Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՅԱՋՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

ՍԱՅՄԸՆ ՇՈՒՍԹԸՐ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 1. Քարտէսին վրայ պահ մը դիտեցէք ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔԸ։ Եւրոպայի ամէնէն ծաւալուն երկիրն է, 604,000 քառ. քլմ. տարածութեամբ, ու 49,112,000 բնակչութեամբ։ Անկախութեան տիրացած է 1991-ին։

Արեւելեան Եւրոպայի սիրտին վրայ, Սեւ Ծովու վրայ գրաւած կեդրոնական բանալի դիրքերուն հետեւանքով, 2008-էն սկսեալ, խուլ պայքար մը ծայր տուած է Եւրոպական Միութեան,– անշուշտ գործակցաբար ՆԱԹՕի,– ու Ռուսական Դաշնութեան միջեւ։ Ռուսաստան Ուքրանիոյ կը հայթաթէ բնական կազի սպառման 85 առ հարիւրը։ Երկու երկիրներուն միջեւ կայ հասարակաց երկար սահման մը, որու երկայնքին կամ շրջապատին մէջ կը գտնուին մեծ քաղաքներ, ինչպէս՝ Խարքով, Լուհանսք, ՔրոզնիԼուչ, Տոնեցք, Մարիոփոլ, եւ այլն։ Հոն կ՚ապրին ռուսական մշակոյթով սնած խիտ բնակչութիւն։

  1. ԽՐԻՄԻ ԹԵՐԱԿՂԶԻՆ մաս կը կազմէր Օսմանեան Կայսրութեան։ 16-րդ դարէն սկսեալ Մոնկոլները ընդունեցին Օսմանեան տիրապետութիւնը։ 1921-ին Խրիմի մէջ կը հիմնուի թաթարական ինքնավար հանրապետութիւն, որ սակայն կը ջնջուի 1945-ին։ Ուքրանիոյ կը կցուի 1954-ին։ Ուքրանիա անկախութեան տիրանալէ ետք 1991-ին, անոր կազմին մէջ ինքնավար հանրապետութիւն կը դառնայ 1992-ին։

Թերակղզիին տարածութիւնը 10,077 քառ. մղոն է։ Բնակչութեան թիւը 2,352,385 միլիոն է, որուն 60 առ հարիւրը ռուսեր են։

2014 Մարտին, հոն տեղի ունեցած հանրաքուէին, բնակչութեան 96 առ հարիւրը նախընտրեց մաս կազմել Ռուսական Դաշնութեան։

Խրիմը ռազմավարական, տիրապետող դիրք ունի Սեւ Ծովուն վրայ։

Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ նկատի ունենալու է նորընտիր նախագահին ընտրութիւնը։

 

Ս.Յ.Մ.

Ուքրանիոյ ընտրուելիք նախագահի աթոռին համար երեք թեկնածուներ կան (ընդհանուր 39-էն հիմնական 3 թեկնածուներ կային – Ն.Օ.). Փեթրօ Փորոշենքօ, Եուլիա Թիմոշենքօ ու Վլատիմիր Զելենսքի։

Ընտրութեան առաջին հանգրուանը Մարտ 31-ն էր։ Երկրորդը՝ Ապրիլ 21-ին (Զելենսքի Կիրակի օր շահեցաւ ձայներուն …………տոկոսը եւ դարձաւ երկրին նախագահ – Ն.Օ.)։ Վերոյիշեալներէն ամէնէն ժողովրդական դէմքը Զելենքսին է, Ուքրանիոյ թիւ մէկ կատակերգակը։ Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը ճանչնայ զինք, հեռատեսիլի վրայ մարմնաւորած «Ժողովուրդի ծառան» նախագահի դերով իր տիպարէն։ Այս վերջինը ուսուցիչ մըն է, որ դիպուածով նախագահ կ՚ընտրուի, դառնալով միակ պարկեշտ առաջնորդը փտած հասարակարգի մը, ուր կը վխտան խարդախ պաշտօնատարներ։

Հակադրուելով միւս երկու թեկնածուներուն, Զելենսքին քաղաքական գետնի վրայ նորելուկ մըն է։ Անիկա կու գայ ճարտարարուեստի քաղաքէ մը (Քրիվիի Ռիհ), զոր որակած է «գողերու քաղաք»։ Թաղի մանկութեան իր ընկերներով 1990-ին կազմած է կատակերգակ խումբ մը՝ «Kvartal 95»-ը, որ զարգանալով շուտով, մայրաքաղաք Քիեւի մէջ հիմած է երկրին մեծագոյն սթիւտիոն։

Բեմադրութեանց նիւթին մեծ մասը ընտրարշաւը կ՚ընդգրկէ, իր դէմ եղած քննադատութիւնները ջրելով, ապա ինքզինք ներկայացնելով խոնարհութեան ու զօրութեան խորհրդանիշ։ «Ժողովուրդի ծառան» իր ներկայացումներուն մէջ, նախագահ Աբրահամ Լինքըլնի ու Յուլիոս Կեսարի հետ կ՚ունենայ խօսուն տեսիլքներ, որոնք կաթուածահար կը դարձնեն իր հակառակորդները։ «Օրինական գետնի վրայ սակայն, յիշեալ ներկայացումները որպէս ընտրապայքար չեն նկատուիր», ըստ  Զելենսքիի ընտրարշաւի պատասխանատուին։

Զելենսքիի գլխաւոր խոցելի կէտը անոր կապն է «օլիկարգ» Իպոր Քոլոմոյսքիի հետ, որուն հեռատեսելի կայանը կը սփռէ Զելենսքիի ներկայացումներուն մեծ մասը։ Քոլոմոյսքին ապաստանած է Իսրայէլ, ուրկէ կը վարէ իր գործերը։ Այս վերջինը հետապնդումի ու ձերբակալման ենթակայ է թէ՛ Ուքրանիոյ եւ թէ՛ Ռուսաստանի մէջ։

Շաքարեղէնի արտադրութեան ջոջ Փորոշենքոն, «Մայտան» հրապարակի յեղափոխութենէն իվեր, հինգ տարուան շրջանը աւարտած նախագահն է։ Անոր քիեւեան իշխանութիւնը փտածութեան մէջ կը լողայ։ Ատուած է ժողովուրդէն։ Իր դրացի Ռուսաստանի կողմէ արշաւանքի վտանգին ենթարկուած է։ Այդ պատճառով ալ, Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպան միջամտած են իրենց բազմապիսի օգնութեամբ։ Բախումներու պայքարը եթէ տակաւ երկարաձգուի, օտար դրամագլուխներով իշխանավարութիւնը կորսուած նպատակ կը դառնայ, Ռուսաստանի ճանկէն փրկուելու համար։

Երկրին արեւելեան սահմաններու երկայնքին հակամարտութիւնը Ռուսիոյ հետ խլած է արդէն շուրջ 13,000 կեանքեր։ Աւելի քան մէկ միլիոն ուքրանացիներ խոյս տուած են ճակատամարտի վայրերէն։ Մ. Նահանգներ եւ իր դաշնակիցները զինամթերք եւ այլ օգնութիւններ ուղարկած են պաշտպանելու համար երկիրը, միաժամանակ տնտեսական պատժամիջոցներ գործադրելով Ռուսաստանի դէմ, յիշեցնելով պաղ պատերազմի շրջանը։

Ուքրանիոյ ամէնէն ազդեցիկ տիկնոջ՝ Թիմոշենքոյի համար, նախագահական աթոռը ապահովելը, պահ մը, դիւրին յաղթանակ մը կը նկատուէր։ Անիկա անցեալ տարի կը գլխաւորէր բոլոր նախատեսութիւնները, երբ նախագահական ա՛յլ թեկնածու գոյութիւն չունէր, նկատի ունենալով անոր անմրցելի կարողութիւնները։ Այս երկաթեայ տիկինը երկու շրջան վարեց վարչապետի պաշտօնը, եւ երկու ժողովրդային ապստամբութիւններու ընթացքին, ժողովորդը կը ցուցադրէր անոր դիմանկարը իբրեւ հմայեակ (talisman)։ Քիեւի իր գրասենեակը ողողուած է լուսանկարներով, որոնք կը ցուցաբերեն նարնջագոյն յեղափոխութեան յաղթանակը 2004-ին։ Անոր գրասեղանին վրայ կը գտնուի նաեւ նախագահ Թրամփի հետ լուսանկար մը, այս վերջնոյն պաշտօնավարութեան առիթով առնուած։

Անիկա չ՚այպաներ ոեւէ մէկը Զելենսքիին թիկունք կանգնելուն համար։ Ժողովուրդը այնքան դժգոհ է վարչակարգէն, ու կը փնտռէ նոր միջոցառում մը։ Եւ երբ որ փրկարար մը չգտնէ, Զելենսքիին վերելքը յուսահատական բողոքի հետեւանք է։

2014-էն ասդին երկրին տնտեսութիւնը գրեթէ յիսուն առ հարիւր անկում կրած է։ Դրամանիշը 70 առ հարիւր արժէքազրկուած է։ Ժողովուրդին 91 առ հարիւրը անվստահութիւն ունի կառավարութեան հանդէպ։

Նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը (2010-14) կը մեղադրուի պետական գանձէն նուազագոյն 37 միլիար տոլար արտասահման փոխադրած ըլլալուն համար։ 2014-ին, երբ անիկա նախընտրեց Ռուսաստանի հետ դաշնակցիլ՝ փոխանակ Եւրոպական Միութեան միանալու, յեղափոխութիւն ծագեցաւ։ Իշխանութեան վերջին օրերուն, երբ ոստիկանութիւնը կրակ բացաւ ցուցարարներուն վրայ, անիկա ապաստանեցաւ Ռուսաստան։ Քիեւի մէջ անոր կառուցած փարթամ պալատը, ներկայիս «փտածութեան» խորհրդանիշի վերածուած է ժողովուրդին կողմէ։

2011-ին, 7 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Եուլիա Թիմոշենքոն, 2014-ին ազատ արձակուած էր, բայց ժողովուրդին վստահութիւնը չվերականգնուեցաւ իրեն հանդէպ։ Հարստութիւնը որ անիկա դիզած էր 1990-էն սկսեալ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս, ու միաժամանակ 2009-ին, իբրեւ վարչապետ Փութինի հետ երկրին համար կազի աննպաստ համաձայնագիր մը կնքած ըլլալով, ժողովուրդին կողմէ oligarcհ մը ու դաւաճան նկատուած էր։ Յունուար 2014-ի յեղափոխութենէն ետք, Թիմոշէնքօ շահեցաւ քուէներուն 13 առ հարիւրը միայն։ Ժողովուրդին իրեն հանդէպ այս ժխտական կեցուածքին պատճառը կը նկատէ Փօլ Մենաֆորթը, որ իբրեւ քաղաքական խորհրդատու 10 տարիէն աւելի կը գործակցէր նախագահ Եանուքովիչին եւ անոր դաշնակիցներուն հետ կաշառքի փոխարէն, երբ 2016-ին պատասխանատու նշանակուեցաւ Թրամփի ընտրական քարոզարշաւին։ Սակայն, ի վերջոյ, Ուաշինկթընի մէջ, դատարանը բանտարկութեան ենթարկեց զինք, ապօրինի կերպով Եանուքովիչի կառավարութեան օժանդակելուն համար։

 

***

Մօտաւոր գաղափար մը կազմեցինք Ուքրանիոյ նախագահական ընտրութեանց մասնակցող գլխաւոր թեկնածուներու մասին։ Երեքն ալ Արեւմուտքի ենթադրեալ թեկնածուներ են, բայց որոնք նիւթական, տնտեսական ու զինուորական լայն օժանդակութիւններ ստացած ըլլալով հանդերձ, յուսախաբ ըրած են Մ. Նահանգները, ՆԱԹՕ-ն եւ Եւրոպական Միութիւնը, ընտրարշաւի ընթացքին իրենց կատարած երկդիմի կամ տարօրինակ յայտարարութիւններով։

Որովհետեւ նախագահական երեք թեկնածուներն ալ հաւանաբար նկատի ունին հիւսիս-արեւմտեան իրենց դրացիին՝ Ռուսական Դաշնութեան ազդեցութեան լայն գօտիին կեսնական, անտեղիտալի պարտաւորութիւնը, ինչպէս որ ցուցադրուեցաւ անցնող 15 տարիներու ընթացքին։

Ուքրանիոյ նախագահական երեք թեկնածուներն ալ թերեւս նկատի ունին նաեւ այս յօդուածին մուտքի նախաբանին մէջ մատնանշուած իրողութիւնները։

Ազատ թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Time» շաբաթաթերթ, 8 Ապրիլ 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին