ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Հայ ժողովուրդ, ողորմութիւն տալու պէս մի օգներ որբին, այլ նկատէ թէ քու զաւակդ է ան, եւ տո՛ւր անոր, ինչ որ լաւագոյն կերպով կրնաս: Անոնք պիտի ըլլան վաղուան Հայաստանի կորիզը»։
Ռուբէն Հերեան
«Ժողովուրդի Ձայն»
14 Յունիս 1920
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած մօտ 200,000 որբերը կազմակերպութիւններու (Եկեղեցի, ՀԲԸՄ, Ազգերու Լիկա, Միջին Արեւելքի Նպաստամատոյց (ՄԱՆ), Որբախնամ Ընկերութիւններ, միսիոնարներ) եւ անհատներու ջանասէր գործունէութեան եւ զոհողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ կեդրոնացնել Հայաստանի, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի եւ զանազան այլ հիւրընկալ երկիրներու մէջ գտնուող որբանոցներու մէջ: Կատարեալ չէին կրնար ըլլալ կեանքի պայմանները նման հաստատութիւններու մէջ, թերեւս լաւագոյն կերպով ներկայացուած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» հատորին մէջ: Հակառակ երբեմն խղճալի պայմաններուն, սակայն, այդ որբանոցներուն դերը եղաւ փրկարար: Անոնք ոչ միայն ֆիզիքապէս ապահովեցին այդ ծնողազուրկ մանուկները, այլ փորձեցին միացնել զանոնք իրենց ընտանիքներուն եւ հիմնական ուսմամբ եւ գիտելիքներով օժտելով պատրաստեցին կեանքին:
Այդ որբանոցներուն գրեթէ բոլորը փակուեցան մօտ տասնամեակ մը վերջ, երբ որբերը դարձան չափահաս: Բացառութիւններէն եղան Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»ը, որ շարունակեց գործել Դանիական կառավարութեան խնամակալութեամբ, եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, որ թէեւ որպէս որբանոց-դպրոց հիմնուեցաւ 1926-ին, 1936-ին պաշտօնապէս դարձաւ երկրորդական գիշերօթիկ վարժարան, լուսոյ տաճար, որ շարունակեց բազմաթիւ սերունդներ դաստիարակել, շնորհիւ մեծ ազգային բարերարներ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու թողած կտակին, տալով ազգին ուսուցիչներ, մտաւորականներ, գիտակից հայեր:
Յունաստանի մէջ եւս գործեցին որբանոցներ, մեծագոյնները՝ Քորֆու, Կորնթոս, Սիրոս, Քեֆալոնիա: 1923-27 Քորֆուի որբանոցէն 148 որբեր ընդունեց Քանատան (Armenian Boys’ Farm Home, Ontario, Canada): Ստորեւ գրութիւն մը Սիրոսի որբանոցին մասին:
ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աս վերի մասը մուտքի պէս պիտի ըլլայ, տակն ալ՝ ասիկա
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՊԱՍՏԱՄԱՏՈՅՑԻ (ՄԱՆ) ՈՐԲԱՆՈՑԸ ՍԻՐՈՍԻ ՄԷՋ
1923-ին ՄԱՆ-ի Թուրքիայէն հեռացումէն ետք Յունաստան համաձայնեցաւ հիւրընկալել աւելի քան 16,000 որբեր: Այդ որբերէն շատեր նոր տուն մը կառուցեցին (բառացիօրէն) գեղեցիկ Սիրոս կղզիին վրայ:
Նաւարկելով դէպի ապահովութիւն
1922-ի Սեպտեմբերին, Զմիւռնիոյ հրկիզումէն ետք, ՄԱՆ դէմ յանդիման գտնուեցաւ Թուրքիայէն 20,000 որբեր տեղափոխելու պարտականութեան հետ: Յունական կառավարութիւնը առատաձեռնօրէն յօժարեցաւ ընդունիլ այդ մանուկ-գաղթականներուն մեծամասնութիւնը: Միջին հաշուով որբերը 3-6 շաբաթ ճամբորդեցին Յունաստան հասնելու համար:
Յունական կառավարութեան օգնութեամբ ՄԱՆ 1923-ի վերջաւորութեան աւելի քան 16,000 մանուկ տեղափոխեց Եգէականի երկայնքին: Մանուկներէն մօտ 9,000-ը հայեր էին: Մնացեալը ազգութեամբ յոյներ էին, որոնք որբացած եւ տեղահանուած էին Անատոլուի յոյն բնակչութեան ցեղասպանութեան ընթացքին:
Կղզի-տուն մը
Թէեւ Յունաստան առաջարկած էր ընդունիլ որբերը, սակայն զանոնք հիւրընկալելու համար նախապէս գոյութիւն ունեցող բաւարար որբանոցներ չկային: Մանուկներուն մեծամասնութիւնը ամառը անցուց ապրելով առժամեայ կացարաններու մէջ, ներառեալ ծովեզերեայ հանգստավայրեր եւ պանդոկներ, որոնք տեղ տրամադրեցին այդ նպատակին համար:
Յունական կառավարութիւնը ՄԱՆ-ին տրամադրեց Քիքլատես կղզեխումբի Սիրոս կղզիին վրայ գտնուող մեծ հողակտոր մը: Այս տարածքը ընտրուած էր յատկապէս իր գերազանց հողագործական հեռանկարին պատճառով:
ՄԱՆ ծարագրեց կառուցումը դպրոց-որբանոցի մը, ննջարաններով, դասարաններով, աշխատանոցներով եւ խաղավայրերով: ՄԱՆ չափահաս գաղթականներ վարձեց նոր կառոյցներու շինութեան օգնելու համար, բայց աշխատանքին մեծ մասը կատարուեցաւ անոր ապագայ բնակիչներուն կողմէ:
ՄԱՆ-ի որբերը կը մնային վրաններու տակ, մինչ զուգահեռաբար կ’օգնէին իրենց նոր տան շինութեան: Որբերն ու գաղթականները փորեցին նաեւ 14 ջրհոր, որոնք ջուր պիտի հայթայթէին որբանոցին:
Շինելով եւ սորվելով
Ամբողջանալուն պէս, Սիրոսի որբանոցը ապաստան դարձաւ 2,200-3,000 մանուկներու: Խումբը կազմուած էր հաւասար թիւով հայ եւ յոյն մանուկներէ: Որպէս ՄԱՆ-ի համակարգի մեծագոյն որբանոցներէն մին, Սիրոս կը ջամբէր ուրիշ որեւէ այլ հաստատութենէ աւելի աշխատանքային վերապատրաստումի ծրագիրներ: Հակառակ որբանոցի արագընթաց ստեղծումին, գաղթականական ճգնաժամի մը ճիշդ մէջտեղը, կրթութեան կը տրուէր մեծագոյն կարեւորութիւնը: ՄԱՆ-ի պաշտօնեաները տեղական սովորութիւններու մանրակրկիտ հետազօտութիւն մը կատարեցին Էրմուփոլիսի (Սիրոս կղզիի մայրաքաղաքը – Ե.Ղ.) եւ Փիրէայի մէջ, ընտրելու համար տեղական կարիքներուն պատշաճեցուած ծրագիրներ:
Մանչերուն համար նախասիրուած նիւթեր էին ելեկտրագործութիւնը, կահագործութիւնը, մետաղագործութիւնը, ջրմուղագործութիւնը: Աղջիկները կը ստանային առտնին գիտելիքներ եւ կարելիութիւնը ունէին հիւանդապահութեան կամ ուսուցչութեան հետեւելու: Մինչեւ 1924 Սիրոսի մէջ գոյութիւն ունէր գործող հիւանդանոց մը, հիւանդապահութեան ամբողջական ծրագիրով: Նախակրթարանի հիմնական դասերը կը տրուէին յունարէնով:
Մթերքը Ամերիկայէն
Մանչերը կ’աշխատէին ներածուող սարքերով եւ մթերքով: ՄԱՆ հունտեր ուղարկեց Ամերիկայէն օժանդակելու համար յունական հողագործութեան վերաշխուժացումին: Մանչերը երկար կեանք ունեցող բանջարեղէններու հարուստ տեսականի մը կ’աճեցնէին, ներառեալ կաղամբ, բողկ, գետնախնձոր:
Արտը կ’օգնէր որբանոցին ինքնաբաւ ըլլալուն, մինչ անոր բնակիչներուն կը պատրաստէր հողագործութեան ասպարէզին: Մանչերը պատրաստուեցան նաեւ զբաղելով կենդանիներով,– ներառեալ ամերիկեանները,– հաւերով եւ կովերով: Սորվեցան անասնաբուծութիւն եւ վերարտադրութիւն: Հոգատար անասնաբուծութեամբ, նոր հողագործները կը վերարտադրէին կենդանիներ, որոնք իրենց նախնիներէն աւելի կաթ, միս հաւկիթ պիտի արտադրէին:
Բոլոր մանչերը կ’աշխատէին առնուազն կէս օր: Օրուան մնացեալը կը տրամադրէին ընդհանուր ուսման: Աւելի մեծ մանչերը կ’աշխատէին ամբողջ օրը: Աշխատանքային պատրաստութենէն բացի, մանչերը ստացան առողջ կեանքի եւ ճիշդ քաղաքացի ըլլալու գիտելիքներ, ինչ որ պիտի պատրաստէր զիրենք անկախանալու 16 տարեկանին:
Աշխատող աշակերտները կ’օգտուէին ծրագրուած խաղի ժամերէն: ՄԱՆ-ի պաշտօնեայ՝ Fred Midgley եւ տիկինը՝ Carie կը յիշեն աւելի փոքր տղոց խաղալը փակին մէջ, որ տեսանելի էր իրենց ննջասենեակի պատուհանէն: Թէ՛ մանչերը եւ թէ՛ աղջիկները հաճոյքով կ՚այցելէին ծովեզերքը, ինչպէս նաեւ մօտակայ ճամբարը, Վարիի զօրանոցին մէջ, ուր կը գիշերէին:
Մինչեւ 1920-ականներու վերջերը «Ամերիկեան դպրոցը», ինչպէս յոյները կը կոչէին զայն, բարձր համբաւ շահած էր Յունաստանի մէջ: Տեղացի հողագործներ կ՚ուզէին իրենց տղաքը Սիրոս ղրկել ուսանելու: Ան եղաւ նաեւ ՄԱՆ-ի վերջին որբանոցը: Տրուած ըլլալով թէ ՄԱՆ-ի աշխատանքները կ՚աւարտէին 1929-ի վերջաւորութեան, Սիրոս շարունակեց կեդրոնանալ ուսման վրայ, մինչ միւս որբանոցներու առաջնահերթութիւնը աշխատանքի շուկայ վերազետեղել էր: Մինչեւ 1930 7,000 հայ եւ յոյն մանուկներ ապրեցան եւ ուսանեցան Սիրոսի մէջ:
Յունարենէ թրգմ.՝
Երանուհի Ղազարեան
Syrosagenda.gr