Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

Հայկական Ծագումով Հնդկուհին Եւ Անոր Պատուին Կառուցուած Հնդկաստանի Խորհրդանիշ Տաճարը. Թաճ Մահալ

Պատրաստեց՝  ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ 

Գեղեցկուհի Հայուհիին Հանդէպ Ունեցած Շահ Ճահանի

407-ամեայ Սիրոյ Պատմութիւնը

   Քանի մը տարի առաջ, Մարտ ամսուան մէջ, Հնդկաստան ապրող հայերուն ներկայացուեցաւ «Թաճ Մահալ. Հայուհին Եւ Հնդկաստանի Խորհրդանիշը» վաւերագրական շարժանկարը, որ պատրաստուած է «Հայկական Չափանիշ» շարժանկարի կեդրոնին կողմէ եւ մաս կը կազմէ «Անծանօթ Հայեր» ֆիլմաշարին: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ հնդկահայերու մոռցուած պատմութեան մասին բացառիկ մանրամասնութիւններ. ինչպէ՞ս հայերը յայտնուեցան հեռաւոր այս երկրին մէջ՝ տակաւին միջնադարուն ձեւաւորելով ամենաազդեցիկ համայնքներէն մէկը, ինչպէ՞ս Թաճ Մահալի պատերուն հարիւրաւոր խաչեր յայտնուեցան եւ ինչպէ՞ս երկու հայուհիներ դարձան հնդկական ամենաազդեցիկ կայսրերու ուղեկիցները:

   Հակադրութիւններու երկիր Հնդկաստանի խորհրդանիշը եւ ամենայայտնի զբօսավայրերէն մէկն է՝ Թաճ Մահալը, որ նաեւ համաշխարհային ճարտարապետութեան եզակի նմոյշներէն է: Հոս տարեկան 2-4 միլիոն զբօսաշրջիկ կ’այցելէ՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն: Հնդկական, իսլամական եւ պարսկական ճարտարապետական գեղեցիկ տարրեր իր մէջ միահիւսող, աշխարհի ամենայայտնի դիտարժան վայրերէն եւ հրաշալիքներէն մէկը համարուող այս տաճարին մասին ամբողջ աշխարհը գիտէ:

Սակայն, քիչեր միայն գիտեն, թէ ո՞վ էր իրականութեան մէջ այն կինը, որուն յիշատակին վեր խոյացած է ճերմակազգեստ, գեղեցիկ հարսի նմանող սիրոյ այս տաճարը

   407 տարի առաջ՝ 10 Մայիսին, մեծ մոնղոլներու կայսրութեան տիրակալ՝ փատիշահ Քուրամ Շահ Ճահան ամուսնացած է հայկական ծագումով հնդկուհի Արճումանտ Պանօ Պէկումին հետ։ Անոր պատուին Հնդկաստանի Ակրա քաղաքին մէջ կառուցուած է՝ իր գեղեցկութեամբ եւ չափերով անկրկնելի Թաճ Մահալ մզկիթ-դամբարանը, որ գեղեցիկ եւ յաւերժական սէրը մարմնաւորող վառ ապացոյց մըն է։ Տաճարի ստեղծման պատմութիւնը կը դասուի յանուն սիրոյ կատարուած ամենաանսովոր արարքներու կարգին… Սիրոյ պատմութիւն մը, որ պատմութեան մէջ իր նմանը չունի:

   Հայկական արմատներով հնդկուհին պատմութեան մէջ, սակայն, յաւերժացած է Մումթազ Մահալ անունով, այսինքն` «պալատի զարդ»։ Իր հարսը այդպէս անուանած է սկեսրայրը` Ճահանկիր Շահը։ Գեղեցկուհի Մումթազ Մահալ այն մարդը դարձած է, որուն լիովին վստահած եւ հետը խորհրդակցած է հնդիկ կառավարիչը։ Շահ Ճահան (կառավարած է 1627-1658 թթ.) այնքան կը սիրէր իր կինը, որ գրեթէ ամէն տեղ իր հետ կը տանէր, ուր, նոյնիսկ, կնոջ ներկայութիւնը բացարձակապէս արգիլուած էր: Ան եղած է արքայազնի հարեմի միակ կինը, որ ռազմական արշաւներու ժամանակ ուղեկցած է անոր, եւ եղած է պետական կնիքին պահապանը։ Մումթազ արքայազնի ամենասիրելի կինը դարձած էր։ Զինք «թագի ադամանդ» կ’անուանէին: Կ’ըսուի թէ, եթէ Մումթազ չէր կրնար ներկայ գտնուիլ որեւէ կարեւոր միջոցառման, ապա արարողութիւնը կը յետաձգուէր։ Շահ Ճահանն այնքան կը հիանար իր կնոջ նրբագեղ կազմուածքով որ իր տարեգիրներուն յանձնարարած էր մանրամասնօրէն նկարագրել անոր արտաքինը, եւ՝ իր ու Մումթազ Մահալին անձնական կեանքը։ Կայսրն իր կնոջն անուանած էր Լալա՝ այսինքն «սուտակի կարմիր կաթիլ»:

Համատեղ կեանքի ընթացքին անոնք 13 երեխայ ունեցած են՝ 7 որդի եւ 6 դուստր, որոնցմէ, սակայն, ողջ մնացած են 8-ը միայն՝ 4 տղայ եւ 4 աղջիկ: Հայուհի-հնդկուհին ինք անձամբ խնամած է իր նորածին զաւակները: 14-րդ երեխայի ծննդաբերութեան ժամանակ, դժբախտաբար, Մումթազ կը լքէ այս աշխարհը՝ 18 երջանկութեամբ լի տարիներ իբրեւ յիշատակ ձգելով Շահ Ճահանին:

   Ըստ աւանդութեան, մահէն վայրկեաններ առաջ, կինը երկու խնդրանք կ’ուղղէ ամուսնոյն.

Ա-մինչեւ կեանքին վերջ հաւատարիմ մնալ իրեն,

Բ-իրենց յաւերժական սէրը խորհրդանշող իւրօրինակ շինութիւն մը կառուցել:

   Սիրելիի մահէն ետք, Շահը երկու տարի շարունակ սգոյ օրեր կը յայտարարէ, որոնց ընթացքին բացարձակապէս արգիլուած էին՝ երգը, պարը եւ տօներ նշելը:

   1632 թ. Շահ Ճահան, ինչպէս որ խոստացած էր, կը սկսի սիրոյ խորհրդանիշ կառոյցին շինութիւնը, Պարսկաստանէն եւ Միջին Ասիայէն հրաւիրելով 22 000 լաւագոյն վարպետներ:

   Ձիւնաճերմակ, կիսաթափանցիկ մարմարը, որով կառուցուած է տաճարին մեծ մասը, կը բերուէր Հնդկաստանի Ռաճաստան նահանգի Մագրանա քաղաքէն: Տաճարը զարդարուած է ամենաթանկարժեք քարերով, իսկ կից պարտէզը կատարեալ յատակագիծ մը ունի: Թանկարժէք փիրուզը կը բերուէր Թիպէթէն, լազուրը՝

 

Աֆղանստանէն, հասբիսը՝ Բանճապի շրջանէն, շափիւղան՝ Շրի Լանքայէն, նեֆրիտն ու բիւրեղապակին՝ Չինաստանէն եւ սարտիոնը՝ Արաբիայէն: Ուսումնասիրութիւնները պարզած են որ Թաճ Մահալի կառուցման համար օգտագործուած են 28 տեսակի թանկարժէք քարեր: Իսկ տաճարի ներսը՝ պատերու մեծ մասին վրայ քանդակուած են ամենանուրբ ծաղիկներու, պտուղներու եւ տերեւներու զարդանախշեր:

   Շինութիւնն ունի մօտաւորապէս 74 մ. բարձրութիւն, հինգ գմբեթ եւ 4 մինարէ: Ամենաչնաշխարհիկ մասը կը համարուի գլխաւոր գմբեթը, որուն թագն ի սկզբանէ ոսկեայ եղած է, սակայն 19-րդ դարուն զայն փոխարինած են պրոնզէ նմանակով: Տաճարի կառուցման վրայ այն ժամանակ ծախսուած է 32 միլիոն ռուփի:

    Ըստ բոլոր ժամանակներու ուսումնասիրողներու՝ Թաճ Մահալի ճարտարապետութիւնը որեւէ թերութիւն չունի: Ամենագեղեցիկն այն է, որ տաճարին դիմաց գտնուող հսկայական լողաւազանին մէջ կ’արտացոլուի դամբարանն իր ամբողջ շքեղ տեսքով:

   Փառահեղ Թաճ Մահալի շինարարութիւնը տեւած է ճիշդ երկու սիրող սիրտերու համատեղ երջանիկ ապրած տարիներուն չափ՝ 18 տարի: Տաճարի կառուցումն աւարտելէ վերջ, Շահ Ճահանին գահընկեց ըրած է իր հարազատ որդին՝ Աուրանզկէպ, ապա ան՝ Ակրայի մօտակայքի ամրոցին մէջ տնային կալանքի ենթարկած է հօրը, իսկ անոր մահէն վերջ՝ թաղած է սիրելի կնոջ քովը:

* * *

Գոյութիւն ունին Շահ Ճահանի եւ Արճումանտի ծանօթութեան քանի մը վարկածներ։ Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ արքայազն Քուրամ շուկան կը հանդիպի աղքատ աղջկայ մը, որ իր հայեացքով կը ցնցէ արքայազնը: 19-ամեայ Արճումանտ փայտեայ զարդեր կը վաճառէր: Շահ Ճահան կ’որոշէ ամուսնանալ գեղեցկուհիին հետ:

   Այլ տարբերակի մը համաձայն, 15-ամեայ արքայազնը առաջին անգամ Արճումանտ Պանօ Պէկումը կը տեսնէ, երբ Ակրայի պալատի պատշգամը նստած, կը հետեւէր իր սիրելի քրոջ` Կիւլիին։ Յանկարծ Կիւլիի ուղղութեամբ հսկայ շուն մը կը վազէ, իսկ Արճումանտ իր մարմինով կը պաշտպանէ Կիւլին, եւ շունը կը հեռանայ: Կիւլին խնդալ կը սկսի, իսկ անոր ընկերուհին` Արճումանտը, կը սկսի լալ՝ հպուելով արքայազնի ուսին: Այդ պատահարէն վերջ, թագաժառանգը անդադար

 

անոր մասին կը մտածէ, ցանկացած հնարաւորութիւն գործադրելով, որպէսզի կրկին տեսնէ գեղեցկուհի եւ խելացի Արճումանտը, որուն համբաւը տարածուած էր ամբողջ Հնդկաստանով մէկ։ Շատեր խնդրած էին Արճումանտին ձեռքը եւ սիրտը։ 1612 թուականին սիրահարները վերջապէս կ’ամուսնանան:

Շահ Ճահան՝ երկրագունդին վրայ կեցած

   Կը պատմուի նոյնպէս, թէ Պարսկաստանէն Հնդկաստան տեղափոխուած հայերու մէջ կը գտնուէր նաեւ Արճումանտը՝ իր ընտանիքին հետ: Անոր հայրը չափազանց հարուստ էր, այդ իսկ պատճառով բարի յարաբերութիւններ կը հաստատուին կայսերական ընտանիքին հետ, եւ անոր հայրը փատիշահ Ճահանկիրի վազիրը կը դառնայ: Որոշ ժամանակ անց Արճումանտ կը հանդիպի իր մեծ սիրոյն՝ արքայազն Քուրամին եւ տարիներ անց անոնք կ’ամուսնանան: Ճիշդ ամուսնութեան ժամանակ ալ, իրենց աւանդոյթին համաձայն, Քուրամին հայրը հարսին նոր անուն կու տայ՝ Մումթազ Մահալ:

   Տարիներ անց, Քուրամ կը սպաննէ իր եղբայրները՝ գահին եւ իշխանութեան հասնելու նպատակով եւ կ’որդեգրէ Շահ Ճահան տիտղոսը, որ թարգմանաբար կը

նշանակէ աշխարհի տիրակալ:

Թաճ Մահալի դամբարանին մէջ ամփոփուած են շահին եւ անոր սիրելի կնոջ աճիւնները: Անոնց դագաղները քով-քովի տեղադրուած են, սակայն, արքայի դագաղը չափով աւելի մեծ է: Ե՛ւ պատուանդաններըը, ե՛ւ աճիւնասափորները զարդարուած են միանման՝ նոյն թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերով:

Աճիւնասափորներու վրայի փորագրութիւնները կը պատմեն անոնց մասին (իսկ Մումթազ Մահալի աճիւնասափորին վրայ կան նաեւ անոր գովերգող տողեր): Աճիւնասափորներուն վրայ զետեղուած են նաեւ գրչատուփերու եւ գրելու տախտակներու քանդակներ, ինչը մոնղոլներու շիրիմներու աւանդական տարրն էր: Մումթազ Մահալի դամբարանին վրայ փորագրուած են Ալլահի 99 անունները եւ տարբեր շռայլ ածականներ՝ «Օ Ազնուական, Օ Փառահեղ, Օ Վսեմ, Օ Միակ, Օ Յաւերժական, Օ Փառաւոր….»: Շահ Ճահանի դամբարանին հետեւեալ գրութիւնը կայ. «Ան այս աշխարհէն Յաւերժութեան հանդիսասրահ մեկնեցաւ Ռաճապ ամսուան քսանվեցի գիշերը, Հիճրիի 1076 թուականին»:

   Թաճ Մահալն ունի նաեւ քանի մը այլ՝ կարմիր աւազաքարէն կառուցուած դամբարաններ, ուր թաղուած են Շահ Ճահանի միւս կիները:

   19-րդ դարուն բրիտանացի զինուորները եւ պաշտօնեաները կողոպտած են տաճարի թանկարժէք քարերով պատուած զարդերը: Յետոյ, լորտ Քէրզօն որոշած է տաճարը նորոգել, որ աւարտած է 1908-ին: Ճիշդ այդ ժամանակ է որ տաճարին այգիները, որոնք Շահ Ճահան ձեւաւորած էր պարսկական այգիներու նման, կը ձեւափոխուին եւ բրիտանական ոճ կը ստանան: Իսկ Աշխարհամարտի տարիներուն, Հնդկաստանի կառավարութիւնը լայնածաւալ անտառներով շրջապատած է տաճարը, որպէսզի անտեսանելի ըլլայ ֆաշիստական ռազմաօդային ուժերուն համար: Նոյն քայլին դիմած են նաեւ 1965 եւ 1971 թուականներու՝ Փաքիստանի հետ պատերազմներու ժամանակ: Կառավարութեան այդ չափազանց արդիւնաւէտ որոշման հետեւանքով տաճարը չէ վնասուած պատերազմներէն:

   Սակայն, Թաճ Մահալ ներկայիս լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ՝ շրջակայ միջավայրին աղտոտուածութեան պատճառով. ան կը կորսնցնէ իր ճերմակութիւնը, դեղին բիծեր եւ ճաքեր յայտնուած են տաճարին վրայ:

   Հնդկաստանի կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ տաճարին չնաշխարհիկ գեղեցկութիւնը պահպանելու համար: Արգիլուած է հանրակառքերով եւ ինքնաշարժերով տաճարին մօտենալ: Զբօսաշրջիկները տաճարին կը մօտեցնեն թրամուայները:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին