ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Մայիսեան Եռատօնի Արցախեան Խճանկարը
Աւանդական Արիութեան Դասը` Պարտադիր
Մայիս 7-ին, Արցախի կրթօջախներէն ներս Մայիսեան Եռատօնին նուիրուած նախաձեռնութիւնները մեկնարկած են աւանդական Արիութեան դասով: Պաշտպանութեան եւ կրթութեան, գիտութեան ու սպորտի նախարարները հանդիպած են Համալսարանի ուսանողներու հետ: Արցախեան Շարժումն ու Ազատամարտը աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն շատերու կենսագրութեան մաս կը կազմեն: Երիտասարդներուն կը պատմեն առաջին դէմքով: «Մեր սերունդը երջանիկ սերունդ է, որովհետեւ մենք մասնակիցն ու ականատեսը եղած ենք այդ գոյապայքարին, որ նման փառահեղ յաղթանակներ ապահոված է»,- ուսանողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ սպորտի նախարար Նարինէ Աղաբալեան:
Պաշտպանութեան նախարարը այդ յաղթանակներու թագն ու պսակը կը համարէ Շուշիի ռազմագործողութիւնը: Անիկա դաս էր ռազմական եւ հաղորդագրութիւն՝ քաղաքական գործիչներուն: «Շուշիի ազատագրումը նպաստեց մեր ժողովուրդի մարտական ոգիի բարձրացման: Վերջնականապէս համոզուեցանք, որ կարեւորը թուաքանակը չէ, եւ որ պէտք է առաջին հերթին ապաւինիլ սեփական ուժերուն: Այդ յաղթանակը համաշխարհային հանրութեան բացայայտեց մեր հիմնահարցի նպատակներու եւ խնդիրներու ողջ լրջութիւնը»,- ընդգծած է պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան:
Հայրերու Հետքերով` Դէպի Բերդաքաղաք
Շուշիի պարիսպներու վրայ 1992-էն 27 տարի անց ալ պայքարը կը շարունակուի: Գիծի հակառակ կողմերուն ուսանողներն ու ՊԲ ժամկէտային զինծառայողներն են: Պարան կը քաշեն: Շուշիի գիտարուեստի համալսարանի ուսանողներու նախաձեռնութեամբ հաւաքուած են՝ այդ ձեւով նշելու Շուշիի ազատագրման հերթական տարեդարձը: «Աւելի շատ կ’ուզենք սովորական բնոյթի ձեռնարկներէն հրաժարիլ: Կարծեմ՝ ոչ սովորական այդ միջոցառումները առաւել կը նպաստեն ուսանողներու եւ զինուորներու կապերու ամրապնդման»,- կը պատմէ Շուշիի գիտարուեստի համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահ Արամ Յարութիւնեան: Երգ ու պար, խաղեր ու հիւրասիրութիւն: Նախաձեռնութիւնը ոգեւորած է նաեւ զինուորները: «Նման միջոցառումներ կ’օգնեն ամրապնդել բանակ-հասարակութիւն կապերը եւ մեզի՝ զինուորներուս կ’օգնէ չկտրուիլ քաղաքացիական կեանքէն»,- կը կարեւորէ ժամկէտային զինծառայող Նարեկ Մեհրաբեան:
Եռատօնին ընդառաջ աւանդական քայլերթն է: Հայրերու հետքերով եւ եռագոյնի երանգներով՝ երիտասարդներն են Ստեփանակերտէն Շուշի կը բարձրանան Հարսանիք լեռներում ռազմագործողութեան չորս ուղղութիւններով: Անոնց հետ նաեւ Շուշիի ազատագրման մասնակիցներն են 27 տարուայ վաղեմութեան երթը կը կրկնեն: Ինչպէս 27 տարի առաջ, այսօր ալ Շուշի մտնողները առաջին հերթին կը շտապեն Ղազանչեցոց: Պարզապէս զէնքի փոխարէն արդէն դրօշակներով ու երգերով:
Աւանդական Պարգեւատրում Առցախի Նախագահի Կողմէ
Եռատօնի նախօրէին՝ Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է պարգեւատրման աւանդական արարողութիւնը: Բակօ Սահակեանի հրամանագրերով Մարտական Խաչ երկրոդ աստիճանի շքանշան ստացան գործող զինուորականներ եւ ազատամարտիկներ: Ոմանք՝ հետմահու: Միացեալ նահանգներէն բարերար Լեւոն Քիրաջեան Վաչագան Բարեպաշտ մետալի արժանացաւ: «Ուրախութեան չափ չկար: Կը մեռնէինք ուրախութենէն այն ժամանակ: Ինչպէս կարելի էր այդ հզօր բարձունքը թշնամիներէն գրաւել: Որովհետեւ խելացի ազգ էինք, միասնական»,- 27 տարի առաջ ունեցած ուրախութիւնը կը յիշէ Լեւոն Քիրաջեան: Մարտական ծառայութեան համար եւ արիութեան համար մետալներ ստացան գործող եւ զօրացրուած զինուորականներ, ազատամարտիկներ: Պետական պարգեւներ ստացողներուն առաջին շնորհաւորողը Արցախի նախագահն էր: Համազգային միասնութեան եւ սերունդներու համերաշխութեան շնորհիւ հասած ենք յաղթանակին եւ այսօր պէտք է գնահատուի Եռատօնի խորհուրդի մէջ սերունդներէն իւրաքանչիւրի ներդրումը, նշած է Բակօ Սահակեան: «Մենք շնորհակալ ենք մեր հայրերուն ու պապերուն՝ հերոսական դասերու եւ պատմութեան համար: Անոնց օրինակով զէնք վերցուցած ենք, ազատագրած Շուշին, յաղթանակ տարած մեզ պարտադրուած անհաւասար պայքարին: Այսօր կրնանք ըսել, որ սերունդները շարունակեցին նախնիներու աւանդոյթները եւ դարձան անոնց արժանի հետնորդները»,- ընդգծած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Եռատօնին նուիրուած նախաձեռնութիւններու շարքին աւանդականը հանդիսաւոր երեկոն էր՝ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի մէջ: Բեմին Արցախի Հանրապետութեան եւ Պաշտպանութեան բանակի դրօշներն են՝ որպէս արդէն աւելի քան երկուքուկէս տասնամեակի ձեռքբերումներու խորհրդանիշ: Բանախօսը Արցախի պաշտպանութեան նախարարն է: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ յատկապէս անոնց, որոնց նուիրումի շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ բանակի ծնունդը:
Եռատօնի Տօնակատարութիւնը՝ Ստեփանակերտ–Շուշի Միասնականութեամբ
Մայիս 9-ին Ստեփանակերտ եկած էին Հայաստանէն եւ արտերկրէն բազմաթիւ հիւրեր։ Ոմանք առաջին անգամ եկած էին Արցախ: Հերթական անգամ՝ Արցախը բոլորը ընդունած է գրկաբաց՝ յաղթանակը բոլորինն է, անոր պտուղները ամրագրելու հարցով բոլորն ալ ընելիք ունին:
Վաղ առաւօտէն Ստեփանակերտի եւ գլխաւոր փողոցներով անցնող զինուորական շարասիւները Եռատօնի խորհուրդը կ’ամբողջացնեն՝ Ազգ-բանակ տրամաբանութեան մէջ: Յաղթանակի օր, Պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օր՝ թուարկումը ազգային իղձերու առնուազն մէկ մասի իրականացման փաստը կը խորհրդանշէ: Շարային քայլով ու երգով անցնող ժամկէտային զինծառայողները, զիրենք ողջունող նախկին ազատամարտիկներն ու անոնց թոռնիկներն ալ այդ կարծիքին են: Հերթական տարին՝ Արցախի փողային նուագախումբը Մայիս 9-ի առաւօտը կը դիմաւորէ Ստեփանակերտի օղակաձեւ զբօսայգիի մէջ: Շարքերու մէջ ոչ միայն Մեծ հայրենականի, այլեւ Ազատամարտի եւ Ապրիլեան պատերազմի հերոսներու նկարներն են:
Հրապարակ կ’իջնեն հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ հարիւրաւոր հիւրերու ուղեկցութեամբ: Մեկնարկեց աւանդական քայլերթը՝ Վերածնունդի հրապարակէն դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Հսկայական եռագոյնը երիտասարդներու ձեռքին է, յուշահամալիրի մէջ ծաղիկներ խոնարհուած են յաղթանակներու համար իրենց կեանքը չխնայած հերոսներու յիշատակին: Հարեւանութեամբ՝ Եղբայրական գերեզմանոցն է: Արցախի նախագահը, ՀՀ վարչապետն ու բարձրաստիճան պատուիրակութեան անդամներն ու հիւրերը այնտեղ ծաղիկներ խոնարհեցին:
Արցախեան Ազատամարտը ցոյց տուաւ, որ ընդհանուր նպատակի պարագային նոյնիսկ անհնար թուացողն է հնարաւոր իրականութիւն դարձնել: Օրուայ խորհուրդը նաեւ 1990-ականներէն մնացած դասերը չմոռանալն է: Յաղթանակները կը պարտաւորեցնեն: Արցախի մէջ առաջին պարտաւորութիւնը կը համարեն յաղթանակներու արդիւնքները ամրագրելը: Այս հարցով բոլորը միակարծիք են: Տօնական օրը աւարտին հասաւ աւանդական համերգային ծրագիրով եւ շքեղ հրավառութեամբ:
Հրադադար-25
1994թ. Մայիս 12-ին ուժի մէջ մտաւ հրադադարի մասին համաձայնութիւնը: Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին հրադադարի հաստատման 25-ամեակի առիթով կազմակերպուած էր համաժողով, նախաձեռնութեամբ` Արցախի արտաքին գործերու նախարարութեան: Մասնակիցները ընդգծած են, որ խօսքը ոչ թէ պատմական անցուդարձի, այլ այսօր ալ ուժի մէջ գտնուող եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին կարեւոր դեր ունեցող փաստաթուղթերու մասին է:
Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին հրադադարի հաստատման 25-ամեակի առիթով Արցախի արտաքին գործերու նախարարութեան հրաւէրով Ստեփանակերտի մէջ հաւաքուած էին անոնք, որոնք 1994-95 թուականներուն այդ զարգացումներու ոչ թէ պարզապէս ականատեսը, այլ անմիջական մասնակից եղած են: Արցախի Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 94-ի Մայիսին Բիշքեկ կը գտնուէր էր` մաս կազմելով արցախեան պատուիրակութեան: Անիկա խորհրդարանականներու հերթական եռակողմ հանդիպումն էր` ՀՀ-էն, Արցախէն եւ Ատրպէյճանէն: «Ի տարբերութիւն նախորդ հանդիպումներու՝ այս անգամ խնդիր դրուած էր ընդունիլ համաձայնեցուած փաստաթուղթ, որով խորհրդարանականները պէտք է իրենց համաձայնութիւնը արտայայտէին նոյն թուականի Ապրիլ 15-ին ԱՊՀ անդամ երկրներու ղեկավարներու ԼՂ հակամարտութեան վերաբերեալ կատարուած յայտարարութեան»,- կը յիշէ Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Վլատիմիր Կազիմիրովը, որ 1994-ին Ռուսաստանի նախագահի ներկայացուցիչն էր ու ռուսական միջնորդական առաքելութեան ղեկավարը, կ’ընդգծէ. դիւանագիտութիւնը, անշուշտ իր դերը ունեցած է, բայց այդ պահուն իրավիճակը ռազմաճակատին զարգացած էր այնպէս, որ Ատրպէյճանին օդ ու ջուրի պէս պէտք էր հրադադարը: 1993-ի վերջին սկսած ատրպէյճանական հերթական յարձակումը ձախողած էր: 1994-ի Ապրիլին հայկական զինուժը հակայարձակման անցած էր: «Անիկա գրեթէ նախանշան էր, որ հայերը կրնան հասնիլ Եւլախ, Բարդա, Մինգիչաուր եւ Քուռին, ինչպէս որ 1993-ին հասած էին Արաքսին»,- կը յիշեցնէ Վլատիմիր Կազիմիրովը: «Իրականութեան մէջ բանակցութիւնները ընթացած են երկու կողմի՝ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ: Պարոն Կազիմիրովն ինքն ալ պիտի հաստատէ, որ այս երկուքը պէտք է ստորագրէին փաստաթուղթը: Պաքուն վերջին պահուն խնդրեց՝ թէ թող Երեւանն ալ միանայ,- կը լրացնէ ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Բիշքեկեան արձանագրութիւններու հիման վրայ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրով ալ 1994-ի Մայիս 12-էն հակամարտութեան գօտիին հրադադար հաստատուեցաւ: Պաքուն, սակայն, աստիճանաբար հրաժարեցաւ եռակողմ հանդիպումներէն, իսկ 2016-ի ապրիլեան պատերազմէն ետք փորձեց 1994-95 թթ. Փաստաթուղթերը չեղարկել: Միջազգային կառոյցները խիստ արձագանգեցին: «Ի պատասխան՝ ԵԱՀԿ միջնորդնարը եւ միջազգային կառոյցները կոչ ըրած են հետեւիլ 1994-ի համաձայնագրին եւ 1995 թ. Փետրուար 6-ի հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման մասին համաձայնագրին»,- կը կարեւորէ Արցախի արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեան:
Պաքուն դեռ կը շարունակէ հրաժարիլ Ստեփանակերտի հետ շփումներէն: Շաւարշ Քոչարեանը կ’անկեղծանայ՝ անիկա արդէն կը կանխորոշէ բանակցութիւններու արդիւնքը. «Երբ որ Պաքուի մէջ կը ցանկան տեսնել արդիւնք՝ իրենք կը բանակցին Ստեփանակերտի հետ եւ ոչ թէ կը ձեւացնեն, թէ նման կողմ չկայ: Հետեւաբար այն հանգամանքը, որ 25 տարի է բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան եւ արդիւնք չկայ՝ պատճառը մէկն է՝ Պաքուն արդիւնք չի ցանկար»: Շաւարշ Քոչարեան կ’ընդգծէ՝ ստեղծուած վիճակի մէջ ՀՀ-ն կը մնայ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորը: «Ռեգնում» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Մոդեստ Կոլերով կը նշէ,- «Ես խորապէս համոզուած եմ, որ միայն Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս սահմանադրութեամբ հաստատուած տարածքը որպէս պետականութիւն կրնայ ապահովել անոր անվտանգութիւնն ու գոյութիւնը»:
Հանդիպման աւարտին համաճողովի մասնակիցները յայտարարութիւն տարածած են՝ ներառելով հնչած մտահոգութիւնները:
Ստեփանակերտ