Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից 

Անձնասիրութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .

Վստահ եմ բոլորդ ալ իրազեկ դարձաք վերջերս տեղի ունեցած Ռուսական օդանաւային արկածին, որուն դժբախտաբար անմեղօրէն զոհ գացին 40 ճամբորդներ եւ մէկ սպասեակ։

Օդանաւերու ստեղծագործութեամբ՝ աշխարը շատ պզտիկցաւ եւ մարդիկ սկսան անդադար ճամբորդել գործի բերումով, կամ արձակուրդի համար եւ կամ ալ լոկ ազգականներու եւ բարեկամներու այցելութեան։

Եւ քանի որ օդանաւային ճամբորդութիւնները ընդհանրացան, արկածներու թիւն ալ աւելցաւ եւ որպէս հետեւանք՝ անմեղ զոհերու թիւն ալ կրկնապատկուեցաւ, չէ՞ք խորհիր!

Ուրեմն վերոյիշեալ օդանաւը հազիւ Մոսկուայի օդակայանէն թռիչք կ՛առնէ, մեքենաներէն մին կրակ կ՛առնէ եւ օդաչուն ստիպուած կը վերադառնայ Մոսկուայի օդակայանը։ Սակայն հազիւ վայրէջք կը կատարէ, օդանաւը կը հրկիզուի ետեւի կողմէն (տես նկարը) սկսեալ։

Կ՛ենթարկուի որ հրկիզումի պատճառը հետեւեալն է։ Օդաչուն առիթ չէ ունեցած որ օդանաւի վառելանիւթը պարպէ օդին մէջ սաւառնած ժամանակ՝ վայրէջք կատարելէն առաջ։

Դժբախտաբար օդանաւի առջեւի դուռը միայն գործածութեան կը դրուի, որպէսզի ճամբորդները կարենան ապահով դուրս ելլել։ Բոլոր ճամբորդները պիտի կարենային արագ դուրս ելլել՝ եթէ աներեւակայելի խոչընդոտի մը չհանդիպէին։ Բայց ի՞նչ է այդ խոչընդոտը, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Առջեւի ճամբորդները սուղ ժամանակ կը կորսնցնեն, ջանալով իրենց պայուսակները վերցնել վերի պահարաններէն . . . Ի՜նչ անզգայ մարդիկ պէտք է ըլլան անոնք, որ իրենց պայուսակները աւելի կ՛արժեւորեն՝ քան իրենց ետեւը հերթի սպասող ճամբորդները, չէ՞ք խորհիր!

Ահաւասիկ անձնասիրութեան խօսուն օրինակ մը՝ որուն որպէս հետեւանք, քառասուն եւ մէկ անմեղ մարդիկ զոհ կ՛երթան։ Անոնք դիւրաւ կրնային ազատիլ՝ եթէ առջեւի ճամբորդները աւելի խոհեմ վարուէին եւ վերջ։

Մեծ Մայրերու Մարզական Խումբերը . . .

Աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր կ՛ապրիմ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ տակաւին լուռեր կը քաղեմ հերատեսիլէն՝ որոնք բոլորովին կը զարմացնեն զիս։ Կը խորհէի թէ ինծի համար այլեւս ամէն ինչ պէտք էր բնական թուէր, բայց դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար այդպէս չէ իրականութիւնը եւ ահա կը գտնուիմ տարօրինակ՝ բայց հաճելի եղելութեան մը առջեւ։

Այս մէկը սակայն դրական երեւոյթ մըն է եւ ես կ՛ուզեմ բաժնել զայն իմ ընթերցողներուս հետ, եթէ թոյլ տան անոնք։ Ուրեմն ինը նահանգներու մէջ կազմուած է պասքեթպոլի 32 խումբեր, բաղկացած մեծ մայրերէ (տես նկարը), որոնք կը մրցին իրարու հետ . . . Չորս հարիւրի հասնող այդ մեծ մայրերուն նուազագոյն տարիքն է յիսունը!

Մասնակցող նահանգներն են Այօուա, Քէնսըս, Լուիզիանա, Մինիսոթա, Միզուրի, Օքլահոմա, Թէքսըս, Վըրճինիա եւ Ուիսքանսըն։ Զարմանալիօրէն՝ ազատամիտ կարծուած քաղաքացիներէ գոյացած Գալիֆորնիան եւ Նիւ Եորքը մաս չեն կազմեր մարզական այդ խումբերուն։

Իսկ ի տարբերութիւն պասքեթպոլի աւանդական խումբերու կազմաւորման, այդ խումբերը կը կազմուին վեց խաղացողներէ։ Նաեւ՝ իւրաքանջիւր խումբ պէտք է որդեգրէ բարեսիրական կազմակերպութիւն մը, որպէսզի մարզական մրցումներէ գոյացած հասոյթը տրուի անոնց։ Ի՜նչ վեհ նպատակ, չէ՞ք խորհիր։

Այս խումբերու առաքելութեան տեսլականը հետեւեալն է։ «Որպէս քսանմէկերորդ դարուն հեղինակութիւն ստացած կիներ՝ մենք կ՛ուզենք ջատագովը հանդիսանալ բարեկամական ոգիին, մարզական տիպարին եւ ընկերական մրցակցութեան։ Այպէսով՝ մենք կը պատուենք զանոնք որոնք եկան մեզմէ առաջ եւ զանոնք որոնք պիտի յաջորդեն մեզի . . .»

Ակամայ՝ երեւակայութիւնս թռիչք կ՛առնէ եւ կը սաւառնիմ դէպի Միջին Արեւելեան հայկական մեր գաղութները, ուր կը տեսնեմ մեր մեծ մայրերը։ Անոնք արդեօք երբեւիձէ կը մտածէի՞ն նմանօրինակ նախաձեռնութիւն մը ընդգրկել։ Շատ կը տարակուսիմ եւ նոյնիսկ այս օրերուն՝ չեմ կարծեր որ նման երազներով օրօրուին անոնք։ Մենք հայերս ընտանեկան սրբութեան կը հաւատանք, ուր այսպիսի համարձակ քայլեր բացարձակապէս գոյութիւն չունին, արդարօրէն՝ կամ ոչ! Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին