(Ծնեալ՝ Էւերէկ, 1904 եւ մահացած՝ Փասատինա, 1997)
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ստորեւ կը հրատարակենք Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող Գեղեցիկ Իսկէնտէրեանի (ծն. Քիւլաֆեան) անտիպ յուշագրութիւնը: Անոր ոդիսականը կը սկսի 15 Օգոստոս 1915 թուականին, երբ, մեր հաշիւներով, մօտաւորապէս 9 կամ 10 տարեկան էր: Այս ընտիր վաւերաթուղթը կը բաղկանայ մեծադիր չորս էջերէ: Գրի առնուած է 1971 թուականին: Բնագիրը մերօրեայ ուղղագրական եւ կէտադրական օրէնքներուն պատշաճեցնելու համար կատարած ենք սակաւաթիւ փոփոխութիւններ: Լեզուն կարելիին չափ պահած ենք նոյնը, թերութիւններով հանդերձ, չհեռանալու համար բնագիրին «համն ու հոտէն»։ Անգլերէն բառերը վերածած ենք լատինատառի, իսկ անընթեռնելի բառերը (…) նշանով բաց ձգած ենք: Փակագիծի մէջ են այն բառերը, որոնք մեր կողմէ աւելցուած են, չեն պատկանիր բնագրին:
Կը հաւատանք, թէ աքսորեալի օրերը վկայակոչող այս յուշագրութեան հրատարակութիւնը շահեկան է թէ՛ հասարակ ընթերցողի եւ թէ՛ պատմագէտներու համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք տիկին Շաղիկ Բամբալեանին, որ իր ընտանիքին մասունքը հանդիսացող այս եզակի ձեռագիրը տրամադրեց հրատարակութեան համար:
Նորայր Տատուրեան
Ապրիլ 2019
15 Օգոստոս 1915
Աստուածածնի Կիրակի օրը, որ տօն մը էր, որ խաղողի օրհնութեանը օրը: Որչափ ուրախալի օր մը, որ ամէն ժողովուրդ ծոմ պահած այդ օրը կը սպասէին որ խաղողը օրհնուի, որ խաղողը ուտէին: Բայց օրը ալ անհաւատալի էր: Տաճիկները հազարներով եկան, մեզ տուներնէս դուրս հանեցին. ինչ որ կրնանք առինք, դուրս հանեցինք: Հայրս ալ նոր, քանի ամիս եղաւ մեռնիլը: Մայրս իր վեց զաւակներով ինչ ընելը չէր գիտեր, դեռ ցաւերուն մէջ ըլլալով բան մը չկրցաւ տանիլ: Քանի մը կովեր կային, եկաւ տարաւ մեր բարեկամ թուրքը: Խաբեց որ պիտի վճարէ. բայց վերջին վայրկեանը ստիպուած գնաց: Ի՞նչ կը սպասես վայրենի տաճիկներէն: Աստուածածնի Կիրակի օրը եկան, տուներնիս կնիքը զարկին, մնացինք դուրսը: Աղէկ-գէշ սայլ բռնեց մայրս, հազիւ զաւակները նստեցուց վրան: Ճամբայ ելանք դէպի ժողովուրդը: Ուր որ երթային շարունակեցինք երթալ որ ճանտուրմաները զէնքերով եկած էին, նաեւ սուրով: Դէմքերնին տեսնայիք անտանելի էր: Եթէ քիչ մը խօսիս հետերնին, որ խղճացէք, կ՚ըսէին. «Կաւուր դեռ կը խօսի՞ս մեր դէմը»: Սուրը կուրծքիդ վրայ դրածին պէս արդէն ինքզինքդ կորսնցուցած ես վախէդ: Այդ օրը կամաց-կամաց սայլերով շարունակեցինք երթալ գիշեր ժամանակ. պզտիկ քաղաք մը եկանք: Անունները չեմ յիշեր, որով տարիքնիս պզտիկ ըլլալով: Միւս օրը նորէն շարունակեցինք ճամբան դէպի ժողովուրդ, ուր որ գացին շարունակեցինք երթալ, որով սաստիկ կը վախնայինք որ կը մեռցունէին: Իրենք ձիով կու գային: Այդ օրը, նորէն քաղաք մը եկանք, որ տուները չէինք տեսներ, բայց այդ անունը մոռցած չեմ, Փոզանթու կը կոչուէր: Շատ աղուոր ջուրի եզերքը նստանք, ինչ որ կար քիչ-քիչ կ՚ուտէինք, որ չհատնի, որով շատ ուտելիք մը չունէինք: Միակ ջուրը աւելի սիրեցինք: Քիչ մը բաներ լուաց մայրերնիս, կամ ինձմէ մեծ քոյրս. մինչ այդ տեղը սայլով եկանք. նորէն ետ գացին, որով անանկ ճամբաներ մը կը տանէին, անկարելի էր սայլերով երթալ: Յաջորդ օր ճամբայ ելանք: Ի՛նչ տեսնանք: Անանկ նեղ ճամբայ մը, որ հազիւ մէկ կամ երկու հոգի կ՚անցնէր, բայց բաւական բարձր տեղ մը լեռին տակը տեսնաս ժողովուրդը ինկած էին ծեր կամ պզտիկներ կու լային, կը պոռային. մեզի ազատեցէք: Զառիվար կը նայէինք, գետինը հողը անգամ չէր տեսնուեր: Այնչափ լեցուն էր: Այլեւս մենք ալ, մայրս քոյրերս, յուսահատուեցանք: Մեզ ալ տեղ մը պիտի ձգէին, բայց վախերնուս քալեցինք: Չեմ գիտեր, թէ կերակուր կ՚ուտէինք թէ չէ, քանի օր քալելով դէպի Ղատմայի կողմը: Ճամբաները կու լային, կը պոռային: Աղուոր աղջիկներն ալ կը փախցունէին տաճիկները: Հայրերնին մայրերնին կու լային: Որչափ հեռու ըլլայինք կը լսէինք:
Եկանք Օսմանիա: Քանի մը ազգականներ տեսանք, ինչ օգուտ: Բայց ինչ. ամէն մարդ ինչ ընելը չէր գիտեր: Մեծ քոյրս, որ պզտիկ ունեցաւ, “doctor” բան մը չիկայ, պզտիկը ծնաւ: Մինչեւ վերջը իր ամուսինին կանչեց.- ո՞ւր ես, ինչո՞ւ չես գար, ըսելով երեւակայեց: Քանի մը օր վերջը պզտիկը եւ ինք ալ մեռաւ, բայց չեմ գիտեր մարմինը ի՛նչ ըրին, թաղեցին թէ՝ չէ: Վերջը վայրենի թուրքերը սուրերնին ձեռքերնին եկան: Եթէ տեղէդ շարժում ընէինք, սուրին ծայրը քանի անգամներ սկսան շարժել: Մայրս հիւանդ էր: Չկրցաւ քալել, ձի մը վարձեց: Տանողը թուրք էր: Սխալ պիտի տանէր միացնելու համար… քանի հայերու միջոցաւ շիտակ ճամբան եկած է: Մենք ալ երեք քոյր մնացինք: Քալելով Ղատմա հասանք, որ մայրերնիս մեզի ճամբան կը սպասէր: Շատ ուրախացանք մայրերնիս գտնալուն: Վերջապէս Ղատմա ըսուած անիծուած, քաղաք չէ, այլ՝ հայերու կործանուած տեղը: Մեռելները վրայ-վրայի նետուած էր: Ոչ ջուր կար, ոչ ալ կանանչութիւն: Այլ անձրեւ կար: Եթէ ոտքիդ կօշիկ կենար ցեխին մէջէն, անկարելի հանել: Մէկ ջուրի համար 7-8 “blοck” պիտի քալէիր, որ ջուր ունենայիր: Մայրս սաստիկ հիւանդացաւ: Գիշեր մը, քուներնուս արթնցուց երեքնիս ալ, խրատեց, ըսաւ. «Զաւակներս, եթէ ես չըլլամ, ժողովուրդին քալեցէք ուր որ երթան»: Մէջերնէն մեծը ես էի: “Coat”-ս առաւ: Ասեղը դերձանով թեւիս տակը կարեց: Ամէն մէկերնիս համբուրեց, ըսաւ. «Զաւակներս քնացէ՛ք»: Նորէն պառկեցանք: Միւս առաւօտ արթնցանք։ Մայրիկ, մայրիկ, կը կանչէինք, ձայն մը չիկար: Հայերուն գացինք, ըսինք. Մայրերնիս չի արթննար, չեմ գիտեր ինչու: Եկան բան մը փաթթեցինք, առին տարին: Չենք գիտեր ո՞ր փոսի մէջ նետեցին: Այսպէս մայրս կորսնցուցինք: Մնացինք մէջտեղ, փորերնիս անօթի: Հարցնող, փնտռողներ չիկայ: Ճարերնիս հատաւ անօթի ծարաւ: Մայրիս կարած թիւին տակին երեք ոսկին հանեցինք, քանի մը օր փորերնիս կշտացաւ: Ծախսելուն կերպը ալ չէինք գիտեր: Քիչ-քիչ ալ ծախսելով, խնայելով կերանք: Վերջապէս մնացինք մէջտեղ, հողին վրայ պառկելով քալելով: Ինձմէ պզտիկը, Անուշը չկրցաւ քալել, քարի մը վրայ նստեցաւ. «Ես այլեւս հոս կը մնամ»: Այդտեղ կորսնցուցինք իրարու: Միեւնոյն ժամանակ պզտիկ քոյրս որբանոց գնաց: Բայց առած չեն: Մնացեր է մէջտեղ: Բաւական պզտիկ աղջիկ մըն էր: Քիւրտ ազգերուն գտած աղջիկ զաւակի պէս հոգ տարած են: Նոյնպէս անոր ալ կորսնցուցի: Վերջը ճարս հատած, ես ալ փորձեցի որբանոցը երթալ: Ինձ առին: Բայց ոչ ուտելիք կար, ոչ բան: Բայց, ինչ պիտի ըլլանք: Վերջապէս հայու մէջ էինք: Այլեւս որեւէ բան մը նայելու հարկ չկար: Աղտոտութենէն, անօթութենէն, շատութենէն ոջիլը խեղդած էր: Քանի մը տարի մնացինք հոտ: Բայց այս անգամ թիւրք կառավարութիւն հրաման ըրաւ, որ որբերը ալ ջարդեցէք: Նորէն սայլերով հեռու տեղ մը տարին, որ սպանեն անօթի ծարաւ: Արդէն որեւէ մէկը չէր կրնար քալել: Կէս մը մարած որբեր էինք: Ախոռին մէջը 3-4 օր մնալէ վերջը նորէն հրաման մը եկաւ որ որբերը մի՛ սպանէք: Անմիջապէս պլղուրէ բիլաֆ եւ հաց բերին, մեզ կերակրեցին: Ած (Աստուած) երեսնիս նայեցաւ: Այդ կերակուրը «ալաման» կ՚ըսէին: Վերջը հասկցանք, թէ գերմանացի է:
Վերջը պզտիկ գիւղաքաղաք մը ձգեցին, բայց նորէն անօթի: Օրական պզտիկ հաց մը կու տային: Մէկ անգամէն կուլ կու տայինք: Բայց որբանոցին շուրջը քիչ մը հեռու կ՚երթայինք խոտ հաւաքելու, փորերնիս կշտացնելու համար: Այս անգամ տաճիկները կու գային նեղութիւն տալու համար: Արդէն 5-6 աղջիկներով դուրս կ՚ելլայինք: Ինքզինքիս մտածեցի: Ի՞նչ կրնանք ընել, որ խոտով փորերնիս կշտացնել: Աղջիկներուն ըսի. «Երբ տաճիկները գան՝ նեղութիւն տամ: Ես ինքզինքս խենթի պէս շարժիմ: Ձեզի եւ իրենց քար նետեմ, դուք պոռացէք որ խենթ է: Տէլի տիր»: (Թրք.՝ Խենթ է)։ Այսպէս, երբ գային կը սկսէի քար նետել: Վախցած փախիլ սկսան: Մենք ալ այս կողմէն կը սկսինք խոտ հաւաքելու, ուտելու: Ժամանակ մը վերջը քիչ մը հանդարտեցաւ մէջտեղ: Նորէն Քիլիս քաղաքը բերին մեզ: Քանի մը ամիս մնալէն վերջը, օր մը որբանոցին մօտ տաճիկներուն հարսանիք կար: Քանի մը աղջիկներով գացի տեսնելու, ինչպէս կ՚ընեն, յոյսով մը, թէ քիչ մըն ալ մեզ ուտելիք կու տան ըսելով: Արդէն մեր հագուստը ալ տաճիկի հագուստներ էին անպատճառ: Կէս ժամ պտըտելէն վերջը երկու հայ աղջիկներ եկան: Քոյրս պզտիկը կը պտըտցունէր: Մէկէն դէմ-դէմի եկանք, իրար նայեցանք: Իրարմէ չենք զատուիր, միշտ իրարու քով կը կենանք… Միշտ ինծի կը նայի: Քովի աղջիկան ըսի. Ինչո՞ւ այդչափ կը նայի: Ինքը ալ հայերէն չի խօսիր, մոռցած էր: Աղջիկը ըսաւ. Կ՚ըսէ որ, ասիկա քոյրս է, կը նմանի: Երբ այս խօսքը ըրաւ, անմիջապէս ըսի իրեն. «Քու անունդ ի՞նչ է»: (Պատասխանեց) Երանին եմ: Ինծի դարձաւ ըսաւ. «Քու անունդ Գեղեցի՞կ է»: Այլեւս հետաքրքիր եղայ, իրեն հարցուցի. «Քոյրեր ունէի՞ր»: Ըսաւ, «Անուշ քոյր: Չկրցաւ քալել, ճամբան մնաց, կը խորհիմ թէ հոն մեռաւ: Եղբայր ունիմ Ամերիկա է: Մայրերնիս Վարդուհի է: Հայրերնիս երկիր Էւերէկ մեռած էր»: Այս ըսածները նայեցայ, քոյրս էր: Սկսանք հարսանիքին կու լայինք: Ժողովուրդը մեզ կը նայէր: Այլեւս որբանոցէն միշտ կ՚երթայի, բնակած տեղը կ՚երթայի տեսնելու համար: Դժբախտաբար քովի աղջիկը կ՚ըսէ, որ քոյրը հանդիպեցանք: Իրար տեսան երկուքն ալ շատ լացին: Հարսանիքին մէջը ըսած է: Բոլոր ժողովուրդը ըսին – ինչո՞ւ կու լան: Կրնայիր ըսել եղելութիւնը: Աւելի… մը ինկաւ որբանոցը: Չէիր կրնար կենալ միշտ: Իր քովը կենալ կ՛ուզէի, բայց պարապ տեղը կը պտըտէի: Որեւէ մէկը չէի կրնար տեսնալ: Օր մըն ալ միեւնոյն աղջիկը տեսայ: Հարցուցի. Ո՞ւր (է) քոյրս: Ինձ ըսաւ, թէ այլեւս դուրս չես կրնար ելլալ: Քանի քոյրդ տեսար նէ: Ես աղջիկան ըսի օրը, ժամանակը: Ինքը դուրս տարի: Առջեւը թող ելլայ, ես տեսնել կ՚ուզեմ: Իրաւ այդ օրը դուռին առջեւը սպասեցի: Մէյ մըն ալ եկաւ: Ըսի, եկայ որ որբանոցը տանիմ: Ճամբայ ելանք: Որբանոցը բաւական հեռու էր: Վախցի երթալու: Հայերու տուն մը գիտէի: Ըսի, այս գիշեր հոս մնանք, վաղը որբանոցը պիտի երթանք: Անոնք ալ սիրով ընդունեցին: Յաջորդ առաւօտ, առտու կանուխ ելանք, որբանոցը գացինք: Քանի մը … վերջը կառավարական տեղը գացինք: Կարապետ չաւուշ կը կոչուէր: Ինձ ըսաւ, որեւէ հայեր կը ճանչնա՞ս: Երթանք բերենք: Առաջ կառավարական տեղէն հրաման առինք: Տուին: Ինքը ձին նստած ես ալ քովէն քալելով գացինք հրաման առինք: Կարապետ չաւուշը կին եղեր է, չէի գիտեր կին է: Վերջապէս 6-7 հատ երիտասարդ աղջիկներ եւ մէկը ալ 55 տարեկան կար, երկու աղջիկները գիշեր ատեն բարձր պատէն թռած են, փախած են: Բայց ոտքերնին վնասուած էին: Տարիքով կինը ալ կ՚ըսէ ինծի որ ինծի համար “pass” մը առ, ետ երթամ: Բայց չըրի: Ես ալ աւելի վախցայ: Երբ (որբանոցի) մայրիկնիս, էւերէկցի էր, մեզ ըսաւ, որ «Եթէ կ՚ուզէք ես Հալէպ պիտի երթամ ձեզ աղջիկներս հետս միասին երթանք: Կրնայ ըլլալ հոնտեղ ազգական մը կը գտնաք: Եթէ չի երթաք, հոս ինչպէ՞ս պիտի ընէք»: Ես ուրախացայ. աւելի լաւ է երթամ, ըսի: Որբանոցի մայրիկնիս Զարուհի Ուղուրլեան էր: Շատ մեծ բարիք մը ըրաւ: Հալէպի որբանոցը գացինք: Հոն ալ լաւ տեղ մը չէր, գոնէ պառկելու տեղ մը կար: Շաբաթ մը վերջը տաճիկները եկած փնտռած են ինծի, «Այդ աղջիկը ո՞ւր (է) ըսելով»: Վերջապէս շատ մը հայրենակից գտայ: Ըսին եղբայրդ քեզ կը փնտռէ: Շուտ մը գրեցին: Շուտով գտան: Դրամ ղրկեցին: 1921: Դէպի Ամերիկա եկայ: Քանի մը ամիս անցաւ: Միսակ Իսկէնտէրեանի հետ ամուսնացանք: Տիթրոյթէ վերջը Վիսքանսին գացի, որով ինքը “candy-ice cream”-ի գործ խանութ ունէր: Քոյրս ալ Երանուհի Քիւլաֆեան: Երկու տարի վերջը ալ քոյրս ամուսնացաւ Միսաք Զէքեանին հետ, երկու զաւակներով, մէկ աղջիկ, մէկ տղայ: Ինձմէ մեծ քոյրս Էւերէկ ամուսնացաւ: Սաթենիկ ամուսնացաւ Յակոբ Լաչինեանին հետ, չորս տղայ զաւակ եւ մէկ աղջիկ: Քոյրս մեռնելէն վերջը, ես յանձն առի, բերել տուի ինձ մօտ եւ ամուսնացաւ Աշոտ Եաղլիճեանի հետ: Քրոջս զաւակները կը մնան Պէյրութի մէջ, Յարութիւն Գրիգոր Լաչինեան: Ամուսինս Միսակ Իսկէնտէրեան եւ ես Գեղեցիկ Իսկէնտէրեան…