Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

«Հայկական Նամակներ» Եւ Բազմատաղանդ, Բացառիկ Անհատը՝ Լէոնարտօ Տա Վինչի

Մահուան 500-Տարելից

Պատրաստեց՝ ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ 

15 Նոյեմբեր 2017-ին, Նիւ Եորքի «Քրիսթիս» աճուրդի ժամանակ, «Սալւատոր Մունտի» կտաւը վաճառուեցաւ 450,3 մլն տոլարի. Գեղարուեստի ստեղծագործութեան համար վճարուած այդ բարձր արժէքը մինչեւ այսօր չէ գերազանցուած: Այդ կտաւին հեղինակը տաղանդաւոր Լէոնարտօ տա Վինչին է:

Ֆլորանսացի հանճար, վերածնունդի հանրահռչակ գիտնական եւ փիլիսոփայ, գեղանկարիչ եւ քանդակագործ, ճարտարապետ եւ ճարտարագէտ, աստղագէտ եւ երաժիշտ, գրող եւ թուաբանութեան վարպետ, երկրաբան եւ բուսաբան, պատմաբան եւ քարտէսագէտ, մեքենագործ, քաղաքագէտ եւ գիւտարար Լէոնարտօ տա Վինչի (Leonardo di ser Piero da Vinci) դարերով յառաջ անցած էր իր ապրած ժամանակաշրջանէն:

Անոր կը վերագրուի օդապարիկի, ուղղաթիռի եւ ժամանակակից հրասայլի, ջրասոյզ նաւի գիւտերը. ան նախագծած է արեւէն ելեկտրականութիւն ստանալու յարմարանք մը, գումարում կատարող սարք մը, առաջինը բնորոշած է Վերածնունդի մարդասիրական գաղափարը: Նախագծած է նաեւ Կ. Պոլսոյ Պոսֆորի Նեղուցի կամուրջը, Տուր-Բլուայ-Սաոն ոռոգման ջրանցքը եւ ճարտարապետական գլուխգործոց Շամպորի դղեակը:

Լէոնարտօ էական բացայայտումներ կատարած է անդամազննութեան, քաղաքացիական ճարտարագիտութեան, երկրաբանութեան եւ տեսողական ոլորտներէն ներս: Անոր յաճախ կոչած են հնէաբանութեան, ճարտարագիտութեան եւ ճարտարապետութեան հայր եւ համարած են բոլոր ժամանակներու մեծագոյն նկարիչներէն մին, որուն հետ կրնայ համեմատուիլ միայն իր ժամանակակից միւս հանճարը՝ Մայքըլ Անճելօ:

   Լէոնարտօ ծնած է 567 տարի առաջ՝ 15 Ապրիլ, 1452թ., առտուան ժամը 3-ին, Տոսկանայի լեռնային Վինչի քաղաքի՝ Առնօ գետի հովիտին մէջ, Ֆլորանս: Անիկա,  25 տարեկան մեծահարուստ նօտար Մեսէր Փիէրօ Ֆրուոզինօ տի Անթոնիօ տա Վինչիի եւ գեղջկուհի Քաթարինայի արտաամուսնական որդին       

էր. գեղջկուհի մը, որուն մասին գրեթէ ոչինչ յայտնի է:       

Լէոնարտօն մականուն չունէր. անոր իրական անունը եղած է՝ Լէոնարտօ տի մեսսըր Փիէրօ տա Վինչիէ, որ կը նշանակէ՝ Լէոնարտօ, Վինչիի մեսսըր Փիէրոյի որդի: «Մեսսր»-ը կը բացայայտէր, թէ անոր հայրը ազնուական մըն էր: Հակառակ որ Լէոնարտօ ապօրինի զաւակ մըն էր, սակայն Փիէրօն անմիջապէս ճանչցած է հայրութիւնը եւ նոյնիսկ ներկայ գտնուած է որդւոյն մկրտութեան արարողութեան:

 

Ապացոյցներ կան որ Փիէրօն ունեցած է Քաթարինա անունով միջինասիացի ստրկուհի մը, եւ Լէոնարտոյի մատնահետքերու ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ ան միջինասիացիի արիւն ունեցած է:

 

Ծնելէն յետոյ, Լէոնարտոյին մօրը հետ բնակելու կը ղրկեն Անխիանոյ գիւղ, իսկ 1457-էն ան կ’ապրի հօրը տունը՝ Վինչի քաղաքը: Այդ ընթացքին Փիէրօն կ’ամուսնանայ իր չորս կիներէն առաջինին հետ՝ 16 տարեկան Ալպիէրա Ամատօրիի հետ,որ անպտուղ էր եւ այնչափ կը սիրէր Լէոնարտոն: Սակայն, Ալպիէրա կը մահանայ երիտասարդ հասակին: Այդ շրջանին հետ կապուած է Լէոնարտօ-գեղանկարիչին ստեղծագործութեան ծաղկումը:

 

Երբ Լէոնարտօ 16 տարեկան էր, հայրը դարձեալ կ’ամուսնանայ՝ այս անգամ 20-ամեայ Ֆրանչէսքա Լանֆրէտինի հետ, որ նոյնպէս շուտով կը մահանայ՝ առանց ժառանգ պարգեւելու Փիէրոյին: Փիէրոյին օրինական ժառանգներ կը պարգեւեն անոր երրորդ եւ չորրորդ կանայք. իւրաքանչիւրը 6-ական ժառանգ ձգելով իր ետին:

 

Լէոնարտօն կրթութիւն կը ստանայ նշանաւոր ֆլորանսացի նկարիչ Անտրէա տել Վերոքիոյի սթուտիոյ մէջ: Ոչ պաշտօնապէս կը սորվի լատիներէն, երկրաչափութիւն եւ ուսողութիւն: Ստեղծագործական կեանքին մեծ մասը կ’անցնէ Միլան՝ Լիւտովիքօ իլ Մորոյի քով աշխատելով: Նկարիչը՝ չհանդուրժելով անարդարութիւնը, գժտութիւններն ու անմիաբանութիւնը, ստիպուած կ’ըլլայ թափառիլ իր ողջ կեանքի ընթացքին: Յետագային կ’աշխատի Հռոմի, Ֆլորանսի, Պոլոնիոյ և Վենետիկի մէջ: Իտալիոյ մէջ այդպէս ալ ան նիւթական ապահովուածութիւն բնաւ չ’ունենար (ինչպէս ունէին Տիցիանը, Ռաֆայէլը, Մայքըլ Անճելոն, եւ նոյնիսկ իրմէ աւելի համեստ համարուող նկարիչ՝ Ճուլիօ Ռոմանոն): Երբեմն ան մինչեւ իսկ ինքզինք աւելորդ կը զգար Իտալիոյ մէջ:

1517-ին, Ֆրանսուա Առաջին թագաւորի հրաւէրով՝ որպէս «թագաւորական առաջին նկարիչ, ճարտարապետ եւ մեքենաշինարար», Լէոնարտօ կը տեղափոխուի Ֆրանսա եւ մինչեւ կեանքին վերջը կ’ապրի թագաւորին կողմէ իրեն նուիրած տունը:

1519-ի Ապրիլ 23-ին, Լէոնարտօ կանչել կու տայ նօտարը եւ անոր կը թելադրէ իր կտակը, որուն ամենակարեւոր կէտը այն էր, թէ իր բոլոր ձեռագիրները (թիւով 7000)՝ որպէս սեփականութիւն ինք կը ձգէր միլանցի ազնուական Ֆրանչէսքօ Մելցիին՝ «…ի պարգեւ իրեն համար թանկագին ծառայութիւններու՝ ցոյց տրուած անցնող ժամանակներուն»:  Քանի մը օրեր անց,  Մայիս 2-ին, Լէոնարտօն հաղորդութիւն կ’ընդունի եւ հրաժեշտ կու տայ կեանքին (67 տարեկան, բնական մահով): Երկու օր անց, զինք կը թաղեն Ամպուազի (Ֆրանսա) եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:

Մելցին անոր ձեռագրերէն դուրս կը հանէ նկարչութեան վերաբերող գրառումներու մէկ մասը, կը համակարգէ ցրուած նօթերը եւ կը հրատարակէ «Նկարչութեան Մասին Բանագրութիւն» խորագիրով:  

Լէոնարտօն՝ իր շրջապատի եւ այդ ժամանակ նկարչութեան եւ քանդակագործութեան մէջ տիրող ուղղութեան՝ իրապաշտութեան կը հետեւէր: Անոր տարերքը ստեղծագործելն էր, իսկ եղանակը՝ գիտական հետազօտութիւնն ու ստացուած արդիւնքներու ստուգումը փորձի միջոցով: Ան ոչինչ կը յօրինէր, եւ յիշողութեամբ ոչինչ կը նկարէր: Ան կ’ըսէր.«Այն վարպետը, որ կը ներշնչէ ինքզինքը, թէ կրնայ յիշողութեան մէջ պահել բնութեան բոլոր ձեւերն ու ստեղծագործութիւնները, վերին աստիճանի տգէտ կը թուայ ինծի, քանզի բնութեան ստեղծագործութիւններն ան-վերջ են: Իսկ մեր յիշողութիւնն այնքան անսահման չէ որ ամէն ինչի բաւարարէ»:

Բազմաթիւ պատմաբաններ եւ գիտնականներ Լէոնարտոյին՝ իր վիթխարի գիտելիքներու համար կ’անուանեն՝ «բազմակողմանի հանճար», «Վերածնունդի ժամանակաշրջանի մարդ», «անսպառ հետաքրքրասիրութեան» եւ «աննախադէպ եռանդուն ստեղծագործական երեւակայութեան» տէր անհատ, «գերբնական խելք ու անհատականութիւն, իսկ ինքը՝ խորհրդաւոր եւ չշփուող»:

Այդ ամէնով հանդերձ, Լէոնարտօն հիմնականօրէն յայտնի է որպէս նկարիչ: Անոր ամենայայտնի կտաւը «Մոնա Լիզա»ն կամ՝ «Ճոքոնտա»ն է (1503), իսկ բոլոր ժամանակներու ամենաշատ կրկնօրինակուած կրօնական նկարը՝ անոր «Խորհրդաւոր Ընթրիք»ն է: Լէոնարտոյի «Վիթրուվեան Մարդ»-ը նկարը իբրեւ  մշակութային խորհրդանիշ ընդունուած է՝ պատկերուած ըլլալով տարբեր իրերու վրայ:

Բարձրահասակ եւ գեղեցիկ Լէոնարտօն, հանրութեան մշտապէս կ’երենէր խնամուած մօրուքով, գլխարկը (պերէ) գլխուն, անթերի հագած՝ բաճկոնով, կարճ կարմիր թիկնոցը ուսերուն, հպարտ քալուածքով, իսկ գօտիէն միշտ կախուած ունէր փոքրիկ նօթատետր  կամ ալպոմ մը՝ ճեպանկարներ եւ նօթեր գրելու համար:

Իր կեանքէն մէկուն չէր գանգատեր, պատուէրներու ետեւէն չէր վազեր, եղածներն ալ աւարտելու չէր շտապեր: Կը թուար, թէ ինք մեծահարուստի մը պէս կ’ապրի, մինչդեռ՝ կ’ապրէր աղքատի մը պէս եւ կ’աշխատէր գիտնականի մը նման: Այդ պատճառով Լէոնարտօն միշտ անհասկնալի էր տգէտ ամբոխին համար, որ յաճախ զինք կը մեղադրէր կախարդ ըլլալու եւ քրիստոնէական աշխարհի մայրաքաղաքը պղծելու, դիակներ հերձելու եւ հերետիկոս ըլլալու մէջ:

Սակայն, կային նաեւ մարդիկ, որոնք նկատեցին Լէոնարտոյի եւ իր ժամանակակիցներու տարբերութիւնը, եւ անոր անունը սկսան յիշատակել իր ժամանակի խոշորագոյն նկարիչներու շարքին՝ Մանթենիա, Ճորճոնէ, Ռաֆայէլ, Մայքըլ Անճելօ:

Լէոնարտոյի նկարած մարդկային գործարաններու նկարազարդումները՝ գրեթէ բոլորը շատ մանրամասն ու ճշգրիտ են, բացի կանացի վերարտադրողական անդամները, որովհետեւ այդ ժամանակներուն շատ դժուար էր կանացի անտէր դիակներ գտնել, եւ դիահերձելով լիարժէք պատկերացում կազմել, թէ ի՞նչ տեսք ունէին անոնք:

Մարդկային սաղմի պատկերներ

Իր կեանքէն մէկուն չէր գանգատեր, պատուէրներու ետեւէն չէր վազեր, եղածներն ալ աւարտելու չէր շտապեր: Կը թուար, թէ ինք մեծահարուստի մը պէս կ’ապրի, մինչդեռ՝ կ’ապրէր աղքատի մը պէս եւ կ’աշխատէր գիտնականի մը նման: Այդ պատճառով Լէոնարտօն միշտ անհասկնալի էր տգէտ ամբոխին համար, որ յաճախ զինք կը մեղադրէր կախարդ ըլլալու եւ քրիստոնէական աշխարհի մայրաքաղաքը պղծելու, դիակներ հերձելու եւ հերետիկոս ըլլալու մէջ:

Սակայն, կային նաեւ մարդիկ, որոնք նկատեցին Լէոնարտոյի եւ իր ժամանակակիցներու տարբերութիւնը, եւ անոր անունը սկսան յիշատակել իր ժամանակի խոշորագոյն նկարիչներու շարքին՝ Մանթենիա, Ճորճոնէ, Ռաֆայէլ, Մայքըլ Անճելօ:

Լէոնարտոյի նկարած մարդկային գործարաններու նկարազարդումները՝ գրեթէ բոլորը շատ մանրամասն ու ճշգրիտ են, բացի կանացի վերարտադրողական անդամները, որովհետեւ այդ ժամանակներուն շատ դժուար էր կանացի անտէր դիակներ գտնել, եւ դիահերձելով լիարժէք պատկերացում կազմել, թէ ի՞նչ տեսք ունէին անոնք:

  Երեխան Մօր Արգանդին մէջ  (1510-1513)

Նկարիչի մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին՝ անոր գիտնականի աչքերով կատարած գծապատկերներու ճշգրտութիւնը կը ցնցէ նոյնիսկ այսօրուան բժիշկներն ու մարդակազմութեան մասնագէտները: Լէոնարտօն է առաջին անգամ պատկերած մարդու ողնաշարին համակարգը, եւ առաջիններէն էր, ով բաւական մօտեցած էր արեան շրջանառութեանառանձնայատկութիւնները հասկնալուն: Իսկ տրուած նկարը, կարելի է նկատել առաջին քայլը շողարձակումային սարքերով կատարուող ստուգումներու «ճանապարհին»:

 

Անժխտելի է որ Տա Վինչին ո՛չ միայն իր ժամանակներու, այլ պատմութեան հանճարեղ մարդոցմէ մէկը եղած է. աւելին՝ հանճարներու շրջանակին մէջ ան իւրայատուկ եղած է՝ իր բազմակողմանի զար-գացած և հեռատես ըլլալով:

Վերածնունդի դասական արուեստը Լէոնարտոյով կը սկսի: Ան հարստացուցած է ժամանակի գիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառները: Անոր գրական երկերու մեծագոյն մասը խոշոր գրապահոցներու մէջ կը պահուի՝ Փարիզ, Բրիտանական Թանգարան, Թագուհիի Պատկերասրահ, Ուինձորի Գրադարան, Միլանի Ամպրոզիան եւ այլուր, որոնց զգալի մասը հրատարակուած է:

* * *

 

Բացայայտում – Տա Վինչի Իր Նշումները Ծածկագրած Է… Հայերէն

Յաճախ հայերը կը մեղադրուին կարեւոր իրադարձութիւններու եւ հռչակաւոր անձերու մէջ հայկական արմատներ տեսնելու «սնապարծութեան» համար, սակայն ինչպէս կ’ըսեն՝ մուխը առանց կրակի չ’ըլլար:

Տա Վինչիի արուեստի մասին տարատեսակ վարկածներ եւ շշուկներ կը դառնան: Այդ հսկան սերունդներուն ձգած իր գրաւոր ժառանգութեան «առիւծի բաժինը» գաղտնագրած է: Արդէն 500 տարի գիտնականներն ու հետախոյզները մանրակրկիտ կ’ուսումնասիրեն Տա Վինչիի թուղթերը եւ ստեղծագործութիւնները, բացայայտումներ կ’ընեն, եւ ատոնց մեծամասնութիւնը գաղտնազերծած, տարբեր լեզուներով թարգմանած ու հրատարակած են: Սակայն, որոշ նկարներու եւ վաղ շրջանի գծանկարներու վրայ եղած ծածկագրերը կը շարունակեն հանելուկ մնալ:

Հարցը այն է որ տեղեկութիւններ կան, թէ տաղանդաւոր տա Վինչիի ծածկագրերէն մաս մը հայերէն կը կարդացուին՝ հայելիի անդրադարձումով, երբեմն ալ՝ գլխիվայր դարձուցած: Այդ բացայայտման մասին դեռ 2008 թ. Դեկտեմբեր 25-ին ռուսական մամուլի մէջ՝ «Տա Վինչիի Ծածկագիրը» վերնագիրով յօդուածը ստորագրած է Եկոր Օրլով:

Բացայայտման հեղինակը Երեւանի Մանկավարժական Համալսարանի գեղանկարչութեան բաժինի շրջանավարտ, այժմ ՌԴ Լիպեցք քաղաքի բնակչուհի Արմինէ Խաչատրեանն է, ով կրնայ հայելային անդրադարձումով գրել եւ կարդալ, միաժամանակ երկու ձեռքով գրել (ինչպէս կ’ընէր Լէոնարտօն): Թէ ինչպէս կրցած է բացայայտել տաղանդաւոր նկարիչի գաղտնագրածները հայելիին առջեւ, Արմինէ կը բացատրէ. «Մեր այրական տան մէջ եռափեղկ հայելի կար, որուն ետեւ ես դաս կ’ընէի, կը նկարէի ու մեծերուն կը հետեւէի: Պարզուեցաւ որ աչքերս այդ ժամանակ յարմարած են կարդալու ոչ միայն ձախէն աջ ու աջէն ձախ, այլեւ՝ գլխիվայր: Բացի այդ, վերջին տարիներուն, ինչպէս երազիս մէջ Լէոնարտոն կարգադրած էր, հմտացած եմ երկու ձեռքով միաժամանակ գրելուն. այնպէս, ինչպէս ինք կ’ըսէր»: (Նշենք որ, մասնագիտութեամբ նկարչուհի Արմինէին, որ տարիներ առաջ ապրուստ վաստկելու համար, մէկդի նետած էր ներկերն ու վրձինը, երազին մէջ կ’այցելէ մեծն Լէոնարտոն եւ կը հրահանգէ վերադառնալ իր մասնագիտութեան: Մոգական երազէն ետք, Արմինէի քով ի յայտ կու գան վերոնշեալ յատկութիւնները): Արմինէն նաեւ տեսողական առանձնայատկութիւններով օժտուած է՝ անիկա կը կարդայ շատ մանր գրանշանները: Առկայ է բժշկական եզրակացութիւնն առ այն, որ «Արմինէ Խաչատրեանի տեսողութիւնը իւրայատուկ է»:

 

Նկարչուհին իրեն շնորհուած յատկութիւններուն  մասին գիտցած է, երբ սկսած է թերթել Տա Վինչիի մասին եղած գիրքերէն մէկը եւ «Սիրտ» նկարին վրայ կարդացած է գլխիվայր գրուած հայերէն գրառումը. «Մասիս սարի գագաթին՝ Մուշ երկրի մէջ, ես լսեցի որ թուրքերը խարոյկի հանած են մօրս քոյրերը»:

Ըստ Արմինէի, երկու սրտերը կրնան խորհրդանշել Մասիսն ու Սիսը, որ առասպելի համաձայն, նման են մեծահասակի եւ մանկան սիրտերու: Այստեղէն ալ Արմինէն կ’եզրակացնէ, թէ նկարի մէջ արտացոլուած է 5 տարեկանին մօրմէ բաժնուած Լէոնարտոյին մաշած կարօտը: Մայր, զոր Կիլիկիայէն Իտալիա տեղափոխուած հայերէն մին եղած էր:

 

Արմինէ սկիզբը այս մասին կը լռէ: Բայց ամիսներ անց, երբ հեռատեսիլով կը դիտէր Տա Վինչիի «Երեխան Մօր Արգանդին Մէջ» կտաւը Անգլիոյ թագուհիին կողմէ գնելու մասին հաղորդումը եւ հաղորդավարը ափսոսանք կը յայտնէր, թէ հոն եղած գրութիւնը չեն կրցած վերծանել, նկարչուհին բացագանչած է. «Ինչպէս թէ. այնտեղ շատ պարզ գրուած է. «Երկիւղով կը գրեմ, մօրս աչքէն հեռու» (խօսքը՝ խորթ մօր մասին է): 

 

Ապա, Արմինէն որոշած է իր բացայայտումները յայտնել հայագէտ Ներսէս Մկրտչեանին եւ վերջինս հաստատած է, թէ գրառումները 12-րդ դարու հայերէն են: 16-րդ դարուն Իտալիոյ մէջ նշուած դարու հայերէնի առկայութիւնը կը բացատրուի այն բանով, որ 12-րդ դարուն մեծ թիւով հայեր Կիլիկիայէն Իտալիա գաղթած են, եւ հաւանաբար, գրեթէ քարացած վիճակով պահպանած են իրենց հետ տարած հայերէնը:

 

Արմինէն նաեւ վերծանած է, թէ ինչ գրուած է «Ճոքոնտա»-ի ճակատին՝ «Ամօթխածը», իսկ նկարին ծայրը՝ «Ներէ՜, մունետիկ»:

Նկարչուհին կարդացած է Լէոնարտոյի բոլոր գաղտնագրերը եւ կը պատրաստուի ապացուցել ատոնց իսկութիւնը, հրատարակութեան յանձնելով այդ մասին իր գրած գիրքը:

 

Լէոնարտօ Տա Վինչիի եւ հայերու առնչութիւններուն դեռ 1920-ականներուն բազմիցս անդրադարձած է ականաւոր գրող Կոստան Զարեան, այդ հարցին շուրջ դասախօսութիւններ կարդացած է Հայաստանէն դուրս, իսկ 1967թ. հրապարակումներ ունեցած է «Սովետական Արուեստ» ամսաթերթին մէջ, որոնք յետագային ամփոփուած են  «Նաւատոմար» ժողովածոյին մէջ (1999թ.):

 

Լէոնարտօ տա Վինչիի Կիլիկեան Հայաստան այցելելու իրողութիւնը կ’ընդունին արուեստաբաններու եւ պատմաբաններու մաս մը, իսկ շատեր՝ մասնաւորաբար իտալացիները, բացարձակապէս կը ժխտեն ատիկա:

Կոստան Զարեանը կը յիշեցնէ որ 15-16-րդ դարերուն Ֆլորանսի մէջ հայերը շատ լաւ ճանաչում ունեցած են: Քաղաքին իշխող բլուրին վրայ կառուցուած բազիլիկ եկեղեցին՝ Սան-Մինիաթօն, եղած է Լէոնարտոյի սիրելի վայրը: Եկեղեցին նախկինին կոչուած է Սան-Մինիաս, հայու մը անունով, ով 250 թ. Տոսկանայի մէջ քրիստոնէութիւն քարոզած եւ տանջամահ եղած է: Պատանի Լէոնարտօն յաճախ այցելած է այդ եկեղեցին, ուր ան հանդիպած է մենաստանի անապատականներու հետ, որոնք՝ հայր Լուկանոյի վկայութեամբ, երկարամօրուք եւ հրաչեայ հայեր էին: Չի բացառուիր որ անոնք կրնային պատանիին պատմած ըլլալ Հայաստանի եւ անոր դաժան ճակատագիրի մասին:

Ըսուածին իսկութիւնը ապացուցելու համար կարեւոր փաստ է նաեւ Լէոնարտոյի ներկապնակին մէջ տեղ գտած գոց դեղին կամ բաց շագանակագոյն եզակի գոյնը, որ ինք կոչած է՝ «թերրա Արմէնա»: Այս գոյնը Մեծ նկարիչէն զատ ոչ ոք գործածած է: Հետեւաբար, վստահօրէն կարելի է ըսել, թէ հայոց հողին գոյնն ունեցող այդ ներկը Լէոնարտօն Հայաստանէն բերած էր:

ԱՄՆ գործող “Aquarian Millennium Armenological Institute”-ի աշխատակից Մելքոն-Արմենիա Խանճեան եւս անդրադարձած է մեզ յուզող խնդիրին: Ան կը գրէ. «Լէոնարտօ Տա Վինչիի մահէն յետոյ յայտնաբերուած է երեք օղակ, ինչը մեծ նկարիչին եւ գիտնականին կը շաղկապէ Հայաստանի հետ. ատիկա հայկական եկեղեցւոյ նախագիծն է՝ Բագարանի ոճով, որ յայտնաբերուած է անոր նօթատետրին մէջ, «Հայոց Տառերը», որոնք հայելանման արտացոլուած են անոր “The Codex Atlanticus” նօթատետրին մէջ եւ երեք հայ տիրակալներու դիմանկարները»:

 

Անոր “The Codex Atlanticus”-ին մէջ արուեստաբանները նկատած են նաեւ երկու էջ, որոնց վրայ նկարիչը հայելանման արտացոլած հայերէնով պատմած է դէպի Տաւրոսի լեռներ իր այցելութեան, ինչպէս նաեւ Եփրատ գետի մասին: Լէոնարտօ տա Վինչիի Հայաստան կատարած ճամբորդութեան եւ Հայաստանի մասին անոր նամակները, իտալացի ճշմարտատես որոշ պատմագէտներ բնորոշած են իբրեւ «Հայկական Նամակներ» (այդ այցելութիւններու հետեւանքով Եւրոպայի մէջ եկեղեցաշինութիւնը ստացած է հայկական դիմագիծ): Պահպանուած է նաեւ Տա Վինչիի ձեռքով գծուած Հայաստանի քարտէսը:

Ճշմարտութիւնը հոսող ջուր է եւ ինչ ժայռի ու քարի ալ որ հանդիպի, ան իր ճամբան կը գտնէ:

Բացարձակ յայտնի պատճառներով ժխտողներուն, կը մնայ միայն համարձակութիւն ունենալ եւ ընդունիլ փաստացի ճշմարտութիւնը:

                                                                              

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին