Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Ցեղասպանութիւն 100 + 4. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-Աամեակի Իւրայատուկ Ոգեկոչում (լուսանկարներ)

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  -ԼԻԲԱՆԱՆ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մեծ ընտանիքը իւրայատուկ միջոցառումներով  ոգեկոչեց  Հայոց Ցեղասպանութեան  104-ամեակը:

Չորեքշաբթի,  24 Ապրիլ  2019-ի առաւօտեան,   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի  Շրջանակային Յանձնաժողովի  անդամ-անդամուհիներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ  եւ  անդամներ, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի զանազան միաւորներու վարչականներ, անդամ-անդամուհիներ, ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ փողերախումբին եւ  սկաուտական ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական զոյգ  շարժումներուն մասնակցութեամբ,   ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն  տողանցելով  մուտք գործեցին Անթիլիասի  մայրավանք:

Մայրավանքին  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.  Կաթողիկոսին, Լիբանանի մէջ  Հայաստանի  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Աթաբեկեանին, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չէրչեանին, ներկայ եւ  նախկին պետական  նախարարներու, երեսփոխաններու, հայ  քաղաքական կուսակցութեանց, հասարակական, մարզական, մշակութային  կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, Լիբանանի թեմի Բարեջան Առաջնրդ  Նարեկ Սրբ. Ալեէմէզեանի  հովանաւորութեամբ  տեղի ունեցաւ  Հայոց Ցեղասպանութեան  նահատակներուն յիշատակին   Սուրբ  պատարագ  եւ հոգեհանգստեան  պաշտօն

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք,   մայրավանքի շրջափակին մէջ ՀԵԸ-ի փողերախումբը հնչեցուց  օրուան  խորհուրդը յատկանշող  նուագներ: Յանուն  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի,  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեան, ՀԵԸ-ի  ԿեդրոնականՎարչութեան անդամներ՝ Արա  Տագեսեան եւ  Յակոբ Թէլվիզեան  ծաղկեպսակ  մը  զետեղեցին  Նահատակաց  մատուռին առջեւ:

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի հարիւրաւոր անդամ-անդամուհիներ, փողերախումբը, միութենականներ,  համակիրներ հանրակառքերով  եւ անձնական միջոցներով բարձրացան Պիքֆայայի  Սուրբ Աստուածածին վանք, ուր  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային  Յանձնաժողովին  հովանաւորութեամբ,  Հայոց  Ցեղասպանութեան  յիշատակին  հանդիսութիւն մը  տեղի ունեցաւ: 

Վանքին  շրրջափակը  լեցուած էր հարիւրաւոր  հայորդիներով, որոնց մէջ նախարարներ՝ Ռիշար Գույումճեան, Արթիւր Նազարեան (նախկին նախարար եւ Ազգային բարերար), երեսփոխաններ՝ Ժան Թալուզեան եւ Շանթ Չինչինեան (նախկին երեսփոխան),  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեան, Արցախի Հանրապետութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ՝ Կարօ Քէպապճեան, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան, Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չէրչեան եւ Կեդրոնականի անդամներ, ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵԸ-ի  բարեկամներ, համակիրներ, վարչականներ եւ անդամ-անդամուհիներ: Յարգանքի մատուցման հանդիսութեան  յատուկ  հմայք տուին Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան սկաուտական զոյգ  մասնաճիւղերը եւ  ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ փողերախումբը:

ՀԵԸ-ի Անդրանիկ  Փողերախումբի նուագակցութեամբ բազմահարիւր սկաուտներ տողանցելով մուտք գործեցին վանքի դարպասէն ներս  եւ  շարուեցան Նահատակաց Յուշարձանի առջեւ: Ապա, Կիլիկեան Ս.Աթոռի միաբանններէն Հոգեշնորհ Տէր Պօղոս վրդ. Թինքճեան, ընկերակցութեամբ բարեշնորհ սարկաւագներու կատարեց Հոգեհանգստեան կարգ՝ 1,5 միլիոն անմեղ հայորդիներու համար: Փողերախումբին նուագակցութեան տակ, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Յանձնաժողովի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Ասպետներու խմբակցութեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Տիկնանց  Համախմբումին անունով  ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Նահատակաց Յուշարձանի առջեւ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան:

Ողջունելէ ետք ներկաները, Համբիկ Մարտիրոսեան  ամփոփ ներկայացուց  օրուան  խորհուրդը .« Ոճրագործ Թուրքը, 1,5 միլիոն հայ բնաջնջելու քաղաքականութեան կողքին, իրագործեց նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւն: Քանդեց եւ փճացուց 2500 վանք ու եկեղեցի, 1500 վարժարան, միաժամանակ հայկական տեղանունները փոխելով թրքերէնի: Անոնք, թուրք պարագլուխներ որոշած էին Հայաստանը վերջնականօրէն պարպել, իրականացնելու համար իրենց մեծ երազը, ստեղծելու համար «Մեծ Թուրան»-ը». ըսաւ ան:

Համբիկ Մարտիրոսեան իր խօսքէն ետք հրաւիրեց Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, պատմաբան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, Հայ Աւետարանական Քոլէճի 50 տարիներու վաստակաշատ տնօրէն, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Դոկտոր Զաւէն Մըսըրլեանը,փոխանցելու օրուան պատգամը

 

Դոկտոր Մըսըրլեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ պատճառներուն մասին, թուելով, թէ «Տակաւին Մեծ Եղեռնէն 401 տարի առաջ, 1514-ին Օսմանեան Թուրքիան բռնագրաւեց Արեւմտեան Հայաստանը, ապա ամէն կերպ ջանաց հայոց թուաքանակը նուազեցնել, տեղ տեղ հայերը կրօնափոխելով. Օրինակ՝ Համշէնահայերը»:

Ապա Պարոն Մըսըրլեան մէջբերեց Սուլթան Ապտիւլ Համիտին խօսքը. «Պէտք է հայ ազգը փճացնել, եւ այդ մէկը գլուխ հանելու համար բան չի պակսիր մեզի, ամէն գործիք պատրաստած ենք. Կուսակալ, Դատաւոր, Հարկահաւաք, Ոստիկան. Վերջապէս ամէն ինչ: Ճիհատ մը կը հրապարակենք եւ դիւրին է պատերազմը այսպիսի ազգի մը հետ, որ ոչ զէնք ունի, ոչ զինուորական եւ ոչ ալ պաշտօն…»:

Ապա յարգելի պատգամախօսը թուեց 1894-1896 թուականի ջարդերը, երբ անոր զոհ գացին 300. 000 հայեր, ապա 1908 թուականին Իթթիհատականներու կողմէ 1909 թուականի Ապրիլին կատարուած Ատանայի ջարդը, որուն զոհ գացին 30 000 հայեր:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Իթթիհատականներու Սէլանիքի ժողովին, ուր որոշուեցաւ գործադրել  Քեամիլ Փաշայի  ծանօթ ծրագիրը՝ ցեղասպանութիւնը՝ առաջին պատեհ առիթով, որ պիտի ընծայուէր, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին:

Դոկտ. Մըսըրլեան աւելցուց. «1914 փետրուարի 8 –ին, հայերու վեց մեծ պետութիւններու նեցուկին շնորհիւ, կրցան թուրքերուն պարտադրել Արեւմտեան Հայաստանի բարենորոգումները, որ ոչ այլ էր, քան՝ ինքնավարութիւն, ուր հայը պիտի ունենար ոստիկանական ուժ, դատարանէ ներս թրքերէնի կողքին պիտի օգտագործուէր հայերէն լեզուն, հայկական վարժարաններէ ներս պիտի աւանդուէր հայերէնը եւ այս բոլորը Եւրոպացի կառավարիչներու հսկողութեան ներքեւ: Հայ ժողովուրդը, կը հաւատար, թէ մասամբ մը հասած էր իր երազին..: Սակայն այս որոշումէն վեց ամիս ետք ծայր առաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, Թուրքերը բանակ կանչեցին 18  էն մինչեւ 60 տարեկան հայ տղամարդիկ եւ անխնայաբար սպաննեցին զիրենք, մօտաւորապէս 250. 000 հայեր: Ապրիլ 24-ի գիշերը ձերբակալեցին հայ մտաւորականները, գրողները եւ առաջնորդները, ապա տեղահան ըրին անգլուխ մնացած ծերերը, կիները եւ երեխաները: Կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան»:

Դոկտ. Մըսըրլեան ողջունելէ ետք Արեւելեան Հայաստանէ ներս կատարուած հերոսամարտերը՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ, ըսաւ. «Թուրքերը ձախողեցան ամբողջութեամբ ցեղասպանել հայ ժողովուրդը: Փաստը մեր ներկայ Հայրենիքն է, Արցախն է եւ աշխարհի 10 միլիոն հայերը»:

Պատգամախօսը կարեւորելով այդ ժամանակաշրջջանին ՀԲԸՄ-ի ունեցած որբախնամ առաքելութիւնը, ըսաւ. «Իսկ Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու վիճակը աւելի ծանր պիտի ըլլար, եթէ 1906 թուականին ստեղծուած չըլլար ՀԲԸՄ-ը, որուն շատ բան կը պարտի մեր ազգը իր վերապրումին մէջ»:

Ապա ան եզրափակեց ըսելով. « Մեր սրբադասուած նահատակներուն կտակը յստակ է. հաւատարիմ մնալ մեր ինքնութեան, ամուր պահել հայկական ոգին, տէր մնալ եւ հետապնդել մեր կորսուած իրաւունքները եւ կառչիլ մեր Մեծ Երազին»:

 Իր խօսքի աւարտին ան անդրադարձաւ Արտագաղթին,  ընտանիքի կարեւորութեան, հայ վարժարանի դերին, հայ եկեղեցւոյ անհրաժեշտութեան, հայ գիրքին, մամուլին, հայ դատին եւ հայու դարաւոր հաւատքին:

Յիշատակման ու ոգեկոչման ձեռնարկը վերջ գտաւ Համբիկ Մարտիրոսեանի շնորհակալական խօսքով: ՀԵԸ-ի Փողերախումբը, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Առնելեանի   հնչեցուց  ազգային եւ հայրենասիրական կատարումներ:

 

 Պիքֆայայի հանդիսութենէն անմիջապէս ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը, ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ   շարժումները,  հանրակառքերով  ուղղուեցան  Ժաաթաուի՝  Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքարան: Ժաաթաուիի գլխաւոր  ճանապարհէն  տողանցելով, ՀԵԸ-ի փողերախումբը եւ սկաուտական կազմերը  մուտք գործեցին  պատրիարքարան, շրջապատելով Նահատակաց  Յուշարձանը: 

 Պէյրութի Կաթողիկէ  պատրիարքարանի  անունով  հայր  Սեպուհ  Կարապետեան բարի գալուստ  մաղթեց  ներկաներուն, շեշտելով, թէ  պատրիարքարանը կը մնայ  պահանջատէր  հայութեան տունը:

Յանուն ՀԵԸ-ի  օրուան խօսքը  փոխանցեց  ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան: Ան  նշեց, թէ   ՀԲԸՄ-ի  հիմնադիրներուն, Չարենցի եւ Շիրազի  միասնականութեան պատգամներով անհրաժեշտ է հետապնդել նահատակներուն կտակը:

Ապա, ՀԵԸ –ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն  Չէրչեան եւ Ահարոն Շխրտըմեան  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անունով  ծաղկեպսակ մը զետեղեցին  Նահատակաց յուշարձանին առջեւ։

Յարգանք մեր բիւրաւոր  նահատակներուն:

Խունկ ու  աղօթք անոնց  յիշատակին:

Նկարները՝ Studio  Haig

 

ՀԵԸԻ  ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին