ՀՐԱՆԴ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԹԱՀԱՆԵԱՆ
«Ադամ, ո՞ւր ես» (Ծն 3.9)
«Ո՞ւր է իմ Տիրոջս մարմինը» (Յհ 20.13-15)
Ծննդոց 3.1-10
Երբ նախամարդիկը՝ Ադամն ու Եւան, անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ սահմանած միակ օրէնքին նկատմամբ, որ կ’ըսէր՝ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր» (Ծն 2.17), անոնք ստացան այն ինչ որ օձակերպ Սատանան խոստացած էր՝ գիտութիւն: Ադամն ու Եւան մերկ էին իրենց ստեղծուած պահէն ի վեր, բայց չէին ըմբռնած այս իրողութիւնը: Արգիլուած պտուղը ճաշակելէ ետք «անոնց աչքերը բացուեցան ու գիտցան, թէ մերկ էին»: Ահա գիտութեան ստացումը. սակայն խաբեպատիր խոստումին երկրորդ բաժինը չիրականացաւ: Սատանան համոզած էր, որ անոնք «աստուածներու պէս պիտի ըլլան», բայց պտուղին ճաշակումով ժառանգեցին զգացում մը, որ խորթ է աստուածային նկարագրին՝ վախը: Այնպիսի վախ մը, որ հարուածի նման անշարժացուց զիրենք, երբ լսեցին աստուածային ձայնը՝ «ո՞ւր ես», ու պահուըտեցան, ըսելով. «պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ…եւ պահուըտեցայ»:
Աւետարան ըստ Յովհաննու 20.1-18
Խաչելութենէն ետք, Յիսուսի հետեւորդներն ու առաքեալները պահուըտած էին վախի հետեւանքով: Կիրակի առաւօտ, Մարիամ Մագդաղենացին ուղղուեցաւ այն պարտէզը, ուր Յիսուսի գերեզմանը կը գտնուէր: Երբ մուտքին դրուած քարը վերցուած տեսաւ, վազեց ու տեղեկացուց առաքեալներուն: Պետրոս ու Յովհաննէս իրենց կարգին վազեցին դէպի գերեզման, քարը գլորուած տեսնելով ներս մտան ու միայն կտաւները գտան: Ապա վերադարձան իրենց պահուըտած վայրը: Մարիամ հոն մնաց արտասուելով: Վերջապէս ինքն ալ ներս նայեցաւ ու տեսաւ երկու լուսազգեստ հրեշտակներ, որոնք հարց տուին իրեն, թէ ինչո՛ւ կու լար: Մինչ կը բացատրէր անոնց, թէ Տիրոջ մարմինը կը փնտռէր, ետեւ դարձաւ ու տեսաւ նոյնինքն Յիսուսը, բայց չճանչցաւ զինք: «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես», հարցուց Յիսուս: Մարիամ կարծեց, որ պարտիզպանն է, ուստի ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցեր ես, ըսէ ո՞ւր դրեր ես, որպէսզի երթամ առնեմ»: Յիսուս ըսաւ. «Մարիամ», ու այդ պահուն Մարիամ ճանչցաւ զինք ու բացագանչեց . «Րաբբունի»:
Եդեմի Պարտեզէն՝ Պարտիզպանին Գերեզմանը
Նախ, այս երկու դրուագներուն ամփոփ բաղդատականը տեսնենք: Առաջինը սկիզբ կը դնէ Հին Կտակարանի պատմագրութեան, իսկ երկրորդը՝ աւարտին կը հասցնէ Նոր Կտակարանի գլխաւոր պատմութիւնը: Ծննդոցի մէջ Արարիչը իր արարածը կը փնտռէ, իսկ Աւետարանին մէջ՝ արարածը իր Արարիչը:
Յիշենք նաեւ, թէ նախամարդու դրուագին մէջ առաջին կինը Եւան է, որ արգիլուած պտուղէն կը ճաշակէ ու կը հրամցնէ իր ամուսնոյն, անուղղակիօրէն պատճառ դառնալով անոր ալ մեղանչումին: Ադամ, Եւայի թելադրանքով, այժմ կը վախնար Աստուծմէ ու Անոր ձայնը լսելով պահուըտեցաւ: Իսկ Կիրակի առաւօտ, առաքեալները Մարիամի թելադրանքով, գրգռումով, մղումով վախը կը թօթափեն ու կը վազեն դէպի Աստուած:
Ծննդոցի մէջ մարդ արարած պարտէզէն դուրս կը դրուէր ու Աստուծմէ կ’անջատուէր: Իսկ այժմ՝ մարդկութիւնը կը վերադառնայ Եդեմ ու վերստին կը վայելէ ներկայութիւնը Աստուծոյ՝ յարուցեալ եւ յաւիտենական պարտիզպանին:
Վերոյիշեալ բաղդատականին լոյսին տակ, մեր յարգելի ընթերցողներուն այժմ կը հրաւիրենք մօտէն ուսումնասիրելու հետեւեալ երեք յօդակապուած խորհուրդները, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնեն Սուրբ Զատկուան պատգամը ու կ’առաջնորդեն մեզ ճաշակելու անոր սուրբ սեղանէն՝ Համբերել, Տեսնել, եւ Լսել:
«Առաքեալները վերադարձան…Մարիամ մնաց» (Յհ 20.10-11)
Առաքեալները գերեզմանը պարապ տեսնելով վերադարձան իրենց թաքստոցը: Ակնարկ մը չկայ աւետարաններուն մէջ, որ անոնք նոյնիսկ ջնջին ճիգ մը թափած են փնտռելու մարմինը: Իսկ Մարիամ գերեզմանին մօտ մնաց. յուսահատութեամբ կ’արտասուէր, բայց բոլորովին չէր յուսալքուած եւ իր համբերութեան որպէս պտուղ, ան առաջինը եղաւ, որ տեսաւ յարուցեալ Քրիստոսը:
Անհամբերութեան ախտէն ամէն մարդ արարած կը տառապի: Աղօթքով բան մը կը խնդրենք եւ կ’ակնկալենք, որ նոյն օրը նիւթականանայ: Իսկ 21-րդ դարու ապրողներս առաւել եւս փութասիրտ ենք եւ վարժուած ըլլալով «Fast food»-երու եւ «Same day delivery»-ներու, կ’ակնկալենք որ մեր աղօթքները երկվայրկեանական պատասխան ստանան: Աստուծոյ «delivery»-էն չկասկածինք երբեք՝ Ան աւելի արագ է քան նոյնինքն լոյսի ճառագայթը, բայց եթէ կը յապաղի, ապա Անոր մտահոգութիւնը տարբեր է բոլորէն: Աշհարհիկ ընկերութիւններ կը ջանան մեր ապսպրանքներուն տեղնուտեղը պատասխանել՝ նիւթական շահ եւ բարձր բարենիշ (rating) ստանալու համար: Իսկ մեր երկնաւոր Հօր միակ շահագրգռութիւնը մեզի տալն է ինչ որ պէտք ունինք, երբ որ պէտք ունինք, այնպէս ինչպէս որ պէտք ունինք:
Առաջին Զատկուան առաւօտուն կը սորվինք չաճապարել Պետրոսին եւ Յոհվհաննէսին նման, այլ համբերել Մարիամին օրինակով: Կարելի պիտի ըլլար նոյնիսկ առաջարկել, որ եթէ Ադամն ու Եւան Եդեմի մէջ համբերած ըլլային, ապա արգիլուած պտուղն ու իրենք հասունութեան պիտի հասնէին եւ աստուածային հրամանով ճաշակելու իրաւունք պիտի տրուէր անոնց:
Կ’արժէ նաեւ որակել այն հաստատումը, որ Մարիամ առաջինը եղաւ Քրիստոս տեսնելու: Ո՛չ միայն առաջինը մարդոց մէջ, այլ առաջինը՝ բոլոր ստեղծագործութեան մէջ, եւ նոյնիսկ՝ Աստուծմէ իսկ առաջ. «տակաւին հօրս մօտ չեմ ելած» (Յհ 20.17): Ի՜նչ աննման արտայայտութիւն՝ փեսայի մը սիրոյ իր հարսին նկատմամբ:
«Եւ տեսաւ» (Յհ 20.12,14)
Տեսնելու գաղափարը առաջին անգամ Աստուծոյ մօտ կը հանդիպինք: Ծննդոց գիրքին առաջին գլխուն մէջ, ստեղծագործութեան իւրաքանչիւր հանգրուանէ ետք Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած տեսաւ, թէ բարի է» (1. 4, 10, 12, 18, 21, 25, 31): Երկրորդ գլխուն մէջ կը գտնենք նոյն արմատը ունեցող բառը: Հոս Աստուած է մղողը, բայց մարդ արարածն է տեսնողը՝ «Աստուած…Ադամին առջեւ բերաւ, որպէսզի տեսնէ» (2.19): Իսկ երրորդ գլխուն մէջ նախամարդը կը հանդիպի նոր մղիչի մը՝ Սատանային, որ կը խոստանայ առաւել տեսողութիւն: Ինչպէս արդէն անդրադարձանք, թէեւ Ադամն ու Եւան կը ստանան թարմ տեսողութիւն, սակայն վնասակար արտացոլացում կ’ունենայ այդ: Այսպէս, կ’եզրակացնենք, թէ տեսողականութեան որակներ կան, որոնք դէպի բարին կամ դէպի յոռին կ’առաջնորդեն: Մարդկութեան տեսողութիւնը վնասուելուն որպէս պատասխան, Աստուած յարմար ժամանակին նոր մղիչ մը ղրկեց աշխարհ «որպէսզի չտեսնողները տեսնեն» (Յհ 9.39):
Վնասուած ու անկատար տեսողութեան ապացոյց կարելի է նկատել Մարիամի հանդիպումը Յիսուսի հետ. «տեսաւ Յիսուսը բայց…կարծեց որ պարտիզպանն է» (Յհ 20.14,15): Փնտռածը իր դիմացն էր, բայց չէր տեսներ, որովհետեւ եկած էր խաչեալ Յիսուսը փնտռելու, ոչ թէ՝ յարուցեալ Քրիստոսը: Յաճախ այս թերացումը կ’արձանագրենք Մարիամի նման: Ինչ որ պէտք ունինք մեր դիմաց կը գտնուի, բայց ուրիշ բան փնտռելով մեր տեսողութիւնը պղտորած կ’ըլլայ:
Այսուհանդերձ, Մարիամի տեսողութիւնը գնահատանքի արժանի է երկու հիմնաւորումներով՝ առաքեալներէն աւելի խորունկ տեսաւ, եւ անոնցմէ աւելի ճշգրիտ մեկնաբանեց իր տեսածը: Նոյն գերեզմանէն ներս է, որ նայեցան բոլորը. առաքեալներ միայն Յիսուսի մարմինը ու գլուխը ծածկող կտաւները տեսան (Յհ 20.6,7), իսկ նոյն տապանին վրայ Մարիամ «տեսաւ ճերմակ զգեստներ հագած երկու հրեշտակներ» (Յհ 20.12): Աւելին՝ Մարիամ, երբ լուսափայլ հրեշտակները կը տեսնէ, չի հիանար անոնց ներկայութենէն: Միեւնոյն Յովհաննէս առաքեալը Յայտնութեան գիրքին մէջ, երբ հրեշտակի մը հետ դէմ հանդիման կը գտնուի, ծունկի կու գայ ու երկրպագելու կը սկսի եւ հրեշտակը բնականաբար կը սրբագրէ զինք. «Զգոյշ, մի՛ երկրպագեր ինծի, որովհետեւ ես ալ ծառայակից եմ քեզի…միայն Աստուծոյ երկրպագէ» (Յայտ 19.10): Իսկ Մարիամ ոչ իսկ պահ մը իր արտասուքը եւ փնտռտուքը կ’ընդհատէ: Ինչ ալ դրուէր իր դիմաց՝ արգիլուած պտուղէն ամենէն փառաւոր քերովբէն, պիտի չհմայուէր Մարիամ, որովհետեւ միմիայն Յիսուսով հետաքրքրուած էր: Իր համբերութեան պատճառով արդէն իսկ սկսած էր բուժուիլ իր տեսողութիւնը:
«Յիսուս ըսաւ. Մարիա՛մ» (Յհ 20.16)
Բայց Մարիամի տեսողութիւնը ամբողջութեամբ չբուժուեցաւ, մինչեւ որ լսեց Աստուծոյ կանչը: Ծննդոցի մէջ նոյն Արարիչը կը կանչէր Ադամին, բայց ան երբ «Պարտէզին մէջ ձայնը լսեց վախցաւ, որովհետեւ մերկ էր եւ պահուըտեցաւ» (Ծն 3.10):
Իսկ Յարութեան այս առաւօտուն Յիսուս ինք կամաւորաբար կը մերկանայ՝ հագուստները թողելով գերեզմանին մէջ, որպէսզի մարդ արարած զԱստուած տեսնէ ինչպէս որ է, ու այլեւս զիրենք բաժնող, օտարացնող ու վախ ներշնչող ոչինչ մնայ:
Եւ թէեւ Մարիամ նախ չի ճանչնար Յիսուսը՝ իր նոր Յարուցեալ մարմինով, բայց հազիւ կը լսէ Անոր ձայնը՝ «Մարիամ», աչքերը ամբողջութեամբ կը բացուին: Ադամ կը պահուըտէր Աստուծոյ ձայնէն, իսկ Մարիամ կը դառնար առ Աստուած:
Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ թէ «Տէրը համբերատարութիւն ցոյց կու տայ…որովհետեւ չուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի» (2 Պտ 3.9): Այդքան կը սիրէ Աստուած Ադամի եւ Եւայի սերունդները, որ ինք կը համբերէ մեր փոխարէն ու բոլորիս, մէկ առ մէկ, կը կանչէ իր Հայրական ձայնով, որպէսզի դուրս գանք մեր թաքստոցներէն, ու տեսնենք զինք՝ ամէն վախ ու խաւար փարատող Իր փառքին մէջ:
Համբերողը, տեսնողը, ու լսողը, նաեւ պիտի ուտէ:
Բարիի ու չարի գիտութեան արգիլուած ծառին մասին յաճախ կը խօսուի, բայց ստէպ կը մոռցուի, որ Ծննդոցի մէջ նկարագրուած է երկրորդ առանձնայատուկ ծառ մը, որ նախկինին կողքին Աստուած տեղադրած էր պարտէզին մէջտեղը (Ծն 2.9): «Կեանքի ծառ» կոչուած է ան ու սկզբնապէս արգիլուած չէ եղած: Ադամ ու Եւայի անհնազանդութենէն ետք, Աստուած Եդեմէն դուրս կը դնէ զանոնք, որպէսզի չըլլայ թէ «կեանքի ծառէն ալ ուտեն ու յաւիտեան ապրին» (Ծն 3.22), ու Եդէմին մուտքը կը հսկէ բոցեղէն սուրեր կրող Քերովբէներով՝ ամենէն հզօր հրեշտակներով: Բաւականին խիստ թուող պատիժ մըն է, որ սակայն եկեղեցւոյ մեկնիչներ կը վերլուծեն որպէս նախախնամական արարք՝ եթէ մարդ արարած անկեալ վիճակով ճաշակէր այդ պտուղէն, յաւիտենապէս պիտի ապրէր՝ բայց մեղաւոր: Ժամանակաւոր արգելք մը կը դնէ Աստուած, որպէսզի նախ զիրենք անկումէն դէպի առողջութեան՝ ամբողջական տեսողութեան վերադարձնէ ու ապա անոնք ճաշակեն կեանքի ծառէն:
Թէեւ այս երկու ծառերն ալ խորհրդաւոր կը մնան եւ Ծննդոցի մէջ անոնց անուններէն զատ յաւելեալ բացատրութիւն չի գտնուիր իրենց բնութեան մասին, բազմաթիւ մեկնիչներ կը բացատրեն, թէ կեանքի ծառը նոյնինք Քրիստոսն է՝ հիմնուելով իր «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ 15.1) խօսքին վրայ:
Այն հրեշտակները, որոնք ատենօք կը պահէին դրախտն ու կեանքի ծառը, ահա անոնք այսօր Մարիամին ցոյց կու տան ճամբան, քանզի պտուղը հասունցած է, պատրաստ է քաղուելու: Եւ Մարիամ հազիւ հրեշտակներուն կը յայտնէ, թէ Յիսուսը կը փնտռէ, ահա կը գտնէ զինք: Պէտք է Մարիամի ուրախութիւնը հասկնալ ո՛չ միայն որպէս իր Տէրը գտնող անհատի մը երջանկութիւնը, այլեւ՝ ամբողջ մարդկութեան, որ անհամար հազարամեակներով կորսնցուցած էր իր Արարիչը եւ ապրած էր վախի մէջ, ու այժմ վերստին կը միանար Անոր հետ:
Այս ուրախութեան որպէս բնական արտայայտութիւն, Մարիամ յառաջ կ’երթայ գիրկընդխառնուելու Յիսուսի հետ ու ճաշակելու Անոր քաղցրութենէն՝ կեանքի պտուղէն:
«Մի՛ դպչիր ինծի» (Յհ 20.17)
Այս ի՞նչ արտայատութիւն: Այս ի՞նչ գայթակղութիւն: Այս ի՞նչ անհասկնալի խօսք: Այն Յիսուսը, որ աշխարհ եկած էր, որպէսզի Աստուած մարդոց մօտենայ: Այն Յիսուսը, որ ամէն օր մարդոց կը դպնար ու մարդիկ զինք կը դպնային բուժուելու համար: Այն Յիսուսը, որ մարդկային բնութիւնն ու մարմինը Իր աստուածային բնութեան հետ միախառնեց, դպցուց, որպէսզի մարդկութիւնը փրկէ…ինչո՞ւ սա ամենէն խորհրդաւոր պահուն, երբ իրենց լրումին հասած են աստուածային բոլոր նախախնամական արարքները, կը մերժէ ու կ’ըսէ՝ «Մի՛ դպչիր ինծի»:
Միթէ՞ սխալ մեկնաբանեցինք ամբողջ հատուածը: Միթէ՞ տակաւին արգիլուած է կեանքի ծառն ու Քրիստոս ճշմարիտ որթատունկը: Միթէ՞ խաբուեցանք դարձեալ: Ո՛չ յարգելի ընթերցողներ: Մեկնաբանութիւնը տոկուն է. պտուղը՝ հասունցած. Եդեմը՝ վերաբացուած:
Բա՜յց, կ’աւելցնէ Յիսուս. «…գնա՛ իմ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց…»:
Ի՞նչ է պատահածը հոս: Նախքան ճաշակումը, Մարիամին առիթ կը տրուի՝ պատմական առիթ մը, հաւանաբար պատմութեան ամենէն խորհրդանշական առիթը: Առիթ մը, որպէսզի ետ երթայ ու կանչէ առաքեալներուն: Որովհետեւ, երբ արգիլուած պտուղէն ճաշակուեցաւ Եդեմի մէջ, Ադամ Եւայի կողքին էր, ու Եւան Ադամին հրամցուց:
Եւայի սերունդ Մարիամը այսօր, Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ այս տօնին, կը կանչէ Ադամի սերունդ առաքեալներուն, որպէսզի դարձեալ միասին, կողք կողքի՝ ճաշակեն, ու այս անգամ աչքերնին ամբողջութեամբ բացուի, վախը փարատի, ու Աստուծոյ անսուտ խոստումին համաձայն՝ աստուածներու պէս ըլլան (Յհ 10.39): Աւելին՝ Աստուծոյ հարազատ զաւակները ըլլան (Յհ 1.12,13): Ալէլուիա, Ալէլուիա:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն