ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ
Մեր ժողովուրդը, նման միւս բոլոր Քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, ոգեւորութեամբ կը դիմաւորէ կրօնական համաշխարհային խորհուրդ ունեցող բոլոր տօները։ Բոլորիս յայտնի է, որ սրտի անհուն ուրախութեամբ եւ հոգեկան ցնծութեամբ եկեղեցական տօնակատարութեանց կամ ոգեկոչման առիթով միշտ խուռներամ կ’ուղղուինք մեր հոգիին թռիչք տուող ծննդավայրը՝ տունը Աստուծոյ, մանաւանդ եթէ այդ տօնը մեր սրտին խօսուն տօն մըն է, ինչպիսին են՝ Խաչը, Աստուածածնայ վերափոխումը, Ս. Ծնունդը, եկեղեցիներու անուանակոչութիւնները, Ծաղկազարդը, Ս. Զատիկը…։
Հակառակ պահեցողութեան ինքնամփոփման ու ինքնաքննման մթնոլորտին ու ժամանակամիջոցին մէջ ըլլալնուս եւ հակառակ յառաջիկայ օրերուն՝ Աւագ Շաբթուան տիրող ծանր խորհուրդին, Ծաղկազարդի տօնն ու տօնակատարութիւնը՝ իր թափօրի ղօղանջներով, կարծէք յաղթանակի ու յոյսի աւետիսն է որ կը փոխանցէ։
«Ուրախացայ երբ ինծի ըսին. “Երթանք Տիրոջ տունը”» (Սղ 122.1)։ Ի՜նչ հոգեկան սրբազան զգացում, երբ կոչ կ’ուղղեն քեզ Տիրոջ տունը երթալու եւ կ’ընդառաջես այդ կոչին։ Այսօր եւս, մեր Տէրը ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, Ծաղկազարդի տօնին սեմին, անգամ մը եւս, եկեղեցւոյ ճամբով կոչ կ’ուղղէ իր զաւակներուն՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի առօրեայ կեանքի մտահոգութիւնները մէկդի թողելով եւ մեր կեանքի նեղութիւններն ու ցաւերը ցրուելով, զԻնք դիմաւորութեան երթանք. դիմաւորութեան երթանք մեր ձեռքին ունենալով խաղաղութեան ձիթենին. դիմաւորութեան երթանք, որպէսզի մեր մեղքերը, ցաւերը, վիշտերն ու հիւանդութիւնները իբրեւ հանդերձ փռենք Իր ոտքերուն տակ։
Ընդհանրապէս տօնական այս օրերուն եւ յատկապէս Ծաղկազարդի սեմին գտնուելու առիթը լաւագոյնս օգտագործելով, պիտի առաջարկէի ներամփոփման պահ մը ստեղծելով՝ ըլլանք մեր անձերուն հետ եւ խորհինք մեր կեանքը վերանորոգելու, վերարժեւորելու եւ վերածաղկազարդելու անհրաժեշտութեան մասին։
1) Ծաղկազարդենք մեր ազգային կեանքը։ Համաշխարհայնացած այսօրուան աշխարհը, իր «արժէք»ներով ու «արժեւորում»ներով, քաոսային վիճակ մը կը ներկայացնէ եւ այնպիսի հոսանքներու դէմ-յանդիման կը դնէ մեզ, որ երբեմն, կամայ թէ ակամայ, կ’ենթարկուինք անոնց, որոնք կ’աղաւաղեն մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնն ու դիմագիծը։ Սակայն, ասով հանդերձ, կը շարունակենք գոյատեւել։
Բայց այսօրուան աշխարհին մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, մենք որպէս հաւաքականութիւն, պարտաւորութիւնը ունինք յիշեալ հոսանքներուն դէմ պայքարելու, ամէն գնով։ Տօնական օրերու առիթով ի մի համախմբուիլը զանազան վայրերու մէջ եւ յատկապէս եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ, խթան պէտք է հանդիսանան վերաքննութեան ենթարկելու մեր հոգեւոր եւ ազգային պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ վերարժեւորելու մեր ընթացքը մեզի աւանդուած արժէքներուն լոյսին տակ։
Այսօրուան մեր առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է դաստիարակել այնպիսի սերունդ մը, որ կարենայ պայքարիլ կեանքի զանազան հոսանքներուն դիմաց եւ կարենայ իր եկեղեցական ու ազգային ինքնութիւնը ամրօրէն պահել ու կառչած մնալ անոր։ Նկատի ունենալով, որ այսօրուան մանուկը վաղուան երիտասարդն է, ղեկավարն է, ազգը պահողն է, այլ խօսքով՝ ազգին ապագան է, պէտք է զայն թրծել գերագոյն արժէքներով, սրբազան իտէալներով եւ ազգային վառ ապրումներով։
2) Ծաղկազարդենք մեր հոգեւոր կեանքը։ Նոյնն է պարագան նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին։ Պէտք է ընդունիլ, այսօր մեր հոգեւոր կեանքը որոշ նահանջ մը արձանագրած է։
Իւրաքանչիւր եկեղեցական կամ սրբոց յիշատակութեան օր, զգաստութեան առիթ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։ Տօնակատարութիւնները կոչ մըն են Քրիստոսէ ուղղուած մեր անձերուն՝ արթնութեան հրաւիրելու, արժեւորելու մեր կեանքը, դիտելու մեր ընթացքը եւ վերադասաւորումի ենթարկելու զայն։ Այսօր, Քրիստոսի յաղթականօրէն Երուսաղէմ մուտք գործելու տօնին առիթով, Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ Քրիստոսի նման յաղթական մուտք ունենալու հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով լեցուն վերազարդեալ աշխարհէն ներս։ Ծաղկազարդի տօնը մարտահրաւէր մըն է, Ս. Եկեղեցւոյ խորհուրդով վերականգնելու մեր յաղթական ինքնութիւնը՝ նման մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի։
Հոգեւոր կեանքի ծաղկազարդման ծիրին մէջ կ’իյնայ նաեւ մանուկներու դաստիարակութիւնը։ Այսօր, հայկական աւանդութեան մէկ անբաժան մասնիկը դարձած է մեր մանուկները եկեղեցի բերելը եւ թափօրին մասնակից դարձնելը։ Սակայն, ցաւ ի սիրտ, ծնողներ նոյն խանդավառութեամբ եւ հաւատքի նոյն մղումով իրենց զաւակները չեն առաջնորդեր եկեղեցի (բացառութիւնները միշտ յարգելի), ինչպէս կ’ընէին մեր նախնիները։ Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելը մեր մանուկներուն, հոգեւոր կեանքի վերանորոգութիւն կ’ենթադրէ նաեւ մեր կեանքին մէջ։ Մեր զաւակները եկեղեցի եւ Կիրակնօրեայ վարժարան յաճախելով՝ պատճառ կը դառնան, որ հոգեպէս կազդուրուինք նաեւ մենք։ Որպէս Քրիստոնեաներ, ի՞նչ է միթէ մեր պարտականութիւնը, եթէ ոչ՝ մեր անձերուն կողքին նաեւ մեր զաւակներուն եւ մեր նմանին Աստուածաճանաչութիւնը։ Այդպիսով միմիայն պատրաստած կ’ըլլանք մեր ընկերութեան վաղուան առողջ երիտասարդութիւնը։
Հետեւաբար, Ծաղկազարդի տօնը եւ ընդհանրապէս յառաջիկային մեր առջեւ բացուող տօնական օրերը լաւագոյնս օգտագործելով, վերանորոգուինք ու ծաղկազարդուինք մեր ազգային, հոգեւոր, բարոյական, ընկերային ու ընտանեկան սրբազան արժէքներով, միշտ ի մտի ունենալով, որ մենք ենք պատասխանատուները այս սերունդին դաստիարակութեան ու կազմաւորման, եւ մենք Աստուծոյ դատաստանին դիմաց կանգնելով հաշիւ պիտի տանք, ինչպէս նաեւ մեր զաւակներուն՝ իրենց ջամբած մեր դաստիարակութեան ու մարդակերտումի առաքելութեան մէջ։
Թող ամենակալն Աստուած, կամքն ու կորովը տայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, վերանորոգելու մեր հոգեւոր կեանքը։ Իր հովանին թող անպակաս ընէ մեր ազգին ու անոր զաւակներուն վրայէն եւ մեր քայլերը անսայթաք առաջնորդէ դէպի մեր Փրկիչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն