Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 104 -Ամեակի Ոգեկոչումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն Ներս (լուսանկարներ)

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

Առաջին համաշխարհային պատերազմին, երկրագունդի տարբեր մասերու վրայ իրագործուած ոճիրներէն ոչ մէկը կարելի է համեմատել Հայոց Ցեղասպանութեան հետ, ինչպէս զոհերու քանակութեամբ, այնպէս ալ անոնց դէմ գործադրուած միջոցներով: Հայերու այս սպանդը պատմութեան մէջ յիշատակուած ջարդերէն ամէնասոսկալին էր:

     Այսօր, մեր պատմութեան ամէնէն եղերական թուականէն 104 տարի ետք, մինչ Արեւմտեան Հայաստանը կը հեծէ թուրք բռնակալութեան տակ, անդին, Ախուրեանի միւս ափին կը ծաղկի մեր Նոր Հայաստանը, վերածնուած Մայր Հայրենիքը համայն հայութեան: Մեր խիզախ ժողովուրդին փառապանծ յաղթանակն է ան, Ցեղասպանութեան ոճրային ծրագիրներուն վրայ:

      Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին, Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմն ու աշակերտութիւնը ուղղուեցան Պիքֆայա, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը:  Հոն, զանոնք դիմաւորեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Պօղոս վարդապետ Թինքճեան, դպրեվանքի դասատուներ՝ Տէր Մեսրոպ Քհն. Քէրքէզեան, Հայր Օշին Չուալերթանեան, Հայր Զաւէն Նաճարեան, Տիար Ժիրայր Դանիէլեան, Օրդ. Գեղանի Էթեէմէզեան, Հայր Անդրանիկ Քիւրիւմեան եւ դպրեվանքի սաներ:

     Ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ դպրեվանքի Բրաբիոն Տումանեան հանդիսարահէն ներս: Յայտագիրը ընթացք առաւ  Միջն. Բ.  դասարանէն՝ Մոսիկ Տէօրտիւլեանի բացման խօսքով: Ան շեշտեց, որ որքան եղերականօրէն տխուր, նոյնքան հերոսական էջ մըն է 1915 Ապրիլ 24-ը: Եղերական՝ որովհետեւ մէկ ու կէս միլիոն հայեր վայրագօրէն զոհուեցան բարբարոս թուրքին կողմէ , նաեւ՝ հերոսական այն իմաստով, որ մեր հայրերը իրենց կեանքէն աւելի սիրեցին երկու սրբութիւններ: Քրիստոնէական հաւատքն ու դարաւոր հայրենիքը եւ իրենց նահատակութեամբ մեզի աւանդ թողուցին զանոնք: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. « Մենք ենք ժառանգորդները մեր մեծ անցեալին ու անկէ եկող եւ անդադար հարստացող մեր մշակոյթին: Մենք ենք իրաւատէրը մեր արդար դատին: Մենք ենք վաղուան յոյսը մեր ժողովուրդին»: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ մեր նախահայրերուն հաւատքի ջահը փոխանցուած է մեզի, զայն վառ պահելու եւ փոխանցելու համար գալիք սերունդներուն, որպէսզի յաւերժ ապրի հայ ժողովուրդը: Ապա Նախ. Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացան Սիլվա Կապուտիկեանի «Երգ Հայրենիքի Մասին» խմբային արտասանութեամբ, որմէ ետք անոնց միացան Նախ.Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները երգելու Շառլ Ազնաւուրի «Քեզ Համար Հայաստան»ը: Նախ. Դ. դասարանի աշակերտները  Վահան Թէքէեանի «Պիտի Իյնաս» խմբային արտասանութեամբ եկան ըսելու, թէ կը յայտարարենք մեր ազգի հաւաքական վճռակամութիւնը ու անտեղիտալի պայքարը: Նախ.Դ.,Ե. եւ Զ. դասարանները հայրենասիրական ոգիով տոգորուած երգեցին «Սարերի Հովին Մեռնեմ» եւ «Տուն Իմ Հայրենի»: Միջն. Բ. դասարանէն՝ Գէորգ Գէորգ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հպարտութիւն»ը: Համբիկ Մարտիրոսեանի «Իմ Սուրբ Հայրենիք» խմբային արտասանութեամբ՝ Նախ. Ե. դասարանի աշակերտները եկան ըսելու, թէ իւրաքանչիւր հայու սիրտին, հոգիին եւ միտքին մէջ վառ ու կենդանի կը մնայ իր նախահայրերուն  թափած արեամբ պահպանուած հայրենիքը: Դպրեվանքի սաներն ալ իրենց կարգին ներկայացան սքանչելի ասմունքներով:

    Վարժարանիս տնօրէնուհի՝ տիկին Կալինա Նաճարեան իր սրտի խօսքով անդրադարձաւ, թէ հաւաքուած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ընդառաջ, Հայասպանութեան ճանաչումէն քայլ մը առջեւ անցնելով, Թուրքիոյ պետութենէն իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջելու, այլեւս վերջ տալով անմարդկային սպանդի ուրացումին: Այսօր խոնարհելով մեր մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհուած հայերու յիշատակին առջեւ կը պահանջենք Թուրքիոյ պետութենէն, որ հանդէս գայ հետեւեալ կոչով.«Հայ ժողովուրդէն  ներողութիւն կը խնդրենք» եւ աւելին. ամբողջական մարդկային, քաղաքական եւ հողային հատուցում սահմանէ այն բոլոր վնասներուն, որոնց մեր նախահայրերը ենթարկուած են 20-րդ դարու սկիզբը, ինչպէս նաեւ վերահաստատէ այն բոլոր իրաւունքները, որոնք մերն էին, վերադարձնելով մեր բոլոր ինչքերը, հայրենական հողերը, կալուածները, կոթողները ինչպէս նաեւ մարդկային ու մեր ազգային դարաւոր արժէքները»: Տնօրէնուհին շարունակեց ըսելով.«Մենք ներկաներս, որպէս հայ անհատներ մեր աշխատանքները արդէն իսկ կ’ուղղենք երեք ուղղութեամբ, յիշելով մեր նախնիներուն պատմութիւնը՝ սիրելով, սորվելով ու ուսուցանելով Հայոց Պատմութիւնն ու Կրօնագիտութիւնը: Մեր աշակերտները իրենց դպրոցական ծրագրին ընդմէջէն  զանազան միջոցառումներով արդէն իսկ տէր կը կանգնին մեր մայրենիին,  մեր դարաւոր պատմութեան, հայ մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, եւ թէ Ցեղասպանութենէն 104 տարի ետք, հայ սերունդը կայ ու կը մնայ պահանջատէր  իր իրաւունքներուն: Տնօրէնուհին  շնորհակալութիւն յայտնեց դպրեվանքի տեսուչին, որ սիրայօժար ընդառաջեց վարժարանիս տնօրէնութեան խնդրանքին, ինչպէս նաեւ ոսկեայ կամուրջ հանդիսացող Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի ընթացաւարտ հայր Անդրանիկ Քիւրիւմեանին՝ առիթը ընծայելով յիշատակելի եւ հոգեպարար պահեր անցընելու դպրեվանքի յարկին տակ: Հուսկ, ան իր խօսքը եզրափակեց բարձր գնահատելով դպրեվանքի դերակատարութիւնը մեր գաղութէն ներս ամբողջական  հայը կազմաւորելու սրբազան գործին, որովհետեւ դպրեվանքի սաներն են, որոնք ապագային պիտի ստանձնեն զանազան պատասխանատու պաշտօններ երաշխաւորելով հայ ժողովուրդի ապագան: Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնուհին Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան անունով յուշանուէր մը փոխանցեց դպրեվանքի տեսուչին, որ իր  սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ.« Այսօր եզակի եւ ուրախ օր մը եղաւ մեզի համար:Իրար ծանօթանալու լաւագոյն ձեւը՝ հայրենիքի սիրոյն համար  մեր թափած հասարակաց ճիգն է:Այսօրուան ներկայացումները լաւագոյն վկաները կը հանդիսանան:Այս բոլորը միայն Ապրիլ ամսուան ընթացքին պէտք չէ յիշուի :Այսօրուան կամրջումը ապացոյց է, թէ վարժարաններէն ներս ինչպիսի աշխատանք կը տարուի հայապահպանման համար»: Վերջապէս ան իր կարգին յուշանուէրով մը պատուեց վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկին Կալինա Նաճարեանը:

    Մեր աշակերտները շրջեցան դպրեվանքի շրջափակին մէջ կանգ առնելով յուշակոթողներուն  առջեւ, ուր հայր Անդրանիկ Քիւրիւմեան մի առ մի բացատրեց իւրաքանչիւր քանդակի իմաստը, ապա մէկական թարմ ծաղիկ զետեղելով Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ  անոնք ապացուցեցին, որ Մայր Հայաստանը, անսասան Արցախը եւ հայրենուէր Սփիւռքը միակամ կը քալեն դէպի պահանջատիրութիւն եւ մեր միացեալ իրաւունքներուն վերատիրացում:

        Նոյն օրը Մանկապարտէզի աշակերտները մէկական թարմ ծաղիկ զետեղեցին վարժարանիս մէջ գտնուող մանրակերտ Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին առջեւ: Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին երգելով հայրենասիրական երգեր եւ իրենց պատրաստած բացիկներով տողանցեցին, ինչպէս նաեւ դիտեցին Ծիծեռնակաբերդի վերաբերեալ տեսերիզ մը:

      Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրին հեղինակները ձախողութեան մատնուեցան, որովհետեւ անոնք չէին կրնար պատկերացնել, որ սպանդէն ճողոպրածները կրնային հետզհետէ բազմանալ եւ  դառնալ արդարութեան եւ պայքարի իրաւատէրեր:            

      ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին