Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Գրախօսական. «ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ԱՆՑԵԱԼԻՍ ՀԵՏ» ԺԱՆԷԹ ԳԻՐԻՋԵԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տիկին Ժանէթ Գիրէջեան ծնած է Հալէպ։ Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է տեղւոյն Հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան քոյրերու վարժարանէն ներս, ապա շրջանաւարտ եղած է Քարէն Եփփէ ճեմարանէն՝ 1955 թուականին։

Իր ծննդավայրին եւ ապա Լիբանանի մէջ զբաղած է ուսուցչութեամբ, միաժամանակ հետեւելով մանկավարժական դասընթացքներու Պէյրութի Ecole Des Lettres հաստատութեան մէջ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճաով իր ամուսնոյն հետ Թորոնթօ, Քանատա հաստատուած է 1976-ին։ Իբրեւ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցիչ պաշտօնավարած հայ եւ օտար զանազան կրթական հաստատութիւններէ ներս միաժամանակ շարունակելով իր մանկավարժական ուսումը՝ ձեռք բերելով Պսակաւոր Արուեստի (B.A.) տիտղոսը։

Իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը՝ «Ծաղկաքաղ», լոյս տեսած է Թորոնթօ, 2013 թուականին։

***

Գիրքը հասարակութեան մը կենդանի շունչն է ու կը հանդիսանայ տուեալ ժամանակաշրջանի մը հայելին։ Անոր մէջ կ՚ապրին այդ շրջանի մտահոգութիւնները, երազները, իղձերը եւ մտքի փայլատակումները։ Մէկ խօսքով գիրքը միջավայրի եւ մթնոլորտի հետ կապ ունի։ Երբ հեղինակ մը այդ միջավայրը կը հարստացնէ իր աշխոյժ մտաւորական լիցքով, որակաւոր ներդրումով եւ ընդհանուրին մակարդակը բարձրացնելու սահմանուած բովանդակութեամբ, գիրքը եւ գրականութիւնը կ՚ապրի՛ն ու անոնց հանդէպ եղող սիրոյ եւ կապուածութեան մշակոյթը կը փոխանցուի յաջորդ սերունդին։ Այլապէս, ինչպէ՜ս կրնանք անցեալը ըմբռնել, մեր մշակոյթի դարաւոր զարգացումին հաղորդակից ըլլալ ու նաեւ պահպանել հայ մշակոյթի էութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հաղորդակցականութիւնը մէկ դարաշրջանէ այլ դարաշրջան՝ եթէ գիրքը բացակայ է մեր կեանքէն։

Այսպիսի խորհրդածութիւններէ անցայ կարդալով թորոնթոհայ գրող Ժանէթ Գիրէջեանի նորագոյն հեղինակութիւնը հանդիսացող «Դէմ առ դէմ անցեալիս հետ» յիսունէ աւելի գողտրիկ գրութիւններ պարփակող հատորը ։

Այս հատորը առաջին իսկ վայրկեանէն իր գրաւիչ կողքի նկարով եւ ձեւաւորումով, իր բովանդակութեան բոյրը կը հաղորդէ ընթերցողին։ Իսկ նիւթերը իրենց բազմազանութեամբ եւ խորքով սփիւռքահայ իւրաքանչիւր հայու տագնապին ու մտահոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ մտաւորական եւ ազգային արժեւորումներու հայելին կը հանդիսանան։ Արդարեւ, նիւթերը իրենց ընտրութեամբ եւ խորքով սփիւռքահայ պայքարի էութիւնը անգամ մը եւս մեր մտապատկերին առջեւ կը պարզեն, հարցերը կը յուշեն, կը բացատրեն եւ կը պարզաբանեն, միաժամանակ այդ հարցերուն հայող հայ մօր մը, հայ կնոջ մը եւ հայ մանկավարժի մը խօսքը գունաւոր պաստառին վրայ բարձրացնելով։ Մէկ խօսքով այդ գրութիւնները առանց բացառութեան իւրաքանչիւր քայլին մեր հասարակական ըմբռնումներու եւ արժէքներուն ջերմ հաւատացող եւ հաւատացեալ շեփորահար անձի մը պատգամը կը փոխանցեն ընթերցողին։

Գիրքը կարդացի բաժնելով զայն երեք կարեւոր եւ գլխաւոր բաժիններու։ Առաջին մասը ընկերային խորք ունեցող հարցերն էին։ Երկրորդ մասը ազգային բովանդակութեամբ, իսկ երրորդ մասը փիլիսոփայական խորհրդածութիւններով յատկանշուած գրութիւններ կը պարփակէին։ Երեքի պարագային սակայն գեղեցիկ եւ կուռ լեզուն, պատկերաւոր ոճը եւ արտայայտութեան դիպուկ գրելաձեւը մէկ համայնական յայտարարով եւ ոգիով իրարու կը կապէին այդ երեք բաղկացուցիչ մասերը։

Գրութիւններու բազմազանութենէն նաեւ ընթերցողը պատկեր մը կը կազմէ հեղինակի մտաւորական հետաքրքրութիւններու, ուղղութեան, աշխատանքներու եւ ջանքերու էութեան մասին։ Քիչ է թիւը այն անձերուն որոնք մեր հասարակական կեանքի բեմը կը բարձրանան ու իրենց ելոյթներով իրենց հարուստ ներաշխարհի, փորձառութեան  եւ արհեստագիտական որակաւորումին  համապատասխանող եւ մակարդակին վայել ԲԱՆ մը կ՚ըսեն բեմէն եւ պատճառ կ՚ըլլան ունկնդիրի մօտ անդրադարձ մը ստեղծելու իրենց ելոյթով։ Բախտաւոր են անոնք, որոնք այսպիսի անձեր լսելու հաճոյքն ու առիթը կ՚ունենան։ Տիկին Գիրէջեան կը պատկանի այն անձերուն, որոնց խօսքը եւ միտքը աներկբայ կերպով իրենց թիրախին կը հասնին։

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայ գիրքի եւ մշակոյթի սակաւաթիւ սպասարկուներ կը գործեն տակաւին։ Սակաւաթիւ են նաեւ այդ մարզէն ներս գործող հայ կիները, որոնց խօսքը, գործը եւ առաքելութիւնը յաճախ շուքի մէջ կը մնան մեր կեանքէն ներս հակառակ անոր որ անոնք մեր հասարակական, ընկերային եւ մշակութային կեանքի  շարժակները կը հանդիսանան։ Ժանէթ Գիրէջեան  կու գայ ամէնքիս յիշեցնելու, թէ որքան կարեւոր, որքան հարազատ, որքան էական է որ հայ կնոջ խօսքը լսուի մեր առօրեայ հասարակական եւ մտաւորական կեանքէն ներս։ Ապրի՛ ան այդ խօսքը որակական գիտակցութեամբ մեզ փոխանցելու իր ջանքին եւ նուիրումին համար։

Հիւսթըն, Ապրիլ 2019

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին