«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-«Ալ Ժումհուրիա» տեղական օրաթերթի հաղորդմամբ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի մասնաւորաբար շեշտեց Մուսթաքպալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանքի միջեւ վերջերս ծայր առած լարուածութեան բացասական անդրադարձը կառավարութեան գործունէութեան վրայ:
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի միջկուսակցական լարուածութեան մասին առաջին անգամ հանդէս եկաւ մեկնաբանութիւններով:
Նշենք, որ լարուածութեան մեկնակէտ հանդիսացաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան հետ բարեկամական յարաբերութիւններու վերահաստատումին շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներու եւ ռազմական նշանակումներու հետ կապուած տարակարծութիւններու պատճառով:
Մուսթաքպալ շարժումը հակադիր դիրքորոշում ունի Սուրիոյ վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու խնդրին շուրջ, մինչ Ազգային ազատ հոսանքը սուրիացի գաղթականութեան հայրենադարձութեան գծով կողմ է սուրիական կառավարութեան հետ գործակցելու գաղափարին: