Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

 Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւններու ծիրին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ մշակութային միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր հրաւիրելու  լոնտոնաբնակ հանրածանօթ պատմաբան, Կոմիտաս հաստատութեան տնօրէն Արա  Սարաֆեանը:

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ,  ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ պատմաբան Արա Սարաֆեան շահեկան դասախօսութիւն մը տուաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ՝ իբրեւ խորագիր ունենալով «Յետադարձ ակնարկ դէպի յառաջ… Հայերը Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ»:

Ի ներկայութիւն Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ռազմական  կցորդ, գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, Լիբանանի թեմի Բարեջան առաջնորդի  ներկայացուցիչ տէր Նարեկ քհնյ. Հեճինեանի, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանակային  յանձնաժողովի անդամներու, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, մտաւորական ընտրանիի մը, միութենականներու եւ բարեկամներու, ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան անունով տոքթ. Շահէ Փարթամեան  բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ դիտել տալով, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը, շարունակելով Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւնները, նախանձախնդիր եղած է հրաւիրելու  հանրածանօթ մտաւորականներ: Անոնցմէ եղած է քանի մը օր առաջ իր մահկանացուն կնքած՝ Հայ դատի հմուտ պաշտպան սպանացի լրագրող Անթոնիօ Կուռիարան:

Ապա ան ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց պատմաբան Արա Սարաֆեանը:

Ժան Փիեռ եւ Ռիթա Աստիկեան դաշնամուրի եւ ջութակի ընկերակցութեամբ ապրումով կատարեցին «Կիլիկիա»-ն եւ «Կռունկ»-ը:

Բանախօս Արա Սարաֆեան շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀԵԸ-ին՝ Լիբանան  հրաւիրելուն առիթով: Ան յայտնեց, որ Հայկական հարցը շօշափելի ներկայութեան վերածուած է Թուրքիոյ մէջ, եւ հայ  ժողովուրդը  զանազան ճանապարհներով  կը շարունակէ հետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը: Ապա ան կեդրոնացաւ ցեղասպանութեան փաստը թուրք հասարակութեան ծանօթացնելու  եղանակներուն՝ ընդգծելով, որ այսօրուան Թուրքիան, արտաքին ճնշումներու տակ, զանազան պատճառներով աւելի  հանդուրժող դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին տրուող մեկնաբանութիւններուն, քան երէկ: Մեծ զանգուածներ պատրաստ են  առերեսուելու պատմութեան հետ:  Արա Սարաֆեան դիտել տուաւ, որ այսօրուան Թուրքիոյ բնակչութեան  քսան առ հարիւրը կը ճանչնայ ցեղասպանութեան փաստը, քսան առ հարիւրը կը  շարունակէ ժխտել պատմական իրողութիւնը, իսկ մնացեալ վաթսուն առ  հարիւրը  կը տատանի երկու  բեւեռներուն  միջեւ:  Ան   նշեց, որ թուրք հասարակութիւնը անհրաժեշտ է  պատմական,  վիճակագրական ստոյգ տուեալներով  իրազեկ դարձնել ցեղասպանութեան  փաստին:  Այս նպատակով ան արժեւորեց  Սարգիս Երուանդ Քարայեանի արժէքաւոր աշխատութիւնը՝ «Armenians in Ottoman Turkey, 1914: A Geographic and Demographic Gazetteer»,  ուր ծանօթ պատմաբանը տեղաբաշխական  տուեալներով,  համոզիչ փաստերով  յայտնաբերած է ցեղասպանութիւն գործուած վայրերը:

 

Արա  Սարաֆեան արժեւորեց   պատմաբան   Քարայեանի  բծախնդիր, մանրակրկիտ եւ  հետեւողական աշխատանքը: Հատորին մէջ բացայայտուած են Արեւմտեան Հայաստանի եւ  Կիլիկիոյ աւելի քան  չորս  հազար  հայկական  գիւղերու անուններն ու վայրերը՝  յիշատակելով անոնց  ներկայ անունը, յարակից ընդարձակ տեղեկութիւններով:

 Արա  Սարաֆեան    շեշտեց, թէ  ժխտումի   քաղաքականութեան դէմ, Հայոց  ցեղասպանութեան ապացոյցներու ապացոյցը կարելի է որակել հսկայական այս աշխատութիւնը:

 Լոնտոնաբնակ  պատմաբան Արա  Սարաֆեան  միաժամանակ անդրադարձաւ իրենց  ինքնութիւնը  բացայայտող   հայերուն: Ան  թելադրեց  զգալ  ակամայ   օտարացած հայերուն իրավիճակը եւ  քաջալերել  վերադառնալու  իրենց արմատները:

Արա Սարաֆեան  պատասխանեց   իրեն  յղուած  հարցումներուն:

  Ծայր աստիճան  հետաքրքրական  այս  դասախօսութեան աւարտին, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ մշակութային միութեան ատենապետ  Շահէ Պապահէքեան  երախտագիտական  յուշանուէրով  մը պատուեցին Արա Սարաֆեանը:

Պատմաբան  Արա Սարաֆեանի հետ զրոյցը  շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, կոկիկ  հիւրասիրութեան մը ընկերակցութեամբ:

Գնահատելի աշխատանք:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին