Երգի Մը Պատմութիւնը – 11 –
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Երբ հնչէ այս երգը, անմիջապէս ունկնդիրը կը տեղափոխէ հեռաւոր, տաք, ռոմանթիկ ու խորհրդաւոր արաբական հեքիաթներու աշխարհը: Ան մոգական ուժ ունի, որ ինքնաբերաբար կը ստիպէ մտովի պատկերացնելու տաք, արաբական անապատը ու կիզիչ արեւը, արաբական «Հազար ու մէկ գիշեր» հեքիաթներու ռոմանթիկ սիրային պատմութիւն ու անաւարտ, կոտրուած կամ անհասանելի սէր…
Երգը Սթինկը գրած է՝ արաբ երգիչ Շեպ Մամիի երգերէն տպաւորուած։ Սթինկը կը յիշէ. «Այդ օրը ես իմ երաժիշտներուս հետ ձայնագրութեան սթիւտիօն էի, եւ յատուկ բանով մը չէինք զբաղած: Պարզապէս իւրաքանչիւրս բան մը կը նուագէր՝ նոր միտք կամ մտայղացում փնտռելով: Ես արապեսք գրեցի, որ այնուհետեւ երգ դարձաւ «Անապատի վարդը» անունով: Այդ օրերուն ես ամբողջ օրս կ’անցընէի արաբ երգիչ Շեպ Մամիի ձայասկաւառակին հետ: Կը քնանայի ու կ’արթննայի՝ իր երգերը լսելով: Այդքան տպաւորուած էի: Իր ձայնը դիւթիչ էր, գերող: Ան իր ձայնի երանգին հետ կը կարողանար անհաւանական բաներ ընել: Երգը ճնշող կարօտի եւ անհասանելի սիրոյ մասին է, որ, ըստ էութեան, իր դրսեւորումին մէջ կը վերաճի սէր առ Աստուած: Երբ գրեցի երգը եւ կը փորձէի բառերը գրել, կը հասկնայի, որ անգլերէնով գրուող բառերը համահունչ չէին եւ կեղծ ու շինծու կը հնչէին: Ես հասկցայ, որ իմ պատկերացուցած կամ սպասած արդիւնքս ստանալու համար պէտք էր զայն վստահէի արաբախօս եւ արաբ մշակոյթը կրող ոեւէ մէկուն։
Միակ մարդը, որուն կ’ուզէի վստահիլ այդ գործը, Շեպն էր։ Ընկերս ծանօթացուց իրեն հետ: Մեր հանդիպումը «սէր էր առաջին հայեացքէն»: Մենք, սրճարանը նստած, կը քննարկէինք ապագայ երգը: Ես իրմէ խնդրեցի, որ լսէ երգի մեղեդին, գործիքաւորումը եւ ուղղակի յանկարծաստեղծութիւն մը ընէ: Իրեն չէի պատմած երգի բառերուն նշանակութիւնը: Անմիջապէս ուղեւորուեցանք ձայնագրութեան սթիւտիօ: Ան լսեց մեղեդին եւ իմ երգս, որմէ ոչ մէկ բառ կը հասկնար, եւ սկսաւ պարզապէս իր զգացումները արտայայտել երգելով: Երբ աւարտեց, հարցուցի, թէ ինչի՞ մասին կ’երգէր: Ան պատմեց, որ կ’երգէր աւարտած սիրոյ, կարօտի եւ կիրքի մասին: Զարմանալի է, բայց երաժշտութիւնը մոգական բան է: Այս դէպքը ապացուցեց, որ երաժշտութիւնը ազգութիւն ու մշակոյթ չճանչցող երեւոյթ է: Մենք երկուքս, ըլլալով տարբեր լեզուով խօսող, տարբեր մշակոյթներ կրող ազգերու ներկայացուցիչներ, ունեցած էիք միեւնոյն զգացումները, միեւնոյն ապրումները եւ արտայայտուած էինք միանման բառերով, բայց տարբեր լեզուներով»։
Երգը, բացի «Brand new day» ալպոմին մէջ ներառուելէ, թողարկուեցաւ նաեւ որպէս սինկլ։
«Ձայնագրութեան սթիւտիոյի ներկայացուցիչը խորհուրդ կու տար կրճատելու արաբերէնով նախաբանը՝ ըսելով, որ վերջինս Նահանգներու մէջ երբեք հիթ չի դառնար, մարդիկ չեն սիրեր նման բաներ։ Բայց ես կտրականապէս դէմ էի, եւ այդ մտածուած ռիսք էր: Դէպքերու ընթացքն ալ ապացուցեց, որ ճիշդ ըրած էի յամառելով։ Հիմա ետ նայելով կը հասկնամ, որ երգը յաջողեցաւ նոյն այդ անսովոր նախաբանին շնորհիւ, որուն ռիթմով եւ հնչողութեամբ կը գրաւուէին մարդիկ»,– կը պատմէ Սթինկը։
Երգը շատ մեծ դժուարութիւններ ունէր՝ ռատիօեթերներու հետ կապուած։ Ան լայն զանգուածներու համար դժուարընկալելի երգ էր եւ դանդաղօրէն ու դժուարութեամբ հանրայայտութիւն ձեռք կը բերէր։ Արտադրիչ Մայլս Քոուփլենտը որոշեց երգին հոլովակը նկարել շատ շքեղ եւ ոճային մեքենայով։ Ընտրութիւնը կանգ առաւ Ճակուար S-Type-ի վրայ, որով Սթինկը կը սլանայ դէպի անապատ։ Հոլովակը նկարահանելէ ետք պարզ դարձաւ, որ ան աւելի շատ նման է մեքենայի գովազդի, քան երաժշտական տեսահոլովակի։ Հոլովակի տնօրէնը, հնարամտութեան մը դիմելով, առաջարկեց Ճակուար ընկերութեան նմանատիպ գովազդային հոլովակ մը թողարկել՝ անվճար օգտագործելով երգի հեղինակային իրաւունքները։ Արտադրողներուն համար հետաքրքրական էր գաղափարը: Ուստի զայն անմիջապէս կեանքի կոչեցին։ Ինչպէս երեւցաւ դէպքերու հետագայ ընթացքէն, սա փոխշահաւէտ գործարք էր։
Երգը դարձաւ հազարաւորներու սիրելին՝ իր տարբերուող մեղեդայնութեան եւ նորարարութեան շնորհիւ։ Ան գեղեցիկ է, ինչպէս իր անունը՝ «Անապատի վարդը» եւ նոյնքան ալ խորհրդաւոր։
«… Ես կ’երազեմ սիրոյ մասին,
մինչդեռ ժամանակը կը սահի ձեռքերուս մէջէն…»։