Ապրիլեան նշումներու առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019ին, հիւր ունենալով անգլիաբնակ ծանօթ պատմաբան՝ Պրն. Արա Սարաֆեան, որ Պէյրութ հրաւիրուած էր Հ.Ե.Ը.-ի Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ, հրապարակային ելոյթ մը ունենալու համար: Պատմաբանին կ’ընկերակցէր Հ.Ե.Ը.-ի Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պրն. Շահէ Պապահէքեան:
Հիւրը ներկայացուց աշակերտուհի Լոռի Փոլաճեան, որ անոր կենսագրութիւնը ներկայացնելէն ետք, անդրադարձաւ՝ պատմագրական ու աշխատասիրական վաստակին եւ անոր հիմնած ու նախագահած Կոմիտասի անուան հիմնարկութեան:
Պրն. Սարաֆեան խօսեցաւ պատմագրութիւն հասկացողութեան ու բովանդակութեան մասին, այդ մարզէն ներս իր ունեցած մասնագիտութեան, դերակատարութեան ու գրառութեան, յաճախ պատմական շրջաններու եւ հնութիւններու ցուցադրութեամբ:
Ան շեշտեց, որ պատմագրութիւն գրելու կամ անոր նուիրուելու համար, անվիճելի պարտաւորութիւն մըն է, իր ձեռքին ունենալ՝ փաստաթուղթեր, վաւերաթուղթեր, տեղեկագրութիւններ կամ արձանագրութիւններ, առանց որոնց կարելի չէ պատմագրութեամբ զբաղիլ կամ պատմագրութիւն մշակել:
Իսկ վերոյիշեալը յաջողցնելու համար, յատկապէս հայ պատմագրութեան պարագային, անհրաժեշտ է գործել միայն խօսուն ու շօշափելի տուեալներով, ինչպէս նաեւ իրականութեան համապատասխանող վկայութիւններով:
Պատմաբանը յայտարարեց, որ ինք ընտրած է 19-րդ դարու պատմութիւնը, երբ Արեւմտահայութիւնը զարթօնք ապրեցաւ, իր աշխարհաբար լեզուով, մշակոյթով, գրականութեամբ, գեղարուեստով ու լրագրութեամբ՝ յիշելով, որ այդ ժամանակ հայութիւնը կը հասնէր 2-2.5 միլիոնի, իսկ թրքական աղբիւրներ այդ թիւը հազիւ մէկ միլիոն կը հաշուէին, մինչ ջարդը արդէն խլած էր շուրջ երկու միլիոն հայ:
Ըստ դասախօսին, այդ «կեղծիք»ը պէտք էր ջրել եւ ապացուցել, որ թրքական կողմը կը շարունակէր իր ուրացումի քաղաքականութիւնը, իսկ հայկական կողմը պէտք էր բացայայտէր իրականութիւնը:
Պրն. Սարաֆեան, բազմաթիւ օրինակներ տուաւ կարգ մը գաւառներու մասին (օրինակ՝ Խարբերդ, Տիգրանակերտ)` բացատրելովխ թէ հայութիւնը ինչպէս կ’ապրէր, նոյնիսկ իր «թրքացած» պատկանելիութեամբ, սակայն առանց հերքելու իր արմատներուն հայկականութիւնը:
Ան ընդունեց, որ Հայկական հարցը վերջ չէ գտած ու պէտք է շարունակել կառչած մնալ անոր, մանաւանդ այնպիսի գաղութներէ, որոնք ի վիճակի են, նոր իրագործումներով ու նուաճումներով հետապնդել մեր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Այս առիթով, ան պարտք համարեց, որ նոր սերունդները կարենան տէր կանգնիլ իրենց պահանջատիրական իրաւունքներուն, ոչ միայն մասնագիտականօրէն, այլեւ՝ իւրաքանչիւրը իր հայու ինքնութեան ու պատկանելիութեան գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ:
Աւարտին պատմաբանը պատասխանեց աշակերտութեան հարցումներուն:
Աշակերտութիւնը բուռն ծափահարութիւններով ողջունեց յարգելի հիւրը, որ ներկայացուց հետաքրքրական դասախօսութիւն մը, եւ անոր շնորհակալութիւն յատնեցին՝ նուիրելով ծաղկեփունջ մը:
Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց պատմաբանին, այս տպաւորիչ ելոյթին համար, նաեւ Հ.Ե.Ը.ի Մշակութային Յանձնախումբին, այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան առիթով:
Տնօրէնութեան և յարգելի հիւրերուն հետ, շահեկան զրոյցը շարունակուեցաւ, նոյն նիւթի ծիրէն ներս, միտքերու ու գաղափարներու փոխանակումներով: