Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջ եկեղեցական Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին (լուսանկարներ)

Ցեղասպանութիւն 100 + 4

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սեն Ժոզէֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք` մասնակցութեամբ Լիբանանի համայնքապետերուն:

Տէրունական աղօթքով սկսած ոգեկոչման ձեռնարկին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար լիբանանահայ եւ Լիբանանի համայնքապետերը կամ անոնց ներկայացուցիչները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր, որ այդ ցնցիչ արհաւիրքին կողքին ապրելու կամք տուաւ մեր մայրերուն եւ հայրերուն, որոնց գոյատեւելու վճռականութեան շնորհիւ յարութիւն առաւ ազգ մը, որուն զաւակները Հայոց ցեղասպանութենէն 104 տարի ետք տակաւին կը յիշեն ու կը պահանջեն:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն անունով արաբերէնով խօսք առաւ Վանա-Բալիկ Չաքմաքճեան, որ ըսաւ, թէ 24 ապրիլ 1915-ը հայոց պատմութեան մէջ ճակատագրական եւ վճռորոշ թուական մըն է, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը քալեց դէպի նահատակութեան գողգոթայ, համտեսեց ամէն տեսակ անարդարութեան, չարչարանքի եւ արհաւիրքի դառն բաժակէն, դիմագրաւեց ստոյգ մահը, մինչ աշխարհի պետութիւններ իրենց իշխանութեան սահմանները ընդարձակելով զբաղած էին: Ան հաստատեց, որ ահա 104 տարի ետք հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն տակաւին կենդանի է, այլեւ կը շարունակէ կառչած մնալ իր արդար դատին` պահանջելով ճշգրիտ լուծում, իրաւունքներու վերատիրացում:

Ապա հայերէնով երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան խօսքը ուղղեց Տիգրան Միհրանեան, որ նկատել տուաւ, թէ 24 ապրիլը ուխտի եւ յանձնառութեան վերանորոգման եւ ճանաչման ու հատուցման պայքարին մէջ անշեղ եւ հաստատուն մնալու պատասխանատուութեան վերահաստատման օր է: Ան դիտել տուաւ, որ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր ըլլալու իր հանգամանքով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժամանցելիութեան վարկածի եւ քաղաքական ոտնձգութիւններու ենթակայ չէ, այլ պէտք է դատավճիռ արձակուի ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Թէքէեան» երիտասարդական նուագախումբի (The Youth Band) անդամները` Համբիկ Մարտիրոսեան (դաշնակ) եւ Մարիան Արթինեան ջութակ, Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական եւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբերը, որոնց դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան, եւ Յովիկ Քարախանեան (ջութակ): Գեղարուեստական յայտագրի բոլոր մասնակիցներն ալ շատ տպաւորիչ, յուզիչ եւ ազդեցիկ պահեր շնորհեցին ներկաներուն:

Աւարտին իր պատգամը յղեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ այս աղօթքը նկատեց ժամադրութիւն մը մեր ու մեր սուրբ նահատակներուն միջեւ` դիտել տալով, որ եկեղեցին մեր նահատակներու ոգեղէն ներկայութեամբ հայացած է եւ մեզ կապած մեր անցեալին, ներկային եւ ապագային: Ըստ անոր, երիտասարդական այս հաւաքը կը վստահեցնէ բոլորին, որ այնքան ատեն որ մենք պահանջատէր ու գիտակից երիտասարդութիւն ունինք, մեր նահատակները իրենց սրբազան կայքէն պիտի օրհնեն մեզ, եւ մեր պահանջատիրութիւնը նահանջ չի կրնար արձանագրել: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ թէեւ ապրիլ 24-ը տարին մէկ անգամ կու գայ իբրեւ թուական, սակայն անիկա իբրեւ խորհուրդ ու պատգամ կ՛ընդգրկէ մեր ամբողջ պատմութիւնը: Անդրադառնալով հաւաքին ընթացքին Ս. Յովհաննու աւետարանի այն հատուածին, ուր Յիսուս կ՛ըսէր, թէ Ինք է ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը` Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Այդ հաստատումը փոխ առնելով եւ հայկականացնելով, մենք մեր սուրբ նահատակներու 104-րդ տարելիցի խորհուրդին դիմաց կ՛ըսենք` մեզի համար Քրիստոսով ապրած ու նահատակուած մեր սուրբ հայրերը եւ մայրերը մեր ճանապարհն են, մեր ճշմարտութիւնն են եւ մեր կեանքն են»:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը մատնանշեց, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ստացաւ նոր իմաստ` նահատակներու սրբադասումով, որովհետեւ այդպիսով սրբադասումն ու պահանջատիրութիւնը իրարու ագուցուեցան ու մեզի տուին առաւել ուժականութիւն, առաւել վստահութիւն` յայտարարելու, թէ ինչպէս իրենց հաւատքի ու հայրենիքի համար նահատակուեցան, մենք ալ կ՛ապրինք, կը պայքարինք, կը գոյատեւենք անոնց համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին