Ցեղասպաութիւն 100 + 4
Սիրիանի Համաշխարհային Միութեան Կուսակցութեան եւ ՌԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ՝ Ժտէյտիի Քաղաքապետարանի Հանդիսասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ «Արարատ Լեռէն եւ Միջագետքէն Մինչեւ Լեռնալիբանան Մէկ Սուր» խորագիրը կրող յիշատակի ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան 104-ամեակին։ Ցեղասպանութիւն, որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, եւ անոր զոհ գացին հայ ու սիրիանի ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ լեռնալիբանանի քրիստոնեաները։
Ձեռնարկը նուիրուած էր նաեւ երկու եպիսկոպոսի՝ Հալէպի մէջ ասորի ուղղափառ եպիսկոպոս Եուհաննա Իպրահիմի եւ Հալէպի ու Ալեքսանտրեթի յոյն ուղղափառ առաջնորդ Պուլոս ալ-Եազիճիի առեւանգման 6-ամեակին ։
Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի ընկերային Հարցերու նախարար Ռիչըրտ Գույումճեան, ՌԱԿի Պետական նախկին երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան, Սիրիանի մարոնի միութեան նախագահ Ամին Իսքանտար, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքս Քէօշկէրեան, ինչպէս նաեւ պետական եւ կուսակցական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ եւ հանրութեան հոծ բազմութիւն մը։
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Սեւակ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց,- «Արարատ Լեռէն եւ Միջագետքէն Մինչեւ Լեռնալիբանան մէկ սուրը` Թուրքիոյ ոճրագործութեան սուրն է»։ Ան խօսքը շարունակեց ըսելով,-«Այսօր հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մարդկային ցաւալի յիշատակ մը, որ հակառակ իր ցաւալի ըլլալուն՝ չկրցաւ մեզ կոտրել կամ ոչնչացնել։ Կ’ոգեկոչենք յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան ու Սէյֆօ-ի ջարդերուն, որուն դէմ Սիրիանիներ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները իրենց արիւնը զոհեցին՝ իրենց գոյութիւնն ու հողը Թուրքիոյ վայրագութիւններէն պաշտպանելու համար։ Պատահական չէ, որ մէկ է մեր ճակատագիրը, մէկ է մեր բռնագաղթը, մեր գոյատեւելու վճռականութիւնն ու մահուան մերժումը, եւ այսօր մենք միասնաբար ոտքի կը կանգնինք այդ ճակատագրին դէմ»։
Ս. Յակոբեան նկատել տուաւ, որ «հայերու եւ սիրիանիներու ցեղասպանութեան ենթարկուիլը որեւէ կապ չունի շրջանի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն ըլլալուն հետ եւ մենք երբեք Ցեղասպանութիւնը չենք դիտարկած կրօնական տեսանկիւնէն, որովհետեւ անիկա կրօնի հետ կապ չունի եւ բնաւ չի ներկայացներ իսլամական կրօնը։ Մենք կը համարենք, որ թուրքերը կրօնը շահագործեցին Իսլամական խալիֆայութեան հասնելու համար»։ Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով,- «Հայերն ու ասորիները երկու ժողովուրդ են, որոնք վճռած են ապրիլ՝ շեշտը դնելով հայերու եւ արաբներու միջեւ եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն վրայ»։
Սիրիանի Համաշխարհային Միութեան Կուսակցութեան նախագահ Իպրահիմ Մրատ իր կարգին մերժեց Սիրիանիներու ջարդը կապել իսլամ-քրիստոնեայ հակամարտութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական աշխարհին ջարդի ենթարկուած երկու ժողովուրդները սիրով հիւրընկալելուն համար: Իր խօսքին մէջ ան յիշեց Մաքքայի թագաւորին ատենին հրապարակած յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կոչ կ՛ուղղէր արաբ ցեղապետերուն օգնութեան ձեռք մեկնել ցեղասպանութենէ մազապուրծ եղած ժողովուրդներուն:
Իպրահիմ Մրատ սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն նշելով շեշտեց, որ ճակատագրակից ժողովուրդները այսօր եւս հոն կը մղեն գոյամարտ միեւնոյն թուրքին կողմէ ֆինանսաւորուող ծայրայեղականներուն դէմ:
Սիրիանի մարոնի միութեան նախագահ Ամին Իքսանտար, իր հերթին, շեշտեց,- «Այն սովը, զոր բռնատէր օսմանցին պարտադրեց լեռնալիբանանի մէջ, նպատակ ունէր շրջափակելու քրիստոնեաները եւ խզելու անոնց կապը արտաքին աշխարհին հետ, մեկուսացնելու, ոչնչացնելու զիրենք եւ փոխելու աշխարհագրական ու ժողովրդագրական իրականութիւնը եւ Լիբանանի մարոնիներուն պարտադրել՝ այլ (ոչ ասորական) ինքնութիւն»։ Վերջինս պահանջեց, որ ասորական լեզուն Լիբանանի մէջ դառնայ ազգային լեզու՝ կառչելու համար նախնիներու հողին եւ մոռացութեան չմատնելու համար այս ողբերգութիւնը, որուն զոհ գացին մօտ 220 լիբանանցի»։
Ան յաւելեց,- «Ջարդը տեղի ունեցաւ նոյն ժամանակ, երբ տեղի ունեցաւ հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը, սակայն՝ այլ ձեւով, որովհետեւ Լեռնալիբանանը մօտ է արտաքին աշխարհին, հետեւաբար օսմանցին վախցաւ սուր գործածելէն, գործածեց սովի մատնելու եւ շրջափակելու միջոցները»: Ան իր խօսքը աւարտեց հարց տալով, ինչո՞ւ համար է երկար տարիներու այս քօղարկումն ու լռութիւնը։
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին մաս կազմեցին ԹՄՄ Երիտասարդական նուագախումբէն՝ Ռաֆֆի Չիլինկիրեան (տուտուկ) եւ Սանտի Լէթթի (ուտ):