Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Օնորէ Տը Պալզակ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Օնորէ Տը Պալզակ։ ֆրանսացի գրող

(Մայիս 20, 1799, Դուր- Օգօստոս 18, 1850 Փարիզ)

Եղած է գիւղացի հարուստ ընտանիքի զաւակ։ 1807-13 թթ. Պալզակ յաճախած է Վանտոմի դպրոց, 1816-19 թթ.՝ Փարիզի իրաւագիտական դպրոց, միաժամանակ աշխատելով պետական գրագիր։ Սակայն յետագային ձգած է այդ զբաղումը՝ նուիրուելով գրականութեան։

1823 թ-էն սկսած է հրապարակել իր գործերը, 1825-28 թթ. զբաղած է հրատարակչական գործունէութեամբ, սակայն անյաջող։

1829 թ. լոյս կը տեսնէ Պալզակի անունով ստորագրուած առաջին գիրքը՝ «Շուաններ» (Les Chouans) պատմական վէպը։ Պալզակի յաջորդ ստեղծագործութիւններն են՝ «Մասնաւոր կեանքի դրուագներ» (Scռnes de la vie privռe, 1830), «Երկարակեցութեան կենսահիւթը» (L’լlixir de longue vie, 1830–1831); «Կոպսեք» վիպակը (Gobseck, 1830), որոնք մեծ յաջողութիւն ունեցան։ 1831 թ. Պալզակ կը հրատարակէ «Շագրենի կաշին» փիլիսոփայական վէպը եւ կը սկսի աշխատիլ «Երեսնամեայ կինը»(La femme de trente ans) վէպի վրայ։

Պալզակ յայտնի էր իր բացառիկ աշխատասիրութեամբ. ան կը ստեղծագործէր գրասեղանի առջեւ օրը 15-16 ժամ՝ իւրաքանչիւր տարի հրատարակելով երեքէն վեց գիրք։

1834 թ. Պալզակ կ’որոշէ իր ստեղծած եւ ստեղծուելիք բոլոր երկերը, որոնց մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ իր ժամանակի բարքերու համայնապատկերը, ամփոփել մէկ բազմահատոր շարքի մէջ։ Այդ շարքը ան յետագային վերնագրեց «Մարդկային կատակերգութիւն»։

Այդ շարքի վրայ Պալզակ աշխատեցաւ մինչեւ իր կեանքի վերջը։

Պալզակի ստեղծագործութիւններէն շատերը թարգմանուած են հայերէն եւ հրատարակուած 1950-60-ական թուականներուն։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին