Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Հայաստանը, Արցախը Եւ Սփիւռքը Փառաբանուեցան Երգ Ու Պարով (լուսանկարներ)

Կեանքը Պէյրութի  Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

«Կենդանութի՛ւն Հայրենի, 
Ո՛վ դուն, մարմի՛ն եւ հոգի՛, 
Աւի՜շ անվերջ, հո՛ւր անշէջ. 
Ո՛վ մեր Երէ՜կն աղուալոյս 
Եւ ո՛վ, պահուած անոր մէջ, 
Գեղեցկագոյն Վաղուան Յո՛յս… :» 

«Կենդանութիւն հայրենի», Վահան Թէքէեան

Հայը՝ աշխարհի հնագոյն ազգ ըլլալով, դարեր շարունակ պայքարած է իր ինքնութեան պահպանման համար. պատերազմներ մղած, պարտութիւն եւ յաղթանակ տարած ու նուաճած փառք…աշխարհի ժողովուրդի յարգանքը, փառքն ու պատիւը:

Հայ ժողովուրդը դարերու պատմութիւն ունի: Մաքառում, տառապանք, կորուստներ, յաղթանակի բերկրանք, արեան գինով ազատագրուած թիզ մը հող…Դարեր շարունակ մեզմէ խլուած ազատութիւնը, մեր հոգիի գանձերը… Սակայն չեն կրցած խլել մեր անկողոպտելի գանձերը՝ մեր ոսկեղենիկ լեզուն,  մեր ըմբոստ ոգին, խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքով ապրելու ձգտումը:

Առաջնորդուելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին, ողջ հայութեան ներոյժի համախմբման, շարունակական աշխոյժ երկխօսութեան ներգրաւման հրամայականով, անհրաժեշտ է գիտակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի առջեւ առկայ եւ հնարաւոր նոր մարտահրաւէրները. պետութեան, հայ եկեղեցւոյ, համահայկական կառոյցներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու միասնաբար ջանքերու համադրմամբ արձագանգելու եւ համահայկական խնդիրները համատեղ ուժերով լուծելու անհրաժեշտութեան:

Համոզուած ըլլալով, որ Սփիւռքի գաղութներու յարատեւ զարգացումը յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, հնարաւորութիւն կու տայ մշտանորոգ գաղափարներով մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական ու մշակութային զարգացման՝ նպաստելով հզօր հայրենիքի կառուցման:

Հայաստանը՝ իր անբաժանելի Արցախով Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի աշակերտութեան սրտին ու հոգիին մէջ է: Ան` հայ աշակերտին առօրեայ մտածումին ու ապրելակերպին մաս կը կազմէ:

Հայ երգը, պարն ու արուեստը անքակտելիօրէն կ’ամրապնդուի աշակերտի դպրոցական կեանքին ու ապրելակերպին հետ: Իւրաքանչիւր երգի կամ պարի դասապահ, դպրոցը կը թնդայ խինդով ու կայտառ ոգեւորութեամբ: Չմոռնանք, որ գիտելիք հաղորդելը դպրոցի հիմնական առաքելութիւններէն մէկն է միայն, իսկ միւս առաքելութիւնը ազգային ինքնութեան արժանիքի ձեւաւորումն ու փոխանցումն է սերունդներուն: Ազգային երգն ու պարը առաւել եւս անհրաժեշտ են սրսկել հայ աշակերտին ներաշխարհին մէջ, որպէսզի ան ոչ միայն կարողութիւն եւ հմտութիւն ունենայ տուեալ առարկաներուն մէջ, այլեւ իր մէջ կրէ ազգային ինքնութեան վրայ խարսխուած արժէքներ:

Նոր սերունդը հայկական մշակոյթով վառ պահելու հրամայականով, վարժարանիս հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը համագործակցաբար, վարժարանիս երգի ուսուցիչուհի Օրդ. Ռիթա Գարամանուկեանի եւ պարուսոյց՝ Տիկ. Նանօր Տօնէրեան Քէլէշեանի, կազմակերպեց աւանդոյթ դարձած երգի ու պարի ելոյթը «Երկիր իմ Հայաստան» խորագրով, նորանոր եռանդ տալով մեր սիրելի դպրոցի վերելքին, մեր հայրենիքի բարգաւաճման եւ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար:

Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահը լեցուած էր ներկաներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին  վայելելու ազգայնաշունչ եւ հայրենասիրական հայ երգ ու պարի գեղարուեստական  ելոյթը:

Հանդիսութիւնը իր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ պատուեց  Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմեզեանը, որ ան հանդիսանալով նաեւ վարժարանիս նախկին պատուաւոր ուսանողներէն՝ նախքան ընդունիլը Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ՝ նախկին պետական երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ԹՄՄ-ի հիմնադիրներու մարմնի նախկին ատենապետ՝ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեան, վարժարանիս հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ծնողներ, ուսուցչակազմ, պաշտօնէութիւն եւ բարեկամներ:

Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վարժարանի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան, ողջոյնի իր խօսքը արտասանելով ըսաւ.- «Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը ունի 68  տարուայ փառապանծ պատմութիւն, ու այս 68  տարիներու ընթացքին, ան ունեցած է բազմաթիւ եւ այլազան ձեռնարկներ ու միշտ ալ վառ պահած է հայ ժողովուրդի մշակոյթն ու աւանդոյթը իր կազմակերպած աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրներով: Ուրեմն, վարժարանս նպատակ ունենալով մոռացութենէ փրկել եւ նոր կեանք տալ հայկական ազգային մշակոյթին, անգամ մը եւս կը ջամբէ հայութիւն եւ հայ մշակոյթ մեր մատաղ սերունդին՝ հայ երգի ու պարի միջոցով, տեսնելու համար, թէ եղեռնէն մօտ 104 տարի ետք, հայրենիքէն դուրս, Հայաստանը չտեսած, Լիբանան ծնած այս նոր սերունդը, որքանով կը սիրէ իր հայրենիքը՝ Հայաստանը, որովհետեւ սիրել հայրենիք կը նշանակէ ճանչնալ զայն, գիտնալ անոր անցեալի պատմութիւնը, գնահատել մեր նախնիներուն  ստեղծած ու մեզի փոխանցած ժառանգութիւնը»։

Անդրադառնալով ձեռնարկին նպատակին, տնօրէնուհին ըսաւ.- «Կարելի չէ չհպարտանալ տեսնելով Թէքէեանական աշակերտի ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Հոս, կ’ուզեմ առիթը պատեհ զգալ գնահատելու մեր ուսուցիչներուն հոգատարութիւնը՝ սերմանելով աշակերտներուն մօտ սէր ու յարգանք հայ լեզուի, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ»։

Սիրով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ հայրենասիրական խմբերգներով մասնակցութեամբ նախ. Ա.Բ.Գ դասարաններուն: Յաջորդաբար հնչեցին «Քեզ համար Հայաստան» եւ «Կամաւոր» երգերը, ապա յաջորդեց վարժարանիս «Կարս» պարախումբի (միջակ) «Հայ Զինուոր» պարը:

Նորափթիթ մեր հպարտ մանկապարտէզի մանուկները, մեր գաղութի լուսաշող ապագան են, որոնցմով պիտի շարունակուի մեր փառապանծ գոյատեւումը: Հպարտութեամբ ու բարձր ոգիով, անոնք խրոխտ քայլերով եւ եռագոյն դրօշներով եւ փուչիկներով տողանցեցին սրահին մուտքէն խանդավառ երաժշտութեան ներքոյ, ու հպարտօրէն երգեցին «Ազգ Փառապանծ, Հասնինք Սասուն, Պատերազմ էք գնում, Հայեր միացէք» ծաղկաքաղ երգերը եւ «Հայաստանը մենք ենք»-ը, որուն յաջորդեց  «Հայաստան Ճան» պարը «Կարս» պարախումբի փոքրերու մասնակցութեամբ:

«Կարս» պարախումբի մեծ աղջիկները նազաճկուն եւ հեզաճկուն շարժումներով պարեցին «Շորորա» երգին ներքոյ, ապա «Կարս» պարախումբի փոքրերը  ներկայացուցին «Եարօ Ճան» պարը:

Նախ. Դ.Ե.Զ դասարանները գեղեցկօրէն մեկնաբանեցին «Տուն իմ Հայրենի», «Սարերի Հովին Մեռնեմ» եւ «Հայաստան» խմբերգները, մենակատարութեամբ՝ Մարիլին Աւետիսեան (նախ. Դ. դասարան) եւ Ալին Գէորգեան (նախ. Զ. Դասարան):

Սրահը թնդաց «Կարս» պարախումբի մեծերու «Սարդարապատ» պարի ներկայացմամբ, որմէ ետք, գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակուեցաւ «Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք» ազգայնաշունչ պարեղանակով՝ վարժարանիս աշակերտութեան մասնակցութեամբ: Անոնք անգամ մը եւս փաստեցին իրենց հաւատարմութիւնը եւ սէրը դէպի հայ երգը, պարն ու արուեստը, կառչած մնալով ամբողջական Հայրենիքին համար պայքարելու ուխտին ու յաւերժ գոյութեան:

Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհին շնորհակալական խօսքերով պատուեց վարժարանիս երգի ուսուցիչուհի Օրդ. Ռիթա Գարամանուկեանը, պարուսոյց՝ Տիկ. Նանօր Տօնէրեան Քէլէշեանը, ինչպէս նաեւ տարազներու պատասխանատու Օրդ. Սեդա Պագալեանը, իրենց անսակարկ ու հոգատար աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ ջերմ ողջոյններով գնահատեց մասնակից աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հանդիսութիւնը յաջողութեամբ պսակելուն համար: Ապա բեմ հրաւիրելով հանդիսութեան վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը, ծաղկեփունջերով  պատուեց հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարներն ու օժանդակող անհատները:

Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ երեկոյի գլխաւոր հովանաւոր՝ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեէմեզեանը, փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Առաջնորդ սրբազան Հայրը իր երախտագիտական եւ ջերմ զգացումները արտայայտեց երեկոյի բարձրաճաշակ ներկայացման: (Սրբազան հօր սրտի խօսքը կարդալ առանձին)

Միայն խոնարհիլ կարելի է, վարժարանիս աշակերտութեան, կազմակերպիչներուն, ուսուցչակազմին, իրենց անսակարկ նուիրումին, որոնք կառավարեցին, եւ այս անմոռանալի ձեռնարկը մեծ յաջողութեամբ հանրութեան ներկայացուցին: Հաւաքական աշխատանք մը իրապէս: Յստակ է որ աշակերտները եւ ծնողները կը հաւատան որ երգն ու պարը ոչ միայն հաճոյք է, այլեւ հայեցի դաստիարակութիւն: Հոգեպարար երեկոյ մը, ուր Հայ երգն ու պարը թնդաց բեմէն երեխաներու եւ պատանիներու միջոցաւ, որոնք մեր ՎԱՂԸ կերտող հունտերն են:

Եւ ինչ լաւ յայտարարութիւն է թուրքին ուղղուած այս ձեռնարկը: Ահա Եղեռնէն գրեթէ 104 տարի ետք, հայրենիքէն դուրս, օտար ափերուն ծնած այս նոր սերունդը հայերէն կ’երգէ եւ հայկական պար կը պարէ, ըսելով՝ “Մենք դեռ կանք դուն ձախողեցար:”

Հպարտօրէն կ’արձանագրենք, թէ վարժարանիս 65 ամեակին առիթով լոյս տեսած յուշամատեանը ի ձեռն յանձնուեցաւ հանդիսատեսներուն, որոնք մեկնեցան հանդիսասրահէն այն համոզումով, որ հայ սերունդը պիտի շարունակէ պահպանել հայ մշակոյթն ու արուեստը, հաւատայ հայրենիքի հզօրութեան, զանոնք փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն:  Ապրի՛ք, Թէքէեան վարժարանի հպարտ աշակերտներ:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի

Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին