Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Վարդանանց Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ (լուսանկարներ)

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը աւանդական դարձած շուքով, կազմակերպուածութեամբ եւ խանդավառութեամբ այս տարի եւս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որուն նուիրուած տեղի ունեցան երկու առանձին հանդիսութիւններ 1 Մարտ 2019-ին ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ:

Զոյգ հանդիսութիւններուն, Մեսրոպեանի աշակերտները երգի, նուագի, ասմունքի եւ թատերական պատկերներու անհատական թէ խմբային կատարումներով ոգեկոչեցին ու փառաւորեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը: Կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, որուն ի խնդիր նաեւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ: Բացման խօսքերով հանդէս եկած աշակերտները ամբողջ աշակերտութեան անունով վերահաստատեցին Վարդանանց ուխտին իրենց հաւատարմութիւնը եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին վասն կրօնին եւ հայրենիքին իրենց կեանքը զոհած քաջերուն:  Նախակրթարանի տօնակատարութեան  մէջ իւրայատուկ էին «Վարդանն ու մայրը» երկխօսութիւնը եւ «Հեռատեսիլի մրցոյթ յայտագիր»-ը, որուն միջոցով աշակերտները կարողացան վերակենդանացնել մեր պատմութեան այդ մեծ օրը եւ փոխանցել ինչպէս գիտելիքներ, նոյնպէս եւ աւարայրեան պատգամներ: 

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, ըստ իր օգտակար սովորութեան, նախակրթարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած բանախօսութիւնը վերածեց երկխօսութեան: Բեմէն սրահ ուղղած իր հարցումներէն ստացած պատասխաններով գերապատիւ վարդապետը աշակերտներուն բերնով հնչեցուց այն հիմնական գաղափարները, որոնք կը յատկանշեն Աւարայրի սխրանքը:

Երկրորդական բաժնի տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսն էր լիբանանահայ մամուլի գործիչ պարոն Ահարոն Շխրտըմեան, որուն ելոյթը յագեցած էր մէկ կողմէ Վարդանանց պատերազմին մասին հետաքրքրական գիտելիքներով եւ միւս կողմէ` անոր թելադրած պատգամներով` ներկային համար: Պարոն Շխրտըմեան պատմական փաստերով ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը թէեւ կորսնցուց Աւարայրի ճակատամարտը, սակայն յաղթեց Վարդանանց պատերազմը, որ իր նպատակներուն հասաւ Նուարսակի դաշնագրով: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն՝ ամրօրէն փարելու հայ մշակոյթին  եւ հպարտօրէն կառչած մնալու ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան, որուն համար Վարդանանք չվարանեցան զոհել իրենց կեանքը:

Զոյգ հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան շեշտեց, որ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումը իր իւրաքանչիւր դրսեւորումին մէջ ինքնին աւարայրեան ճակատամարտ մըն է, որուն միջնաբերդերը, մանաւանդ հայկական Սփիւռքին մէջ, կը շարունակեն մնալ հայ դպրոցն ու հայ եկեղեցին:

Վարդանանց տօնը նշուեցաւ նաեւ Մեսրոպեան մանկապարտէզին եւ մանկամսուրին մէջ փոքրերուն համապատասխան աշխատանքներով:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին