Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Բազմաշնորհ Գիտնականը՝ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԵՔՃԵԱՆ

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 12 Մայիս 2016ին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լիբանանի Սանուց Միութեան կազմակերպութեամբ եւ ՄԿՀ իննսունամեակին առիթով, մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցած էր, նուիրուած՝ ՄԿՀ տնօրէնուհի, ուսուցչուհի, պատմաբան՝ Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանին։ Այդ առիթով, խօսք առնողներէն եղած էր ծանօթ ազգային-հասարակական գործիչ, խմբագիր-հրապարակագիր՝ Պարոյր Աղպաշեանը, որ ներկայացուցած էր «Պատմաբան Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանը»։

Այսօր, երբ բազմավաստակ կրթական մշակն ու գիտնականը մեկնած է, Աղպաշեանին խօսքը յարմար կը տեսնենք հրատարակել, առ ի յարգանք եւ յիշատակ հանգուցեալ պատմաբանին։

Հայկական հա՛րց։

Ահաւասիկ հաստափոր թղթածրար մը, որ հայ ժողովուրդին համար եղած է, է՛, եւ պիտի մնայ առաջնահերթ հրատապութիւն մը, կենսական հիմնախնդիր մը եւ անջնջելի օրակարգ մը։

Հայկական Հարցը, իր տարբեր ժամանակաշրջաններուն, պատմական հոլովոյթներուն, շրջանային զարգացումներուն կամ տարածքային դրուածքներուն ընթացքին, միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, նկատի ունենալով Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, կռուախնձորային կացութաձեւը եւ նուաճողային ճակատագիրը, որոնք աւերիչ, պառակտիչ ու կործանիչ ազդեցութիւն գործած են անոր վրայ։

Ասկէ՛ ծնունդ առած է Հայկական Հարցը ու դարձած՝ հայ ժողովուրդին մնայուն «ընկերակից»ը, ի տես անոր նկատմամբ գործադրուած ասպատականութեան, յափշտակութեան ու բռնագրաւութեան։

Սակայն, Հայկական Հարցը նոր ու վտանգաւոր «ոստում» արձանագրեց, երբ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ աննախընթաց Ցեղասպանութեան, Արեւմտահայաստանը՝ բռնազաւթումի, իսկ Արեւմտահայութիւնը՝ տարագրումի։

Տարագիր հայութիւնը, վերածնուած ու վերազարթօնքուած ժառանգորդը անոր, Հայկական Հարցին նկատմամբ ոչ միայն չէր կրնար անտարբեր կամ ձեռնածալ մնալ, այլ պատրաստ էր նոր հորիզոններ բանալ այդ թղթածրարին մէջ, մասնագիտական հեղինակութիւններով, պատմական վաւերաթուղթերով, դիւանագիտական յարաբերութիւններով, ցեղասպանագիտական արժեւորումներով, հողաիրաւունքային բացայայտումներով եւ, ինչ որ կարեւորագոյնն է, միասնական ուժերով ու միջազգային մակարդակներով զայն պաշտպանելու ու հետապնդելու։

Այսօրուան մեծարեալը՝ Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեան, բարձրարժէք գիտնական մըն է, ականաւոր պատմաբան, անխոնջ ուսումնասիրող, եւ հանգամանաւոր հեղինակ, որուն «Բրիտանիա եւ Հայկական Հարցը. 1915-1923» կոթողային գործը արդէն կու տայ ապացոյցը անոր բերած հսկայական նպաստին՝ Հայկական Հարցի պատմութեան մէջ։

Ճիշդ է, պատմագիրքը լոյս տեսած է 1994ին, բայց, կը մնայ այժմէական եւ արդիական, իր կուռ պատմականութեամբ ու գիտականութեամբ, դիպուկ մեկնաբանութիւններով ու վերլուծութիւններով եւ ուշագրաւ նորարարութիւններով ու հետազօտութիւններով, որոնք նոր լիցք կու տան Հայկական Հարցի լուսաբանութեան վրայ։

Ի զուր տեղ չէ, որ մանկավարժ, բանաստեղծ, գրականագէտ, ինչպէս նաեւ Դոկտ. Ագապիին բազմավաստակ ուսուցիչ՝ Վահէ-Վահեան, այս գիրքը, իրաւացիօրէ՛ն, համարած է «չհինցող դասագիրք»։

Ինչո՞ւ այս հրատարակութիւնը կը նկատուի բացառիկ եւ իւրօրինակ, միանգամա՛յն։

– Բացառիկ՝ որովհետեւ հեղինակը, պատմաբանի սուր հմտութեամբ ու խօսքի ճշգրիտ առարկայականութեամբ, իր երկարատեւ ու տքնաջան պրպտումներու ընթացքին, կրցած է, Հայկական Հարցի՝ 1915-1923 ժամանակամիջոցին, տալ վաւերական ու փաստագրական բովանդակութիւն, հիմնուելով եւրոպական արխիւներու վրայ ընդհանրապէս եւ անգլիական՝ մասնաւորաբար։

Գիտնականի խորաթափանցութեամբ, պատմաբանի իրատեսութեամբ, պրպտող մտքի նպատակասլացութեամբ, Դոկտ. Ագապի, «հում» նիւթերու մէկտեղումով ու վկայակոչումով, այլեւ՝ անսպառ ծանօթագրութիւններու ընդմէջէն, Հայկական Հարցի այս ժամանակաշրջանին տուած է նոր գոյն ու որակ, համապատասխան բացայայտումներով եւ յայտնագործումներով։

– Իւրօրինակ՝ որովհետեւ պատմաբանը, իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ եւ իրապաշտութեամբ, ձեռնարկած է նմանօրինակ ծաւալուն հրատարակութեան մը, նախ՝ Հայկական Հարցին նկատմամբ իր պատմաբանի «լումա»ն բերելու, եւ իր պատմաբանի խօսքը լսելի դարձնելու, ապա՝ չմնալու ընդհանրութիւններու եւ յիշատակագրութիւններու ծիրին մէջ, այլ՝ ինքնուրոյն վերարժեւորումներու գնով, հասնիլ համոզիչ տուեալներու, պատմական հաստատումներու ու շօշափելի եզրայանգումներու։

Երկու պարագաներուն ալ, Դոկտ. Նասիպեան, գերազանցապէ՛ս, յաջողած է, հայ պատմագրականութեան մէջ գրաւելու իր որոշակի տեղը, իսկ հայ նորագոյն պատմագրութիւնը հարստացնելով նման արժէքաւոր գործով մը։

***

Հայկական Հարցի քննարկման եւ ուսումնասիրման մէջ, իւրաքանչիւր մասունք եւ պատառիկ, բնական է, անհրաժեշտութիւններ են, սակայն, ամէնէն աւելի կարեւորն ու օգտակարն են՝ օտար աղբիւրներն ու ձեռագիրները, որոնք կը գտնուին մեծապետական կամ խնդրոյ առարկայ երկիրներու «փակ պահարան»ներուն կամ «պահեստանոց»ներուն մէջ, ընդ որուն՝ նաեւ Թուրքիոյ։

Հայկական Հարցի վաւերականութիւնը, պատմականութիւնը, ժամանակագրութիւնը եւ ազդեցագրութիւնը երեւան հանելու համար, անոնց ատենագրութիւնները, փաստաթուղթերը, պաշտօնագիրերը ու հրամանագիրերը պրպտելն ու պեղելը անյետաձգելի գործեր են։

Վստահաբար, այս սկզբունքէն մեկնելով, Դոկտ. Նասիպեան իր պատմաբանի սլացքը ուղղած է՝ Անգլիական ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան, հաւատալով որ հոն շատ արժէքաւոր արձանագրութիւններ կրնան յայտնուիլ։

Իրաւացի մօտեցում մը, արդարեւ, քանի իր այս գիրքը, բազմաթիւ մութ կէտեր լուսաւորած է, զանազան մշուշոտ հարցերու պատասխանած, շահեկան արդիւնքներու յանգած։

Այս գիրքին պատմաքաղաքական ու պատմամտածողական գնահատումը կատարելու եւ անոր արժեւորումը ընդգծելու համար, կը բաւէ հակիրճ ձեւով ծանօթանալ անոր հետեւեալ խօսուն վերնագիրներէն ոմանց, ուր հեղինակը մանրակրկիտ, բայց, ամբողջական դատումներու ենթարկած է զանոնք.

  1. Բրիտանիա եւ Հայկական Հարցը՝ Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին
  2. Բրիտանական շահեր եւ Հայկական Հարցը
  3. Մուտրոսէն Սեւր
  4. Սեւրէն Լոզան
  5. Հայանպաստ մարդասէրներուն յուսախաբութիւնը՝ 1918-էն ետք

Ինչպէս կը տեսնուի, Դոկտ. Նասիպեան, Հայկական Հարցի եղելութիւնը կը սկսի Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկսումէն առաջ, շեշտը դնելով այն իրավիճակին վրայ, որուն մէջ կը գտնուէր ան – թիւ, կուսակցութիւններ, Ատանայի ջարդ, 1908-ի յեղաշրջումի փորձ, եւայն, ապա, թուականային, շարժումային, յեղափոխական, ազատագրական, դիւանագիտական, միջպետական, դաշնագրային, մարդասիրական գործօններուն վրայ ծանրանալով։

Այս գիրքին հիմնական ուրիշ յատկանիշներէն մէկն ալ կը հանդիսանայ, պատմական տեղեկութիւններու գիտակութեան, կողմնորոշման ու ծանօթացման զուգահեռ, անոնցմէ դասեր քաղելու հրամայականութիւնը, մանաւանդ, ինչ կը վերաբերի օտարներու վրայ երբեք յոյս չդնելու կամ չվստահելու անոնց վրայ, որովհետեւ հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, անոնք ոչինչով օգնած են անոր կամ նպաստած անոր անվտանգութեան, ընդհակառակը՝ շահագործած ու թողլքած են զայն, ինչպէս պատահեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ։

Պատմաբանը, լաւատեղեակ այդ ահաւոր դառնութեան, տողատակ թէ այլապէս, հասկնալիօրէն կը յուշէ զգուշանալու այդ տխուր փորձառութենէն, որ այնքան սուղ արժած է հայ ժողովուրդին։

Պատմագիրք մը, այս բովանդակութեամբ, տարողութեամբ ու նշանակելիութեամբ, կրկնակի որակային արժեւորում կը ստանայ, երբ ան կը համալրուի հարուստ ու հաւաստի պատմագիտական օրինաչափութիւններով, որուն մէջ, անտարակոյս, Դոկտ. Նասիպեան արժանի բարենիշ մը եւս արձանագրած է, երբ՝

– Աչքի առջեւ կ’ունենանք անոր հայ եւ օտար ծանօթագրութիւններու ճոխ ու բազմատեսակ շարանը,

– Մատենագիտական հսկայ պաշարը, ընդհանրապէս անձնական թէ պաշտօնական օտար աղբիւրներէ

– Հայ թէ օտար անձնանուններու ու տեղանուններու ցանկագրութիւն

– Քարտէսներու ցանկ

– Անուանումներու կրճատումներու եւ յապաւումներու ցանկ

Հայ ժողովուրդը երախտապարտ պէտք է ըլլայ՝ Դոկտ.Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեանի ձեռնհասութեամբ տաղանդաւոր պատմագէտ-պատմաբան մը ունենալուն համար։

Պէտք է յիշել նաեւ, այս առիթով, Դոկտ. Ագապիի կեանքի ընկերոջ՝ Գալուստին, որ իր հեզահամբոյր ու հաղորդական բնաւորութեամբ, միշտ զօրավիգ կանգնեցաւ ու քաջալերողը հանդիսացաւ անոր մտաւորական-պատմաբանական աշխարհին։

Ազգային-հայրենասէր պատուական մարդ մը, որուն ծանօթանալու պատիւը ունեցած եմ, նաեւ կ’արժէ յիշել այս գիրքին նուիրուածութիւնը իր վաղամեռիկ քրոջ՝ Աստղիկ Նասիպեան-Պալիքեանին, որուն հետ ծանօթանալու առիթը ունեցած եմ հայաստանեան մեր համալսարանական տարիներուն։

Ջերմագոյն մաղթանքներ Ձեզի, որպէսզի նոր կորովով եւ արեւշատութեամբ շարունակէք Ձեր երթը եւ գործը։

Պէյրութ, Լիբանան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին