Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պրիւքսելեան 3-րդ Խորհրդաժողովը Լայն Հնարաւորութիւն Կը Ստեղծէ Քննարկելու Գաղթականներու Ճգնաժամը. Հարիրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի նշեց, որ Պրիւքսելի մէջ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապագային շուրջ Եւրամիութեան կազմակերպած երրորդ խորհրդաժողովը լայն հնարաւորութիւն կը ստեղծէ քննարկելու Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամը եւ տունդարձի հեզասահ ընթացքը երաշխաւորող հաւանական ուղիները:
«Մենք ամբողջովին կողմ ենք գաղթականներու տունդարձին: Ի դէպ, առկայ է պարզ ու մեկին իրականութիւն մը՝ Լիբանանի մէջ գաղթականութեան ներկայութիւնը, որուն լուծումը հրամայական է»,- նախքան խորհրդաժողովը, Պաապտայի նախագահանիստ պալատին մէջ նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին մասնաւորաբար ընդգծեց Հարիրի:
Նշենք, որ միջազգային հանրութիւնը կը բացառէ գաղթականութեան վերադարձին սատարելու հնարաւորութիւնը մինչեւ Սուրիոյ 8-ամեայ հակամարտութեան քաղաքական լուծումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին