Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

«Ճոննի Պի Կուտ» (Johnny B. Goode) – Ժագ Պերրի (լուսանկարներ, տեսերիզ)

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ժագ Պերրիի  «Ճոննի Պի Կուտ» երգը կարելի է համարել «ամերիկեան երազանքի» մասին առաջին ռոք ըն ռոլ երգը: Անոր հերոսը հեռաւոր գիւղի բնակիչ խեղճ  եւ  անկիրթ տղայ մըն է, որ ուսում չէ ստացած, բայց հիանալի կիթառ կը նուագէ եւ յաջողցնելով իր կեանքը հնարաւորութիւն կ’ունենայ գումար վաստակել:

Ինչպէս Ժագ ինք կը սիրէր նշել, երգի հերոսը մասամբ ինքն էր եւ երգն ալ մասամբ իր մասին էր: Բայց համեմատութիւնը, այո’, չափազանցուած էր, անիկա միայն որոշակիօրէն կը բնութագրէր Ժագը: Ան բնականաբար խուլ գիւղէ մը չէր, աղքատ ընտանիքէ չէր,  ստացած էր դիմայարդարի  կրթութիւն եւ որոշ ժամանակ զբաղած էր այս գործով եւ յաջողութիւն գտած, ան նոյնիսկ իր վաստակած գումարով տուն գնած էր ընտանիքի համար: 

Երգի մասին խօսելու ժամանակ ան կը նշէր, որ երգը ի սկզբանէ գրած է՝ նկատի ունենալով իր ընկեր եւ գործընկեր, դաշնակահար եւ երաժշտահան Ճոննի Ճոնսընի կերպարը: Բայց միեւնոյնն է, որոշ իմաստով երգը  մասամբ իր մասին է: Երգի կերպարի հետ զինք նոյնացնելը աւելի շատ կը կրէր հոգեբանական ու խորհրդանշական բնոյթ, քան ֆիզիքական:

Երգի առաջին տարբերակին մէջ կը պատմուէր սեւամորթ տղայի մասին, բայց այդ թուականներուն ցեղապաշտութիւնը մեծ տեղ ունէր Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ Պերրին կարծեց, որ երգը նոյնպէս չ’ընդունուիր  այդ խտրականութեան պատճառով:

Այս էր պատճառը , որ ան երգի ամենասկզբին հնչող «սեւամորթ տղայ» արտայայտութիւնը փոխարինեց  «գիւղացի տղայ» արտայայտութեամբ:

  Երգի վերնագրի մէջ բառախաղ կայ: «Ճոնի Պի Կուտ»-ը, որ տղայի անուն ազգանունն են (Johnny B. Goode) անգլերէն կը հնչեն նաեւ «Ճոննի, լաւ եղիր»:

Անունն ու մականունը , Ժագ ընտրած էր, բնականաբար, միտումնաւոր, սակայն սէթեւեթելով կ’ըսէր, որ Կուտը այն փողոցի անունն է, ուր ան մեծցած էր ու ընտրած է այդ պատճառով:

Երգը  ձայնագրուեցաւ 1958 թուականին եւ անմիջապէս  դարձաւ  հիթ՝ սիրուելով թէ՛ սեւամորթ, թէ՛ սպիտակամորթ հնարութեան կողմէ: Տարիներ ետք Պերին պէտք է Ճոննիի կերպարը օգտագործեր այլ երգերու մէջ:

Այս երգը վերաերգած են բազմաթիւ այլ երաժիշտներ, որոնց շարքին են Պիթլս , Աերոսմիթ, Սէքս Բիսդըլս, Ռոլինկ Սթոունզ խումբերը, Էլթոն Ճոնը եւ այլ երաժիշներ:

Երգի հետ առնչուած մի քանի հետաքրքրական փաստեր կան: Այսպէս, օրինակ.

-Կիթառի րիֆը, որով կը սկսի երգը, ամբողջովին վերցուած է մէկ այլ երգէ, որուն  հեղինակն է ամերիկացի երաժիշտ Լուի Ճորտան:

-2000 թուականին Ճոննի Ճոնսըն, որուն կերպարով Ժագ ստեղծած էր երգը, դատի տուաւ զինք, պնդելով, որ ան երգի համահեղինակն է եւ մեծ գումար պահանջեց: Դատաւորը չբաւարարեց հայցը, ըսելով, որ ասիկա շատոնց կատարուած իրողութիւն է եւ ապացուցել հնարաւոր չէ:

-«Johnny B. Goode » երգը շատ յաճախ  իրենց նախընտրական քարոզարշաւներու  ժամանակ կ’օգտագործեն Ճոն անունով քաղաքական գործիչները:

-այս երգը կարելի է լսել բազմաթիւ գեղարուեստական ֆիլմերու մէջ, որոնցմէ ամենացայտունը՝ «Վերադարձ դէպի ապագայ»  ֆիլմն է:

Ինչեւէ, հակառակ այս բոլոր փաստերուն, «Ճոննի Պի Կուտ» երգը ռոք ըն ռոլ ժանրի ամենացայտուն ու ամենայայտնի երգերէն մէկն է: Եւ ինչպէս յաճախ կը պատահի, լաւագոյն երգերը կը դառնան երկարակեաց եւ յարատեւ եւ կը կորսնցնեն հիննալու յատկութիւնը՝ տարիներու հետ մնալով ժամանակակից ու սիրուած:

Անահիտ Կօշկարեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին