Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ՝ ՉՈՐՔ-ՄԱՐԶՊԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ 1909-Ի ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 1909-Ի ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

            ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 1908 թուականի քաղաքա-ընկերային իրադարձութիւնները Օսմանեան կայսրութեան համար ստեղծեցին դժնդակ պայմաններ եւ ճակատագրական մթնոլորտ մը: Մանաւանդ որ, ստեղծուած կացութեան ծանր հետեւանքներն ու բարդ իրավիճակները մարդկային միտքի հակակշիռէն հեռու պահեցին անոնց կործանարար ընթացքը:

            1908-ի Յուլիսէն մինչեւ 1909-ի Յուլիսի աւարտը, ամբողջ տարի մը՝ քաղաքական կեանքի վերիվայրումները խորապէս ցնցեցին օսմանեան-թրքական պետութեան վարչամեքենան, երկիր ու ժողովուրդ համատեղ, յատկապէս Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու բնակչութիւնը: Այս իրավիճակը պատմութեան մէջ ծանօթ է «1909-ի Ատանայի կոտորածը» անունով:

  • 1908 Յուլիս 24-ին Ապտիւլ Համիտ արիւնարբու սուլթանին տապալումը՝ Երիտթուրքերու եւ Օսմանեան բանակի սպայական խաւի գործակցութեամբ: Սպիտակ յեղափոխութիւն: Կը հաստատուի սահմանադրական կառավարութիւն:
  • «Ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն»ը կը մնայ միայն՝ իբրեւ յայտարարուած լոզունգ:
  • 1908-ի Երիտթուրքերու իրագործած Սպիտակ յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, եւրոպական տէրութիւններու համար կը ստեղծուին նպաստաւոր պայմաններ, որուն հետեւանք՝
  • Աւստրօ-Հունգարիան իրեն կը կցէ Պոսնիան եւ Հերցեկովինան:
  • Պուլկարիա կը վերատիրանայ իր անկախ պետականութեան:
  • Կրետէ կղզին կը միանայ Յունաստանին:

 

Հողային այսքան կորուստ բաւարար պատճառներ կ’ըլլան նպաստելու պահպանողականութեան հզօրացումին եւ պետական հարուածով մը սուլթան Ապտիւլ Համիտ կը վերահաստատէ իր բռնապետութիւնը 1909-ի Մարտ 31-ին (նոր տոմարով Ապրիլ 13): Օսմանցի թուրքը կը վերադառնայ իր բնազդային ախորժակներուն: Օսմանեան կայսրութեան ղեկը կը ստանձնեն Ահրար կուսակցութիւնն ու մահմետական մոլեռանդ հոգեւորականութիւնը:

Պոլսոյ մէջ կատարուած քաղաքական այս յեղաշրջման լուրերը կը հասնին գաւառները: 1909 Մարտ 31-ին Ատանայի վալիի գլխաւորութեամբ կը կայանայ նահանգային խորհուրդի նիստ, ուր կ’ընդունուի հայերը ոչնչացնելու որոշում: Ջարդ սկսելու յատուկ գաղտնի գրութիւններ կ’ուղարկուին գաւառները: Շուտով, իշխանութիւնները մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք կը բաժնեն մահմետական բնակչութեան: Բանտերէն կ’արձակեն շուրջ 500 ոճրագործներ (Հմմտ. ՀՍՀ Հանրագիտարան, հատոր 1, էջ 68): Այդ օր Էրզին կը գտնուէր Չորք-Մարզպանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Գարայակոբեան, որ շրջան ընող զրոյցներէն կ’իմանայ հայութեան դէմ նիւթուող դաւադրութեանց մասին: Քաղաքական սուր հոտառութեամբ օժտուած այս գործիչն ու իր պաշտօնակից երեսփոխան Քէօրօղլեան, երբ Էրզինի մէջ կառավարական ժողովի մը ընթացքին կը տեսնեն կառավարիչ Ասաֆ Պէկէն եկած հեռագիրին թողած մտահոգիչ տպաւորութիւնը, իսկոյն կ’ուղղուին Չորք-Մարզպան՝ ընկերակցութեամբ երկու այլ համաքաղաքացիներու:

Աւան կը հասնին Մարտ 31-ի ուշ գիշերին: Առանց սպասելու այգաբացին, երեսփոխանները ժողովի կը հրաւիրեն Չորք-Մարզպանի երէցները եւ կ’առնուին նախազգուշական առաջին քայլերը, կը յայտարարուի ահազանգային վիճակ:

 

Ապրիլ 1, Չորեքշաբթի առաւօտ: Ատանայի մէջ ամբոխը կը խուժէ քաղաքին փողոցները, հրապարակները, թաղամասերը: Կը նկատուին թուրք, թրքացեղ եւ քիւրտ կուտակումներ: Հայ եւ քրիստոնեայ թաղերու մէջ կը սկսի թալանն ու կոտորածը: Հայոց արիւնը կը հոսի Ատանայի փողոցներու մէջ:

 

Ապրիլ 2, Հինգշաբթի օր, կոտորածները նոյն թափով կը շարունակուին տարածուիլ Կիլիկիոյ այլ շրջաններու մէջ: Չորք-Մարզպան, Հաճըն, Սիս, Զէյթուն, Շէյխ Մուրատ, Ֆընտըճագ եւ այլ աւաններ թիրախ կը դառնան թրքացեղ խուժանին անասնային ախորժակներուն:

Չորք-Մարզպանի շրջակայքը գտնուող ագարակներ եւ մշակելի վայրեր կ’ենթարկուին ալան-թալանի եւ կողոպուտի: Կը սպաննուին մշակներ: Այս արիւնալի դէպքերուն լուրերը կը հասցնէ դէպքին ականատես եղող Վահան Չոճուքի տղան՝ Կարապետը: Այս ջարդերուն հրահանգները տրուած էին Էրզինի մութասարրըֆ Ասաֆ պէկի կողմէ, որոնք կը գործադրուէին Կրետէէն եկող ոճրագործներու վոհմակի մը կողմէ: Այս դէպքերուն զոհ կ’երթան 48 հայեր, մեծ մասը օճագլըցիներ, որոնց մէջ՝ զատկուան տնօրհնէքի համար հոն գտնուող Տ. Պօղոս քահանան:

Նոյն օրը, Նաճարլըի մէջ սկիզբ կ’առնեն կողոպուտն ու սպանութիւնները: Գոյժը կը հասնի Չորք-Մարզպան: Իսկոյն Վերի Թաղի Ս. Աստուածածին եւ Վարի Թաղի Ս. Փրկիչ եկեղեցիներուն զանգերը կը ղօղանջեն եւ համայն հայութիւնը տեղեակ կը պահեն օրուան իրադարձութիւններէն: Երեւելի եւ երէց ազգայիններ իրարու մօտ գալով կը կազմեն Քաղաքային խորհուրդն ու Զինեալ գործողութիւններու հրամանատարութիւնը:

Ինքնապաշտպանութեան գաղտնի կոմիտէի հրահանգով պատանդ կը վերցուին «Սերայ»ը (կառավարական շէնք) եւ շուկայի թաղամասին մէջ ապրող թուրք ընտանիքները ու կը պահուին խիստ հսկողութեան տակ:

Հրամանատարութեան հրահանգով կը փակուի Չորք-Մարզպանի շուկան, ինչպէս նաեւ դպրոցը:

Նաճարլը ագարակ գիւղի հայ բնակչութիւնը կը տեղափոխեն Չորք-Մարզպան իբրեւ ապահովական միջոցառում: Նոյնպէս, մինչեւ կէսօր Չորք-Մարզպան կը հասնին Օճագլը եւ Էօզերլի գիւղերու սարսափահար հայ բնակիչներ եւ ապաստան կը գտնեն քաղաքի հիւսիսային, արեւմտեան եւ հարաւային սահմաններու վրայ ապրող ընտանիքներու մօտ:

Նոյն օրը, թուրք խուժանը կը յարձակի Օճագլըի եւ Էօզերլիի եկեղեցիներուն եւ բնակարաններուն վրայ եւ կողոպտելէ ետք կը հրկիզէ զանոնք:

 

            Ապրիլ 3, Ուրբաթ օր լուսաբացին՝ Չորք-Մարզպանի հայութիւնը ոտքի վրայ է: Պատրա՛ստ ինքնապաշտպանութեան: Կը կազմակերպուին քաղաքի մուտքերու, դարպասներու եւ սահմաններու պաշտպանողական ջոկատները, ինչպէս նաեւ թաղային պաշտպանական հրամանատարներն ու սուրհանդակները: Ցերեկային եւ գիշերային պահակախումբեր կը կազմուին պաշտպանելու համար շուկան եւ խանութները, կը ստեղծուի Պատերազմական ատեան մը: Չորք-Մարզպանի վերի եւ վարի թաղերուն մէջ կը հիմնուին պահեստանոցներ: Իսկ տեղւոյն վարպետ ատաղձագործները կաղնիի բունէն կը պատրաստեն 3 թնդանօթ, յարձակող խուժանը ահ ու սարսափի մատնելու համար:

            Նոյն օրը, Ուրբաթ յետմիջօրէին Նաճարլը գիւղի հայ փախստականներու խումբը կը հասնի Չորք-Մարզպան եւ կը դիմաւորուի Միհրան Տէր Մելքոնեանի եւ անոր 30 ձիաւորներուն կողմէ: Արդարեւ, մեծ կ’ըլլայ դերը Մ. Տէր Մելքոնեանի՝ զոր կը կոչէին Միհրանիկ, որ կը հանդիսանայ Չոյք-Մարզպանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական հերոսներէն մէկը, որուն սխրագործութիւնները համազօր եղած են դիւցազնութեան: Մայրամուտէն առաջ, թուրք խուժանը կրկին յարձակում կը գործէ եւ Ասաֆ պէկի կողմէ տրուած «մաուզէր»ներով անխնայ կը կրակէ դէպի պատնէշներու ուղղութեամբ: Հայերը նախ թոյլ կու տան որ թուրքերը մօտենան պատնէշներուն՝ յատկապէս՝ «Ճինլի Մեթերիչ» կոչուած դիրքին, ուրկէ յանկարծօրէն կը գոռան մեր հրազէնները, եւ թուրք խուժանը անակնկալի գալով կը դիմէ նահանջի: Երկուստեք հրացանաձգութիւնը կը տեւէ մինչեւ լուսաբաց:

 

            4 Ապրիլ, Շաբաթ:

            Առաջին օրն է զինեալ բախումներու:

            Միջօրէին՝ խումբ մը թուրք հեծեալներ, լաւապէս զինուած՝ կը յաջողին խորտակել քաղաքի ջրուղիին առաջին թումբը եւ քաղաքին բնակչութիւնը զրկել ջուրի մատակարարումէն: Մերձակայ թուրք Գարաքիլիսէ գիւղին բնակիչներէն կազմուած զինեալ խումբ մը, առաջնորդութեամբ Ինճէ Արապ անուն խուժանապետին, կը յաջողին քանդել Չորք-Մարզպանի ջուր մատակարող թումբերը եւ ջուրին հոսանքը շեղեցնել այլ  ուղղութեամբ:

              Իսկոյն, ջուրի Ակի եւ ջրուղիներու պաշտպան հեծեալներու 15 հոգինոց ջոկատը, գլխաւորութեամբ Միհրան Տէր Մելքոնեանի, զինուած կայծքարէ հրացաններով եւ հին թիւֆէնքներով, վճռական հակահարուած մը կու տայ թշնամի զօրքին, որ փախուստի կը դիմէ ու ռազմադաշտ կը թողու 2 Մարթին եւ 1 Մաուզէր: Այսպիսով՝ քաղաքին ջուրի մատակարարումը կը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին:

            Առաջին իսկ օրէն, Չորք-Մարզպանի հոգեւոր հայրերը՝ մանաւանդ Տէր Խորէն քահանան, Աւարայրի հերոս Ղեւոնդ Երէցի նման, կը մասնակցին ռազմական գործողութիւններուն, խտացնելով իրենց հոգիին մէջ հոգեշունչ յորդոդներ եւ թէ անձնուէր քաջամարտիկներուն կենդանի օրինակ հանդիսացող արարքներով:

 

            5 Ապրիլ, Կիրակի

            Ս. Պատարագ Չորք-Մարզպանի եկեղեցիներուն մէջ:

            Հայութիւնը ոգեշնչուած է քրիստոնէական կրօնքի անձնուրացութեան սկզբունքով: Զանգերը կը ղօղանջեն արթուն պահելու համար հայութիւնը, ի պաշտպանութիւն ծննդավայր հայրենիքի եւ հայ եկեղեցւոյ:

            Անակնկալօրէն, երբ զանգերու ղօղանջը կանգ կ’առնէ, Չայլը գիւղի թուրք խուժանը, իրենց իմամին առաջնորդութեամբ կը խուժէ Չորք-Մարզպանէն ներս, քաղաքիս հիւսիս-արեւմուտքէն: Ճիշդ այս պատեհ առիթին համար կաղնի բունէն պատրաստուած թնդանօթները կ’արձակեն իրենց ռումբերը, ահ ու դողի մատնելով թուրք «Իկէթ»ները, որոնք սարսափահար կը թողուն իրենց զինամթերքը եւ փախուստ կու տան:

            Նոյն օրը, Պոլսոյ մէջ Երիտթուրքեր կը յաջողին վերագրաւել պետութեան ղեկը, եւ Ապտիւլ Համիտը վերջնականապէս վար կ’առնեն գահէն եւ զայն կը բանտարկեն Սելանիկի բանտին մէջ:

 

            6 Ապրիլ, Երկուշաբթի

            Ռազմական գործողութիւնները կը սաստկանան:

            Թուրքերը կ’որոշեն ամէն գնով ծունկի բերել Չորք-Մարզպանի հայութիւնը եւ կը դիմեն ծայրայեղ միջոցներու. Չորք-Մարզպանի մայր գետակը կտրել եւ հաւաքական ծարաւի մատնել ժողովուրդը:

            Փոխադարձ հրացանաձգութիւնն ու թշնամիին նահանջը կը վերածուի յաղթանակի:           

(Շար 2)

Պատրաստեց՝                                

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին