ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ
Ես պիտի ապրիմ այնպիսի հայրենիքի մը մէջ,
ուր հնագոյն քաղաքակրթութեան պատկանող
իւրաքանչիւր հայ մարդ դառնայ
ժամանակակից քաղաքակրթութեան փարոսը:
Պէտք է ընդունինք, որ Թուրքիոյ պատմա-քաղաքական շրջադարձերը անկասկած, որ իրենց անդրադարձներն ունեցած են ոչ միայն տարածաշրջանային երկիրներու հասարակա-տնտեսա-քաղաքական ընթացքին վրայ, այլեւ լրջօրէն ուշադրութիւնը հրաւիրած եւ զբաղեցուցած են գերտէրութեանց քաղաքական, դիւանագիտական, գաղտնի սպասարկութեանց, ռազմական եւ ռազմա-արդիւնաբերական համապատասխան մարմիններուն, պարզ այն պատճառով, որ այսօր Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան, եւ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի անդամ, Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ), Իսլամական վեհաժողով կազմակերպութեան (ԻՎԿ) եւ G20-ի {Քսանի խումբ, (Group of Twenty Finance Ministers and Central Bank Governors), 20 տնտեսութիւն (19 ազգային տնտեսութիւն եւ ԵՄ)} հիմնադիր անդամ, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (Adalet ve Kalkınma Partisi) հովանին վայելող եւ 2017 թուականէն կառավարման նախագահական ձեւ որդեգրած (մինչեւ 2017 թուականի սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն, Թուրքիան եղած է խորհրդարանական Հանրապետութիւն) Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր 783,356 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով, աւելի քան 82 միլիոն բնակչութեամբ եւ արձանագրած տնտեսական լուրջ նուաճումներով, իրական եւ անուանական համախառն ներքին եկամուտի ցուցանիշերով (GDP կամ GDI) կը դասուի երկիր մոլորակի 15-րդ եւ 17-րդ պետութիւնը {2019 թուականի տուեալներով՝ Թուրքիան ունի ընդհանուր 2.373 թրիլիոն ամերիկեան տոլարի գնողունակութեան համարժէքութեամբ համախառն ներքին արդիւնք (GDP) կամ գնողունակութեան համարժէքութեամբ համախառն ներքին եկամուտ (GDI) եւ ընդհանուր 631 միլիառ ամերիկեան տոլարի անուանական համախառն ներքին եկամուտ (GDI)}:
Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» երիտասարդ քաղաքական կուսակցութեան հիմնադիր Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը վերջին զոյգ տասնամեակներուն ինչպիսի՞ հէնքային կառոյցներու վստահելով կրցաւ ազդու ռազմա-քաղաքական դիրք ունենալ Մերձաւոր Արեւելեան տարածաշրջանին մէջ եւ միջազգային ինչպիսի՞ բանակցային խաղաքարթեր կրցաւ պոկել նախօրօք պատրաստուած «արաբական գարուն» կոչեցեալ անդէմ, արիւնալի, աւերիչ ու հիւծող սանդարամետէն: Իսկ Ռեճեփին սերնդակից մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկն ստանձնած քաղաքական այրերն ու տարածաշրջանային հայ դասական քաղաքական կուսակցութեանց «ղեկավարները» զուգընթացաբար մեր ազգային անվտանգութիւնը անխոցելի դարձնելու, համազգային մնայուն շահեր հետապնդող ճակատ ստեղծելու եւ զայն ամրակալելու, ինչպէս նաեւ երկիրի բարգաւաճման զարկ տալու համար ինչպիսի՞ վահանակներ ու հնարքներ ի գործ դրին եւ որքանո՞վ կրցան օգտուիլ մեր հազարամեակներու կուտակուած փորձէն:
Թրքական Հէնք Եւ Հայկական Ողո՞րմ
Տակաւին դար մը առաջ արեւմտեան գերտէութեանց ռազմա-քաղաքական դաշտ ինկած, քառամեայ անկախութեան պատերազմի մէջ խռուած եւ լուրջ տարածքային կորուստներ արձանագրած (Թրակիա, Էգէեան ծովու կղզիներ, Կիպրոս, Եգիպտոս եւ արաբական տիրույթներ՝ Պաղեստին, Սուրիա, Իրաք եւ Հիճազ) օսմանեան Թուրքիան նոր եւ «զարմանալիօրէն» արեւմտամէտ աշխարհահայեացքով 1923 թուականի Հոկտեմբեր 29-ին հռչակելով իր անկախութիւնը՝ հանրապետական կառավարման համակարգով եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն անուամբ, (մինչ այդ 1923 թուականի Յուլիս 24-ի Լոզանի պայմանագրով միջազգային հանրութեան կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արդէն իսկ ճանչցուած էր, որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, ի հաշիւ դրացի պետութեանց) ուժգնօրէն նետուեցաւ համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական դաշտ՝ իրեն հետ կրելով անցեալի կայսերական «բարքը», նուաճողական ձգտումները, ազգային ծաւալողապաշտ ժառանգականութիւնը եւ գոյապայքարի բնազդային ունակութիւնը: Թուրքիան տասնամեակներու ընթացքին դառնալով երկիր մոլորակի համաշխարհային կարեւորագոյն կազմակերպութեանց ու կառոյցներու անդամ եւ հիմնադիր անդամ, դիմակայելով ներքին ու արտաքին բազում տնտեսա-քաղաքական ցնցումներ՝ երբեք իր պատմական յիշողութենէն չջնջեց համաիսլամական եւ համաթուրանական լայնածաւալ տնտեսա-քաղաքական պետական միաւորում ստեղծելու գաղափարն ու ձգտումները, եւ պատեհ առիթին «լուռ յեղափոխութեամբ» ծնունդ տուաւ Նոր օսմանցիներ՝ «Արդարութիւն եւ Զարգացում» պահպանողական հոսքի աջակեդրոն հայեացքներ ունեցող իշխող կուսակցութեան, որ իր 18-ամեայ շրջադարձային գործընթացով եւ անձնիշխանական առաջնորդութեամբ (autocracy) ոչ միայն շրջազարդ մը դարձաւ սահմանամերձ թրքական տարրերուն եւ տարածաշրջանային իսլամական արմատական կազմակերպութեանց համար, այլեւ իր վրայ բեւեռեց միջազգային հանրութեան ակնթարթային անուշադրութենէն սթափած ողջ ռազմա-քաղաքական զանգուածը:
Միւս կողմէն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ազգը զոհողութիւններու մեծ գինով իր պապենական հայրենիքին մէկ տասներորդ տարածքին վրայ հազիւ թէ սկսած էր հանրապետական միաւոր մը ստեղծել ու զայն ամրապնդել, յեղակարծօրէն տարածքային մեծ կորուստներ ունենալով՝ դարձաւ աշխարհակուլ խելագարուած ամբոխներու՝ համայնավարական միակուսակցական համակարգի, խորհրդային «երկաթեայ վարագոյրի» տասնհինգ վասալներէն մէկը՝ շուրջ եօթ տասնամեակ կորսնցնելով իր ազգային ու պետական ինքնուրոյնութիւնն ու «ինքիշխանութիւնը»: Իսկ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք, երիտասարդ ու հիւանդ հայրիկի՝ Ռուսաստանի ճիրաններէն «մազապուրծ եղած» եւ «անկախութիւն» հռչակած պառաւ որդին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ոչ միայն ինքզինք շրջապատուած գտաւ թրքական ցեղերով (Շուրջ 800 հազար կովկասի թաթարներ կամ ազերիներ կ’ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանակից Թուրքիոյ՝ Կարսի մարզի եւ Իգդիրի մէջ. իսկ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ շուրջ 400 հազար: Վրաստանի մէջ եւ մասնաւորապէս երկրի հարաւ եւ հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ կը բնակին շուրջ 240 հազար ազերիներ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բնակչութեան մէկ քարորդը կազմող ազերիներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 16-17 միլիոնի, որոնք մասնաւորապէս կը բնակին Արեւմտեան Ատրպէյճանի, Արեւելեան Ատրպէյճանի, Արդաբիլի եւ Զանճանի, ինչպէս նաեւ Համադանի, Ղազուինի եւ Թեհրանի մէջ: Իսկ ներկայիս Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ կ’ապրի շուրջ 9 միլիոն ազերի: Փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը աքցանի մէջ առած ազերիներուն ընդհանուր թիւը, ըստ ներկայ նախանիշերու, կը հասնի աւելի քան 27 միլիոնի),
Հայաստանի Հանրապետութիւնը աքցանի մէջ առած ազերիներու բնակավայրերը
այլեւ տակաւին չձեւաւորուած քաղաքական ու ռազմական վահանակներով, խռուելով պարտադրուած Արցախեան պատերազմին մէջ եւ ենթարկուելով շրջափակման, յայտնուեցաւ մութ ու ցուրտ տարիներու ճիւաղային մթնոլորտին մէջ՝ կորսնցնելով առանց այդ ալ չգոյացած ազգային տնտեսութիւնը, երկրի ապագան կերտող երիտասարդութեան ընտիր, ազգանուէր ու մարտնչող տարրի եւ մարդկային ներուժի զգալի մասը (Արցախեան պատերազմին տուինք շուրջ հինգ հազար զոհ եւ նոյնքան անյետ կորած: Զուգընթացաբար սկիզբ առաւ նաեւ անյաղթահարելի արտագաղթը): Հետագայ զոյգ տասնամեակներուն քաղաքական վիժուածքներուն ու սաղմնաւորումներուն համընթաց ծայր առած կաշառակերութիւնը, իշխող տարրերու ցուցաբերած ոչ հայանպաստ վարքագիծը եւ ներքին ու արտաքին աննպաստ տնտեսա-քաղաքական գործառնութիւնները, մէկ կողմէն արտագաղթի դռներ բացին եւ միւս կողմէն համազգային դժգոհութեան ալիք յառաջացուցին, զորս Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ սկիզբ տալով «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան՝ վերաճեցաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան»՝ յուսոյ ու վերապրելու նոր հորիզոնի մը առջեւ դնելով հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ իր «տնտեսական յեղափոխութեան» նախաձեռնութեամբ ու գործընթացով. միաժամանակ իր ուսերուն վրայ կրելով նուազագոյնը նախորդ զոյգ տասնամեակներուն կուտակուած տնտեսա-քաղաքական եւ մշակութային վարակի, կաշառակերութեան ճարակի դարմանման եւ փակուղիի առջեւ յայտնուած Արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ ու պատշաճ կարգաւորման ողջ պատասխանատուութիւնը:
Արցախեան Հիմնախնդիրը Քաղաքական Պատուա՞ր…
Ի տարբերութիւն Մոսկուայի (16 Մարտ 1921) եւ Կարսի (13 Հոկտեմբեր 1921) պայմանագրերուն, եթէ Արցախի տարածքային պատկանելիութեան հիմնահարցը մինչեւ Խորհրդային միութեան անկումը գէթ ներքին կայացած ու ականուած խնդիր էր, ապա ան տարածաշրջանային եւ միջազգային քաղաքական շահերու հանգամանքի մը վերածուեցաւ «երկաթեայ վարագոյրի» փլուզումէն ետք: Արցախեան շարժումը իր խանձարուրին մէջ խեղդելու եւ ծայր առած պատերազմն ու կովկասեան թաթարներու (ազերիներու) գալիք պարտութիւնը կանխելու միտումով, Թուրքիան կապկելով իր Այսրկովկասի ազգակիցներուն ու խախտելով իր իսկ ստորագրած միջազգային պայմանագրերը {Լոզանի պայմանագրի (Treaty of Lausanne) (24 Յուլիս, 1923) 101–րդ եւ 104–րդ յօդուածներ, Պարսելոնի տարանցումի ազատութեան կանոնակարգի (Statute on Freedom of Transit) (20 Ապրիլ, 1921) 2–րդ յօդուած, ՄԱԿ–ի Գլխաւոր համաժողովի (Resolution of General Assembly of the UN) (20 Փետրուար 1957) №1028(XI) բանաձեւ եւ Ծով ելք չունեցող երկիրներու տարանցիկ առեւտուրի համաժողովի (Convention on Transit Trade of Land-locked States) (8 Յուլիս, 1965) 1–ին, 3–րդ եւ 4–րդ սկզբունքներ, ինչպէս նաեւ 2–րդ եւ 3–րդ յօդուածներ}, ինչպէս նաեւ անտեսելով վերոյիշեալ զոյգ պայմանագրերու անօրինական դրութիւններն ու օսմանեան ժամանակաշրջանէն ժառանգած ցեղասպան հռչակն ու հայոց պապենական հողերու բռնազաւթման իրողութիւնը՝ 1993 թուականի Յուլիսէն սկսաւ պատերազմական գործողութիւն (War Measure), այսինքն՝ տնտեսական շրջափակում (միջազգային իրաւունքը շրջափակումը կը դիտարկէ որպէս այդպիսին, այսինքն՝ պատերազմական գործողութիւն) կիրարկել 2 Մարտ 1992 թուականէն ՄԱԿ-ի անդամ դարձած երկրի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ:
Մինչեւ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան քաղաքական ասպարէզ գալը, Թուրքիան իր արեւելեան սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարթօնքին լուրջ հարուած հասցնելու միտումով ոչ միայն շահարկեց Արցախեան հիմնախնդիրը եւ շրջափակման մէջ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլեւ քայլ մը առաջ նետելով աւելի ամրապնդեց զոյգ պետութեանց՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի թուրանական երազանքներու իրականացման նախաքայլերը, զորս աւելի ցայտուն կերպով արտայայտուած է «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անդամ եւ 2009-2014 թուականներուն Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի սոյն յայտարարութեամբ, որ մէջբերած էր 2009 թուականի Նոյեմբեր 23-ին իր կուսակից պատգամաւորներուն հետ հանդիպումին՝ ըսելով՝ «Մեզի համար կ’ըսեն, որ Օսմանեան պետութենէն ժառանգ ունինք: Կ’ըսեն, որ անոնք նոր օսմանցիներ են: Այո», մենք նոր օսմանցիներ ենք եւ պարտաւոր ենք հետաքրքրուելու տարածաշրջանի պետութիւններով: Մենք կը բացուինք ողջ աշխարհին, նոյնիսկ հիւսիսային Ափրիկէին եւ գերտէրութիւնները զարմանքով ու ապշահար հետամուտ կ’ըլլան մեզի…»: Իսկ միմեանց միջեւ սահմանները բացած Եւրոպան, ԱՄՆ-ը եւ Ռուսաստանը իրենց քաղաքական դեգերումներով ու շահերով ոչ միայն առկախ պահեցին Արցախեան հիմնախնդիրը, այլեւ զայն հասցուցին թափանցիկ ու անանցանելի փակուղիի մը առջեւ, մինչեւ… մինչեւ որ վերջապէս կարեւորեն ու վերագնահատեն հայոց զոյգ հանրապետութեանց անսակարկելի գոյութեան փաստը տարածաշրջանին մէջ: Այսպիսով, ներքին ճգնաժամեր թեւակոխած 18-ամեայ երիտասարդ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը առաջնորդելով Թուրքիան դէպի տնտեսական աճ, յաղթահարելով պետութեան բազմամեայ գերսնանկացումի ընթացքը եւ անուանական կառչած մնալով Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գաղափարին՝ նետուեցաւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մրցակից շուկայ՝ իր ուշադրութենէն չշեղելով Արեւմուտքի, Ռուսիոյ եւ տարածաշրջանի հզօր պետութեանց տարածաշրջանային թափանցման ռազմա-քաղաքական եւ մնայուն շահերու բախման ընթացքը:
Իսկ մենք, նոյնիսկ վերջին զոյգ տասնամեակներուն չկրցանք կատարելապէս վերացնել հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ նախորդ դարաշրջանէն ժառանգած քաղաքական խզումի հիմնական դրդապատճառները՝ ստեղծելով Հայոց ցեղասպանութեան սատարող եւ Թուրքիոյ ճնշիչ ու անարգական վարքագիծը կասեցնող իրաւա-քաղաքական համազգային համբաւ վայելող մարմին մը, որ սատարէր նաեւ մեր համազգային մնայուն քաղաքական շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը: Հակառակը, վայելելով մեր դրացիներու նորօրեայ զրկանքներն ու գերտէրութեանց անտարբերութիւնն ու պարտադրանքը ոչ միայն 1992-1993, 2005-2007 եւ 2008-2009 թուականներուն դիւանագիտական յայաբերութիւններ հաստատելու փորձեր կատարեցինք մեր գոյութեանն սպառնացող Թուրքիոյ հետ եւ վերջապէս զայն «պսակեցինք» Ցիւրիխի մէջ 2009 թուականի Հոկտեմբեր 10–ին ստորագրուած վիճայարոյց եւ խիստ քննադատութիւններու արժանացած արձանագրութեամբ, այլեւ ի դէմս Արցախեան հիմնախնդրի շուրջ բանակցային ողջ գործընթացի ժամանակ Թուրքիոյ ցուցաբերած թշնամական կեցուածքներուն եւ անընդմէջ սպառնացող կոչերուն, մոխրափոշի մը անգամ չնետեցինք թրքական եւ ռուսական քաղաքական կաճառները ներկայացնող, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի քաղաքական այրերուն աչքերուն, անոնց յիշեցնելով Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագրերու իրաւական անօրինականութեան, միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտման եւ 2011 թուականի Մարտ 16-ին Քրեմլինի մէջ զոյգ պետութեանց՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ վերահաստատուած 1921 թուականի Մարտի 16-ի «Ռուս-թրքական բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» մասին պայմանագրի չեղարկման մասին, աւելին, «հաւատալով» Թուրքիոյ յառաջադրած՝ «դրացի երկիրներուն հետ զերօ խնդիրներ» կեղծ բանաձեւին, հայրենի շուկաներն ու Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայահոծ գաղութներու հայկական վաճառատուները ագահօրէն մթերեցինք թրքական արտադրանքներով՝ ուղղակիօրէն մասնակից դառնալով ու զարկ տալով Թուրքիոյ ապագայ տնտեսական գերհզօրացման:
16 Մարտ 2011 թուական, Քրեմլին, Մոսկուա, ուր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ՌԴ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին կը նուիրէ Մոսկուայի՝ 1921 թուականի Մարտ 16-ին ստորագրուած պայմանագրի կրկնօրինակը, իսկ Մետվետեւ Էրտողանին՝ պայմանագրի յանձնման պատմական լուսանկարի կրկնօրինակը, որով Ռուսիա Կարսի մարզն ու Սուրմալուի գաւառը ճանչցաւ բարեկամ Թուրքիոյ սեփականութիւն. իսկ Շարուր-Նախիջեւանն ալ զիջեցաւ Ատրպէյճանին
Ինչպէ՞ս Հասնիլ Եւրոպական Միութիւն
Ծնունդներու սակաւութիւն, մշակութային ու հասարակական յարաբերութեանց մէկ այլ որակ արձանագրած, տնտեսական ուռճացում ապրած ու ծերացած ցամաքամասի՝ Եւրոպայի եւ զայն առաջնորդող Եւրոպական Միութեան (հիմնուած է 1993 թուականի Նոյեմբեր 1–ին: Յայտնի է նաեւ «երեք սիւներ» անուամբ, պարզ այն պատճառով, որ սոյն բարձրագոյն կառոյցը հիմնուած է նախապէս գոյութիւն ունեցող եւրոպական երեք՝ «Ածուխի եւ պողպատի եւրոպական միութիւն», «Աթոմային ուժանիւթի եւրոպական միութիւն» եւ «Եւրոպական տնտեսական միութիւն» համայնքներու հիման վրայ՝ անոնց աւելցնելով նաեւ արտաքին միասնական քաղաքականութիւնը եւ քաղաքական ու իրաւական համագործակցութիւնը) կորիզը կազմող գերտէրութեանց (միասնական կառուցուածքով քաղաքական միաւորում՝ Եւրոպական Միութիւն ստեղծելու նպատակով, անդամ երկիրները մասամբ հրաժարած են իրենց ազգային ինքնիշխանութենէն) քաղաքա-տնտեսական ընդարձակումին ու թափանցումին եւ մարդկային երիտասարդ, գործարար ու ստեղծագործ ներուժով Եւրոպան պատուաստելու գործընթացին սկզբունքօրէն «չի հակասեր» Եւրոպական Միութեան սահմաններու ընդարձակումը դէպի Փոքր Ասիա եւ Այսրկովկաս… եւ ինչու չէ նաեւ Ափրիկեան Միջերկրածովեան երկիրներ: Սակայն ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան վարչակարգի ներքին համակարգով ղեկավարուող, եօթը պաշտօնական ենթակառուցուածքային միաւորումներ ունեցող (Եւրոպական խորհրդարան, Եւրոպական խորհուրդ, խորհրդարան, Եւրոպական յանձնաժողով, Եւրամիութեան արդարադատութեան դատարան, Հաշիւներու դատարան եւ Եւրոպական կեդրոնական պանք), այսինքն՝ գերտնտեսական ու քաղաքական համակարգ վայելող սոյն կառոյցին՝ ԵՄ-եան որքանո՞վ պատշաճ պիտի ըլլայ ծաւալողական քաղաքականութեան պտղալիութիւնը, մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Այսրկովկասեան երկիրներու հետ, երբ վերջիններուս տնտեսա-քաղաքական ընթացքը ոչ միայն արկածախնդրական, յարափոփոխ ու անկայուն է, այլեւ որոշ պարագաներու նաեւ հակասական ԵՄ-եան սահմանադրական կարգին:
Չնայած ներկայիս 28 երկիրներէ բաղկացած եւ աւելի քան կէս միլիառ բնակչութիւն ունեցող Եւրոպական Միութիւնը, ինքնին Ամսթըրտամի {ստորագրուած է 1997 թուականի Հոկտեմբեր 2-ին (ուժի մէջ մտած է 1999 թուականի Մայիս 1-ին)} եւ Լիզպոնի (ստորագրուած է 2007 թուականի Դեկտեմբեր 13-ին) համաձայնագրերուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածին լուրջ տնտեսա-քաղաքական, իրաւական եւ սահմանադրական բարեփոխումներու աշխոյժ գործընթաց մը ապրեցաւ եւ միաժամանակ տարածքային ընդարձակում արձանագրեց՝ իր կազմին մէջ առնելով Արեւելեան Եւրոպայի 10 նոր երկիրներ՝ Էսթոնիան, Լաթվիան, Լիթուանիա, Լեհաստանը, Չեքիան, Հունգարիան, Սլովաքիան, Սլովենիան, Մալթան եւ Կիպրոսը, ապա եւ 2007 թուականի սկիզբներուն՝ Ռումանիան եւ Պուլկարիան, այնուհանդերձ 2008 թուականէն տնտեսական ճգնաժամ ապրող ԵՄ-եան չխանգարեց, որ 2013 թուականի Յուլիս 1-ին իր կազմին մէջ առնէ 28-րդ անդամ երկիր մը՝ Հորվաթիան եւ յորդորէ նաեւ այլ երկիրներու, որ անդամակցին սոյն միութեան՝ առանց հաշուի առնելու, որ ան կը դիմակայէ այնպիսի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներ, ինչպիսիք են՝ Լիզպոնի համաձայնագիրը, Պալքանեան ու Այսրկովկասեան երկիրներու եւ Թուրքիոյ մերձեցումը, ինչպէս նաեւ պրեքսիթը {Brexit (a portmanteau of «British» and «exit»)՝ Միացեալ Թագաւորութեան հեռացումը Եւրոպական Միութենէն}:
Խորհրդային միութեան փլուզումի պաշտօնական յայտարարութեան զուգընթաց (Տեղի ունեցած է 1991 թուականի Դեկտեմբեր 26–ին՝ ԽՍՀՄ գերագոյն խորհուրդի հանրապետութեանց խորհուրդին կողմէ ընդունուած որոշումին համաձայն), «անկախութիւն» հռչակած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր նախորդ տնտեսա-քաղաքական ձախորդ փորձը ետեւը ձգած, նոր տնտեսութեան, արդարադատութեան, պետական կառավարման ոլորտներու բարեփոխումներու իրականացման, ժողովրդավարական հասարակութեան կայացման, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեամբ զբաղող հիմնարկներու ամրապնդման, զուգընթացաբար տարիներու կուտակած աշխարհիկ կենսաձեւի եւ մշակութային ու գիտական ոլորտներու առաւել զարգացման գործընթացին, կամայ իր հայեացքը որոշակիօրէն շեղեց Մոսկուայէն դէպի Պրիւքսել՝ առանց հոգեբանականօրէն եւ գործնականօրէն վերջնականապէս թօթափելու նախորդ հասարակարգէն ժառանգած անբաղձալի ողջ ոստիկանական, կաշառակերութեան, անպատասխանատուութեան ու հաւատազուրկ աւանդը:
Նորանկախ եւ ազատ տնտեսական շուկայ նետուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տնտեսա-քաղաքական գործակցութեան տասնամեակներու փորձ կուտակած Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը դեռեւս համակարգուած էր 1996 թուականին ստորագրուած եւ 1999 թուականին ուժի մէջ մտած «Գործընկերութեան եւ գործակցութեան մասին» համաձայնագրով: Չնայած Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1991 թուականի Դեկտեմբեր 21-էն (համաձայնագրի վաւերացումը տեղի ունեցած է 1992 թուականի Փետրուար 18-ին) անդամ էր Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ 2015 թուականի Յունուար 2-էն՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ), ինչպէս նաեւ Արցախեան հիմնահարցի առկախ վիճակը կը սպառնայ մեր փոքրիկ Հանրապետութեան անկախութեան եւ ողջ ազգի գոյընթացին, այնուհանդերձ, 2017 թուականի Նոյեմբեր 24-ին Պրիւքսելի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան 5-րդ գագաթնաժողովի շրջանակներուն, ստորագրուեցաւ ութ գլխաւոր ենթավերնագրերէ բաղկացած (Նոր աշխատատեղերու ստեղծում, Առեւտուրի նոր հեռանկարներ, Աւելի արդար կարգաւորումներ, Միջոցներու արդիւնաւէտութեան բարձրացում, Անվտանգութեան մակարդակի բարձրացում, Աւելի մաքուր շրջակայ միջավայր, Կրթութեան կատարելագործում եւ գիտահետազօտական հնարաւորութիւններու ընդլայնում եւ Ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու ամրապնդում)՝ ՀՀ-ԵՄ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան» համաձայնագիրը, որուն 2018 թուականի Յունիս 21-ի անդրանիկ նիստին մասնակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի գլխաւորած ՀՀ-եան պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ տնտեսա-քաղաքական նոր հորիզոններ բանալով հայրենի ու աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ:
Իսկ երկիր մոլորակի 30 պետութեանց, ութ տարածքային ինքնակառավարման մարմիններու եւ եօթը համաշխարհային կազմակերպութեանց կողմէ ցեղասպան ճանչցուած Օսմանեան Թուրքիոյ ժառանգութիւնը հաւատարմօրէն շարունակող եւ 1949 թուականէն Եւրոպայի խորհուրդի առաջին անդամներէն մէկը դարձած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութիւն մտնելու համար յայտ ներկայացուցած է տակաւին եւրոպական երեք համայնքներու {Եւրոպական տնտեսական համագործակցութիւն (ԵՏՀ), Ածուխի եւ պողպատի եւրոպական միաւորում (ԱՊԵՄ) եւ Եւրաթոմ կազմակերպութեանց միաձուլումով ստեղծուած են Եւրոպական համայնքները} գործադիրներուն՝ Եւրոպական յանձնաժողովի (ԵՅ) եւ Եւրոպական միութեան խորհուրդի (ԵՄԽ) միջոցաւ 1986 թուականի Փետրուարին Եւրոպական միակ ակտի կնքումին համընթաց (գործունէութեան մէջ մտած է 1987 թուականի Յուլիսին): Սակայն իրենք զիրենք նոր օսմանցիներ հռչակած եւ պահպանողական հոսքի աջակեդրոն կազմակերպութիւն յայտարարած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը իր ձեւաւորումէն, երկրի ղեկը ստանձնելէն եւ «դրացի երկիրներուն հետ զերօ խնդիրներ» բանաձեւը ընդունելէն եւ յայտարարելէն ետք, իր հետագայ գործընթացով ոչ միայն կենսագործեցին «դրացիներուն հետ զերօ յարաբերութիւններ» տարբերակը, որ ի յայտ եկաւ «արաբական գարուն» կոչեցեալ խառնիճաղանճի վժվժուկներու առաջին իսկ օրերէն (Թուրքիան ոչ միայն մեղսակից, այլեւ գործակից է իր սահմաններէն Սուրիա թափանցած հազարաւոր ահաբեկչական տարրերու զինումին ու աշխուժացումին, «Իսլամական պետութեան» աջակցութեան, հազարաւոր Սուրիոյ քաղաքացիներու սպանդին ու տեղահանութեան, բիւր բնակավայրերու աւերումին եւ…), այլեւ երկրէն ներս մարդու հիմնարար իրաւուքներու եւ օրէնքի գերակայութեան շարունակական խախտումներուն պատճառով (մասնաւորապէս 2016 թուականին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուած յեղաշրջումի փորձէն եւ իշխանութեան կողմէ կատարուած զանգուածային ձերբակալութիւններէն ետք), հարկադրեցին ԵՄ-եան ղեկավար մարմիններուն, որ 2016 թուականին դադրեցնեն անդամակցութեան բանակցութիւնները: Վերջապէս, ըստ Անատոլու գործակալութեան 2017 թուականի տուեալներուն՝ թուրք հասարակութեան ԵՄ-եան նկատմամբ տածած վստահութեան մակարդակը բաւական նուազած է. «Եթէ 2000 թուականին ան 79% էր, ապա 2010-ին այդ ցուցանիշը նուազած է՝ հասնելով 42%-ի: Չնայած 2015 թուականին վերաճած եւ հասած էր 65%-ի, ապա 2016-ին անկում արձանագրելով հասած է 46%-ի»: Այսպիսով, յարաբերութեանց վստահելիութեան երկկողմանի պղտորումը պէտք է փնտռել թրքական ժառանգականութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Դարպասներու Կործանում
Թուրք-սուրիական անախորժ ու անբարեացակամ յարաբաերութիւնները դարաւոր անցեալ ունին, սակայն անոնք աւելի լարուած բնոյթ ստացան Սուրիոյ անկախութեան հռչակումին (17 Ապրիլ 1946 թուական) յաջորդող տասնամեակներուն, տարածքային բռնագրաւումի (Ալեքսանտրէթի նահանգը 1939–ի Յունիսին ֆրանսա-թրքական համաձայնութեամբ միացած է Թուրքիոյ, որուն պատճառաւ Յուլիս 16 –23 տարածքէն հեռացած է տեղի 20 հազար արաբ եւ շուրջ 40 հազար հայ ազգաբնակչութիւնը՝ հաստատուելով Սուրիա եւ Լիբանան: Սուրիան երբեք չէ ճանչցած սոյն բռնակցումը), ռազմավարական հակամէտ դիրքորոշումներու, Թուրքիոյ կողմէ ջրային հարստութեան օգտագործումի միակողմանի չարաշահումի, միջազգային օրէնքներու խախտումի եւ այլ տարածաշրջանային ու համաշխարհային խնդիրներու շուրջ եղած տարակարծութեանց պատճառով: Չնայած 2000 թուականի Յուլիսէն սկսեալ, զոյգ պետութեանց յարաբերութիւնները հազիւ թէ սկսած էին բարելաւուիլ եւ պսակուիլ տնտեսական բազմակողմանի գործակցութեամբ եւ բազմաբնոյթ ու բազմաբովանդակ հեռանկարային ծրագիրներով, վրայ հասաւ «արաբական գարունը» եւ մնայուն շահերու հիւծախտը եկաւ անգամ մը եւս իւր գերակայ տեղը գրաւելու:
Օգտուելով տարածաշրջանին մէջ ծայր առած «արաբական գարուն» կոչեցեալ լաբիրինթոսէն՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նոր օսմանցիներ կազմակերպութեան առաջնորդները իրենց կրօնա-ազգային երազանքներու մօտալուտ իրականացումին շարժառիթը գտնելով՝ պահ մը իսկ չտատամսեցան իրենց դարաւոր արիւնարբու կանչին չհնազանդելէ եւ Սուրիական տագնապի ու վերաճող պատերազմի առաջին իսկ օրերուն, հէնք ընդունելով ՆԱԹՕ-ի եւ ռուս-թուրք-իրանեան ծաւալողական շահերու նոյնիսկ խաչաձեւ զուգադիպութեան առկայութիւնը եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերու եւ իրենց ցեղակից սուրիաբնակ թիւրքմէններու {Սուրիոյ թիւրքմէններու մեծ մասը բնակութիւն հաստատած են երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ (Իտլիպի նահանգի հիւսիս-արեւմտեան, Հալէպի, Ռաքքա նահանգի հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն եւ Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող եւ հայկական Քեսապ գիւղաքաղաքին կից՝ Թիւրքմէնական լեռնազանգուածին կամ Պայիրպուչաք կոչուած լեռնատարածքին մէջ: Թիւրքմէններ կան նաեւ Հոմս եւ Համա նահանգներուն, ինչպէս նաեւ Տարաայի, Գունեթրայի եւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ): Որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ Սուրիոյ թիւրքմէններուն թիւը կը հասնի 250 հազարի. իսկ այլ եւ մասնաւորապէս թիւրքմէնական աղբիւրներ զայն կը հասցնեն աւելի քան մէկ միլիոնի: Պատերազմի օրերուն Թուրքիոյ կատարեալ աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը ստանալով,՝ անոնք կրցան ստեղծել իրենց ազգային խորհուրդն ու մարտական ջոկատները՝ ընդդէմ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն} աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պատճառաբանելով քրտական վտանգի վերացումին անհրաժեշտութիւնը՝ նետուեցան այդ մարդակուլ յորձանուտին մէջ:
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ծառայութեան մարմիններու հովանին վայելող եւ թրքական բանակի սպաներու մարզումներն ու զինավարժութիւններն ստացած ընդդիմադիր ուժերն ու թիւրքմէնական ջոկատները կատարելով իրենց յանձնարարուած «առաքինի» պարտականութիւն-պարտաւորութիւնը, ոչ միայն ռմբակոծումի, աւերումի ու ալան-թալանի ենթարկեցին սուրիական կառավարութեան բանակին հսկողութեան ու հովանաւորութեան տակ գտնուող բնակավայրերը, այլեւ ի գործ դրին հնարաւոր բոլոր միջոցները, որպէսզի նաեւ հայաթափեն Սուրիոյ ծայրագոյն հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող եւ Թուրքիոյ սահմանակից հայաբնակ Քեսապ գիւղաքաղաքը եւ անոր շրջակայ 12 հայկական գիւղերը (գրաւուած գիւղաքաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու աւելի քան երկու հազար քեսապահայեր ապաստան գտան Լաթաքիա: Գիւղաքաղաքը ապա վերաազատագրուեցաւ, բայց…), Իտլիպ նահանգը գտնուող հայաբնակ Եագուպիէ գիւղը եւ Հալէպ քաղաքի հայահոծ թաղամասերը: Աւելին, թրքական պաշտօնական զինուած ուժերը, սուրիական ազատ բանակի օժանդակութեամբ, Թուրքիոյ անվտանգութեան սպառնացող Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու եւ Իսլամական պետութեան դէմ պատերազմելու պատրուակով 2016 թուականի Օգոստոսի 20-ին «Եփրատի Վահան» անունը կրող ռազմական գործողութեամբ մուտք գործեցին Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաքն ու աւելի սպառնալիքի տակ դրին Հալէպ նահանգի կեդրոն հանդիսացող համանուն քաղաքն ու տակաւին այնտեղ մնացած հայ ազգաբնակչութեան (այս օրերուն Իտլիպ նահանգի ազատագրութեան ռազմական գործողութիւնները անժամկէտ սպառնալիքի մթնոլորտ մը կը ստեղծեն Սուրիոյ ողջ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն, ինչպէս նաեւ հայ ազգաբնակչութեան համար): Հետեւաբար, Թուրքիան մեծ շահագրգռուածութեամբ, ողջ գիտակցութեամբ ու նպատակամղուածութեամբ կամովին խռուելով սուրիական հողերու ճահիճին մէջ՝ բնականաբար պէտք է նաեւ բաւական լուրջ պատասխանատուութիւնը կրէ իրեն գալիք հակադարձ արհաւիրքներուն:
Յուսանք՝ Թուրքիոյ ձերքբերումները դառնան գէթ «օդային ամրոցներ»…:
*
* *
Այսպիսով, այս վերջին քառորդդարեայ ժամանակահատուածին, մեր ներքին քաղաքական նեխածութեան, արտաքին քաղաքական յարաբերութեանց մէջ բոյն դրած ամլութեան, մեր ռազմավարական դարպասներու չամրակալման, համազգային մնայուն շահերը հետապնդող կառոյցի մը բացակայութեան եւ միջազգային օրէնքներու հլու-հնազանդ ծառաները ըլլալնուս եւ մեզ սպառնացող հարցերուն չտեսնուած անտարբերութիւն ցուցաբերելնուս պատճառով, խստօրէն նօսրացաւ Սուրիոյ եւ Ջաւախքի հայ ազգաբնակչութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուց իր հարաւ-արեւմտեան եւ հիւսիսային դարպասները, իսկ մեր անառիկ ամրոց Արցախը իրաւա-քաղաքականօրէն գերեվարուեցաւ թրքական ցեղերու եւ միջազգային համապատասխան կառոյցներուն կողմէ: Ուստի յեղափոխութիւնը դարձաւ անարարկելի անհրաժեշտութիւն, զոր քաղաքական որոշ ուժեր նոյնպէս չկրցան ըմբռնել կամ ընդունիլ, որովհետեւ անոնք իրենց խեղ ու հաշմ պատկանելիութեամբ ու աշխարհահայեացքով աթոռն ու իշխանութիւնը գերադասեցին հայրենիքի եւ հայ ազգի մնայուն շահերէն, որովհետեւ անոնք չկրցան կամ չուզեցին տեսնել հաւատքի դռներէն անդին, ուր իւրաքանչիւր մեռնող ու վերածնող բջիջին մէջ կը յաւերժանայ ազգային խիղճը, որովհետեւ անոնք…: