ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ մասին գիրքի մը նախաբանէն առաջ իսկ, առաջին էջին, կարծես իբր զգուշացում կամ նախապատրաստութիւն, գրուած է. «Այս Բանը, որուն մասին կը խօսինք, փնտռելով երբեք կրնայ չգտնուիլ, թէեւ միայն փնտռողները կը գտնեն»: Սիւֆի ասոյթ: Մխիթարական մուտք արդարեւ՝ անձնաւորութիւններու տեսակի մասին գրուած, նկատելով բարդութիւնները: Ուրեմն ամէն ինչ չէ որ հեշտ է, եւ ինչ որ այսօր հեշտ կը թուի, այդպէս չէր երէկ ու այսպէս, ինչ որ բարդ է այսօր, գուցէ վաղը, մօտաւոր կամ հեռու, կարգ մը հանգոյցներ քակուին ու պատասխանը ըլլայ ընդունելի: Մինչ միշտ ալ փնտռողներ պիտի ըլլան, գտած ըլլալու յաւակնորդներ ալ, խարխափողներ ալ, բայց կեանքը կ’ընթանայ իր հունով, ու լուծումներ ալ տեսակաւոր են, քանի որ ծներ ենք, եւ ամէն ոք իր անձնաւորութեամբ թրծուած: Վերջին հաշուով, ամէն ոք իր խառնուածքին ու պայմաններուն ենթակայ կեանք մըն է որ պիտի ապրի ու հեռանայ: Իսկ քանի որ մարդու կազմը ԵՍԱԿԵԴՐՈՆ Է, վերջ ի վերջոյ պիտի յենի ինքն իր վրայ՝ զայն գոհացնելու: «Ունայնութիւն ունայնութեանց»,– ըսաւ Ժողովողը, եւ ամէն բան ունայնութիւն է: Եւ «ես ուրախութիւնը գովեցի, վասնզի մարդ արեւուն տակ ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ աղէկ բան մը չունի» (Ժողովողի): ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԱՏ Է:
Թեւերս գրասեղանին, գլուխս թեւերուս վրայ մտածեցի, ուրեմն, որ Աստուած ստեղծեր է երկինքն ու երկիրը, իսկ ԵԹԷ ՉՍՏԵՂԾԷՐ, ի՞նչ պիտի ըլլար. պիտի չունենայի մամա, պապա, ու պիտի չծնէի ես: Ուստի, ի՞նչ պիտի ըլլար: Ի՞նչ ըսել է ոչինչ: Այդպէս չարչարուեցաւ միտքս՝ առանց պատասխան մը գտնելու: Միթէ կրնայի՞ գտնել պատասխան մը ես՝ տասնամեայ կեանք ապրած էակս: Երազային աշխարհ մըն էր կարծես իմ խառնուածքս, ու կ’ուզէի արեւը բռնել ու խաղալ գնդիկի փոխարէն, թէեւ հայրս տեսակաւոր ու գունաւոր գնդիկներ էր բերած՝ իր զաւակը ուրախացնելու: Այլ բաներու կողքին կը յիշեմ հայերէնի դասապահերը, մանաւանդ բանաստեղծութիւններու առթիւ, որոնցմէ՝ «Ամէն գիշեր գինովցած՝ տուն կը դառնար եւ իր կինը կը ծեծէր ու օր մըն ալ կը կայնի դրան մօտ լռելեայն, իսկ կինը կ’ըսէ՝ «զա՛րկ», իսկ ամուսինը կը պատասխանէ. «Կը վախնամ, որ կ’արթննայ երեխան»: Ուսուցիչն էր որ կարդաց դասապահին՝ յուզելով աշակերտութիւնը: Փորձ մըն էր ի հարկէ դասը սիրցնելու: Բայց իմ հարցումս մնաց մտքիս մէջ, թէեւ տարիները հասակ տուին, բայց ի՞նչ կը նշանակէ ոչնչութիւն: Տարիներու ընթացքին դպրոց, դասարան փոխուեցան, բայց կան թերեւս յաւիտենական հարցումներ, որոնց պատասխանը մարդկային կարողականութենէն վեր է: Ի սկզբանէ արեւը կը դառնար երկրին շուրջ, ու վերջին հինգ հարիւր տարին երկիր մոլորակը սկսաւ դառնալ արեւուն շուրջ: Անշուշտ այս շրջադարձը անմիջական ընդունելութիւն չգտաւ, սակայն վերջ ի վերջոյ հաստատուեցաւ: Այս՝ երեւելի զանգուածներու մասին: Մինչ օրերը կը ձուլուին տարիներու մէջ ու տարիները՝ դարերու, նոր հարցեր ու լուծումներ կը յառաջանան, ու այսպէս կ’ընթանայ կեանքը փուլ առ փուլ, ու անվերջ է ճամբան:
Կենսաբանական վերարտադրումի դասապահին լսեցինք ՊԱՅՆԸՐԻ ՖԻՇՆով իր տեսակը շարունակող մանրէ մը, որ ինքզինք հատելով կը շարունակէր իր տեսակի գոյութիւնը՝ առանց արական եւ իգական տեսակի միաւորման: Բնութիւնը ո՞վ կարդալ գիտէ: Տասնամեակներ անցեր են այդ օրերէն: Գիտութիւնը հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններ արձանագրած է, ու հիմա հեշտ է ծովուն ընդերքը խուզարկել: Այդպէս, վերջերս ձուկի մէկ տեսակ մը ներկայացուեցաւ, որ թէ՛ արական եւ թէ՛ իգական կրնայ ըլլալ. երկսեռ՝ բնութեամբ: Զարմանալու բան: Ինչ որ անբնական կը թուի: Իսկ վերջերս ալ հայրենիքի մէջ խմբաւորում մը կազմած են՝ ԴՐԱՆՍԿԵՆՏՆԵՐ, որոնք իրենց սեռը կամովին կը փոխեն: ԱՀԱ՛ ԱՆԲՆԱԿԱՆԸ: Այս ալ մարդ արարածի գիւտերու շարքին կարելի է դասել՝ անհատի ազատութեան իբր երաշխիք:
Ո՞ւր կ’երթայ մարդը բնազդայինը խարազանելով:
Եւ հայը, որ սրբութիւն պէտք է սեպէ աւանդութիւնները մեր, որոնք ազգը ազգ կը պահեն՝ առանց մերժելու համամարդկային օգտին (գրանցուած կամ ոչ՝ հասկացողութիւնները), անխաթար պահէ իր քաղաքակրթութիւնը: