Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ընկեր Յակոբ Գասարճեանի Փակման Խօսքը «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» Գիրքի Շնորհանդէսին

Մեթր Սեդրակեան մարդուն կեանքին եւ գործին մասին բոլոր ըսուածներէն ետք ինծի շատ բան չի մնար ըսելիք: Ահա այս է փակման խօսքը ստանցնողին «դառն» ճակատագիրը:

Սակայն, որպէս այդ մեծ հայուն տարած գործին համեստ բախտակիցն ու շառաւիղը պիտի փորձեմ քանի մը բան ես ալ ըսել շեշտելով «երախտագիտութեան» արժէքին վրայ, որ իւրաքանչիւրիս մարդկային պարտականութիւնն է ու համամարդկային արժէհամակարգի կեդրոնը հանդիսանալով մեր քաղաքակրթութեան կարեւոր սիւներէն մին:

Երախտագիտութիւնը դրական, անկեղծ եւ բարի յոյզերէն մէկն է։ Ան կը նպաստէ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ շրջապատին մէջ ջերմութիւն տարածելու։ Ան աւելի եւս կը խթանէ երախտաւորը իր գործին մէջ եթէ ան ողջ է եւ լաւագոյնս կը քաջալերէ մնացողներուն երախտաւորին գծած ճամբէն քալելու: Սակայն կարեւոր է, որ ան յայտնուի ի սրտէ եւ անկեղծ, քանի որ իւրաքանչիւր կեղծ ըսուած շնորհակալութիւն անմիջապէս կը զգացուի եւ դիմացինին կամ անոր հարազատներուն մօտ կը ստեղծէ տհաճ տպաւորութիւն։

Հայկական իրականութեան մէջ չկայ երախտագիտութեան յատուկ օր ինչպէս այլ մշակոյթներու մէջ կայ եւ ան դեռ չունի իր հաստատուն տեղը մեր օրացոյցին մէջ, սակայն, մենք առիթներ չենք փախցներ երախտագիտութիւն յայտնելու արժանաւորին՝ որպէս բարի եւ դրական արտայայտութիւն, որ ամրագրուած է մեր մշակոյթին մէջ։

Բոլորիս համար կարեւոր է քաղաքավարութեան եւ վարուեցողութեան կանոններու կիրառման նշանակութիւնը։ Սակայն, հետաքրքրական է, որ շնորհակալութիւններուն մեծ մասը մենք կը յայտնենք՝ չխորանալով անոր իմաստին մէջ, յաճախ չհասկնալով, որ երախտագիտութեան խօսքերն ունին մոգական ուժ։ Երախտագիտութեան բառերու միջոցով մարդիկ իրար ուրախութիւն կը պարգեւեն, իրար հանդէպ  ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն եւ կը փոխանցեն դրական յոյզեր։ Ուստի առանց այդ մոգական ու բարի բառերուն մեր կեանքը կը դառնար ձանձրալի եւ ինչու չէ՝ մռայլ։

 

Այս իմաստով չենք կրնար ըսել, որ Մեթր Սեդրակեան անբախտ եղած է իր կեանքին ընթացքին: Մեր շրջանակը կրցած է ատենին իր յարգանքի տուրքը մատուցել այս մեծ հայուն: Յետ մահու ալ մենք մեր կարելին ըրած ենք իր անունը անմեռ պահելու: Ան ինչպէս իր կեանքի ընթացքին նաեւ իր մահուան օրը մեր կողմէ արժանացած է այնպիսի ակնածանքի եւ յարգանքի, որուն նմանին չեն արժանացած Մեթրին սերնդակիցները: Առաւել եւս հոս տեղին է նշել, որ մեր այս հանդիսասրահը մեր պահանջով եւ աշխատանքով անուանուեցաւ հանգուցեալ Մեթրին անուամբ: Սակայն Հրաչեայ Սեդրակեանի ուրախութիւնն ու արդար ու անմեղ հրճուանքը ինքզինք մեծարուած զգալու միշտ ալ անխառն չէ եղած: Ան լուռ վշտացած է իր կարգ մը գործակիցներէն (Նիւ ճըրզիէն մինչեւ Տիթրոյթ եւ Մոնրէալ) իր երկրային կեանքի վերջին տարիներուն իրեն հանդէպ ցուցաբերուած անարդարութեան եւ ապերախտութեան համար, որ շատերուն ծանօթ է եւ, որ միայն Մեթր Սեդրակեանի նման հեզահամբոյր նկարագիր մը ունեցող մեծութիւն մը կրնար հանդուրժել: Իր կենդանի օրերուն հանդուրժածը իր անձին վերաբերող անարդարութեան նկատմամբ մենք կը կարծենք, որ իր ոգեղենական կեանքին մէջ դժուարութեամբ կը հանդուրժէ ի տես Պէյրութի մէջ իր հիմնած սիրեցեալ Միութեան՝ ԹՄՄի անուան սխալ շահագործումին ամերիկեան ցամաքամասին մէջ մանաւանդ, երբ իր երբեմնի գործակիցները իր արժէքներն ու տեսլականը հակասող աշխատանքի մէջ են այսօր դժբախտաբար: Ի խորոց սրտի կրնամ այսօր լիաբերան իր անունը կրող այս սրահէն յայտարարել, որ նման յոռի ընթացքի օրինակները շատ են այսօր եւ օրն ի բուն կը բազմապատկուին:

 

Հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Սփիւռքի հզօրացման ի խնդիր իր կեանքը նուիրած հայորդիին ոգին ինչպէ՞ս պիտի հանդուրժէ իրենց վստահուած գումարները մսխող եւ կառոյցները ծախող եւ իր սիրեցեալ միութեան անունը ցեխին մէջ մխրճող իր երբեմնի գործընկերներուն արարքները: Ինչպէ՞ս պիտի հանդուրժէ օրն ի բուն իր ընկերներն ու մեր կազմակերպութեան խորհրդանիշերը խծբծող կարգ մը այսպէս կոչուած ղեկավարներու  եսակեդրոն ու շահամոլ յոռի վարքն ու անամօթ բարքը:

 

Վերջապէս, ինչպէս պիտի հանդուրժէ իր սիրեցեալ դպրոցին՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին ապագան ապահովող նիւթական մեծագումար կտակը՝ «Լուիզա Գազանճեան Ֆոնտ»ը իւրացնողները եւ այսպէս անոր գոյութիւնը վտանգող կամ քմահաճոյքի հիմամբ մերթ անոր միայն կոպէկներ փոխանցող խմբակի մը ընթացքը…:

 

Եթէ Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան մեր մէջ չէ այսօր սանձելու անսանձելին, մենք իրեն կ՛ըսենք, որ նախախնամութիւնը մեզ տակաւին կը խնայէ մեզի կեանք ու կոռով շնորհելով, որպէսզի կանգուն մնանք պատնէշի վրայ շարունակելու Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի գործը ու քալելու իր գծած ուղիէն՝ աւելի լաւ պայմաններով կազմակերպութիւն մը ժառանգ թողելու եւ մեր աշխատանքով բարի օրինակ մը ջանալ փոխանցելու մեզի յաջորդող սերունդներուն: Այսօր այստեղ անձնապէս կը յիշեմ, ինչպէս ան քաջալերած է զիս ատենին կազմակերպել նաեւ Ֆրանսայի մեր կառոյցները, որ օրին լաւագոյնս եւ համեստաբար կատարած եմ ի մեծ գոհունակութիւն այսօր իմ խղճին Մեթրին ցուցմունքը Եւրոպայի մէջ եւս կատարած ըլլալուս համար: Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան կենդանի խթան մը հանդիսացած է իմ միութենական եւ կուսակցական նուիրումիս ՌԱԿի, ԹՄՄի, ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի միջոցաւ: Իր օրինակով է, որ գործած եմ եւ տակաւին կը շարունակեմ գործել:

 

Այսօր եւ ամէն օր, թող որ մեր սիրելի Մեթրին յիշատակը անմար մնայ եւ վերէն հսկէ իրեն սրտամօտիկ մեր բոլոր աշխատանքներուն:

 

Փառք եւ պատիւ իր անմեռ անուան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին