Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ (լուսանկարներ)

Հայոց պատմութիւնը իր կատարած նուաճումներուն շնորհիւ կը մնայ անժամանց բոլոր ժամանակներուն համար, որովհետեւ ան հաւատքով կը փոխանցուի իրերայաջորդ մեր բոլոր սերունդներուն, որոնք, իրենց կարգին, գիտեն ապրիլ, յիշատակել եւ տօնախմբել ըստ արժանւոյն:


Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2019-ին Սրբոց Հռիփսիմեանց բրձր. վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, առաւօտեան ներկայ գտնուեցան ս. պատարագին եւ հաղորդուեցան «Վարդանանց» խորհուրդով: Օրուան պատարագիչ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ «Վարդանանց» պատերազմի նահատակութեան իմաստը՝ քրիստոնեայ մնալու հրամայականը, իսկ այս օրերուն նորահաս սերունդներէն եւս կը պահանջուի ըլլալ բծախնդիր իրենց կրօնաբարոյական սկզբունքներուն եւ պատասխանատու գիտակցութեամբ նուիրուիլ ու պահանջատէր ըլլալ իրենց ազգային իրաւունքներուն:
Երեքշաբթի, 5 Մարտին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները հանդէս եկան «Վարդանանք» յիշատակութեամբ:


Հանդիսութեան ներկայ էին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւորուհի առաքինափայլ մայր Արուսեակ Սաճոնեանը, վարժարանիս հոգեւոր դաստիարակ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը, տնօրէն եւ ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, առաքինազարդ քոյրեր, ծնողաց վարչութեան անդամներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը:
Յայտագիրը բազմերանգ էր: Ան լիիրաւ խորքով կու տար «Վարդանանք» խորհուրդը՝ բանաստեղծութիւններով, մարտնչական երգերով, երաժշտական կտորներով, որոնք ինքնորոյն դիմագիծով ներկայացուեցան երկրորդէն եօթներորդ դասարաններու աշակերտներուն կողմէ:
Դիպուկ յայտագիրը ներկայացնող աշակերտներու առինքնող ոճը, որ կը յայտարարուէր բանաստեղծական յորդորներով:
Յայտագիրի երկրորդ մասով 6-րդ դասարանի աշակերտները ստեղծագործական թատերական ներկայացումով մը «Հայրենիքին հետ ու հայրենիքին համար» եկան անգամ մը եւս հաստատելու քրիստոնէական հաւատքին մէջ անշեղ մնալու ու յայտնեցին հայրենիքին հանդէսպ իրենց սէրը՝ ի գին իրենց կեանքին: Թատերական ներկայացումին ազգային ինքնորոյն դիմագիծը եւս շեշտեցին ազգագրական պարերով:
Աշակերտներուն կողմէ արտասանուած կամ ներկայացուած կտորները մեր հեղինակներուն գրած ու մշակած «Վարդանանք» խորհուրդին նուիրուած նոյն բանաստեղծութիւններն էին, սակայն աշակերտներուն քաջարի եւ վճռակամ արտայայտութիւններն էին, որոնք հանդիսատեսը շուրջ մէկ ժամ միացուցին ու նոյնացուցին բեմին հետ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ մեծաւորուհի մայր Սաճոնեանը իր սրտին խօսքը յայտնելու, որ, «Վարդանանց» խորհուրդէն թելադրուած, կարեւորեց քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային նկարագիրի պահպանումը որպէս սրբութիւն սրբոց, որուն առաջին հիմնաքարը համարեց հայ ընտանիքն ու հայ դպրոցը, ինչպէս անեւ աւանդութիւններու պահպանումը: Ան ընդգծեց նաեւ հայու ինքնորոյն դիմագիծն ու հանճարեղ միտքը, որոնք անհրաժեշտ նկատեց ի գործ դնել հայրենիքի բարգաւաճումին ու հզօրացումին համար:
Չորեքշաբթի, 27 Փետրուարին իններորդի եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները կլոր սեղանի յայտագիրով մը «Վարդանանց» խորհուրդը ապրեցան «Հաւատքի ըմբռնումները» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն պրն. Վիգէն Աւագեանը:
Պրն. Աւագեանը, առաջին հերթին, հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատամարտին, ապա պատմական քննարկումներով գնահատեց զայն, որմէ ետք դասարաններու ներկայացուցիչ աշակերտները ուղղեցին իրենց հարցումները՝ առիթ ստեղծելով յաւելեալ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ հայրենիքին համար մղուող ճակատամարտերը նոյնացած գնահատեցին «Վարդանանց» խորհուրդին հետ:

Կ. Գ. 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին