Ինչպէ՞ս Ծնած Է Խոճալուիի Աւանդավէպը
ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Ազրպէյճանի մէջ արդէն հերթական տարին պաշտօնական մակարդակով ու բաւական մեծ աղմուկով Փետրուար 26-ին նշած են Խոճալուի, այսպէս ըսած, կոտորածի օրը, երբ 1990-ականներուն կը ձգտէին լռութեան մատնել շատ մը մանրամասնութիւններ, քանի որ անոնք, մեղմ ըսած, այնքան ալ ձեռնտու չէին Պաքուի ղեկավարութեան: Մօտ երեք տասնամեակ անց, երբ սերունդը փոխուած է, երբ յանցագործութեան իրական պատկերը աղաւաղուած է, թեման օրակարգի վրայ կը պահուի պարզապէս շահարկումներու համար: Իսկ Արցախի մէջ 1992-ի Փետրուար 25-26-ի ռազմագործողութիւնը կը յիշեն որպէս անհրաժեշտութիւն՝ Ստեփանակերտը, ապա եւ Արցախը մահուան օղակէն ազատելու ճանապարհին:
1990-ականներու սկիզբը Ստեփանակերտի հարեւանութեամբ գտնուող Խոճալուն յատուկ նշանակութիւն ստացած էր: 1988-92 թուականներուն բնակչութիւնը եռակի աւելցուած էր եւ արդէն 92-ի սկիզբը այդ բնակավայրը դարձած էր Արցախի տարածքին ազրպէյճանական խոշոր կրակակէտերէն մէկը՝ զիջելով միայն Շուշիին: «Հետագային հաստատուած փաստերը ի մի բերելով՝ կրնանք ըսել, որ առնուազն 1000 անդամ ունէր այստեղ հաստատուած զինուած խմբաւորումը»,- թիւերն ու փաստերը ի մի կը բերէ Արցախի ԱԽ քարտուղար, 1992-ի Փետրուարին Ասկերանի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատար Վիտալի Բալասանեանը: 1991-92 թուականներուն Խոճալուն կը կատարէր իր դերը՝ հրետակոծելով Ստեփանակերտն ու հարեւան հայկական բնակավայրերը, խաթարելով Ստեփանակերտի կապը Ասկերանի եւ Մարտակերտի հետ: Խոճալուն նաեւ Արցախի օդային ուղին փակած էր՝ արգելափակելով օդակայանը: «Մենք պէտք է օր առաջ վնասազերծէինք այդ կրակակէտը՝ Ստեփանակերտը կրկնակի, եռակի պաշարումէն ազատելու համար»,- կը վերահաստատէ Վիտալի Բալասանեանը:
Ռազմագործողութեան կազմակերպիչները նաեւ խաղաղ բնակչութեան տարհանութեան անհրաժեշտութիւնը հաշուի առած էին: Ասկերանի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարը անվտանգ միջանցք ապահոված էր Խոճալուէն մինչեւ Աղտամի մատոյցները: Բալասանեանը կը յիշէ, որ ոչ միայն միջանցք ձգած էր, այլեւ բոլոր հաւանական միջոցներով Խոճալուի բնակչութիւնը տեղեկացուցած էին այդ մասին. «Բոլոր միջոցներով տեղեկացուցած ենք: Թռուցիկներ տարածած ենք, կապի միջոցներով տեղեկացուցած ենք: 23-ին, 24-ին, մինչեւ իսկ ռազմագործողութիւնը սկսելու ժամանակ՝ 25-ին»:
Խոճալուի բնակչութեան մեծ մասը հասցուցած է հեռանալ: Մոլորած խումբերը, որոնք հանդիպած են հայկական ջոկատներուն, յաջորդ օրերուն յանձնուած են ազրպէյճանական կողմին: Զանգուածային սպանութիւնները կատարուած են Աղտամի մատոյցներուն, Ազրպէյճանի Ժողողովրդական ճակատին կողմէ հսկուող տարածքին: «Կոտորած, եթէ այդպէս եղած է, եղած է ոչ թէ բուն Խոճալուի տարածքին, ոչ թէ անվտանգութեան միջանցքին, այլ արդէն Աղտամի մատոյցներուն: Խոճալուէն մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ ազրպէյճանական դիրքերուն հարեւանութեամբ»,- կ’ընդգծէ վերլուծաբան Վահրամ Աթանեսեանը: «Եթէ այդ դիակները մեր տարածքին եղած են, ապա զանոնք ինչպէ՞ս նկարած են: Անհեթեթութիւն է: Այսինքն՝ մենք ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն թո՞յլ տուած ենք, որ գան, նկարեն ու երթան: Նկարահանումները գետնէն կատարուած են»,- առողջ տրամաբանութեան յղում կ’ընէ Վիտալի Բալասանեանը:
Այդ օրերուն Ազրպէյճանի մէջ ոչ-ոք Խոճալուի դէպքերուն համար հայերը կը մեղադրէր: Խնդիրը ներիշխանական պայքարն էր: «Այդ ժամանակ Ազրպէյճանի մէջ խնդիր դրուած էր իշխանափոխութիւն կատարելու: Այդ տեղի ունեցաւ Խոճալուի դէպքերէն օրեր անց: Գործող իշխանութիւնը մեղադրեցին անգործութեան, Խոճալուն չպաշտպանելու մէջ: Մինչեւ իսկ խորհրդարանական յանձնաժողով ստեղծուած է Խոճալլուի մեղաւորները գտնելու համար: Խօսքը, բնականաբար, Ազրպէյճանի նախկին իշխանութեան մասին է»:
Հայերը սկսան մեղադրել մի քանի տարի անց, երբ Ազրպէյճանի մէջ իշխանութեան եկան Խոճալուի յանցագործութեան կազմակերպիչները: «Քաղաքականութիւնը կտրուկ փոխուեցաւ, երբ իշխանութեան եկաւ Հայտար Ալիեւը: 1994-ին ան հրամանագիրով Խոճալուի ցեղասպանութեան օր հռչակեց ՝ Խոճալուի դէպքերով խորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքը կասեցնելով եւ քրէական գործը կարճելով»,- կը յիշեցնէ Վահրամ Աթանեսեանը:
Խոճալուն այսօր դարձած է ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի գլխաւոր գործիքներէն մէկը: Վահրամ Աթանեսեան կ’անկեղծանայ՝ ըսելով, որ հայկական կողմը թերագնահատեց Պաքուի կեղծարարութեան դերը եւ այսօր լուրջ խնդիր ունի: Ինքը Խոճալուի թեմայով հրապարակումներ, նոյնիսկ գրքոյկ ունի, բայց այդ ալ շատ քիչ կը համարէ: Ցեղասպանութեան իրական դէպքերը մնացած են ստուերի տակ: «1992-ի Յունուար վերջերուն Ազրպէյճանի նախագահը բաց նամակով հրահանգած է հրթիռակոծել, ոչնչացնել Ստեփանակերտի բնակարանային ֆոնտը: Ղազանչիի ողբերգութեան մասին այսօր միջազգային հանրութիւնը ոչինչ գիտէ, նոյն թուականի գարնան Մարաղայի հայութեան կոտորածը իրականացուած է: Ասոնք փաստեր են, որոնք ցոյց կու տան, որ երբ Պաքուն հնարաւորութիւնն ու առիթը ունեցած է, արցախահայութեան հանդէպ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է»,- կը թուարկէ Վահրամ Աթանեսեանը:
Այս թեմայով համակարգուած պայքարի անհրաժեշտութիւնը մատնացոյց կ’ընէ վերլուծաբանը եւ կը յիշեցնէ, որ այս կէտին անդրադարձած է նաեւ նախորդ տարիներուն:
Ստեփանակերտ