Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Բացօթեայ Դասարանի Բացում (լուսանկարներ)

Մխիթարեան Վարժարան

Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ դասարանի բացում: Հանդիսութեան հիւրերն էին կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Դոկտ. Պերճ Հաճեան եւ երկրաչափ ու բնապահպանութեան ճարտարապետ Փրոֆ. Արամ Երէցեան: Ներկայ էին ծնողներ եւ վարժարանի բարեկամներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ բացօթեայ դասարաններու գաղափարը բաւական տարածուած էր Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ արդէն 20-րդ դարու սկիզբէն սկսեալ, մասնաւորապէս թոքախտի տարածման աճը կանխելու եւ անոր դէմ պայքարելու համար: Դպրոցները կառուցուած էին այն գաղափարին վրայ, որ մաքուր օդի ազդեցութիւնը, լաւ օդափոխութիւնը եւ կենսոլորտին հետ առնչուիլը էական են ուսանողին համար, մանաւանդ երբ եղանակը եւ պայմանները թոյլ կու տան: Ան նշեց, որ հաւատք կար, որ դասերը բաց երկինքի տակ դասաւանդելը կ’օգնէ աշակերտին՝ կերտելու ինքնանկախութիւն եւ ինքնագնահատում: Տիկ. Պոյաճեան ըսաւ. «Բացօթեայ դասարանի կերտումով մենք կ’ուզենք, որ ապագայ սերունդները սորվին աւելի քիչ պատերով դասասենեակներու մէջ, որպէսզի այսպիսով իրենց երեւակայութիւնը շնչէ, ընդարձակուի եւ աւելի մեծ գաղափարներ ծնին ապագայի համար»:

Եւ որովհետեւ այս տարի կը նշենք բանաստեղծ, մանկագիր, հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակը, բացօթեայ դասարանը հպարտութեամբ անուանուեցաւ «Թումանեան Այգի»:  

Ապա, վարժարանիս կրթական համակարգող Տիկ. Մէյրի Կիւրիւնլեան հակիրճ օրինակներ տուաւ բացօթեայ դասարանին մէջ ուսուցման ձեւերուն մասին, որմէ ետք նախակրթարանի Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները, իրենց գիտութեան ուսուցչուհի Օրդ. Թամար Պոզոյեանի խմբավարութեամբ, ներկայացուցին երգ-պար մը բնապահպանութեան մասին:

Իր խօսքին մէջ Փրոֆ. Երէցեան շեշտեց բնութեան հետ մարդու շփումին անհրաժեշտութիւնը, կարեւոր համարելով, որ աշակերտը արդէն փոքր տարիքէն հասկնայ եւ յարգէ բնութիւնն ու կենսոլորտը: Ան շնորհաւորեց, գնահատեց եւ իւրայատուկ համարեց հանդիսութեան տուն տուող առիթը, որովհետեւ կը դրսեւորէ մարդ արարածին յարաբերութիւնը բնութեան հետ:

Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւոր գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեան փակման խօսքին մէջ նշեց, որ բնութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, հետեւաբար, պէտք է օգտուիլ անոր բարիքներէն եւ ոչ թէ զայն ապականել: Ան աշակերտները մղեց ընդարձակելու իրենց երեւակայութիւնը եւ ուսումնասիրելու բնութիւնը, ինչպէս ըրած է մեծ գիտնական Լէոնարտօ Տա Վինչին, որուն մահուան 500-ամեակը կը նշենք այս տարի:

Աւարտին, Փրոֆ. Երէցեան ստացաւ դպրոցին կողմէ երախտագիտութեան յուշանուէր:

 

ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին