Պատրաստեց՝ ՌՈՒԲԻՆԱ ՕՀԱՆԵԱՆ
Այսօր՝ 18 Մայիս, Թանգարաններու Միջազգային Օրն է։ Ան հռչակուած է Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի «ICOM – The International Council of Museums) որոշմամբ 1977 թուականի Մայիս 18-ին ICOM–ի 11-րդ գլխաւոր համաժողովի ընթացքին՝ ռուսական պատուիրակութեան առաջարկով։ 1978էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի այս օրը կը նշէ աշխարհի աւելի քան 150 երկիր, որոնց շարքին են նաեւ Հայաստանն ու Լիբանանը։
1992 թ.-էն սկսեալ իւրաքանչիւր Թանգարանային միջազգային օր ունի թեմա եւ
Թանգարանների միջազգային օր, մայիսի 18-ին նշուող ամէնամեայ տօն։
ICOM-ը կը հրապարակէ տուեալ թեմայի հետ առնչուող նախաձեռնութիւններ։ 1992ին
թեման էր «Թանգարանները եւ շրջակայ միջավայրը», 1997-1998
«Մշակութային արժէքներու անօրինական տեղափոխման դէմ պայքար», 2000ին՝
«Թանգարանները յանուն հասարակութեան մէջ համերաշխութեան եւ
ներդաշնակութեան», 2005ին՝ «Թանգարանը որպէս կամուրջ մշակոյթներու
միջեւ», 2008ին՝ «Թանգարանները որպէս սոցիալական փոփոխութիւններու եւ
զարգացման գործօն», 2009ին՝ «Թանգարանները եւ զբօսաշրջութիւնը», 2010ին՝
«Թանգարանները յանուն սոցիալական ներդաշնակութեան»։
Այս տարուայ թեման է՝ Թանգարանները որպէս մշակութային իրար սեղմող կապ. Աւանդոյթի ապագան։
Այս առիթով կը հրատարակենք հետեւեալ շահեկան գրութիւնը՝ Նոր Ջուղայի Ս․ Ամենափրկչեան վանքի եւ Վանքի տարածքին մէջ գտնուող Թանգարանի եւ Գրադարան-Մատենադարանի մասին։ Թէ՛ վանքը, թէ՛ թանգարանը Սպահան այցելող զբօսաշրջիկներուն նախասիրած վայրերէն են ըստ շատերու վկայութեան: Ան ունի պատմական եւ մշակութային բացառիկ նշանակութիւն։ Գրութեան մէջ կան ուրիշ տեղեկութիւններ՝ Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիր ու տպագիր գիրքերուն մասին։
Տեղեկութիւններն ու նկարները զայն պատրաստողը հաւաքած է համացանցային տարբեր կայքերէն։
Հեղինակին առաջարկութեամբ մեր ընթերցողները կը քաջալերենք Իրան այցելելու պարագային անպայման երթան Սպահան, Նոր Ջուղա, եւ մօտէն տեսնեն Ս․ Ամենափրկչեան հոյակապ վանքն ու վանքի տարածքին մէջ գտնուող թանգարանն ու գրադարան-մատենադարանը։
«Խմբ.»
Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքը
Հիմնադրուած եւ կառուցումը սկսած է 1606 թուականին,
Իրանի Սպահան քաղաքի հարաւային կողմը
Ս. Ամենափրկչեան Վանքը որպէս միաբանական կեդրոն,
միաժամանակ եղած է հայ մշակոյթին ու դպրութեան ծառայող հաստատութիւն։
Ս. ԱՄԵՆԱՓՐԿՉԵԱՆ ՎԱՆՔԻ
«ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԿԵՍԱՐԱՑԻ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Նոր Ջուղայի Թանգարանը ունի բացառիկ նշանակութիւն
Ս. Ամենափրկչեան Վանքը իր հիմնադրման օրէն եղած է Սպահանի Հայոց Թեմի հոգեւոր, մշակութային եւ վարչական կեդրոնը, ժամանակի ընթացքին անոր կողքին ստեղծուած են շարք մը ուրիշ հաստատութիւններ: Անոնք բոլորն ալ ունեցած են իրենց տեղն ու դերը իրանահայութեան կեանքին մէջ, սակայն Ս. Ամենափրկչեան Վանքի Թանգարանը յատկապէս մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է արտասահմանեան եւ տեղացի զբօսաշրջիկներու կողմէ, անոր նպաստած են նաեւ թանգարանին մէջ գտնուող եզակի ցուցանմուշները:
1931 թուականին, Իրանի ժամանակի կառավարութեան հրաւէրով Փարիզէն Սպահան կը ժամանէ արուեստագէտ եւ գեղանկարիչ Սարգիս Խաչատուրեան: Ան 1931-1934 թուականներուն կը զբաղի Սպահանի պատմական շինութիւններու որմանկարներու նորոգութեան եւ պատճէնահանման աշխատանքով եւ կարեւոր դեր կ’ունենայ Նոր Ջուղայի մշակութային կեանքէն ներս: Նոր Ջուղայի Համայնական Խորհուրդը Ճիշտ գնահատելով պահը, կ’օգտուի անոր խորհուրդներէն եւ 1905-1906 թուականներուն հիմնուած՝ Վանքի գրադարան-մատենադարանի շէնքին մէջ որոշ բարեփոխումներ կատարելով՝ նոյն վայրին մէջ կը հիմնուի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքի Թանգարանը: Թանգարանը այդ եռասենեակ շէնքին մէջ իր աշխատանքը կը շարունակէ մինչեւ 1971 թ.:
Զբօսաշրջիկութեան նկատմամբ երկրի մէջ օրըստօրէ աճող հետաքրքրութեան զուգահեռ, առաւել անհրաժեշտ կը համարուի պահպանել եւ ներկայացնել իրանահայութեան աւանդն ու դերը Իրանի մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ: 1968 թուականին, կ’որոշուի թանգարանին համար նոր շէնք կառուցել՝ Ս. Ամենափրկչեան Վանքի շրջափակէն ներս գտնուող հողամասին մէջ: 1971 թուականին կ’աւարտի շինարարութեան գործը:
Թեմական Խորհուրդի կարգադրութեամբ՝ Վանքի թանգարանին ի պահ կը տրուին Նոր Ջուղայի եկեղեցիներու արժէքաւոր եւ հնութիւն ներկայացնող գիրքերն ու գոյքը: Թանգարանի հին շէնքէն նոր շէնք կը տեղափոխուին թանգարանի իրերը, որոնք կը բաժանուին չորս մասի.-
ա- ձեռագրեր
բ- իրեր եւ աշխատութիւններ, որոնք առնչուած են տեղի հայութեան կեանքին ու պատմութեան հետ
գ- եկեղեցական իրեր
դ- արտասահմանէն բերուած նկարներ:
Թանգարանին մէջ ձեռագրերէն բացի կան նաեւ 5 հնատիպ գիրքեր՝
– Պատարագատետր․ Յակոբ Մեղապարտ, 1513 թ., Վենետիկի մէջ
– Հարանց վարք․ Խաչատուր Կեսարացի, 1641 թ., Նոր Ջուղա
– Աստուածաշունչ․ Ոսկան Երեւանցի, 1666 թ., Ամսդերտամ
– Ազդարար․ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի, 1794 թ., Մատրաս
– Ժամագիրք․ Խաչատուր Կեսարացի, 1642 թ., Նոր Ջուղա
Ապագային ու նոյնիսկ մինչեւ օրս թանգարանի իրերը համալրուած են Թեմական Խորհուրդին կողմէ գնուած եւ ժողովուրդի միջոցով նուիրուած իրեր:
2012 թուականի Հոկտեմբերին, Նոր Ջուղայի թանգարանը, որ մինչ այժմ կը նշուէր «Ս. Ամենափրկչեան Վանքի թանգարան», անուանուեցաւ «Խաչատուր Կեսարացի Թանգարան»: Սոյն անուանումը նպատակ ունի յաւերժացնելու Իրանի եւ Միջին Արեւելքի առաջին տպարանի հիմնադիր Խաչատուր վարդապետ Կեսարացիի արժանայիշատակ անունը:
Խաչատուր Կեսարացիի արձանը
Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի շրջապատին մէջ
(1590, Կեսարիա – 1646, Նոր Ջուղա)
եւ
Խ. Կեսարացիի կողմէն հիմնադրուած տպարանը
(տպարանը կը պահուի Վանքի թանգարանին մէջ)
Խաչատուր Կեսարացին 1636-ին, Ս․ Ամենափրկչեան վանքի տարածքին մէջ կը հիմնէ տպարան, որ առաջինն էր Իրանի եւ ողջ Միջին Արեւելքի մէջ: Այդ տպարանին մէջ 335 տարիներու ընթացքին, լոյս տեսած են 372 հատոր գիրք ու գրքոյկ:
Նոր Ջուղայի Ամենափրկչեան Վանքը, իր հիմնադրութեան օրէն ունեցած է գրչագիր գիրքեր, որոնք այսօր մէկ մասն են հայ ժողովուրդի ունեցած աւելի քան 25,000 ձեռագիր գանձերուն: Նոր Ջուղան որպէս Սփիւռքի հայաշատ հին գաղութ ժամանակին անուանած են «Արտասահմանեան Հայաստան»։
«Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ»
Գրադարան – Մատենադարանը
(հիմնադրուած է 1905-6 թուականներուն Վանքի շրջապատէն ներս)
Ս. Ամենափրկչեան Վանքի միաբան հայրերն ու հոգեւորականները վանքին եւ Նոր Ջուղայի եկեղեցիներուն մութ ու խոնաւ սենեակներուն մէջ, մոմի եւ ձէթի պլպլան լոյսի ներքոյ, գրած ու ընդօրինակած են բազմաթիւ գիրքեր, որոնք այսօր ցրուած են աշխարհի զանազան կողմերուն եւ թանգարան-մատենադարաններուն մէջ: Բացի տեղւոյն վրայ գրուած ձեռագրերէն, Ամենափրկչեան Վանքի թանգարանին մէջ կը պահուին գաղթական ժողովուրդի հետ բերուած, ինչպէս նաեւ Ջուղայի հայ վաճառականներու մեկենասութեամբ հրատարակուած բազմաթիւ գիրքեր:
18-րդ դարու առաջին կիսուն վանքին մէջ հիմնադրուած է Մատենադարան: Այդտեղ կը պահուի կրօնական, պատմական եւ այլ բնոյթի մօտ 750 ձեռագիր, որոնցմէ 44-ը մագաղաթեայ է (ամենահինը 10-րդ դարու Աւետարանն է): Ձեռագրերէն շատերը ունին մանրանկարչական ընտիր ձեւաւորում: Գրչագրերը գրուած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ 10-16-րդ դարերուն, եւ Նոր Ջուղայի մէջ՝ սկսեալ 17-րդ դարու սկիզբներէն՝ 1607 թուականէն: 1986 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նիւթական միջոցներով, տպագրուեցաւ Նոր Ջուղայի Վանքի գրչագրերու գունաւոր ալպոմը՝ Պելճիքայի մէջ, փրոֆ. Արբակ Մխիթարեանի եւ Սիրարփի Տէր Ներսիսեանի աշխատութեամբ ու ջանքերով:
Յետագային աւելցած են նաեւ տպագիր գիրքերը, բայց մինչեւ 1844 թուական անոնք յատուկ տեղ ու պահեստ չեն ունեցած: Նոյն թուականին, Վանքի սեղանատան մէկ մասը անջատելով՝ դարձուցած են գրատուն, ուր հաւաքած են նաեւ Վանքի մէջ եղած գրչագիր ու տպագիր գիրքերը:
Գիրքերու թիւը երթալով այնքան կը շատնայ, որ 1905-6 թուականներուն, կը կառուցուի առանձին շէնք մը՝ «Ս. Ամենափրկչեան Վանքի Մատենադարան»ը՝ Վանքի տարածքին մէջ: 1974 թուականին, երբ կը նշուէր Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 800-ամեակը, պատշաճ հանդիսութեամբ մը, Մատենադարանը անուանուած է «Ս. Ներսէս Շնորհալի»:
Մատենադարանի տպագիր գիրքերը, 1930 թուականին, երբ կը հիմնադրուի Վանքի թանգարանը, կը տեղափոխուին առաջնորդարանի նախկին շէնք, ուր կը մնան մինչեւ 1971 թուական, երբ թանգարանի համար կը կառուցուի առանձին շէնք մը: 1972 թուականին կը նորոգուի գրադարանը, որուն կը միացուին Նոր Ջուղայի մէջ եղած միւս ժողովրդական գրադարանները: Վերանորոգուած գրադարանի բացումը կատարուած է 1972 թուականի Ապրիլին: Գրադարանը ունի մամուլի ճոխ ժողովածու մը, որ կը գտնուի առանձին սրահի մը մէջ:
Ձեռագրերն ու հնատիպ գիրքերը
«Ս. Ներսէս Շնորհալի» Գրադարան-Մատենադարանը ներկայիս ունի շուրջ 25.000 հայերէն եւ օտար լեզու գիրքեր։ Հայերէն գիրքերու թիւը մօտ 17.000 է։ Հայ համայնքն ու յատկապէս աշակերտները, ինչպէս նաեւ իրանցի ուսանողներն ու հետազօտողները անվճար կ’օգտուին գրադարանէն:
Ս. Ամենափրկչեան Վանքի թանգարանին մէջ կան ձեռագիր գիրքեր, որոնք ժամանակագրական կարգի համաձայն՝ 9-19-րդ դարերուն կը պատկանին եւ կ’ընդգրկեն՝
– Մասնունք հին կտակարանի
– Աւետարան
– Ճաշոց
– Ճառընտիր
– Հայսմաւուրք
– Ժամագիրք, տօնացոյց
– Շարակնոց
– Գանձարան
– Խորհրդատետր
– Մեկնութիւն սուրբ գրոց
– Հայրագրութիւն
– Ժողովածու, որ կ’ընդգրկէ`
- Տարբեր բնոյթի ժողովածուներ
- Ոսկեփորիկներ
- Պատմագրական երկեր
- Բժշկարաններ
- Այլն
Նոր Ջուղայի ազգային մարմիններու ապագայ ծրագրերէն է՝ մասնագէտներուն միջոցով թուայնացնել գրչագրերու եւ հնատիպ գիրքերու հաւաքածուն, ինչպէս նաեւ գրադարաններու գիրքերը, եւ զանոնք հասանելի դարձնել Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի կայքէջին միջոցով: