ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Կարեւոր Պատգամը Ստեփանակերտէն՝ Փաշինեան Ալիեւ Հանդիպումին Ընդառաջ
Մարտ 11-ին Արցախ ժամանած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Օդակայանը զինք դիմաւորած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: Նոյն օրը Հայաստանի վարչապետը հիւրընկալուած է Արցախ նախագահի նստավայրը, ուր երկկողմ քննարկում կայացած է:
Ընդլայնուած կազմով հանդիպումը Մարտ 12-ին նախատեսուած էր: Այդ օրը Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ ՀՀ եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը, որ նման ձեւաչափով առաջին անգամ տեղի կ’ունենար: Բակօ Սահակեան կ’ընդգծէ, որ ձեւաչափը նոր է, բայց քննարկումներու առանցքը աւանդական ուղղութիւններն են: Առաջին հորիզոնականի վրայ հակամարտութեան կարգաւորումին ուղղուած ջանքերն են. «Օր առաջ հանդիպել եմ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչին: Բնական է՝ խօսել ենք շփման գծում տիրող իրավիճակին, ինչպէս նաեւ բանակցային գործընթացի մասին: Եւ այսօրուայ այս իւրայատուկ խորհրդի նիստը հնարաւորութիւն կը տայ անդրադառնալ մեր տնտեսութեան խնդիրներին, մեր հանրային կեանքում տեղ գտած զարգացումներին եւ կը նախանշենք յաջորդ մեր առաջադրանքները, որոնք, անկասկած, կը բարձրացնեն մեր երկրի անվտանգութեան աստիճանը եւ կը նպաստեն ընդհանրապէս մեր հայրենիքի հզօրացմանն ու շէնացմանը»: Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ համազգային օրակարգին վրայ հակամարտութեան կարգաւորումին զուգահեռ կը շարունակեն արդիական մնալ Արցախի միջազգային ճանաչումին ուղղուած ջանքերը. «Ինչպէս այս տարիների ընթացքում եղել է, անփոփոխ են մնացել ազգային օրակարգում մեր առաջադրանքները: Կարծում եմ, ինձ հետ համամիտ կը լինէք, որ եղել է, կայ եւ վաղն էլ կը մնայ այդ օրակարգի առաջնահերթութիւններում Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը»:
Նախքան այդ, բանակցային սեղանին մօտ օրակարգի վրայ է Ստեփանակերտի տեղի վերականգնումի հարցը, ինչը, Հայաստանի վարչապետին խօսքով, Ազրպէյճանի նախագահին հետ յառաջիկայ հանդիպումին քննարկուելիք թեմաներու շարքին է. «Հարկ եմ համարում ընդգծել, որ Արցախի ներգրաւուածութիւնը բանակցային գործընթացում մեզ համար քմահաճոյք չէ, ոչ էլ առաւել եւս նախապայման, այլ պարզ արձանագրումն այն բանի, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցում առանցքային նշանակութիւն ունի Արցախի ներգրաւուածութիւնը»:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատասխանատուութենէն չի խուսափիր, այլ որպէս բանակցող կողմ կը յորդորէ ընդունիլ Արցախի իրաւունքները, որոնք դեռ 1990-ականներուն միջազգայնօրէն ճանչցուած են. «Անհեթեթ են բոլոր այն մեկնաբանութիւնները, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կամ վարչապետը այս դիրքորոշմամբ իրենց ուսերից թօթափում են պատասխանատուութիւնը եւ այն դնում են Արցախի իշխանութեան կամ ժողովրդի վրայ: Որեւէ շահարկման տեղ չթողնելու համար հարկ եմ համարում ընդգծել՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղել է, կայ եւ կը մնայ Արցախի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը եւ կը շարունակի իր ներգրաւուածութիւնը խաղաղութեան գործընթացում»:
Հելսինկեան եզրափակիչ փաստաթուղթի երեք դրոյթները՝ ուժի կամ անոր սպառնալիքի չկիրառումը, ազգերու ինքնորոշումի իրաւունքն ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, բանակցութիւններու համար հիմք ընդունելուն Երեւանը սկզբունքօրէն դէմ չէ, նշած է Հայաստանի վարչապետը, պարզապէս անհրաժեշտ է յստակ ձեւակերպել ու բացառել ոեւէ մէկուն կողմէ անոնց տարընթերցումը: Ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու յանձնառութեան պարագային նոյնպէս պէտք է գործէ բոլորին կողմէ ու համաժամանակեայ սկզբունքը:
Համատեղ նիստին ընդգծուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի ծիրէն ներս Արցախի անվտանգութեան ապահովումն ու կարգավիճակը հայկական կողմերուն համար եղած են ու կը մնան բացարձակ գերակայութիւններ: Կարեւորուած է խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, վտանգներու նուազումը եւ միջադէպերու կանխարգիլումի համակարգերու եւ փոխվստահութեան ամրապնդումի միջոցառումներու ներդրումը, ինչպէս որ ամրագրուած է Տուշանպէի, իսկ մինչ այդ նաեւ Վիեննայի ու Սանթ Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն:
Նոր Իրավիճակի Մէջ Հին Մօտեցումները Անընդունելի Են
Արցախեան Հիմնախնդիրին Շուրջ Զարգացումները Աշխոյժ Փուլ Կը Թեւակոխեն
Արցախի մէջ եւ Արցախի շուրջ անցնող շաբաթը նորութիւններով հարուստ էր քաղաքական եւ մասամբ ալ ռազմական հարթութեան վրայ. ազրպէյճանական հերթական զօրավարժութիւններէն մինչեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի այցը տարածաշրջան, մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ ունեցած խնդիրներուն վերաբերեալ Պաքուին հասցէագրուած բաց նամակով մեղադրանքներ Մոսկուայէն եւ Ուաշինկթընէն: Ի դէպ, կը սպասուի Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը, որուն օրակարգէն առանձին մանրամասնութիւններ այս կամ այն ձեւով ուրուագծուեցան անցնող շաբթուան ընթացքին:
Մարտ 11 – 15 Ազրպէյճանը հերթական լայնամաշտաբ զօրավարժութիւնները իրականացուց: Ոմանց կարծիքով՝ անոնք հերթական զօրավարժութիւններ էին: Razm.info կայքի համակարգող Կարէն Վրթանեսեան այլ կարծիքի է: Ըստ իրեն՝ Ազրպէյճանը բացէ ի բաց կը պատրաստուի պատերազմի, եւ այդ հաւանականութիւնը պէտք չէ թերագնահատել: «Եթէ ըլլար խափանարարութիւն, դիպուկահարները աշխուժանային, կարելի էր մտածել, որ անոնք կ’աշխատին հոգեբանական ճնշում գործադրելու: Բայց այս մաշտաբի զօրավարժութիւնները աւելի լուրջ են եւ իրապէս վտանգ կը ներկայացնեն»,- կը գնահատէ Կարէն Վրթանեսեանը: Կարէն Վրթանեսեանին կը շարունակէ Razm.info կայքի վերլուծաբան Հայկ Խաչիկեանը: Վերլուծաբանը կը շեշտէ, որ ազրպէյճանական զինուժը կը խաղարկէ այնպիսի բեմագիր մը, ուր հայկական կողմը հակառակորդ է, եւ խնդիր դրուած է տարբեր զօրատեսակներու ներգրաւումով ճեղքելու հակառակորդի պաշտպանութիւնը: Միաժամանակ, այս անգամ Ազրպէյճանը զօրավարժութիւններուն մէջ ներգրաւեց նաեւ վերջերս ձեռք բերած որոշ նոր զինատեսակներ: Այս ամէնուն հաշուարկով՝ հայկական կողմը Ազրպէյճանէն ամէն օր պէտք է սպասէ արկածախնդրութեան: Եթէ ներքին կամ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ինչ-որ խնդիր լուծելու կարիք ըլլայ, Ազրպէյճանի վարչակարգը չի խորշիր նոր արկածախնդրութենէ, կը յիշեցնէ Կարէն Վրթանեսեանը:
Միջազգային հանրութիւնը տարբեր մակարդակներով, պատգամներով կամ «բաց նամակով» կ’ընդգծէ, որ պայթիւնավտանգ տարածաշրջանի մէջ անթոյլատրելի է լարուածութեան նոր օճախի ստեղծումը: Նաեւ սա էր տարածաշրջան ժամանած ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի ուղերձը հակամարտութեան կողմերուն: ԵԱՀԿ գործող նախագահը Հայաստան ժամանեց երեք տարուան ընդմիջումէ ետք: Միրոսլաւ Լայչաքը հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ: Հայաստանեան այցի արդիւնքները ի մի բերուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի համատեղ ասուլիսին: Երեւանը կը վերահաստատէ իր մօտեցումները: «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորումի ծիրէն ներս Արցախի անվտանգութեան ապահովումն ու կարգավիճակը Հայաստանի համար եղած են եւ կը մնան բացարձակ գերակայութիւններ»,- ընդգծած է Զոհրապ Մնացականեանը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ոչ թէ կրօնական կամ տարածքային վէճ է, այլ, ամէնէն առաջ, ցեղասպանութիւնը կանխելու հնարաւորութիւն: «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի առանցքը կը կազմէ Արցախի ժողովուրդի մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, սեփական հայրենիքի մէջ իր ճակատագիրը ազատ տնօրինելու անօտարելի իրաւունքը: Սա կը վերաբերի Արցախի 150 հազար բնակչութեան ֆիզիքական, կենսական անվտանգութեան, կեանքի իրաւունքին»,- նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:
Միրոսլաւ Լայչաքը իր հերթին վերահաստատած է, որ նոյնինքն Մինսքի խումբը կը մնայ հակամարտութեան կարգաւորումի հարցին մէջ միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ ձեւաչափը: Կարգաւորումի գործընթացին հիմնական տրամաբանութիւնը անփոփոխ է: ԵԱՀԿ նախագահը Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսին յիշեցուցած է հիմնական դրոյթները՝ ազգերու ինքնորոշումի իրաւունք, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում:
Մարտ 13-ին Երեւանի մէջ կայացած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ: ԵԱՀԿ գործող նախագահին խնդրանքով՝ Մասիս Մայիլեանը ներկայացուցած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումի շուրջ արցախեան կողմի դիրքորոշումը: Եռակողմ բանակցութիւնները վերականգնելու անհրաժեշտութենէն բացի՝ Մասիս Մայիլեանը կարեւորած է նաեւ նոր գաղափարներու մշակումը՝ խաղաղ գործընթացին մէջ իրական յառաջընթացի հասնելու համար: Նախկին գաղափարներն ու մօտեցումները, զորս յիշեցուցած են համանախագահները իրենց վերջին յայտարարութեամբ, այսօր փոխուած իրավիճակի մէջ արդէն արդիական չեն եւ պէտք է վերանայուին:Վերանայումի ենթակայ չեն մարդասիրական հարցերը: Չկարգաւորուած հակամարտութիւնը պէտք չէ հակամարտութեան գօտիին մէջ գտնուողներու կենսական պայմանները սահմանափակէ կամ խնդիրներ յառաջացնէ իրենց հիմնարար իրաւունքները կենսագործելու գծով: Այս հարցին մէջ Մասիս Մայիլեանը մատնացոյց ըրած է միջազգային հանրութեան դերը՝ ի դէմս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի:
Մարդասիրական հարցերը ուղղակի կ’առնչուին ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու թեզին հետ, որ աւելի աշխոյժ կը շրջանառուի վերջին ամիսներուն: Թէ ո՛վ աւելի շատ ընելիք ունի այս հարցին մէջ, միջնորդ երկիրներէն երկուքը յայտարարեցին պաշտօնապէս: Առաջին յայտարարութիւնը Մոսկուայէն հնչեց: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ իր ազգութեամբ հայ եւ Հայաստանի հետ կապ ունեցող քաղաքացիներուն՝ ձեռնպահ մնալու Ազրպէյճան այցելելէ, քանի որ այդ երկրի սահմանապահ ծառայութիւնները անոնց համար կրնան խնդիրներ ստեղծել: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հարցը կարգաւորելու Մոսկուայի կոչերը կ’անտեսուին Պաքուի կողմէ: Թեման ընդլայնեց Ուաշինկթընը: Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով յանձնախումբը ամէնամեայ զեկոյցին մէջ նշած է, որ նման խնդիրներու կը բախին Ազրպէյճան այցելող բոլոր հայերը՝ անկախ անկէ, թէ ո՛ր երկրի քաղաքացի են: Ինչպէս կ’ըսեն, մեկնաբանութիւնները աւելորդ են:
Այս տրամադրութեամբ ալ կը նախապատրաստուի Փաշինեան-Ալիեւ առաջին պաշտօնական հանդիպումը: Տեղն ու վայրը դեռ չեն յայտարարուած: Հայկական կողմին մօտեցումները անփոփոխ են: Նիկոլ Փաշինեան զանոնք ներկայացուցած է Ստեփանակերտի մէջ անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին:
Այդ առթիւ Պաքուի արձագանգն ալ որոշակի շարժում ստեղծեց: Նախ յայտարարուեցաւ, որ բանակցութիւններու ձեւաչափին մասին քննարկում չի կրնար ըլլալ, յետոյ յայտարարեցին, որ հայկական կողմը կրնայ քննարկումի ներկայացնել որեւէ հարց, բայց Պաքուն ալ իր մօտեցումը չէ փոխած: Վերջին յայտարարութեան հեղինակը Էլմար Մամետովն էր: Ան հաստատեց, որ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը, ամէն պարագայի, կը կայանայ: Տեղն ու ժամանակը դեռ չեն յայտարարուիր:
Ստեփանակերտ