Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Բի՜ւր յարգանք Ապրիլեան նահատակներուն յիշատակին Ծիծեռնակաբերդէն Մոնթէպելլօ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր (լուսանկարներ)

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ապրիլի 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռի միաբաններու ուղեկցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի ու պաշտօնատար դէմքերու, կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

. Չորեքշաբթի օր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ մասնակցած է Պատարագի սրբազան արարողութեան: Այս առիթով հաւատացեալներու խոնարհումի համար դուրս հանուած է Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակաց մասունքարանը:

. Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր քաղաքներու մէջ, Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցան երթեր, հաւաքներ եւ ժողովուրդը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց ու ծաղիկներ զետեղեց Ցեղասպանութեան յուշարձաններու առջեւ։ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն ճամբայ ելած է աւանդական դարձած ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։

. Հայ աշխարհի ամենատարբեր հայաշատ քաղաքներու մէջ սփիւռքահայութիւնը ամէն տեղ երթերով, խաղաղ ցոյցերով, հաւաքներով եւ հանդիսութիւններով յիշեց մէկուկէս միլիոնը։ Յատկանշական միջոցառումներ տեղի ունեցան Պէյրութի, Իսթանպուլի, Փարիզի, Նիւ Եորքի, Պուէնոս Այրէսի եւ աշխարհի հայաշատ այլ քաղաքներու մէջ։

Միջոցառումներ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ

 

Մոնթէպելլօ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին, հայ համայնքի հոգեւոր եւ քաղաքական-հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին։ Ապա, տեղի ունեցաւ կրօնական արարողութիւն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին։

Յուշարձանին շրջափակէն ներս ցուցադրուեցան Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու աշակերտներու կողմէ պատրաստուած Ցեղասպանութեան թեմայով արուեստի գործեր։ Տեղի ունեցաւ դրօշակներու արարողութիւն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ։

. Շաբաթ, Ապրիլ 20-ին, Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան տանող ճամբուն վրայ տեղադրուած ցուցանակը վնասուած եւ կոտրտուած է անյայտ մարդոց կողմէ։ 

Լոս Անճելըս

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը, որ կը հանդիսանայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին մէջ գործող 21 կրօնական, քաղաքական, երիտասարդական, բարեսիրական, մարզական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու համախմբումը, Ապրիլ 24-ին, ժամը 1։00-ին կազմակերպեց Արդարութեան քայլարշաւը դէպի Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարան (Ուիլշըր փողոց), որուն մասնակցեցան օտար եւ հայկական 50 կազմակերպութիւններ։ Ինչպէս ամէն տարի, ներկայ էին հազարաւոր հայորդիներ, հաւաքուած՝ իրենց բողոքի արդար ձայնը բարձրացնելու, պահանջատէրի ամուր կեցուածքով։

Քայլերգները կատարեցին հայկական վարժարաններու աշակերտներ։ Եղան բազմաթիւ ելոյթներ, որոնց շարքին քոնկրէսմէն Ատամ Շիֆ, քոնկրէսմէն Պրէտ Շըրմըն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Քորէց, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Հազարաւոր հայորդիներ հետեւեցան նաեւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիրին։

. Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը այս տարի նոյնպէս Ապրիլ ամիսը հռչակեց «Հայոց պատմութեան ամիս» եւ պատուեց Պերճ Կարապետեանը, Ապրիլ 16-ին տեղի ունեցած նիստին ընթացքին։ Կարապետեան ծանօթ է որպէս Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր յանձնախումբի ատենապետ, զանազան այլ յանձնառութիւններու կողքին։

. Լոս Անճելըսի միացեալ դպրոցական միաւորը (LAUSD), որ ԱՄՆ-ի երկրորդ մեծագոյն հանրակրթական դպրոցական համակարգն է, մտադիր է, որ Ապրիլ 24-ը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր եւ այդ օր փակէ Լոս Անճելըսի հանրային դպրոցները 2021-2022 կրթական տարեշրջանէն սկսեալ։ 

Պրպենք

Այս տարի, հայ յարանուանութեանց առաջնորդներու խորհուրդին նախաձեռնութեամբ (Հայց. Առաքելական Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներ) կատարեցին Բարեխօսական կարգ՝ նուիրուած Սրբոց նահատակաց, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ։

Բարեխօսական կարգը կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ Բարձր. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Բարձր. Տէր Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի։

. Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ, մասնակցութեամբ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Ապրիլ 20-ին ներկայ գտնուած է Պրպենքի Քաղաքային խորհուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան։ Մասնակցած են նաեւ քաղաքապետ Էմըլի Կէյպըլ Լատին, քաղաքապետութեան անդամներ, սենաթոր Էնթընի Փորթանթինօ, Քալիֆորնիոյ  խորհուրդի անդամ Լորա Ֆրիտման եւ ուրիշներ։ Նոյն օրը երեկոյեան, մոմավառութիւն տեղի ունեցած է Պրպենքի քաղաքապետարանին առջեւ։

Հոլիվուտ

Միացեալ հայ երիտասարդներ կազմակերպութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած քայլարշաւն ու հաւաքը Հոլիվուտի մէջ այս տարի նոյնպէս մարդաշատ էր Ապրիլ 24-ի կէսօրին։ Եղան զանազան ելոյթներ, հնչեց երգ եւ երաժշտութիւն։ Բոլոր խօսքերը ուղղուած էին Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն, որպէսզի ընդունին 104-ամեայ Ցեղասպանութիւնը եւ կատարեն հատուցում։

 

Կլենտէյլ

Հայահոծ եւ հայաշունչ Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան «Ալեքս» թատերասրահին մէջ Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման հանդիսաւոր միջոցառում մը տեղի ունեցաւ։ Գլխաւոր խօսքը փոխանցեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան։ Ելոյթ ունեցան նաեւ քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Քաղաքային խորհուրդի ներկայացուցիչներ. հրամցուեցաւ գեղարուեստական որակեալ յայտագիր։

 

Աշխարհը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին 

. ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ. «Մենք հայ ժողովուրդին կողքին ենք» (ամբողջական ելոյթը տեսնել էջ 5)։

. Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ժոզէֆ Տոլ. «Յիշելը պարտադիր է անցեալի սխալները չկրկնելու համար»։

. Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսի. «1915 թուականին տեղի ունեցածը 20-րդ դարու մեծագոյն վայրագութիւններէն է»։

. Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մոռացութեան մատնուի»։

. Փարիզի քաղաքապետարանը նշած է Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յատուկ միջոցառումով մը, մասնակցութեամբ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի։

. Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու եւ Ազգային Ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն հայկական «Նուվել տ՚Արմէնի» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապին լաւագոյն լուծումը կը նկատէ Արցախը Հայաստանին միացնելը։

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, Լը Փեն ըսած է, թէ Թուրքիա պէտք է աւելի լուրջ մօտեցում ցոյց տայ իր պատմութեան այս սարսափազդու էջին նկատմամբ, կը փոխանցէ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը։

. Թուրք ոստիկանները արգիլած են Սուլթանահմէթ հրապարակին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի միջոցառում կայացնել։

. Իսրայէլի խորհրդարանի անդամ, «Եէշ աթիտ» կուսակցութեան նախագահ Եայիր Լափիտը կոչ ըրած է երկրի ղեկավարութեան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

. Իսրայէլցի լրագրող Եոսի Մելման գրած է “Foreign Policy” հանդէսին մէջ՝ «Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է արդարութիւնը գերադասէ քաղաքական նպատակայարմարութենէն եւ յանցանքը կոչէ իր անունով»։

. Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի Քոլորատօ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը Ապրիլ 24-ին ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։

Կ՚արձագանգեն հայ քաղաքական դէմքերը 

 

. Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը դուռ բացեց մարդկութեան դէմ յետագայ ծանր յանցագործութիւնների առջեւ»

. Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Մոռանալով նրանց (զոհերուն) յիշատակը, մոռանալով նրանց մշակութային ժառանգութիւնը՝ մենք կը դաւաճանենք մեր էութեանը… Ուստի մենք հետեւողական ենք լինելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործում»։ «Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կարևոր է ապագայում հնարաւոր ցեղասպանութիւնների կանխարգելման համար»։

. Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան. «Միասնութիւնն է մեզ դարձնում աւելի ուժեղ ու հաստատակամ»։

. Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան. «Անցեալի սարսափելի յանցագործութիւնները լռութեան մատնելը յանցակցութիւն է»։

. Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան. «Կ՚անիծեմ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործները»։

. ՀՀ Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեան. «Սահմանները պէտք է առանց նախապայմանների բացել»։

. ՀՀ Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար կարեւորում եմ բոլոր հարթակներում աշխատանքների իրականացումը»։

. Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան. «Հայոց Ցեղասպանութիւնից քաղած ամենակարեւոր դասը պէտք է լինի յոյսն ինքներս մեզ վրայ դնելը»։

Էրտողանի հերթական սուտը… 

Այս տարի նոյնպէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողան աշխարհին ցոյց տուաւ թրքական պատմագիտական-դիւանագիտական սուտը եւ հերքեց հայոց դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնը։ Իբրեւ թէ հայերն են որ կոտորած են մահմետական կիներ եւ երեխաներ եւ այդ պայմաններուն տակ «հայ հրոսակներն ու անոնց աջակիցները աքսորելը ամենատրամաբանական վարքագիծը եղած է»։

Իսկ Ֆրանսայի հայանպաստ դիրքորոշումին ի պատասխան ան ըսած է. «Բոլոր անոնք, որոնք հայկական հարցին գծով կը փորձեն մեզի մարդու իրաւունքներու մասին դաս տալ, ամէն անգամ ստիպուած ենք յիշեցնելու անոնց արիւնոտ անցեալը»։

Թուրքիա կը շարունակէ ժխտել պատմական անհերքելի փաստերը, ուրանալով սեփական անցեալը։ Ան կը շարունակէ նոր սերունդներուն մէջ թշնամանք ներարկել հայոց նկատմամբ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին