Խմբագրատանս Մէջ
«Մահը մերն է, մենք մահինը, Մարդու գործն է միշտ անմահ։
Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք, Որ խօսւում է դարեդար,
Երնէ՜կ նըրան, որ իր գործով Կ՛ապրի:»
Հաճելի էր «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ ընդունիլ իրենց ուսուցիչին եւ հոգեւոր առաջնորդին հանդէպ երախտագիտական անզուգական զգացումներով լի երկու պատուական հայորդիներ՝ տեարք Ռոպէր Գայսէրլեանն ու Յակոբ Աբրահամեանը, որոնցմէ առաջինը փոխ ատենապետ եւ երկրորդը պետութեան մօտ ներկայացուցիչն է նորակազմ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի նախկին Սաներու եւ Արիներու Միութեան:
Ազնուագոյն նպատակներով կազմուած սոյն միութեան առաջին ձեռնարկը պիտի ըլլայ այսօր Շաբաթ 9 Մարտ 2019ին ոգեկոչել իրենց սիրելի ուսուցիչին եւ հոգեւոր հօր՝ Հայր Սահակ Վարդապետ Քէշիշեանի 100ամեակը: Միութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի անունը կրող սրահը բարեզարդել զայն վերածելով Հայր Սահակի անուան թանգարանի, ուր պիտի ցուցադրուին իր անձնական իրերը:
Սոյն տողերը գրելու պահուն յուզումով անդրադարձանք, որ Հայր Սահակի 100ամեակի Լիբանանի մէջ ոգեկոչման թուականը զուգադիպութեամբ մը կամ թերեւս մտադրեալ կը զուգադիպի ուսուցչաց տօնին, ասպարէզ մը, որուն նուիրեալ առաքելութեան մարմնացումը եղած էր Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան տասնամեակներ շարունակ:
Կողքին տեղ գտած կենսագրականին մէջ վեր առնուած է Հայր Սահակի կեանք ու գործը սակայն որքան ոգեպնդող էր լսել իր նախկին սաներուն տպաւորիչ վկայութիւնները իրենց ուսուցիչին մասին, որ հակառակ իրենց աշակերտութեան օրէն անցած երկար տարիներուն թարմ եւ կենդանի մնացած էր իրենց յիշողութեան մէջ:
Մեզի համար հանդիպման պահուն յստակացաւ, որ «սերմնացան» Հայր Սահակը հակառակ անոր, որ կենսաբանականօրէն չէր ծննդագործած սակայն ունի իր օրինակով եւ ոգիով շնչող եւ ապրող հարիւրաւոր հոգեւոր զաւակներ, որոնց մէջ ան յաջողած է ցանել այն ինչ, որ լաւն է ու բարին:
Վերոյիշեալին փաստերէն մէկը այն է այսօր, որ Հայր Սահակ՝ ճերմակազգեստով համեստ վարդապետին հեզահամբոյր սակայն լրջագոյն յարգանք պարտադրող յիշատակը ի մի բերած է աշխարհասփիւռ իր աշակերտութիւնը, որոնք իմանալով Լիբանանի մէջ կատարուելիք նախաձեռնութիւնը ձեռնարկած են նմանօրինակ ոգեկոչումի ձեռնարկներ կազմակերպել Գանատայէն մինչեւ Յորդանան, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Աթէնք եւ ամէն տեղ:
«Փա՜ռք և երանի՜ Քեզ, քա՛ջ սերմնացան»: Յիշատակդ անթառամ Հայր Սահակ: Քու օրինակդ ու գործդ, մենք վստահ ենք, պիտի շարունակէ տակաւին երկար ազդեցութիւն ունենալ քեզ ճանչցողներուն ու սիրողներուն հոգիներուն մէջ:
«Խմբ.»