Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

100 + 4-էն Ետք Խարխափո՞ւմ Կ՛ապրինք, թէ՝ Երկունք

«ԶԱՐԹՕՆՔ» Ապրիլեան Բացառիկ – 2019: Հայ ժողովուրդի պատմութեան ծանրագոյն էջերէն արդէն անցած է 100 առաւել չորս տարի, որուն ընթացքին Հայ ժողովուրդը, ինչպէս Սփիւռքի մէջ, նաեւ՝ Հայրենիքի, ապրած է վերելքի,  նաեւ ոչ այնքան փայլուն օրեր:

Այսօր մեր տպաւորութիւնը այն է, որ կ՛ապրինք կորսուած անձի մը իրավիճակին մէջ: Կը թուինք ըլլալ օդին մէջ: Շարժման մէջ ենք, երբեմն՝ անիմաստ: Գործի վրայ ենք, յաճախ՝ անպտուղ: «Չապա»ի մը մէջ կարծէք: Երբեմն ալ «Ճամբան կ՛երթայ, Կոյրը կ՛երթայ» ոչ հայկական ասացուածքին հետ համահունչ: Մեր գացած ճամբէն վստահ չենք: Իւրաքանչիւրս կը փորձէ բան մը ընել, երբեմն բան մը ընելու սիրոյն, մերթ ալ կարծելով, որ անպայման բան մը պէտք է ընենք:

Հոս արդար կ՛ըլլայ նշել, թէ աշխարհն ալ երեւի նոյնանման իրավիճակի մը մէջ է, երբ նայինք մեր չորս կողմը: Ամենեւին վստահ չենք, որ անոր ընթացքը ճիշդ է: Հզօր պետութիւններ կը ղեկավարուին ոչ անպայման հաւասարակշիռ մարդոցմով մինչ ժողովուրդներ կը  կարծեն, որ ընկերային համացանցին կը տիրապետեն՝ իսկ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է: 

Վերադարնանք հայկական իրավիճակին: Մենք, Սփիւռքի մէջ, ըլլայ ղեկավարութեան մակարդակով կամ ընդհանրապէս հայկականութեամբ ապրող ժողովուրդի, գիտե՞նք ինչ կ՝ընենք, թէ՝ ընդհանրապէս չենք գիտեր: Գիտե՞նք մեր ուզածը ինչ է, թէ՝ չենք գիտեր մեր ուզածը:

Ամէն մակարդակի վրայ կ՛ընենք մեր անձին, մեր ապրած երկրին, թէ՛ մեր հայրենիքին ապագային վերաբերող ընտրութիւններ: Այդ ընտրութիւններուն մեր մտքո՞վ  կը մօտենանք, թէ՝ զգացումով: Հարց է:

Անորոշութեան մը մէջ ենք ամէն մակարդակի վրայ: Անգամ մը չորս կողմ նայեցէք: Ուսումնասիրեցէք Սփիւռքի մեր աւանդական կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն անոնց հովանաւորած հաստատութիւններուն, դպրոցներուն եւ այլնի իրավիճակը: Խարխափում մը կայ ամենուրէք: Յայտնի չէ, եթէ տեղքայլ է, թէ՝ ընդհանրապէս քայլ ալ չկայ:

Արդէն շուրջ 30 տարեկան անկախ հայրենիք ունինք: Համեմատենք զայն նոյնքան տարիներէ անկախացած այլ երկիրներու հետ: Պատկերը նորմա՞լ է: Բնական երեւո՞յթ է, որ այդ ընթացքին ունեցած ենք երեք նախկին նախագահներ, որոնց պաշտօնավարութեան աւարտը գիտենք ինչպէս եղաւ: Ա՞յս ալ բնական է, թէ ինչ որ բան սխալ է…: Հապա այսօրուայ իրավիճակը հո՞ն… մեծ-մեծ յոյսերը… արդէն իսկ ապրուող կամ գալիք յուսախաբութի՞ւնը…:

Եթէ կ՛ուզենք անպայման լաւատես ըլլալ՝ կրնանք ըսել, «չէ՛, կարեւորը շարժումն է եւ այդ մէկը մենք արդէն կ՝ընենք»: Սակայն եկէք պահ մը ընդունինք, որ այս ընթացքով յստակ ուղղութիւններ չեն երեւիր: «Գործ թող ըլլայ»ի իրավիճակ է կարծէք: Բայց ի՞նչ գործ: Յումպէտս ճիգ եւ ուժ չէ՞, որ կը վատնենք: Ունեցած եւ չունեցած ներուժի վատնում չէ՞ սա:

Տարիներ ապրած ենք զոհի հոգեբանութեամբ: Երբ սթափած ենք՝ ցեղասպանութեան ճանաչում հետապնդած ենք: Լաւ պահ մը երեւակայենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրներն ալ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յետոյ ի՞նչ: Չէ՞, որ աշխարհի բոլոր երկիրները կը ճանչնային եւ կը ճանչնան, ուրիշ շատ մը օրինակներու շարքին՝ Իրաքի, Լիպիոյ, Եմէնի եւ Սուրիոյ անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը…: Իսկ ի՞նչ ունինք ըսելիք ճանաչումներէ ետք մեր տեսլականին մասին…: Տեսլական մը ունի՞նք:

Անցնինք:

Աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ հին-նոր խմորումներ կան: Թուրքիոյ նոր քարտէսներ կը հրապարակուին: Վանը, իբրեւ մայրաքաղաք մեծն Քիւրտիստանի քարտէսներ կան: Տեսնուած են նաեւ Նախիջեւանը Ազրպէյճանի միացած քարտէսներ: Ո՞ւր ենք մենք այս բոլորին ի տես:

Ներկայ հանգրուանը յոռետեսները համահայկական մակակարդակով կրնան կոչել ապիկարութեան, անկարողութեան եւ ամլութեան հանգրուան, որուն ընթացքին սպասողական վիճակ մը կայ կարծէք: Սակայն, ի՞նչ եւ որո՞ւն կը սպասենք: Ինչո՞ւ աւելի կը խօսինք, քան՝ կը գործենք:

Կարելի է նաեւ աւելի լաւատեսութեամբ մօտենալ հարցին եւ հանգրուանը կոչել երկունքի շրջան: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է երկունքի շրջաններ: Ցեղասպանութենէն ետք ալ անցանք նմանօրինակ կորսուածութեան շրջան, որ փաստօրէն երկունքի շրջան մըն էր, եթէ նկատի ունենանք Սփիւռքի ձեւաւորման շրջանը 1920 – 1940ական տարիներուն, որմէ ետք ան վերելք ապրեցաւ:

Այսօր ի՞նչ է իրավիճակը: Խարխափո՞ւմ է միթէ, թէ՝ Լաւ բանի մը ծննդոցին երկունքը: Այս է հարցումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին