Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հռոմի Պապը Փախստական Երեխաներու Հետ Շրջած է Իր Մեքենայով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը իր մեքենայով՝ պապամոպիլով Սուրբ Պետրոսի հրապարակով շրջած է վերջերս Իտալիա ժամանած փախստական երեխաներու հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Վատիկանի մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ երեխաները տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ են եւ ներկայիս ընտանիքներու հետ կը բնակին Իտալիոյ Լացիօ մարզի մէջ:

Նշենք, որ ասիկա պապամոպիլով երեխաներու շրջագայութեան առաջին դէպքը չէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին