Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Արագածէն Արքայութիւն՝ Ս. Լուսաւորչի Կանթեղին Ստուերով

Հինգերորդ դարու պատմիչ, հայ ազգի պատմագրութեան ու եկեղեցական մատենագիտութեան հնագոյն «Պատմութիւն Հայոց» երկի հեղինակ Ագաթանգեղոս 16 դար առաջ կը գրէր դայեակներու կողմէ ազատուած երկու մանուկներու մասին (Ագթ. 23)։ Անոնցմէ մին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, պիտի դառնար ազատիչը ամբողջ հայ ազգին, եւ որուն մասին 18-րդ դարու ականաւոր աստուածաբան, մատենագիր, մշակութային եւ քաղաքական գործիչ Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոս պիտի ըսէր. «Յետ բազմազան տանջանակրութեան էած է հաւատս եւ մկրտեաց զՏրդատ թագաւորն եւ լուսաւորեաց զաշխարհս հայոց, վրաց, եւ այլոց շրջակայից. ապա եւ մկրտեաց զՈւռնայր արքայն աղուանից, ի ձեռն նորին եւ զբոլոր ազգն աղուանից լուսաւորեաց», հայ ժողովուրդին կողքին լուսաւորելով նաեւ վրացները, աղուանները եւ այլ շրջակայ փոքր ազգեր:

Լուսաւորութիւն, սակայն ոչ միայն հոգեւոր եւ կրօնական գետնի վրայ, այլ նաեւ լուսաւորութիւն մարդկային դիտանկիւնէն, որովհետեւ այդ լուսաւորութեան պիտի յաջորդէր գիրերու գիւտը, դարձեալ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետներէն Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, որուն պիտի յաջորդէր գրականութեան եւ ուսումի հսկայական աշխատանք մը՝ ստեղծելով լուսաւոր քաղաքակրթութիւն, որմէ յառաջ պիտի գար ամբողջ հայ ազգի մը պատմութիւնը:

Հայ ազգը, գիտակից ու երախտապարտ այդ լուսաւորութեան, դարեր շարունակ չմոռցաւ իր լուսաւորութեան հայրը՝ զայն անուանելով Լուսաւորիչ, միշտ աչքերը յառած մնալով Լուսաւորչի կանթեղին, որուն համար հայ բանաստեղծ, արձակագիր, վիպագիր ու պատմագիր Յովհաննէս Թումանեան կ’ըսէ. «Ոչ մարդկային ձեռ կը հասնի Էն ահաւոր բարձունքին, Եւ ոչ քամին կը հանգցընի՝ Վիշապ-քամին ահագին»: Ու այսպէս հայրապետներու աղօթքներու, շարականներու, հոգեւոր գրականութեան ու պատմութեան ճամբով մինչեւ մեր օրերը կը հասնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի լուսաւորութեան արդիւնքներն ու հետեւանքները՝ վերածուելով ազգային ու կրօնական տօնի: Ընդհանրապէս սուրբերու կեանքի պարագային կը նշուին սուրբին մահուան կամ ծննդեան օրերը, սակայն Լուսաւորչի տօնը ամբողջութեամբ կը տարբերի անոնցմէ, որովհետեւ Սուրբին ո՛չ ծննդեան եւ ո՛չ մահուան օրերն են որ կը յուշեն, այլ աւետիսը կու տան Հայաստան աշխարհի լուսաւորութեան եւ ճի՛շդ այդ պատճառով է, որ տաղասաց Թաթոս Թոխաթցի կ’երգէ ըսելով. «Լուսաւորիչ խնդիրք արաւ, աւետի՜ս, Գերեզմանէն լոյսն որ եկաւ, աւետի՜ս, Ճառագայթեց ի խոր կանթեղն, աւետի՜ս, Հայազգն ամէնն ուրախացաւ, աւետի՜ս»: Աւետիս, որովհետեւ այդ աւետիսով պիտի ստեղծուէր հոգեւորականութիւն, որմէ ծնունդ պիտի առնէր Մովսէս Խորենացի, Վարդան Այգեկցի, Մխիթար Գոշ, Ներսէս Շնորհալի եւ այլ մեծամեծներ, որոնք պիտի ստեղծէին հայկական երաժշտութիւն, գրականութիւն, կանոնագրութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ զանազան տեսակի լուսաւորութեամբ պիտի զարդարէին հայոց երկիրը:

Այս բոլոր լուսաւորութեան երախտագիտութեան որպէս արժանի երեւոյթ՝ հայ ազգը յատուկ սէր ու կապուածութիւն ունեցաւ հանդէպ Ս. Լուսաւորչին՝ յատուկ ակնածանք ցուցաբերելով Սուրբի մասունքներուն, որ մեր եկեղեցւոյ նուիրականացման ու յաւելեալ հեղինակութեան օղակն ու երաշխիքը կը հանդիսանան: Այդ սրբազան մասունքները, փոխանցուելով սերունդէ-սերունդ, կը զօրացնեն մեր հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ: Պատմութեան էջերը լեցուն են Ս. Լուսաւորչի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշագործութիւններով ու սրբագործութիւններով, եւ ճի՛շդ այդ պատճառով մեր հայրապետները իրենց աղօթքներուն մէջ յիշելէ ետք Ս. Աստուածածնի, Յովհաննէս Մկրտիչի, Ստեփանոս Նախավկայի, առաքեալներուն եւ մարգարէներուն բարեխօսութիւնը, որպէս բարեխօս կը նշեն նաեւ «զհայրապետն մեր զսուրբն Գրիգոր՝ լուսաւորիչն Հայաստանեայց աշխարհի»: Ինչպէս որ սեփական անձագիր մը ինքնութեան վկայաթուղթ է, կամ տան մը հաստատագիրը սեփականատիրութեան փաստ է, Ս. Լուսաւորչի մասունքը եւս բանալին, դուռն ու յոյսն է մեր հաւատքի լուսաւորութեան։ Այդ հաւատքին համար է, որ Վարդան ու իր նման անմահ հերոսներ իրենց արիւնը թափեցին Աւարայրի դաշտին վրայ, ու նոյնինքն այդ հաւատքն է, որ մեզ փրկեց ձուլումէ եւ օտարացումէ։ Այլապէս հաւանական էր, որ հայ ժողովուրդը այսօր յիշուէր միայն պատմութեան էջերուն մէջ՝ որպէս ձուլուած ու կորսուած ազգ մը աշխարհի երեսէն:

Մեր սրբազան հայրապետները այդ Աջը մի՛շտ պահեցին իրենց հետ, նոյնիսկ ցեղասպանութեան դժուարին ու դաժան օրերուն՝ հասցնելով մինչեւ Լիբանան: Սակայն Լիբանանի մէջ չէ՛ որ Հայ առաքելական եկեղեցին դարձաւ ուխտավայր եւ ուխտատեղի: Նախքան ցեղասպանութիւն հրատարակուած Սիսի Կաթողիկոսութեան կանոնագիր-ծրագրին մէջ կը կարդանք.- «Սսոյ հռչակաւոր Վանքը ըստ հնաւուրց աւանդութեանց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նուիրական Աթոռը եւ միանգամայն Ազգ. անմոռաց յիշատակաց սրբավայր եւ ուխտատեղի լինելով, Կիլիկիոյ Ս. կաթողիկոսը պարտաւոր է Սսոյ Վանուց մէջ բնակիլ եւ իւր Աթոռը բնաւ ուրիշ տեղ չի փոխադրել»։ Այս մէկը ինքնին հայ ժողովուրդին կապուածութիւնը ցոյց կու տայ հանդէպ իր սուրբ եկեղեցւոյ։ Իսկ կեանքի դժբախտ պայմաններու բերումով, երբ Աթոռը տեղափոխուեցաւ Անթիլիաս, կարելի չէր Անթիլիասը եւս չվերածել ուխտավայրի, որովհետեւ այդտեղէ՛ն ծնունդ պիտի առնէր ամէն բան. կրթութիւն, մշակոյթ, հոգեւոր կեանք, գրականութիւն, վերածուելով Սփիւռքի բաբախող սրտի: Ու լուսաւորութեան այդ սրտին մէջ կանգնած Մայր տաճարը կոչեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ գիտակցելով, որ սփիւռքի օտար ափերուն եւս այդ Սրբազան Աջին շուրջ համախմբուող ժողովուրդը երբեք խաւարի մէջ պիտի չմնայ, այլ օտարութեան ափին մէջ եւս պիտի ծաղկի ու բարգաւաճի։

Հայ ժողովուրդը սակայն պարտաւոր է իր ուխտը վերանորոգելու եւ վերահաստատելու Ս. Լուսաւորչի հետ: Երջանկայիշատակ Բաբգէն աթոռակից  վեհափառ հայրապետ խօսելով 1936 թուականի Մարտ 29-ի Անթիլիասի Ուխտի օրուան մասին կը գրէ. «Ոմանք 10,000, ոմանք 20,000 կը հաշուէին ուխտաւորաց թիւը։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել անթիւ եւ անհամար բազմութիւն մը, մէկ մասը հետիոտն եկած, Նահրէն Անթիլիաս երկարող պողոտային վրար հեղեղի մը նման, միւս մասը` շոգեկառքով» (Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ):

Վերը խօսեցանք Ս. Լուսաւորչի բարեխօսութեան ու հրաշագործութեանց մասին՝ շեշտելու համար այն իրողութիւնը, որ օտարազգի սուրբեր (որոնց յաճախակի ուխտերթութիւններ կը կատարենք) աւելի սրբակենցաղ սուրբեր չեն, քան Ս. Լուսաւորիչ հայրապետը, որ Քրիստոսի սիրոյն տարիներ մնաց Խոր Վիրապին մէջ՝ աւելի եւս ամրանալով իր հաւատքի կեանքին մէջ: Տասը հազարի կամ քսան հազարի հասնող ուխտաւորներու թիւը մենք ենք որ պէտք է բարձրացնենք, որովհետեւ պէտք է հաւատքը ունենանք, թէ Ս. Լուսաւորչի աղօթքներով ու անոր Սրբազան Աջով օրհնուած ջուրով կրնանք բժշկութիւն եւ աղօթքներու իրականացում ստանալ մեր Ամենակալ Հօր Աստուծմէն, որովհետեւ ո՛չ մեր Տէրը Քրիստոս եւ ո՛չ ալ սուրբերը կը փոխեն մեր կեանքին մէջ իրողութիւն մը, մինչեւ չհաւատանք, որովհետեւ Քրիստոսի խոստումին համաձայն՝ ինչ որ հաւատքով խնդրենք, պիտի տրուի մեզի: Մեր նախնեաց նախանձախնդրութեան նկատմամբ նոյնինքն Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս բազմահազար հաւատացեալներուն դիմաց իր զարմանքը յայտնելով կը գրէ. «Մեռնիմ հաւատքիդ, հա՛յ ժողովուրդ։ Դուն պիտի ապրիս զօրաւոր հաւատքովդ»։

Հետեւաբար, հաւատարիմ մնալով մեր սրբազան հայրերու կտակին ու աւանդութեան՝ եկէ՛ք բոլորս միասնաբար մօտենանք Լուսաւորչին եւ ուխտի համար չսպասենք անոր սրբազան տօնին, այլ հաւատացեալին համար ամէ՛ն օր աղօթավայր եւ ուխտավայր է Անթիլիասը իր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարով եւ անոր մէջ զետեղուած Սրբազան Լուսաւորչի մասունքով: Մեր ուխտով եւ ժամանումով Սուրբը չէ՛ որ կը մեծարուի կամ կը փառաւորուի, այլ մե՛ր աղօթքներն ու հիւանդութիւններն են որ բուժում եւ պատասխան կը ստանան մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ: Մեր ուխտով Սուրբը չէ, այլ մե՛նք ենք որ քայլ մը աւելիով կը մօտենանք երկինքի արքայութեան դուռերուն: Սուրբը չէ, այլ մե՛նք ենք որ աւելիով կը լուսաւորուինք արդար հպարտութիւնն ու պատիւը զգալու ճակատաբաց՝ որպէս առաջին լուսաւորուող ազգը ամբողջ աշխարհին դիմաց կանգնելու:

Երանի այն ազգին, որ զինք լուսաւորող ջահին պատրոյգն ու ձէթը մի՛շտ վառ կը պահէ, որպէսզի Իմաստուն կոյսերուն նման իր դիմաց բաց գտնէ երկինքի դռները, որուն ճամբան մեզի համար կը լուսաւորուի նոյնինքն Լուսաւորչի կանթեղով՝ Արագածի գագաթէն մինչեւ արքայութեան դռները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Հեթում Աբղ. Տաղլեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին