկ ցեղասպանութեան փորձի Ատրպէյճանի կողմէ, որ կը ձգտի վերացնել հայերը իրենց պատմական հողէն՝ Արցախէն:

Յիշարժան երեկոն շարունակուեցաւ համերգային ծրագիրով. մատուցուեցաւ բարձրաճաշակ եւ բարձրարուեստ մշակոյթ: Տաղանդաշատ օփերային երգչուհի, մեցցօ-սոփրանօ Անայիս Հեղոյեան կատարեց Կոմիտասի եւ Կ. Առաքելեանի աստեղծագործութիւններէն, իր գեղեցիկ ձայնով հիացնելով հանդիսատեսը: Բուռն ծափողջոյններով դահլիճը դիմաւորեց նաեւ ճանչցուած ջութակահարուհի, բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, Շուէտի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Գանատայի մէջ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ մենահամերգներով հանդէս եկած Անի Բատիկեանը. հնչեցին Կոմիտասի, Ա. Խաչատուրեանի, Շումանի եւ Ա. Կը Ռոլի ստեղծագործութիւններէն: Լոնտոնի «Կոմիտաս» քամերային երգչախումբի խմբավար, երաժշտահան, երգիչ Գրիգոր Նաճարեան իր հզօր ձայնի անկրկնելի հնչողութեամբ կատարեց Կոմիտաս:

Յաջորդիւ եղան Լոնտոնի «Կոմիտաս» քամերային երգչախումբի կատարումները ջութակահարուհի Անժէլա Նաճարեանի եւ դաշնակահարուհի Հաօ Զի Եոհի նուագակցութեամբ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ վոկալ Թրիոն՝ ի դէմս Զուարթ Կարէյեանի, Ցուզել Մանուչարովայի եւ Ֆէյրուզ Թորոսեանի: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին նաեւ Գ. Նաճարեանի, Ռ. Պետրոսեանի, Ա.Մարկոսեանի ստեղծագործութիւններէն: Բանաստեղծուհի Լիանա Հայրապետեան ընթերցեց «Երգ Կոմիտասին» ստեղծագործութիւնը՝ իր եւ Փիթեր Սաթոնի բանաստեղծութիւններու նոր հաւաքածուէն, որ կը կոչուի «Հայկական պատերազմի եւ խաղաղութեան պոէմներ»:

Ձեռնարկը իրականացուեցաւ ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի թեմի բարձր հովանիի ներքոյ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին