Շաբաթ, 09. 12. 2023

spot_img

Իւրաքանչիւր Սփիւռքահայ Պէտք Է Մտածէ, Թէ Ի՞Նչ Կրնայ Տալ Իր Հայրենիքին, Ոչ Թէ Միայն Ստանալ (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Հայրենադարձները Կը Պատմեն5 –

Հարցազրոյց Երեւանի Holiday Inn Express Հիւրանոցի Գլխաւոր Տնօրէն Նուպար Թաթարեանի Հետ

Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Փետրուար 15-ին Երեւանի կեդրոնը՝  Փաւստոս Բուզանդ 97 հասցէին վրայ բացուեցաւ Holiday Inn Express բարձրակարգ հիւրանոցը, որուն բացումին կը մասնակցէր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Հիւրանոցի գլխաւոր տնօրէնը լիբանանահայ Նուպար Թաթարեանն է, որ արդէն 15 տարիէ կ’ապրի Հայաստան։ Նուպար Թաթարեանը ծնած է Պէյրութ: Ան սորված ու ապրած է այդտեղ, ապա որոշած է տեղափոխուիլ հայրենիք։ Հիւրանոցի բացումը առիթ հանդիսացաւ, որ «Զարթօնք» օրաթերթի «Հայրենադարձները կը պատմեն» շարքի ծիրէն ներս զրուցենք հայրենադարձ Նուպար Թաթարեանի հետ եւ մեր ընթերցողներուն ներկայացնենք հայրենիքի մէջ բնակող մէկ այլ հայրենադարձի մը կեանքի պատմութիւնը։

Նուպար Թաթարեան Հայաստան տեղափոխուելէ ետք, հիմնականօրէն աշխատած է բարձրակարգ հիւրանոցները՝ որպէս գլխաւոր տնօրէն, շատ լաւ ծանօթ է սպասարկութեան ոլորտին ու Հայաստանի մէջ առկայ խնդիրներուն։ Նուպար Թաթարեանի հետ հարցազրոյցը ամբողջութեամբ՝ ստորեւ։

-Պարոն Թաթարեան, շնորհակալ եմ, որ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժեցիք։ Մեր զրոյցի շարժառիթը, այսպէս ըսած, Երեւանի մէջ Holiday Inn Express հիւրանոցի բացումն է, եւ նախքան հիւրանոցի մասին խօսիլը, կը փափաքէի խօսինք ձեր մասին։ Ո՞ւր ծնած էք: Ե՞րբ տեղափոխուած էք Հայաստան եւ ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած էք հայրենիքի մէջ։

-Ես ալ շնորհակալ եմ: Շատ հաճելի է հանդիպիլ ձեզի հետ։ Ես մեծ առիթ ունեցայ Հայաստան գալու 2004 թուականի Փետրուարին։ Ինծի համար հետաքրքրական իրավիճակ էր կողմնորոշուելու ու Հայաստան գալու եւ աշխատելու համար։ Ի հարկէ, այդ պահուն զգացական իրավիճակներ ալ կային, բայց ես կշեռքի նժարին դրած էի մէկ կողմէ զգացական տարբերակը՝ գալ եւ Հայաստան ապրիլ, միւս կողմէ՝ անձնական աշխատանքի հետ կապուած ծրագիրներս: Զիս քաջալերեցին Հայաստան գալ եւ հոն աշխատիլ, հակառակ անոր որ աշխատանքի բազմաթիւ առաջարկներ ունէի արաբական երկիրներէ։ Շատ խանդավառ չէի այդ երկիրները աշխատելու։ Ես Հայաստանի պարագային կ’ուզէի պարզել ու հասկնալ, թէ կեանքը ինչպէ՞ս է։

– Եւ ի՞նչ հասկցաք այս տարիներուն ընթացքին։ Ինչպէ՞ս է կեանքը Հայաստան։ Արդեօք մասնագէտը, որ բարձրագոյն կրթութիւն ունի, կրնայ իր աշխատանքը եւ յառաջխաղացումը ապահովել։

– Ես ուղղակի հասկցայ, որ Հայաստանի մէջ շատ մեծ առիթներ կան, եթէ մարդ մասնագիտական լաւ կրթութիւն եւ փորձ ունի, մանաւանդ եթէ օտար լեզուներ ալ գիտէ։ Մարդկային որակները եւս շատ կարեւոր են։ Մարդ պէտք է հասուն ըլլայ ու հասկնայ, որ ամէն ինչ տեսնելու համար կան տարբեր տեսանկիւններ։ Ճկունութիւնն ալ շատ կարեւոր է։ Մի՛միայն Հայաստանի մէջ ես 5 հիւրանոց աշխատած եմ, այդ կարգին՝ Holiday Inn Express։ Մասնագիտական փորձը մեծ նշանակութիւն ունի։ Մարդիկ կ’ըսեն, որ Հայաստանի մէջ առիթներ չկան աշխատելու, վարձատրութիւնը քիչ է։ Ես իրենց կ’ըսեմ, որ աւելի լաւ է գաք, անձամբ փորձէք եւ ներդրում ունենաք հայրենիքի զարգացումի գործին մէջ։

– Դուք նշեցիք, որ հինգ հիւրանոց ղեկավարած էք Հայաստանի մէջ։ Սպասարկութեան ոլորտը Հայաստանի մէջ ի՞նչ խնդիրներ ունի, ի՞նչ թերութիւններ ունի՝ համեմատած այլ երկիրներու հետ։

-Ըստ իս՝ մենք առաւելութիւններ ունինք եւ ոչ թէ խնդիրներ, որովհետեւ հայերը իրենց բնաւորութեամբ հիւրընկալ ժողովուրդ են։ Ուղղակի ես կ’ըսէի, որ պակաս ունինք այդ հիւրընկալութիւնը ճիշդ ձեւով մատուցելու: Բացի այդ՝ փորձի պակասութիւն եւ մասնագիտական հաստատութիւններու բացակայութիւն կայ։ Հայաստանի մէջ ունինք պակասութիւն այնպիսի հաստատութեան մը, որ կը պատրաստէ հիւրանոցի ապագայ մասնագէտ աշխատակիցներ։

-Անցում կատարենք Holiday Inn Express Yerevan  հիւրանոցին։ Ի՞նչ կ’առաջարկէ այս հիւրանոցը, զոր չեն առաջարկեր միւսները։

– Holiday Inn Express Yerevan-ը, ի տարբերութիւն այլ հիւրանոցներու, կը գտնուի շատ լաւ տեղ մը՝ Երեւանի Բուզանդ փողոցը, 130 սենեակ ունի եւ նիստերու դահլիճ։ Այս հիւրանոցի առանձնայատկութիւնը այն է, որ մենք կ’առաջարկենք լաւագոյն ապրանքը լաւագոյն գինով։ Հիւրը չի զգար, որ ինքը կը վճարէ այնպիսի ծառայութիւններու համար, որոնք պէտք չեն իրեն։ Այս ամէնը ներկայացուած է ժամանակակից «գեղաձեւութեամբ» ու, ամենակարեւորը, բարձր մակարդակով։ Հիւրանոցի ամենակարեւոր յատկութիւնը այն է, որ կը հետեւի հիւրի ապահովութեան։ Մենք կը տրամադրենք 3 աստղանի հիւրանոցի համաշխարհային մակարդակով սպասարկութիւն, ինչ որ Երեւանի մէջ չկայ։ Այսօր մեր զբօսաշրջիկները, որոնք Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն եւ Գանատայէն կու գան, ինծի միշտ կը հարցնեն, թէ կա՞յ հիւրանոց մը, ուր կրնանք մնալ մօտ 70, 80 տոլարով, բայց լաւ ըլլայ։ Կը պատասխանեմ, որ չկայ այդպիսի հիւրանոց մը։ Կամ կ’ըսեմ, որ այո՛, կայ, բայց պէտք է պատրաստ ըլլաք հիասթափելու կամ պէտք է վճարեք 120-150 տոլար։ Մեր հիւրանոցը կը տրամադրէ այն, ինչ պէտք է համաշխարհային մակարդակով՝ առանց աւելորդ գումարի։

– Սենեակներու միջին արժէքը ինչքա՞ն է։

– Մենք ունինք 130 նմանատիպ սենեակներ։ Գիները հետեւեալն են. ձմրան երկու հոգիի համար նախատեսուած սենեակը 30 հազար դրամ կ’արժէ, իսկ սեզոնի ժամանակ՝ Յունիս, Յուլիս, Օգոստոս, կ’արժէ 42 հազար դրամ, Սեպտեմբեր- Հոկտեմբեր ամիսներուն՝ 48 հազար դրամ։ Այս գիները կը ներառեն նախաճաշ երկու հոգիի համար։ Մենք յատուկ գիներ կը սահմանենք զբօսաշրջային կազմակերպութիւններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն։

– Քանի՞ աշխատող ունի հիւրանոցը, եւ մեծամասնութիւնը հայաստանցինե՞ր են, թէ՞ ունինք նաեւ հայրենադարձներ։

-Ունինք 50 աշխատող։ Առայժմ մեծ մասը հայաստանցիներ են։ Մենք աշխատանքային տեղերը արդար ձեւով կ’առաջարկենք, որպէսզի բոլոր փափաքողները կարենան աշխատիլ մեր հիւրանոցը։ Բոլոր անոնք, որ պատասխանատուութեան բարձր մակարդակ ցոյց կու տան, մարդկային բարձր որակներ ու գիտելիքներ, փորձ, հնարաւորութիւն կ’ունենան աշխատանքի անցնիլ մեր հիւրանոցը։

-Պարտադիր պահանջներ կա՞ն՝ հիւրանոցը աշխատանքի ընդունուելու համար։

-Փորձը ցոյց տուած է, որ բարձրագոյն կրթութիւնը, օտար լեզուները, մասնագիտական փորձը շատ կարեւոր են, բայց ամենակարեւորը մարդու մօտեցումն է աշխատանքին հանդէպ։ Մարդու պատասխանատուութեան զգացումը, հաճելի մօտեցումը գործընկերներուն հետ, մէկ քայլ յառաջ երթալու պատրաստակամութիւնը, աւելիին ձգտիլը՝ ի շահ հիւրանոցին ու կազմակերպութեան, շա՜տ կարեւոր են։ Բայց մենք սահմանափակումներ չենք ըներ, թէպէտ ցանկալի կ’ըլլայ, որ աշխատողը օտար լեզուներ գիտնայ, փորձ ունենայ:

– Իսկ աշխատավարձի գծով ի՞նչ կ’ըսէք։ Առհասարակ, այս ոլորտին մէջ ան գրաւիչ է երիտասարդներուն համար։

-Տեսէ՛ք, ես համոզուած եմ, որ աշխատավարձը կարեւոր բան է, բայց միեւնոյն ժամանակ մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ այլ գործօններու ալ։ Այո՛, մեր մօտ աշխատավարձերը ոլորտի գիներուն համեմատ աւելի բարձր են, որովհետեւ մենք կը փափաքինք, որ մեր աշխատակիցները ընտրելու պարագային չսխալինք ու յաճախ փոփոխութիւններ չկատարենք։ Այդ մեզի համար վնաս է ժամանակի ու նիւթականի առումով, որովհետեւ մենք կը վերապատրաստենք, որուն համար գումարներ կը ծախսենք։ Աշխատավարձին հետ միասին կայ նաեւ աշխատանքի վայրի հաճելի ըլլալը, յարգանքը, որ կը ստանայ աշխատողը, իր լաւ աշխատանքին դիմաց գոհունակութիւն ստանալը եւ այլն։ Հայաստանի մէջ աշխատավարձերը, համեմատած այլ երկիրներու հետ, ցած են, բայց այստեղ կեանքը բաւական աժան է։ Այսօր թաքսի կը նստինք 1.5 տոլարով, 4 քիլոմեթր կը քշէ։ Այսպիսի բան ոչ մէկ երկիր կայ։ Օդակայան 4 տոլարով կը տանի թաքսին։ Այսօր աշխարհի մէջ ամենաաժան թաքսին 20 տոլարէն պակաս չէ։ Քաղաքի կեդրոնը մարդ կրնայ բնակարան վարձել 400 տոլարով։ Այսպիսի բան աշխարհի ոչ մէկ երկիր կրնաս գտնել։ Սփիւռքահայերուն կը խնդրեմ, որ ուշադրութիւն դարձնեն ոչ միայն եկամուտին, այլ նաեւ ծախսերուն։

– Պարոն Թաթարեան, ինծի հետաքրքրական է նաեւ ձեր կարծիքը Հայաստանի մէջ ներդրումային դաշտին մասին։ Անցեալին դուք ի՞նչ խնդիրներ նկատած էք կամ Հայաստանը ինչքանո՞վ բարենպաստ է ներդրումներ ընելու առումով։

-Եթէ կը նկատէք, վերջին 5-6  տարիներուն մենք Հայաստանի մէջ ունեցանք մօտաւորապէս 20-24 նոր բացուած հիւրանոց։ Այս տարի ալ միջազգային հիւրանոցներ պէտք է բացուին Հայաստանի մէջ։ Սա ցուցանիշ է, որ ներդրումային իրավիճակը, մթնոլորտը շատ աւելի կը բարելաւուի։ Հայաստանի շուկան շատ արագ կը զարգանայ։ Դուրսի հետաքրքրութիւնը դէպի Հայաստան կը մեծնայ, որովհետեւ վերջին տարիներուն Հայաստանի կառավարութիւնը եւ հիւրանոցային կազմակերպութիւնները շատ աշխոյժ ձեւով ներկայացուցին Հայաստանը համաշխարհային ցուցահանդէսներուն։ Կայ դրական տեղաշարժ, փոփոխութիւն։ Առաջ Հայաստանը ուղղակի տեսարժան վայր էր՝ եկեղեցիներ, սարեր, բնութիւն, բայց հիմա կը զգանք, որ դուրսէն երիտասարդները կը սիրեն ու կը փափաքին Հայաստան գալ, որովհետեւ կը նկատեն, թէ նոր սերունդը Հայաստանի մէջ ինչքա՛ն ժամանակակից ձեւով կը փորձէ բարելաւել երկիրը։ Վերջին տարիներուն շատ մեծ յառաջընթաց արձանագրած է Հայաստանի մէջ IT ոլորտը, ուր մեծ մասամբ երիտասարդներ կ’աշխատին: Կը փափաքէի խօսքս ուղղել սփիւռքահայերուն, որոնք խանդավառ են Հայաստան գալու։ Ես 15 տարիէ Հայաստան եմ: Սկիզբը, երբ եկայ, կը մտածէի մի քանի տարի աշխատիլ ու յետոյ վերադառնալ Լիբանան, բայց միտքս փոխեցի։ Նորէն կու գանք նոյն բանին, որ ամէն ինչ նիւթականի մէջ չէ։ Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պէտք է մտածէ, թէ ի՞նչ կրնայ տալ իր հայրենիքին, ոչ միայն ստանալ, այլեւ տալ։ Մէկը կրնայ շինարար ըլլալ, այդ նոյն պատը, որ կը սարքէ Փարիզի մէջ, գալ եւ Հայաստանի մէջ սարքել ու գոհունակութիւն զգալ, ինչը բնորոշ է միայն սփիւռքահայուն, քանի որ այդ շատ անբացատրելի է, երբ կ’ընես հայրենիքիդ համար։

-Շնորհակալ եմ հետաքրքրական զրոյցին համար։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին