ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Մէկ Ճամբորդով Օդանաւային Թռի՞չք . . .
Այս մէկը զարմանալի կը թուի, բայց իրաւ է եւ տեղի ունեցած` 16 Մարտ, 2019-ին։ Վերոյիշեալ դէպքը կը պատահի նախկին Սովետական Միութեան արբանեակ երկիրներէն Լիթուանիոյ մէջ։
Արդարեւ՝ Պոյինկ տեսակի օդանաւ մը (737-800), որ կրնայ մինչեւ 188 ճամբորդ փոխադրել, մէկ ճամբորդով (տես նկարը) թռիչք կ՛առնէ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսէն՝ դէպի Իտալիոյ Պէրկամօ քաղաք, որ Միլանոյէն մէկ ժամ հեռու է։ Սքիրմանթաս Սթրիմայթիս միակ ճամբորդն էր այդ օդանաւին մէջ, որ կը վալելէր հինգ սպասեակներու հիւրասիրութիւնը։
Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ որ այդ օդանաւը մէկ ճամբորդ ունէր միայն . . . Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Նօվաթուրաս ճամբորդական ընկերութիւնը վարձուած էր խումբ մը Լիթուանիացիներ վերադարձնելու Միլանոյէն։ Անոնք արձակուրդով գացած էին Իտալիա՝ ձիւնագնացութեան։
Ուրեմն վարձուած օդանաւը՝ որպէսզի առանց ճամբորդի թռիչք չկատարէ դէպի Միլանօ, կը յայտարարէ որ աժան գնով միուղի (one way) տոմսակ կայ՝ Վիլնիուսէն Միլանօ։ Միուղի տոմսակները շատ ալ գրաւիչ չեն, որովհետեւ բոլորս ալ լաւ գիտենք որ երկու միուղի տոմսակները աւելի թանկ են՝ քան երթեւեկի (two way) մէկ տոմսակը։
Վերոյիշեալ յայտարարութեան մէկ ճամբորդ միայն կը պատասխանէ եւ այսպէսով օդանաւը ճամբայ կ՛ելլէ լոկ մէկ ճամբորդով։ Լրագրողները երբ հարց կու տան Սքիրմանթասի թէ ի՞նչ է իր զգացումը այս հարցին նկատմամբ՝ ան սապէս կը պատասխանէ, «Կեանքին մէջ մէկ անգամ ըլլալիք փորձառութիւն մըն էր, որ մեծապէս վայելեցի։»
Անշուշտ կը վայելէ եզակի այդ Ճամբորդութեան ընծայած բարիքները։ Այսպէս՝ ան չենթարկուիր ներս մտնելու հրմշտուկին, ճամբորդական պայուսակը տեղաւորելու տանջանքին, ոտքերը երկարելու անկարողութեան եւ վերջապէս բաղնիքը օգտագործելու երկարատեւ սպասումին . . . Իձի՜ւ թէ բախտը մեզի ալ ժպտէր, այսպիսի հանգստաւետ ճամբորդութիւն մը կատարելու!
Հօր մը «Օրինակելի» Արարքը . . .
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի St. Landry Parish քաղաքէն՝ որ ունի 83,000 բնակչութիւն, որոնց 56 տոկոսը ճերմակամորթ եւ 42 տոկոսը սեւամորթ ամերիկացիներ են։
Մարտ ամսուան ընթացքին, հրկիզուեցան սեւամորթ ամերիկացիներու պատկանող երեք եկեղեցիներ (տես անոնցմէ մէկուն նկարը), որոնք աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն մը ունին իրենց ետին։ Իսկ հրձիգը՝ (տես նկարը), 21 տարեկան երիտասարդ մըն է Հոլտըն Մէթհիւզ անունով, որ Vodka Vultures նուագախումբին գլխաւոր երգիչն է։
Հետաքրքրական է գիտնալ որ Հոլտըն՝ նախ քան հրկիզումի իր արարքին, որեւէ քրէական յանցանք չէ գործած։ Սակայն ան կը պատկանի «black metal» անունով ճանչցուած երաժշտութեան՝ որ զուգորդուած է եկեղեցիներու հրկիզումով, աշխարհի տարածքին։
Հոլտըն՝ եթէ դատապարտուի, կրնայ 15 տարուան բանտարկութեան ենթարկոուիլ, իւրաքանչիւր հրկիզումին համար։ Իսկ ճակատագրի հեգնանքը այն է որ Հոլտըն ոստիկանի մը զաւակն է . . . Բայց ամերիկայի մէջ՝ կարեւոր չէ թէ որուն զաւակն ես, եթէ յանցանք գործես՝ պիտի դատապարտուիս եւ վերջ։
Երբ Հոլտընի հայրը՝ Ռօյ Մէթհիւզ, կ’իմանայ զաւկին ամբաստանուիլը, իր զաւակը անձամբ կ՛առաջնորդէ ոստիկանատուն եւ զինք կը յանձնէ պատկան մարմիններուն։ Հաւանաբար ուրիշ ազդեցիկ հայրեր պիտի ուզէին պաշտպանել իրենց զաւակները, սակայն ոչ ոստիկան Մէթհիւզ՝ որ տեղեակ ըլլալով օրէնքի տրամադրութեանց, ըրաւ ինչ որ կ՛ակնկալուէր իրմէ։
Ահաւասիկ ուղղամիտ հօր մը «օրինակելի» արարքը, որ բարձր կը դասէ օրէնքն ու զաւակը կը յանձնէ արդարութեան ճիրաններուն։ Ի՜ձիւ թէ ուրիշ հայրեր ալ դաս առնեն ոստիկան Մէթհիւզի օրինակէն եւ հետեւին իրեն առաքելութեան . . .