«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր (ՔԴՄ/ՔՍՄ), Հայ-գերմանական ֆորումի նախագահ Ալպերթ Վայլերի խօսքով` ինք կը հետեւի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գործընթացին:
«Հայաստան այցի ժամանակ ես վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ էի: Օդանաւին մէջ ես անձամբ անոր հետ այդ թեման քննարկեցի: Ես անորմէ խնդրեցի, որ Ատրպէյճանի մէջ նախագահ Ալիեւի հետ իր բանակցութիւններու ժամանակ բարձրացնէ սահմանէն դիպուկահարները ետ քաշելու հարցը, որպէսզի յետագային զոհեր չըլլան- ըսած է ան` վստահութիւն յայտնելով, որ տիկին Մերքել թեման քննարկած է Ատրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ,-որքանով տեղեակ եմ` զոհերու թիւը վերջին շրջանին նուազած է»:
Վայլերի խօսքով` ինք կը շարունակէ իր գործընկերներուն առաջարկել, որ անոնք անձամբ ծանօթանան Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին: «Իսկ ատիկա կը նշանակէ այցելել Արցախ եւ հանդիպիլ այնտեղի մարդոց հետ: Խօսքը մարդկային կեանքերու մասին է, այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին այս տարածաշրջանին մէջ»,- ըսած է ան:
Պատասխանելով հարցումին, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Հայաստանի ցանկութեան մասին, որ Արցախը վերադառնայ բանակցային սեղան, Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորը նշած է, որ ինք իր անձնական կարծիքը կ՛ըսէ: «Ես պիտի ողջունէի, որ Արցախի մէջ ապրող ժողովուրդը հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ որոշում կայացնողներէն մէկը ըլլար, լուծումներու որոնման հարցով մասնակցութիւն ունենար: Յոյս ունիմ, որ կու գայ այդ պահը, թէեւ պէտք է ուրախ ըլլանք, որ հիմա բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»,- ըսած է ան` նշելով, որ այստեղ ամենակարեւոր հարցը խաղաղութիւն ապահովելն է, որ մարդիկ չզոհուին:
Իբրեւ իր հարեւան երկիրներու հետ հակամարտութեան մէջ գտնուած երկրի պատգամաւոր` ան ներկայացուց իրենց փորձը: «Հակամարտութիւնները յաղթահարելու գերմանական ճանապարհի ամենակարեւոր մասն այն էր, որ Գերմանիան կրցաւ ընդունիլ իր սխալը, գիտակցեցաւ, որ ինչ-որ ատեն սխալ էր, եւ ատոր համար ներողութիւն խնդրեց: Եւ սա հիմք, նախապայման դարձաւ, որ հարեւանները, որոնց հետ Գերմանիան ունէր վէճեր, ընդհանուր լեզու գտնեն Գերմանիոյ հետ: Գերմանիան եղած է փոխզիջումներու կողմնակից, եւ «փոխզիջում» ըսելով` մենք կը հասկնանք, որ ատիկա մէկ կողմի զիջումը չէ, այլ ներգրաւուած կողմերու պատրաստակամութիւնն է զիջումներու երթալու»,- ըսած է ան։
Ան մատնանշեց նաեւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը իր օրինակով: Պատմեց, որ ինք երկու անգամ եղած է Արցախ եւ այդ իսկ պատճառով չէ կրցած Պաքու երթալ, որովհետեւ Ատրպէյճան թոյլ չի տար:
«Այստեղ հարց կու տամ, որ եթէ ես, որպէս գերմանացի պատգամաւոր, կը ցանկամ կապեր հաստատել, միջնորդել, ինչպէ՞ս պէտք է ընեմ, եթէ ինծի Ատրպէյճան երթալը կ՛արգելուի»,- ըսած է ան: