ՀԲԸՄիութեան Վարժարաններ
1 Մարտ 2019-ին համալսարանական արեւելումի ընտրանքով Բ. զեկուցում մը եւս տեղի ունեցաւ պատկան կազմակերպութեան կողմէ Ե. Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ: Զեկուցաբերն էր «Ուազնեթ» հիմնարկութեան կողմէ տիկ. Միշէլ Աքրա, որ շուրջ երկու ժամ խօսեցաւ ապագայակերտումի ծրագիրներուն մասին՝ մասնագիտական ու փորձագիտական հարուստ տուեալներով զարգացնելով մեր աշակերտութիւնը (11-րդ եւ 12-րդ դասարանները անջատաբար ընդունելով):
Աշակերտութիւնը, որ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած էր այս նիւթին, նոյն ուշադրութեամբ կեդրոնացաւ անոր վրայ՝ նկատի ունենալով, որ անիկա իր ապագայի մասնագիտական ընտրութեան համար արժանի ու հաւաստի աղբիւր մըն է:
Զեկուցողը ունկնդիր աշակերտութիւնը դրաւ հիմնական հարցադրումի մը առջեւ, թէ ան տասը տարի ետք ո՞ւր կը տեսնէ ինքզինք՝ իր նախասիրած մասնագիտութեամբ, ընտրած նիւթով եւ ընտրելի ասպարէզով:
Աւելի խորացնելով սահմանումը՝ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է նպատակը. դրա՞մ շահիլ, եկամո՞ւտ ապահովե՞լ, կամաւորաբա՞ր նուիրուիլ:
Ճշդելէ ետք ընտրանքը, կարեւոր է նաեւ պարզել, թէ ուսանողը ի՞նչ հիմունքի վրայ դիմած է (կամ կը դիմէ) այդ մասնագիտութեան. շնորհքի կամ ձիրքի՞ բերմամբ, նախասիրութեա՞ն, թէ՞ այլընտրանք չունենալու պատճառով:
Էական է, որ թեկնածուն յենի իր անձնական կարողութիւններուն վրայ, ինքնավստահութիւն ունենայ եւ հաւատքով նուիրուած ըլլայ իր ընտրութեան:
Այնուհետեւ, ներկայացուեցան վեց գլխաւոր յատկանիշներ կամ գործօններ, որոնց հիմամբ ընտրող թեկնածուն ինքզինք պէտք է բնորոշէ, ապա կողմնորոշէ, թէ ատոնցմէ որո՛նք կը նպաստեն կամ զիրար կը լրացնեն իտէալական ընտրութիւն մը կատարելու՝ առանց վարանումի կամ սայթաքումի:
Օրինակ՝ արուեստական, ընկերային, իրապաշտական, քննական, բացատրական, պայմանական ո՞ր թեքումները իրենց դրական կամ ժխտական կողմերով կրնան թեքնածուի մը մասնագիտութեան մէջ որոշակի դեր մը կատարել:
Այս հանդիպումը իր բարոյախօսական ու մասնագիտական կազմաւորումի հեռանկարով իւրաքանչիւր ուսանողի համար ուսանելիութեան ու խորհրդածութեան դուռ բանալու միջոց դարձաւ ճիշդ ու տեղին ընտրութիւն մը կատարելու: